Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Հայկազեանի Հրթիռները, Մաս Է – Յարութ Չէքիճեան
12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Ազդակ»-ի 22 յունիս 1962-ի թիւին մէջ (1) կը հանդիպինք հայ անուններու, որոնք հաւանաբար գործնական կառուցողական օժանդակութիւն տրամադրած են «Մայրի Բ.» (Cedar 2B) հրթիռի արձակումի նախօրեակին. «Հայկազեանի հրթիռներու յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին հրթիռին պատրաստութիւնը` լիբանանեան բանակը, մեքենագիտական միութիւնը, նաեւ` պրն. Հրայր Սարոյեանը եւ պրն. Փանոսեանը ու շատ ուրիշներ, որոնք օգնեցին հրթիռի յանձնախումբին»:
1. Հայկազեանի ուսանողական «Սփեքթրա» պարբերականին մայիս 1962-ի թղթակցութիւնը` համալսարանին գիտական ցուցահանդէսին մասին: 2. «Սփեքթրա»-ի յունիս 1962-ի թղթակցութիւնը` HCRS 7 «Մայրի 2» հրթիռի արձակման մասին, նկարին մէջ ձախէն` Եուսեֆ Ուահպէ, Մանուկ Մանուկեան, Ճոն Թիլքեան եւ Էտ Հարթ:
Հայկազեանի ուսանողական «Սփեքթրա» պարբերականի մայիս 1962-ի թիւին մէջ (2) «Գիտութեան յաջող ցուցահանդէսը» խորագիրով կը գրէ. «Հայկազեան քոլեճի գիտութեան կաճառին ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Մայիս 18-ի եւ 19-ի համար ծրագրուած ցուցահանդէսը ժողովուրդին փափաքով երկու օրով երկարաձգուեցաւ: Շուրջ 1500 այցելուներ ներկայացան:
«… Մասնակցող ընկերութիւններն էին` «Ճեներըլ էլեքթրիք», «Փրոճեքթս քոնսալթինկ էնճինիրզ», «Օրիենթըլ ինտասթրիըլ էքուիփմընթ էնտ սըփլայյ», Մեթէօ (Պէյրութի օդակայանի քաղաքային օդանաւորդութիւնը), «Քոքա-Քոլա», Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը (USIS) եւ «Խայեաթ» գրատունը:
«Ցուցահանդէսը գրաւեց համալսարանին երեք յարկերը եւ շրջափակը: Ամէնէն աչքառուն մուտքին ցուցադրուած հրթիռն էր` HCRS-7 Cedar 2-ն իր արձակիչին վրայ: Այս հրթիռը յաջողութեամբ արձակուեցաւ օրեր ետք, 25 մայիս 1962-ին:
«Կենսաբանութեան տարրալուծարանին մէջ ցուցադրուած էին կենսաբանական նմուշներ, հանքանիւթեր, յատուկ քարեր եւ ուսանողներուն կողմէ շինուած սարքեր: Օրինակ` ելեկտրական հզօր մագնիսը, «ձայնդ տես ճօճացոյցին (oscilloscope) վրայ»: Բնագիտութեան տարրալուծարանը ցուցադրած էր գիտական սարքեր` տրամադրուած վերոնշեալ ընկերութիւններուն կողմէ` համակարգիչ մը, օդերեւութաբանական գործիքներ, արեւու ուժով լեցուող բարդ մը, շոգեմեքենայի բանող մանրակերտ մը, օդի եւ ջուրի զտիչներ, ելեկտրականութեան, խոնաւութեան եւ ջերմութեան ճշգրիտ չափիչներ եւ այլն:
3. Երեք յարկանի «Մայրի 3» հրթիռը, 7 փողածայրերով: 4. «Մայրի 3»-ը 1962-ի Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան կիզակէտն էր, որուն առթիւ 20 էջ յատուկ հրատարակութեան օրինակս: 5. Հայկազեանի 1962-1963 տարեգիրքին մէջ, էջ 44, նշուած է հրթիռներու ակումբին կազմը, խորհրդատու դասախօս` Էտ Հարթ, անդամներ` Ճոն Թիլքեան, Համբարձում Գարակէօզեան եւ Հրայր Սահակեան:
«Երկրորդ յարկին վրայ էին նաւթային ճարտարարուեստի նկարներ եւ ուսանողներու կողմէ շինուած մանրակերտեր: Այս յարկին վրայ ցուցադրուած էին նաեւ գիտական գիրքեր:
«Կը ցուցադրուէին նաեւ ժապաւէններ` «ժողովրդային գիտութիւն» (popular science) շարքէն եւ HCRS-6 հրթիռին արձակումը:
«Ամէնէն աւելի ուշադրութիւն գրաւողները եղան ցարդ արձակուած հրթիռներուն նմանակները եւ յաջորդիւ արձակուելիք երկու հրթիռները»:
«Սփեքթրա» պարբերականի յունիս 1962-ի թիւին մէջ (3) «ՀԳՀԱ-ին յաջողութիւն մը եւս» խորագիրով HCRS 7 հրթիռին արձակումը կը նկարագրէ, որուն մասին արդէն անդրադարձանք: Նաեւ երրորդ էջին մէջ այլ յօդուածով մը կը ներկայացնէ Մանուկ Մանուկեանին կենսագրութիւնը:
Մանուկեանին բացակայութեան միջոցին` 1962 աշունէն 1964 աշուն (4 օգոստոս 1962-ին «Մայրի 2Գ» (Cedar 2C) հրթիռը արձակելէն ետք ան կը մեկնի ուսումը շարունակելու*) բնագիտութեան դասախօս Էտուըրտ (Էտ) Հարթ, որ արդէն կը հետեւէր Մանուկեանին եւ տղոց աշխատանքին, կը ստանձնէ հրթիռներու ակումբին խորհրդատուի պաշտօնը: Հայկազեան քոլեճի 1962-1963 «Քլարիոն» տարեգիրքին մէջ, էջ 44, նշուած է հրթիռներու ակումբին կազմը, խորհրդատու դասախօս` Էտուըրտ Հարթ, անդամներ` Ճոն Թիլքեան, Համբարձում Գարակէօզեան եւ Հրայր Սահակեան (4):
6. «Մայրի 3» հրթիռին 3 յարկերը լիբանանեան բանակին «Մասալեհ» աշխատանոցին մէջ: Ձախէն առաջինը` Էտ Հարթ, իսկ աջէն երկրորդը` Եուսեֆ Ուահպէ: 7. Բ. յարկը կը զետեղեն առաջինին վրայ: 8. Հայկազեանի տղաքը եւ բանակին արհեստաւորները: Ձախէն երկրորդը` Ճոն Թիլքեան, կեդրոնը` Ուահպէ, աջէն երրորդը` Համբար Գարակէօզեան եւ չորրորդը` Էտ Հարթ:
Համբար Գարակէօզեան կ՛ըսէ, որ Հարթ Մանուկեանին կարողութիւնները, եռանդն ու կորովը չունէր (5): Իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ, որ գիտութիւնն ալ չունէր: Հարթը թեքսասցի մըն էր, յայտնի` իր առոգանութեամբ, որ դժուար հասկնալի էր, կարծես քիմք չունէր: Շնորհիւ կարգ մը ուսանողներուս կողմէ կովարածներու (cowboy) ժապաւէններ դիտած ըլլալնուս` իր դասապահերուն քիչ մը կրնայինք հետեւիլ: Ամէն պարագայի, ան երբե՛ք բնագիտութեան փնտռուած դասախօսս չէ եղած, իսկ լաւագոյնը դոկտ. Ճոզեֆ Սփրետլին (Joseph Spradly) եղած է, որ նաեւ մէկ տարի համալսարանին տնօրէնութիւնը ստանձնեց Ճոն Մարգարեանին մեկնելէն ետք, 1966-1967 տարեշրջանին:
1962-ի վերջին հրթիռը ցարդ ամենամեծն էր: Երեք յարկանի «Մայրի 3» այս հրթիռին հասակը 680 սմ էր: Առաջին յարկին տրամագիծը 52 սմ եւ հասակը` 297 սմ: Երկրորդ յարկին հասակը 171 սմ, երեւցող մասը 135 սմ եւ տրամագիծը` 25 սմ: Երրորդ յարկին հասակը 261 սմ, երեւցող մասը 248 սմ եւ տրամագիծը 8 սմ: Ընդհանուր ծանրութիւնը` 1250 քկ: Մանուկեան մեկնելէն առաջ Եուսեֆ Ուահպէին հետ այս հրթիռը ծրագրեց ու բոլոր հաշիւները պատրաստեց, ըստ որոնց, առաջին յարկը պիտի ունենար 14000 քկ մղիչ ուժ, երկրորդ յարկը 8000 քկ, իսկ երրորդը` 2000 քկ: 25 քկ բեռով կրնար 256 քմ բարձրանալ եւ 600 քմ յառաջանալ, իսկ 100 քկ բեռով` 180 քմ բարձրանալ եւ 450 քմ յառաջանալ: Առաւելագոյն արագութիւնը` ժամական 9000 քմ:
9. «Ազդակ»-ի «Մայրի 3»-ի արձակման լուրը: 10. Հայկազեանի եւ բանակի մասնագէտները «Մայրի 3» հրթիռին առջեւ: Աստիճանին վրայ ձախին` Ճոն Թիլքեան, քովը` Ժոզեֆ Սֆէյր: Ա. շարք աջէն ոտքի` Համբար Գարակէօզեան, Սիմոն Աբրահամեան եւ Եուսեֆ Ուահպէ: Բ. շարք աջէն երկրորդ` Կարապետ Պասմաճեան, Հրայր Սահակեան եւ Էտ Հարթ:
«Բանակի եւ Հայկազեանի մասնագէտները չորեքշաբթի (21 նոյեմբեր 1962) արձակեցին «Մայրի Գ.» եռայարկ հրթիռը. հրթիռը 180 քմ բարձրացաւ եւ 425 քմ ճամբայ կտրեց»: Այս է խորագիրը «Ազդակ»-ի 23 նոյեմբեր 1962-ի առաջին էջի լուրերէն մէկուն (6), իսկ լուրը. «Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ Հայկազեան քոլեճի հրթիռային յանձնախումբը, որ նոր անունով կը կոչուի Անջրպետային հրթիռներու ուսումնասիրութեան լիբանանեան ընկերակցութիւն, չորեքշաբթի, ժամը 15:55-ին Տըպպայէէն արձակեց եռայարկ հրթիռ մը, որ 180 քմ բարձրութեան հասաւ, 425 քմ ճամբայ կտրեց եւ ծով ինկաւ Կիպրոսի հարաւը (եւ արեւմուտքը*), նախորոշ կէտի մը վրայ»: Այսինքն Կիպրոսէն անդին, անգլիական մարտանաւի մը մօտ, որ կը հետեւէր այս հրթիռին արձակումին, որուն պատճառով Կիպրոս ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի դէմ բողոք ներկայացուց, եւ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպանը բողոքեց*:
«Բանակին ընդհանուր հրամանատարը` զօրավար Ատել Շեհապ, բարձրաստիճան սպաներ, դիւանագիտական մարմինի անդամներ եւ բազմաթիւ լրագրողներ ու օտար թղթակիցներ ներկայ եղան արձակման»: Ներկայ էր նաեւ մեծ բազմութիւն մը*:
«Այս եռայարկ «Մայրի Գ.» հրթիռին շինութիւնը տեւած է 3 ամիս: Բանակէն 60 մասնագէտներ եւ Հայկազեան քոլեճէն 20 ուսանողներ մասնակցած են աշխատանքներուն: Հրթիռին արագութիւնն էր ժամական 9000 քմ, ծանրութիւնը` 100 քկ (վրիպում է, պէտք է 1250 քկ ըլլայ*): Թռիչքի պահուն մորսով նշաններ յղեց, 27, 29, 31 եւ 33 կարճ ալիքով (megacycle, Mhz*)` կազմելով «Կեցցէ՛ Լիբանանը» բառերը:
11. Ժոզեֆ Սֆէյր հրթիռին 7 փողերուն կայծ տալու ելեկտրական թելերը կը միացնէ: 12. «Մայրի 3» հրթիռը յաջողութեամբ թռիչք կ՛առնէ Տըպպայէյի արձակման բլուրէն:
«Մայրի Գ.» ամբողջովին շինուած է Լիբանանի մէջ: Միայն վառելանիւթի բաղադրիչ քիմիական նիւթ մը արտասահմանէն (Ֆրանսա*) բերուած է»: Բոլոր հրթիռներուն վառելանիւթերուն բաղադրութիւնն ու պատրաստութիւնը մի՛այն Հայկազեանի տղոց աշխատանքով կը կատարուէր*:
Յաջորդող լրատուութեամբ մը «Ազդակ» 26 նոյեմբեր 1962-ին (7) «Մանրամասնութիւններ` «Մայրի Գ.» հրթիռի մասին» խորագիրով կը գրէ. «…. «Մայրի Գ.» հրթիռը գետին-օդ եռայարկ հրթիռ մըն է հաստատուն վառելանիւթով (ոչ հեղուկ, solid fuel*): Առաջին յարկը կազմուած է իրարմէ անկախ եօթը տարրերէ (անջատ 7 հաւասար խորշերէ` փոքր հրթիռներէ, իւրաքանչիւրը` իր փողածայրով*), որոնք համախմբուած են շատ բարակ կեղեւով մը: Այս կեղեւը, որ թիթեղէ (պողպատէ*) է տոկաց օդի հոսանքին (ճնշումներուն եւ օդին հետ ներշփումին*):
«Այս յարկը մէկ թոն ծանրութիւն ունէր, որուն 680 քիլոն վառելանիւթն էր: Անոր դերն էր թռիչք տալ հրթիռին` երկվայրկեանը 250 մեթր արագութեամբ: Հրթիռին առաջին յարկը անջատուեցաւ 1500 մեթր բարձրութեան վրայ: Այդ պահուն է, որ տեղի ունեցաւ երկրորդ յարկին հրավառումը:
«Երկրորդ յարկը մէկ կտոր է (մէկ խորշ*): Անոր վառելանիւթը բաղկացած է նայթրոսելուլոզէ (Nitrocellulose*) եւ 60-40% նայթրոկլիսերինի (Nitroglycerin*) խառնուրդէ մը: Այս երկրորդ յարկին արագութիւնը երկվայրկեանը 2500 մեթր էր:
«Երրորդ յարկը աւելի փոքր է եւ ունի երկրորդին նման վառելանիւթ մը: Այդ յարկին մէջ կը գտնուին չափական գործիքներ, (ռատիօ*) հաղորդիչ մը եւ ժիրոսքոփ մը (թաւալացոյց, gyroscope*)»:
Պէտք է նշել, որ արձակումէն առաջ, անկախութեան տօնակատարութեան ծիրին մէջ, այս հրթիռին մէկ օրինակը` բնորդը բեռնակառքով Պէյրութի թաղերուն մէջ շրջագայեցաւ` խլելով ժողովուրդին ծափահարութիւնները:
16 յուլիս 2011
Շար 7/8
* Լուսաբանութիւնները իմս:
(1) «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 90, 22 յունիս 1962, էջ 3:
(2) «Spectra» Haigazian college student publication, V1, No 6, May 1962 p1:
(3) «Spectra» Haigazian college student publication, V1, No 7, June 1962 p7:
(4) «Clarion», Haigazian College 1962-1963 yearbook, pp 44-45:
(5) http://www.chanitz.org/2011/03/rising-of-rocket-part-2.html
(6) «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 221, 23 նոյեմբեր 1962, էջ 1:
(7) «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 223, 26 նոյեմբեր 1962, էջ 4: