Պատմութիւնը, Նաե՛ւ Մեր, Բեմն է Տիրելու Մղումներու Հետեւանք Ձախողութիւններու – Յակոբ Պալեան
19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Իշխանութիւնը եթէ տիրապետելու սէր է, այդ կը համարեմ տխմար փառասիրութիւն: Բայց եթէ ան ստեղծագործողի արարք է, ստեղծագործութեան աշխատանք, այն ատեն կը գովերգեմ իշխանութիւնը:
Անթուան տը Սէնթ’Էկզիւփերի, ֆրանսացի գրող, Ի դար
Հեռու կամ մօտ, բայց միշտ ազգի անդամի իրաւունքով,- ոչ որպէս օտար հանդիսատես, օտարի, չեզոքի, թշնամիի կամ բարեսէրի աչքով,- մտածել, խօսիլ, յանդգնիլ եւ գործել: Այս իրաւութեամբ յանձնառութիւն է: Ո՛չ սոսկ զգացումով հայու, ո՛չ ալ ծագումով հայու:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) պիտի ունենա՞նք ամբոխավարական ինքնագոհութիւնը եւ ամբոխահաճական չարաշահումը գերանցող հասունութիւն, իմաստութիւն եւ քաջութիւն:
Կենդանական աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին բնազդական «իշխելու» վերաբերումներ, ինչպէս, երբ արուն,- կամ էգը,- կը տիրէ իր տեսակի խումբին եւ իր դիրքը կատաղութեամբ կը պաշտպանէ զինք փոխարինելու բնազդով իր դէմ կանգնող յաւակնորդին դէմ: Տիրող արուն (le mâle dominant, անգլերէն ընդունուած ձեւը՝ alpha male) իրաւունք կ’ունենայ խումբի բոլոր էգերուն հետ սերնդագործելու, այս պատճառով ալ բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան զօրացած երիտասարդ արուի եւ տիրող արուին միջեւ: Յաղթողը կը տիրանայ բոլոր էգերուն, կ’ըլլայ տիրող արու եւ խումբի առաջնորդ:
Կենդանական աշխարհին մէջ այս գերիշխանութիւնը բնազդով կարգաւորուած է եւ կը շարունակուի: Հեռատեսիլը պատկերներ սփռած է կապիկներու եւ եղջերուներու կեանքին եւ բնազդի պատճառով անոնց մղած մարտերու մասին:
Տիրել, սեփականացնել:
Երբ իշխելու եւ գերիշխելու հարցը կը հասնի մարդուն եւ մարդկային ընկերութեան, ան կը ստանայ բազմաթիւ ձեւեր, կ’արտայայտուի տարբեր մարզերու մէջ, քանի որ մարդկային ընկերութեան ծիրը շատ լայն է, քաղաքակրթութիւնները եւ մշակոյթները այլազանութիւն կ’ընծայեն, կը ձեւաւորեն, եւ մարդուն բոլոր վերաբերումները, բնազդը գերանցելով, կը բազմապատկուին, կը մոռնանք նոյնիսկ, որ այսօրուան հակամարտութիւններուն արմատը եղած է անասնական բնազդը: Ինքնահաստատում եւ ինքզինք իրագործելու ձգտում պէտք չէ շփոթուին տիրելու մղումին հետ:
Պլէզ Փասքալ, ֆրանսացի ներհուն իմաստասէրը ըսած է, որ «մարդը ոչ հրեշտակ է, ոչ անասուն, եւ երբ կ’ուզէ հրեշտակ ըլլալ, կ’ըլլայ անասուն»: Ի՜նչ սխալներէ կրնայինք խուսափիլ, եթէ մտածէինք Փասքալի հետ, մնայինք մարդկային իրաւութեան սահմաններուն մէջ, եթէ այդ իմաստութեամբ առաջնորդուէինք, պզտիկ եւ մեծ աքլորակռիւներ չէինք ունենար, որոնք մարդու պարագային, աթոռակռիւ են, դիրքապաշտութիւն, եսերու հանդէս, եւ հուսկ՝ պատերազմներ: Մեծեր եւ պզտիկներ, թաղեր, քաղաքներ, երկիրներ:
Գերմանացի իմաստասէր Ֆրետերիք Նիցչէ, իր կարգին, այս կացութիւնը կը սահմանէ հետեւալ ձեով. «Մարդը պարան մըն է ձգուած անասունին եւ գերմարդուն միջեւ»:
Ողբերգութիւնը կը սկսի եւ դժբախտացնէ մարդկութիւնը, երբ առակագիրին գորտը կը փորձէ կով ըլլալ… ինչ որ մարդկային հաւաքականութիւններու դժբախտացման պատճառ կ’ըլլայ: Այս տեսնելու համար միշտ պատուհանէն դուրս պէտք չէ նայիլ:
Վերջին տարիներուն սովորական դարձաւ syndrome բառին գործածութիւնը, որուն հայերէն թարգմանութեան համար կ’ըսուի համախտանիշ: Ընկերութիւններու մէջ գոյութիւն ունեցող hubris ախտանիշի մասին կը խօսուի, անոր սահմանումներ կը տրուին, syndrome d’hubris, ախտանիշ՝ իրականութիւնները չտեսնելու զգացողութեան, հակադրութիւններու հանդէպ անհանդուրժողութիւն, ինքնահիացում, իշխանութեան չարաշահում, անխորհուրդ նախաձեռնութիւններ: Եսակեդրոն մարդու մտային հիւանդութիւն է այս ախտը, որ բոլոր տեսակի իշխանութիւններուն կ’առնչուի, որ յանձնապաստանութիւն է, որ կը պարփակուի անձին մէջ, կ’ընդայլնի ընտանիքով եւ քիչ մըն ալ, ինչպէս կ’ըսուի՝ «խնամի-ծանօթ-բարդեկամով» (ԽԾԲ), ֆրանսացին կ’ըսէ՝ copinage: Իշխանութեան գինովութիւն, որ ի վերջոյ կը յանգի սխալ որոշումներու կայացման: Տիրելու եւ տիրողի այս համախտանիշը մարդկութեան մշակոյթին մէջ կը ստանայ տարբեր ձեւեր, կ’ըլլայ բազմազան, կը դադրի սոսկ բնազդ ըլլալէ:
Փասքալ, մեծերու դիրքի մասին իր գրութիւններուն մէջ, օգտակար կը համարէր ապագայ հզօրները դաստիարակել, անոնց յիշեցնելով, որ իշխանութեան տիրացումը ամէն բանէ առաջ կախում ունի դիպուածէն: Այսինքն՝ բազմաթիւ ազդակներէ, որոնք միշտ ալ նախատեսելի չեն, որ պատահականութիւնը իր դերը կը խաղայ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ են գիտութիւն եւ կրթութիւն, պատմութեան եւ միւսին, միւսներու ծանօթութիւն: Փասքալի իմաստութիւնը առաջնորդող պէտք էր ըլլար բոլոր տեսակի պատասխանատուներուն համար, անոնք ըլլան նախագահ թէ նախարար, կուսակցապետեր, զանազան դիրքերու վրայ գտնուողներ, տնօրէններ, դպրոց պէտք է ըլլար անցեալին եւ ըլլայ հիմա: Անոր խօսքը առաջնորդող միտք պէտք է ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք կը խորհին, որ իրենք են մեծը, ճիշդը, անսխալականը, անփոխարինելին: Ասոնք ամէն տեղ են, ընկերային համեստ բջիջներէն մինչեւ գերագոյնները: Նաեւ մեր «փոքրիկ ածու»ին մէջ, փոքրիկ եւ փոքրացած Հայաստան եւ գունագեղ սփիւռք(ներ)՝ իր անհամար միութիւններով:
Հետեւինք Փասքալի իմաստութեան: Ան կ’ըսէ. «Մանաւանդ դուք ձեզ մի՛ անգիտանաք, խորհելով որ ձեր էութիւնը աւելի բարձր է ուրիշներէ»: Այս «աւելի բարձր» ըլլալու համոզումը միշտ աւելի կը շեշտուի անոնց մօտ, որոնք առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով ունին բարդոյթներ, կը գիտակցին, որ իրենցմէ աւելի արժանաւորներ կան, եւ անոնց հանդէպ կ’որդեգրեն բացասական կեցուածքներ, միաժամանակ գործիքի վերածելով իրենց մերձաւորները եւ գործակիցները, զանոնք կը համարեն իրենց կամակատարները: Այսպէս հաստատուած են աւեր գործող մեծ եւ պզտիկ «հեղինակութիւններ», անոնք ըլլան թաղային, թէ պետական մակարդակով:
Պլէզ Փասքալ կը շարունակէ. «… բոլոր զայրոյթները, ամէն բրտութիւն, եւ Մեծերու ամէն սնափառութիւն կը բխին անկէ, որ անոնք իրեն զիրենք չեն ճանչնար»… «Մեծերը բաւարար չափով կը յիշե՞ն իրենց մահկանացու ըլլալու կացութիւնը»….
Շատ հին իմաստութիւն է «Ծանի՛ր զքեզ»ը, որ վերագրուած է Սոկրատի, բայց գրուած է Տելփի տաճարի ճակատին. «Ծանի՛ր զքեզ, եւ պիտի ճանչնաս տիեզերքը եւ աստուածները»…:
Եթէ մարդիկ այս յիշէին, մրցակցութիւնները աւելի մարդկային կ’ըլլային, ամէն ձեւի չարիք եւ պատերազմներ կը կանխուէին: Կարեւորը անկարեւորէն զատելու ողջմտութիւն կ’ունենային, կ’ունենային չափի գիտակցութիւն: Կը կենսագործէին ամերիկեան պարզ իմաստութիւնը. «ճիշդ մարդը, ճիշդ տեղը»… The right man in the right place: Բայց խնդիրը այն է, որ պատեհապաշտներ եւ ձախողածներ ալ կը կարծեն, որ իրենք կը գտնուին իրենց ճիշդ տեղը:
Ամբողջ աշխարհ բռնուած է ընչաքաղցութեան, փառասիրութեան եւ տիրելու անզսպելի դարձած կիրքերով, մեր գիւղէն, թաղէն, արուարձանէն, քաղաքէն, երկրէն մինչեւ մոլորակի ամէն կողմերը:
Նաեւ, ինչպէս ըսի, մեր «փոքրիկ ածու»ին մէջ, ուր պատմահայր Խորենացիի ըսած «մեծութիւններ»էն զատ, զանոնք փոխարինող չարութիւնները ընդհանրացած են, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Կը բաւէ, որ հայելիին դիմաց կանգնինք եւ ըսենք. «Ծանի՛ր զքեզ»:
Արգիլուած չէ նաեւ երբեմն լսել խօսքերը անոնց, որոնք մեր ընչքաղցութիւններէն եւ սնափառութիւններէն վեր սաւառանած են: Եւ թերեւս կը հանդիպինք լուսաւոր միտքերու: Ֆրանսացի առակագիր բանաստեղծ Ժան տը լա Ֆոնթէնի առակներէն մէկը, «Երկու ցուլեր եւ գորտ մը», կ’աւարտի հետեւեալ իմաստութեամբ. «Պզտիկները միշտ տուժած են մեծերու յիմարութիւններէն»:
Այդ յիմարութիւննե՞րը: Յիշենք եւ յիշեցնենք. ընչաքաղցութեան, փառասիրութեան եւ տիրելու անզսպելի դարձած կիրք: Անոնց մէջ ցանցուածներ կոպտօրէն կ’անգիտանան մարդկայինը եւ իմաստութիւնը, կը գործեն այնպէս, որ իրենք այդ բոլորէն վեր են, որ անոնք տնտեսապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս իրենց կողմէ ստրկացուածներուն մխիթարութեան համար են, ձեռնավարուածներուն, մանիպուլացիայի ենթարկուածներուն:
Կ’ուզեմ եզրակացնել, ի պէտս ամէն տեսակի «Մեծ»երուն, Ի դարու ֆրանսացի գրող Հանրի տը Մոնթերլանի դիպուկ խօսքով. «Սնափառութիւնը մարդուն տիրական կիրքն է»:
Եթէ այսքանը հասկնայինք, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ազգին այսօրը տարբեր կ’ըլլար, վաղն ալ՝ տարբեր: Որպէսզի վաղը ուշ չըլլայ…
yerakouyn.com/2021/10/18/պատմութիւնը-նաե՛ւ-մեր-բեմն-է-տիրելու-մ/