ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսին Զգուշաւոր Քաղաքականութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

The chairman of the Union of Architects of Azerbaijan proposes the destruction of all Armenian churches in Artsakh

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսին Զգուշաւոր Քաղաքականութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսին Զգուշաւոր Քաղաքականութիւնը Ռուսական Նուաճողական Եւ Հայերու Հաշուոյն Գործարք Կատարելու Ծրագիրներուն Նկատմամբ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսական կառավարութիւնը, Անդրկովկասը իր տիրապետութեան ենթարկելու ծրագիրի իրականացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն նախատեսած էր հայերուն: Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին պատուէր ստացած էր փաղաքշելու հայերը եւ Ռուսաստանի նկատմամբ բարի տրամադրութիւններ պահպանելու անոնց մէջ: Հայեր պատրաստ պէտք է ըլլային կատարելու այն ձեռնարկութիւնները, որոնք կը պահանջէին հանգամանքները եւ Ռուսիոյ շահը:

Զօրավար Փոթեմքին սկսաւ պատրաստութիւններ տեսնել Անդրկովկասեան արշաւանքին համար: Պետերբուրգէն մեծ գումարներ ուղարկուեցան անոր, եւ հսկայական քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք եւ պաշար կեդրոնացուեցան Աստրախանի մէջ:

***

Ռուսական օրթոտոքս եկեղեցին Քիեւեան Ռուսիոյ ժամանակ բիւզանդական ծէսը եւ քաղկեդոնական դաւանանքը որդեգրած եւ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան կապուած էր: 1589-ին կազմաւորուած էր Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի պատրիարքութիւնը: Պատրիարքութիւնը 1721-ին ջնջուած եւ պատրիարքական իրաւասութիւնները սրբագոյն սինոտին փոխանցուած էին:

Ռուսական եկեղեցին, իրեն յատուկ աստուածաբանական եւ դաւանական մօտեցումներով` հայ եկեղեցին կը նկատէր հնադաւան եւ հերծուած: Սինոտը հաստատած էր, որ հայ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը կրնայ գայթակղեցնել օրթոտոքսները: Անցեալին, Ռուսիոյ հայերը միայն տուներու մէջ կրնային եկեղեցական արարողութիւններ կատարել:

Քաղաքական նկատառումներէ մեկնելով, Պետրոս Մեծի ժամանակներէն հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ վերաբերմունքը սկսած էր փոխուիլ: 1717-ին կազմաւորուած էր Աստրախանի թեմը եւ հայաշատ բնակավայրերու մէջ եկեղեցիներ բացուած էին:

Մոսկուայի մետրոպոլիտ Պլատոն արքեպիսկոպոս

Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան Մոսկուայի մետրոպոլիտ Պլատոն արքեպիսկոպոսին մանրամասն զեկուցում տուաւ հայ եկեղեցւոյ ծէսին, դաւանութեան եւ աւանդութիւններուն մասին: Մետրոպոլիտը հասկացողութիւն ցուցաբերեց եւ Յովսէփ արքեպիսկոպոսը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու ռուսական պատարագին:

Պլատոն արքեպիսկոպոս Թրոյիցէ Սերգիեւա Լաւրա վանքի միաբան լուսամիտ հոգեւորական էր: 1775-ին Մոսկուայի մետրոպոլիտութիւնը ստանձնելով ան հոգեւոր ու մշակութային լայն գործունէութիւն ծաւալեց: Ան մեծ դեր ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ հանդուրժողականութիւն սերմանելու հարցին մէջ: Ան իր կողքին ունէր լայնախոհ հոյլ մը եկեղեցականներ, բայց նախապաշարեալները զօրաւոր էին. հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ անհանդուրժող էր յատկապէս Աստրախանի մետրոպոլիտը:

Հայ եկեղեցին մեծ նեղութիւններով կը դիմագրաւէր ռուս հոգեւորականութեան ճնշումները: Մտահոգիչ էր յատկապէս դաւանափոխութեան հարցը: Շատ մը հայեր ռուս օրթոտոքսութիւնը ընդունած եւ ուծացած էին:

***

Հայկական ազատագրական շարժման կեդրոնը Արցախն էր եւ Գանձասարի կաթողիկոսութիւնը, սակայն ռուսական կառավարութիւնը, նկատի ունենալով որ մելիքները այնքան ալ զօրաւոր չեն եւ Աղուանից կաթողիկոսութեան հակաթոռ մրցակցութիւն կայ, նոր քաղաքականութեամբ մը սկսաւ կողմնորոշուիլ դէպի Էջմիածնի ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը:

Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս, որ սկիզբը մեծ յոյսեր կապած էր Հայաստանը ռուսական զէնքի օգնութեամբ ազատագրելու հարցին, բոլոր հանգամանքները կշռադատելով, իր նախորդ Սեմէոն կաթողիկոսին նման, սկսաւ զգոյշ եւ սառն վերաբերմունք ցուցաբերել ռուսական նուաճողական ծրագիրներուն նկատմամբ եւ իրեն աջակցելու վերաբերեալ ռուսերու պահանջներուն խուսափողական պատասխան տալ:

Կաթողիկոսը չէր ուզեր եւ չէր կրնար բացայայտ կերպով բանակցիլ ռուսերուն հետ: Ան վստահ չէր որ ռուսական զէնքը կ՛ուզէ կամ կրնայ Հայաստանը ազատագրել իսլամ տիրակալներէն: Ան իր հեռատես ու խորաթափանց միտքով շատ շուտ հասկցաւ որ ռուսեր իրենց կայսերական նուաճողական ծրագիրներուն համար կ՛ուզեն օգտագործել հայերը: Կաթողիկոսը լաւ ըմբռնեց քաղաքական խարդաւանքներու էութիւնը: Ռուսեր, քրիստոնեաներու պաշտպանի գեղեցիկ խօսքերով ժամանակ մը կրնային օգնել հայերուն, եւ յետոյ ալ իսլամ տիրակալներու հետ հայութեան հաշուոյն գործարք կատարել: Այնուհետեւ պարզ էր որ իսլամ հորդաներ ինչպիսի հաշուեյարդար կրնային տեսնել հայութեան հետ:

***

Հագարի (Աղաւնոյ) գետ

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան Հայաստանի ազատագրութեան հարցով նամակագրական աշխուժ կապ կը պահէր Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին, Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին, Արցախի մելիքներուն, հնդկահայ Շահամիր Շահամիրեանի, Վրաստանի հայ գործիչներու եւ ռուս ռազմական ու քաղաքական դէմքերու հետ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին 1783 փետրուարին ուղարկած նամակով կը խնդրէր, որ որ ան հանդիպի Յովհաննէս կաթողիկոսին հետ եւ երկուքը միասին աշխատանքները համադրեն ու բանակցութիւններ վարեն, որ ռուսական զօրքը հասնի Արցախ:

Պատասխան նամակին մէջ Ղուկաս Ա. կը նշէր, որ իր եւ Յովհաննէսի միջեւ տեսակցութիւնը անհնար է, որովհետեւ իրենք տարբեր վայրերու մէջ կը գտնուին, իսկ մարդ ուղարկելը կրնայ կասկածներ յարուցել:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս յաջորդական նամակներով կը խրախուսէր Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսը եւ կը շեշտէր որ ռուսական զօրքերու Արցախ հասնելու պարագային անհրաժեշտ է միանալ անոնց եւ ապստամբիլ Իպրահիմ Խալիլ խանի դէմ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս այլ նամակներով կը խնդրէր որ Ղուկաս Ա. կաթողիկոս նամակ գրէ իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի եւ պաշտօնական յատուկ դիմում` Եկատերինա Բ. կայսրուհիին, հայերուն ռազմական օգնութիւն ցոյց տալու խնդրանքով: Կաթողիկոսը կրկին մերժեց, նշելով, որ եթէ անգամ ինչ որ բան պիտի կատարուի ազգին համար, կը կատարուի առանց ատոր: Կաթողիկոսը միայն հայերու նկատմամբ բարի մտադրութիւններու համար շնորհակալական բովանդակութեամբ նամակ գրած էր իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի: Ան նոյնանման բովանդակութեամբ նամակ մըն ալ գրեց զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս ցանկութիւն յայտնեց անձնապէս Էջմիածին այցելելու եւ տեսակցելու կաթողիկոսին հետ, բայց պայմաններու բերումով կարելի չեղաւ:

Իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի յղուած կաթողիկոսին 25 ապրիլ 1783 թուակիր նամակին բովանդակութիւնը Յովսէփ արքեպիսկոպոս եւ անոր համախոհները փոխեցին: Մասնաւորապէս կը նշուէր, որ հայ ժողովուրդը կը սպասէ ռուսական յաղթական բանակին. հայեր եւ յատկապէս Արցախի մելիքները, որոնք ինքնիշխան են, պատրաստ են զօրքով ու պարէնով օգնելու ռուսերուն:

***

Դիզափայտ, որուն բարձունքին կը գտնուի Կատարոյ վանքը

Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին 2 յունիս 1783 թուակիր նամակ գրեց Ղուկաս կաթողիկոսին, ուր կ՛ըսէր.

«Աստուծմէ լուսաւորուած եւ շնորհներով ու հրաշքներով սրբագործուած Արարատեան աթոռի հռչակաւոր եւ խոհեմազարդ Ղուկաս կաթողիկոսին, Մեծ եւ Փոքր Հայաստաններու բարձրագոյն հովուապետին, իմ ողորմած Տիրոջը.

Ձեր սրբութեան օրհնեալ նամակը պատշաճաւոր յարգանքով եւ սրտագին ուրախութեամբ ստանալով Աւետիք սարկաւագի միջոցով, կը շտապեմ վկայել ձեր սրբազնութեան այն զգացումները, որոնք կը լեցնեն իմ ջերմեռանդ սիրտը: Այս գրութիւնը, որով ձեր սրբութիւնը յարգեցիք զիս, աւելի զօրացնելով մէջս ջերմեռանդութեան ոգին, կ՛աւելցնէ իմ առանձին յարգանքը դէպի ձեր սրբազան անձը, իբրեւ դէպի աստուածային իմաստութեամբ զարդարուած մարդ եւ դէպի փրկչական վանքի եւ հռչակաւոր ժողովուրդի արժանաւոր հովիւ. ժողովուրդի, որուն մասին իմաստութեան մէջ ընտրելագոյն, փառքով, առատաձեռնութեամբ եւ յաղթանակներով զարդարուած օգոստափառ կայսրուհին մայրական խնամք ունի:

Աստուած, որ ստեղծած է աշխարհը եւ կը կարգադրէ ամէն ինչ, որ յանձնած է մականը Մեծ Եկատերինային` ռուս ժողովուրդի երջանկութեան համար, անյաղթելի Աստուած դիմադիր թշնամիները խորտակելու համար ուղղած է անոր մեծ եւ մարդասէր սիրտը պաշտպանելու ճնշուած Հայաստանը եւ վերականգնելու այս հռչակաւոր ժողովուրդը:

Քրիստոնէական բարերար կրօնի մասին ջերմեռանդութեամբ հոգացող, հայոց ազգի վրայէն զազրելի լուծը խորտակելու համար աշխատող իմ հովանաւոր եւ գլխաւոր ազգական, նորին պայծառափայլութիւն իշխան Գրիգորի Ալեքսանդրովիչ Փոթեմքին, որ կայսերական գահի հովանիի տակ, ամենայն վստահութեամբ մեր վրայ թագաւորող ինքնակալուհիի կողմէ կը կառավարէ ե՛ւ իրեն յանձնուած գործերը, ե՛ւ զէնքի ուժը, վաղուց արդէն մտադիր էր ազատել հայերը զանոնք տեւաբար կրծող անօրինութեան ծնօտներէն: Ես, ընտրուած ըլլալով կատարելու այս մեծ մտադրութիւնները, ուրախութեան հրճուանքով կը պատրաստուիմ կատարելու եւ Ամենաբարձրեալի տնօրինութիւնը, եւ անոր սիրեցեալ օծեալի կամքը եւ ձեր ու իմ հովանաւորի մտադրութիւնները:

Բարեբախտ կ՛ըլլամ, եթէ Աստուծոյ ձեռքը, որ կ՛օրհնէ Մեծ Եկատերինայի բոլոր մտադրութիւնները, առաջնորդէ զիս յաջողութեամբ ի կատար ածելու յառաջիկայ մեծ գործերը:

Աջակցեցէք եւ դուք, ամենայարգելի հովիւ, այսքան աստուածահաճոյ եւ օգտակար գործին: Ձեր ջերմեռանդութիւնը հաւատքի մէջ, ձեր բարձրագոյն աստիճանի արժանաւորութիւնը, ձեր մեծ սրտի ձիրքերը թող ըլլան հայ ազգի սիրտերը ուղղողը: Կանչեցէք զանոնք, թող ամէնքը գան Մեծ Եկատերինայի ամուր վահանի տակ: Թող հաստատուն յոյս դնեն անոր անյաղթելի զէնքին վրայ. թող ջերմեռանդութեամբ գան ճաշակելու այն երջանկութիւնը, որ կը վայելեն բոլոր ազգերը անոր օրհնեալ ձեռքին տակ:

Ես լիայոյս եմ, որ ձեր բարձր սրբազնութիւնը` ձեր բարձրագոյն կոչումով, Աստուծմէ ձեր վրայ թափուած իմաստութեամբ, կ՛ըմբռնէք այսքան օրհնեալ ժամանակի ամբողջ ուժն ու կարեւորութիւնը եւ կը պատրաստէք ժողովուրդին սրտերը` նոյնը ըմբռնելու:

… Հայ ժողովուրդը ճնշող լուծը ծանր է եւ չար: Աստուծոյ ձեռքը կը պատրաստէ այդ լուծի խորտակումը. Եկատերինայի սուրը պատրաստ է պաշտպանելու այդ ժողովուրդը. անոր զօրքը, որ ինծի յանձնուած է, մօտ է, բայց այս զօրքը բազմաթիւ է. անիկա կը պահանջէ հարկաւոր եւ անհրաժեշտ կերակուր:

Այստեղէն հեռու գտնուող սահմանները անծանօթ են ինծի: Սրբազան Տէր, կը խնդրեմ հրամայել կամ պատրաստել բնակիչները, որպէսզի այն զինուորները, որոնք կու գան զանոնք ազատելու, ուտելիքի պակասութիւն չունենան»:

Ղուկաս կաթողիկոս համառօտ խրթին ոճով պատասխան նամակ մը ուղարկեց ռուս զօրավարին, առանց յստակ ու մանրամասն ցուցմունքներ տալու:

***

Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի ուղարկուած կաթողիկոսին նամակը սառն եւ խուսափողական նկատուեցաւ: Գէորգիեւեան ամրոցին մօտ տեղակայուած բանակատեղիէն զօրավար Փոթեմքին տեղեակ պահեց Յովսէփ արքեպիսկոպոսը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կաթողիկոսին նամակ գրեց եւ առաջարկեց կրկին դիմել ռուս հրամանատարութեան եւ յստակօրէն օգնութեան խնդրանք ներկայացնել:

aztagdaily.com/archives/526196

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail