Շրջանային Յարաբերութեան Համար Իրան Եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը Կ՛ընտրեն – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Շրջանային Յարաբերութեան Համար Իրան Եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը Կ՛ընտրեն – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

15 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Աշխարհաքաղաքական:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Փօլ Անդոնոփուլոս 13 հոկտեմբեր 2021-ին վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը գրած է «Կրիք սիթի թայմզ»-ին մէջ (1), ստորեւ՝ թարգմանութիւնը եւ քանի մը խօսք.

«Ազրպէյճանը Թուրքիոյ եւ սուրիացի վարձկաններու օժանդակութեամբ անվիճելի յաղթողն էր 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին՝ վերագրաւելով հայկական իշխանութեան տակ գտնուող հողերուն մեծ մասը: Կ՛ակնկալուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը Պաքուի հսկողութեան տակ դառնալով՝ առեւտուրի եւ փոխադրութեան նոր միջանցքներ պիտի բացուէին, եւ Ազրպէյճանը Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան անփոխարինելի կեդրոն մը պիտի դառնար: Թէեւ կարելիութիւն մը կայ, որ Թուրքիոյ հետ առեւտուրի միջանցք մը բացուի՝ երկարելով մինչեւ  թրքախօս Կեդրոնական Ասիոյ սիրտը, սակայն Ազրպէյճանի թշնամական եւ կռուազան կեցուածքը նոյնպէս կը նշանակէ, որ Հնդկաստանն ու Իրանը Եւրոպայի հետ տնտեսապէս կապուելու ա՛յլ ընտրանք կը փնտռեն:

1. Հիւսիս-Հարաւ նոր միջանցքը: Յօդուածին նկարը, որուն վրայ հայերէն տեղանուններ եւ բացատրութիւններ աւելցուցի:

«Երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021-ին ՊիՊիՍի-ի թղթակից մը (Արմէն Շահպազեան*) Իրանի Առեւտուրի Զարգացման Կազմակերպութեան նախագահ Ալիրիզա Փէյմանփաքէն կը մէջբերէ. «Փոխընտրաբար՝ (այժմու*) Իրան-Եւրասիա տարանցիկ (transit) անցքը երկու (նոր*) ուղիներ պիտի փոխարինեն Ազրպէյճանեան ուղին: Առաջինը ամիս մը ետք պիտի բացուի Հայաստանի մէջէն, երբ որ ճամբաներու նորոգութիւնը աւարտի, եւ երկրորդը ծովու ճամբով՝ նաւեր գնելով եւ վարձելով:

«Փէյմանփաք կ՛ակնարկէր միջազգային Հիւսիս-Հարաւ միջանցքին ՀՀՄ (INSTC), տնտեսական մեծ ծրագիր մը, որ 7200 քմ երկարութիւն ունի, կը պարունակէ երկաթուղիի, ցամաքային եւ ծովային ուղիներ՝ նպատակ ունենալով նուազեցնել փոխադրութեան տեւողութիւնը եւ ծախսը: Միեւնոյն ատեն պիտի բարելաւէ առեւտուրը Ռուսիոյ, Իրանի, Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի, Հնդկաստանի եւ Եւրոպայի հետ: Այս ուղին այժմու ուղիին հետ բաղդատելով ոչ թէ միայն 30 տոկոս աւելի աժան է եւ 40 տոկոս աւելի կարճ, այլ նաեւ կը ծառայէ իբրեւ աշխարհաքաղաքական գործիք՝ աւելի մեկուսացնելու Ազրպէյճանը, մինչ անոր յարաբերութիւնը Իրանի եւ Հնդկաստանի հետ կը վատթարանայ:

2. Հիւսիս-Հարաւ նախորդ միջանցքը, որ Ազրպէյճանէն կ’անցնէր (Ուիքիփետիա (2)): 3. Ալիրիզա Փէյմանփաքի այս նիւթով հեռատեսիլի ելոյթը:

«Նախորդ ուղին կ’անցնէր Հնդկաստանէն, Իրանէն, Ազրպէյճանէն եւ Ռուսիայէն: Պաքուն հսկայական ներդրումներ կատարեց բարելաւելու համար իր ենթակառոյցները համաձայն ՀՀՄ-ի կարիքներուն, ամբողջացնելով ճամբաներ, երկաթուղիներ, կամուրջներ եւ փապուղիներ: Սակայն հակառակ իրենց յանձնառութեան ՀՀՄ-ի մէջ բանալի դերակատար ըլլալու, Ազրպէյճանի գաղափարախօսական ուղղութիւնը, Իրանի եւ Հնդկաստանի հետ իր յարաբերութիւնները պաղեցուցած է:

«Վերջերս Ազրպէյճան աւելի եւ աւելի բացայայտօրէն կը դատապարտէ Հնդկաստանի Քաշմիրեան քաղաքականութիւնը՝ զօրակցելով Փաքիստանին: Պէտք է նշել, որ յունուարին (2021*) Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարները միացեալ յայտարարութեամբ մը աջակցութիւն յայտնեցին իրենցմէ իւրաքանչիւրին հաւակնութիններուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Կիպրոսի, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Քաշմիրի հարցերով: Թէեւ իրենց եռակողմանի յարաբերութիւնները միշտ սերտ եղած են, բայց նաեւ անոնք աւելի կանոնաւոր հերթականութեամբ միացեալ ռազմափորձեր կը կատարեն 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն սկսեալ, ներառեալ՝ Իրանի սահմանին մօտ: Այս եռակողմանի դաշինքը աւելի համարձակ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրենց յաղթանակով, եւ կը թուի, թէ այժմ անոնք պատրաստակամ են պատերազմի միջոցով իրենց նպատակներուն հասնելու:

«Պաքուի անտեղի ինքնավստահութիւնը անցեալ տարուան յաղթանակէն զիրենք կը մղէ բացայայտօրէն աւելի հողեր պահանջելու: Անոր պահանջները չեն սահմանափակուիր Հայաստանով, այլ նաեւ՝ Իրանի հիւսիս արեւմտեան ազերիաբնակ շրջանէն: Թէեւ Թեհրան եւ Պաքու աւանդաբար բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցած են, (սակայն Պաքուի*) յաւելեալ հողեր գրաւելու իրենց մարմաջը եւ Ազրպէյճանի իսրայէլեան ռազմամթերքի ցուցադրութիւնը խզած է վստահութիւնը, եւ երկուքին միջեւ պատերազմը չի թուիր, որ հեռու է:

«Հնդկաստանի հակազդեցութիւնը Թուրքիա-Ազրպէյճան-Փաքիստան եռակողմանի օղակին արագ էր, քանի որ Հնդկաստանը նոյնպէս հսկայական շուկայ եւ ներուժ ունեցող զարգացող տնտեսութիւն է: Նոյնիսկ Սէուտական Արաբիոյ նման ծայրայեղ պահպանողական միապետական երկիրները զգալիօրէն կրճատած են իրենց տնտեսական ներդրումները Փաքիստանի արմատական իսլամական կազմակերպութիւններուն եւ յաջողած են հաւասարակշռութեան եզր գտնել Հնդկաստանի հետ: Բացառութեամբ Քաթարի՝ Պարսից ծոցի արաբական երկրներուն մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն աւանդական տնտեսողները դադարեցուցած են դրամական հոսքերը, քանի որ այժմ առաջնահերթութիւն կու տան զարգացնելու իրենց տնտեսութիւնները եւ արդիականացնելու ենթակառոյցները:

«Այս ձեւով, Փաքիստանը աւելի ու աւելի կը նկատուի իբրեւ փորձանք՝ ահաբեկիչներ արտածելու իր մնայուն կեցուածքին պատճառով, վիճակ մը, որմէ կը փորձեն խզուիլ արաբական պետութիւնները՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն նման: Քանի որ արաբական երկրները այժմ նուազ կեդրոնացած են ընկալուող համաշխարհային իսլամական խնդիրներուն վրայ, ինչպիսին է Քաշմիրը, զարմանալի չէ, որ Հնդկաստանի հետ առեւտուրը բացառիկ աճ արձանագրած է: Հնդկաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ առեւտուրը 2019-2020 հասած է 33,09 միլիառ տոլարի, մինչ 2019-ին Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ՝ մի՛այն 1,7 միլիառ էր:

«Թուրքիա-Ազրպէյճան-Փաքիստան օղակին աճող թշնամական ընթացքին պատճառով Հնդկաստանը եւ Իրանը յայտարարեցին, որ ՀՀՄ-ը եկող ամիս Ռուսիա հասնելու համար կը սկսի Ազրպէյճանի փոխարէն՝ Հայաստանէն անցնիլ: Պաքուն կը կարծէր, որ կրնար հաւասարակշռել թշնամական արտաքին քաղաքականութիւնը՝ միաժամանակ մնալով անփոխարինելի պետութիւն հաղորդակցութեան ծրագիրներուն մէջ: Փոխարէնը, ան աւելի ու աւելի կը մեկուսանայ՝ բացի Թուրքիայէն եւ Փաքիստանէն ոչ մէկ բարեկամ, այլ միայն ջերմ յարաբերութիւններ՝ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հետ:

«Երկուշաբթիի տոլարին դիմաց թրքական Լիրային ցարդ մեծագոյն անկումին պատճառով Թուրքիան ծայր աստիճան սահմանափակ կարողութիւն ունի Կովկասի մէջ այլ ռազմաճակատի մը հետ գործ ունենալու, մանաւանդ որ, կարծես, Սուրիոյ հիւսիսը քրտական ժողովուրդային պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ նոր գործողութեան կը պատրաստուի: Փաստօրէն, այս կը նշանակէ, որ եթէ Ատրպէյճանը նորէն շրջանին մէջ պատերազմ հրահրէ, ապա դժուար թէ Թուրքիան կարենայ նոյն աջակցութիւնը ցուցաբերել այնպէս, ինչպէս՝ հայերուն դէմ պատերազմին, յատկապէս եթէ կը պատերազմի Իրանի դէմ:

«Ամէն պարագայի, շրջանին մէջ Ազրպէյճանին կողմէ հրահրուող աճող անկայունութեան պատճառով, ան սկսած է վերածուիլ անվստահելի գործընկերոջ այն երկիրներուն համար, որոնք պէտք է վստահին անոր իբրեւ փոխադրական-առեւտրային հանգոյցի: Այսպիսով, Իրանն ու Հնդկաստանը այժմ Հայաստանին կը յենին շրջանային կապի համար, քանի որ անոնք նպատակ ունին մեկուսացնել Ատրպէյճանը նման միջանցքներէ: Եթէ բանթուրքական միջանցքը չիրականանայ, Ատրպէյճանը իր իսկ գործողութիւններով փոխադրամիջոց-առեւտուրի անփոխարինելի հանգոյց ըլլալու իր կարելիութիւնը վերածեց շրջանային ծրագիրներէն մեկուսացման: Այս բոլորը Հայաստանին առաւելութիւն կու տան, քանի որ Իրանի եւ Հնդկաստանի նման շրջանային երկու հսկայ պետութիւնները անոր հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կը մշակեն»:

Փաստօրէն վերջերս Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը արդէն Հայաստան այցելեց եւ այս համաձայնութիւնը կնքեց: Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքար յիշեցուց, որ. «Նիւ Տելհին ու Երեւանը միջազգային «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրական միջանցքին մասնակից են», որ, ըստ անոր, ունակ է յաղթահարելու երկու երկիրներուն միջեւ առկայ հաղորդակցային խոչընդոտները (3):

Կը կրկնեմ հեղինակին եզրակացութիւնը. «Այս բոլորը Հայաստանին առաւելութիւն կու տայ, քանի որ Իրանի եւ Հնդկաստանի նման շրջանային երկու հսկայ պետութիւնները անոր հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կը մշակեն»: Պէտք է ամէն գնով Հայաստանը նաեւ ա՛լ աւելի սերտ յարաբերութիւններ մշակէ Իրանի եւ Հնդկաստանի, նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հետ, փոխանակ այժմու իշխանութեան անմիտ մարմաջը՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ միջանցքներ բանալու ազգակործան մտադրութենէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

15 հոկտեմբեր 2021

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

(1)  https://greekcitytimes.com/2021/10/12/iran-and-india-opt-for-armenia/

(2)  https://en.wikipedia.org/wiki/International_North%E2%80%93South_Transport_Corridor

(3) https://www.aztagdaily.com/archives/525766

haroutchekijian.wordpress.com/2021/10/15/շրջանային-յարաբերութեան-համար-իրան-ե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail