Անմիջականի Ճնշումէն Պահ Մը Հեռանալու Փորձ – Ղեկավարին Մեծութիւնն Է Հաղորդուիլ Ժամանակները Լուսաւորած Մեծերով – Յակոբ Պալեան
25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Ադամի յաջորդները մաս կը կազմեն նոյն մարմնին, քանի որ անոնք ստեղծուած են մէկ եւ նոյն էութենէն: Օրուան մը ճակատագիրը եթէ ցաւցնէ անդամ մը, այն ատեն միւս անդամները եւս անկէ պիտի ազդուին: Եթէ դուն չես տառապիր ուրիշներու ցաւով, դուն արժանի չես մարդ կոչուելու»
Պարսիկ բանաստեղծ Սաատի, ԺԳ. դար
Հրավառութիւնները եւ ոգեշնչող խօսքերը չեն կրնար վարագուրել ցաւ ու ճշմարտութիւն: Անոնք չեն ուղղեր նաեւ կորացած քամակները: Հոգեպէս վերականգնելու համար պէտք է ուսանիլ պատմութեան մէջ մեզ նախորդած սերունդներու փորձի եւ իմաստութեան գիրքերով:
Ժողովուրդներ եւ մարդիկ կը սիրեն գեղեցիկ խօսքով գինովնալ, բայց այդ խօսքը գինիի դատարկ բաժակի պէս կը վերցնեն սեղանէն եւ կը մոռնան: Պարսիկ բանաստեղծ Սաատիի խօսքը դաջուած է Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքի ճակատին: Հարց պէտք է տալ, թէ անոր խօսքը գեղօ՞ր է, թէ՞ առաջնորդող գաղափար:
Եթէ միջոց ունենայի, հարցախոյզ մը կ’իրականացնէի գիտնալու համար, թէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակից 193 մեծերէն եւ փոքրերէն քանի՞ հոգի կարդացած են Սաատիի խօսքերը, մտածած` անոնց մասին, հարազատութիւն զգացած: Փորձա՞ծ են հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ադամի յաջորդներուն համար ստեղծուած ըլլալ մէկ եւ նոյն էութենէն® Անոնք մոռնալով իրենց հատուածական եւ եսի շահերը` կը տառապի՞ն ուրիշներու ցաւով:
Եթէ չեն տառապիր, Սաատի կ’ըսէ, որ արժանի չեն մարդ կոչուելու:
Միամիտներ միայն կը լսեն Սաատիի եւ անոր նմաններու խօսքերը:
Ի՞նչ կ’ըսէ ռէալ փոլիթիքը: ՄԱԿ-ի ժողովները տիրացուական հանդիպումներու բեմ չեն: 193 առաջնորդներ հոն կու գան շահեր պաշտպանելու: Շատեր եթէ նուազագոյն պարկեշտութիւնը ունենային եւ եթէ ՄԱԿ-ի շէնքի ճակատին գրուած Սաատիի խօսքը կարդացած ըլլային եւ` հասկցած, կա՛մ գրուածը ջնջելու պահանջ կը ներկայացնէին, կա՛մ այդ շէնքէն ներս ոտք չէին դներ:
Մարդասիրական խօսքը եւ ճառը միշտ տպաւորիչ են: Սաատիի խօսքը ՄԱԿ-ի շէնքի ճակատին գրուած է անիրաւուածներու եւ անարդարութիւններու դէմ բողոքողներուն աչքին փոշի փչելու համար:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ամէն սեպտեմբերին Ընդհանուր ժողով կը գումարէ: Մոլորակը իրենց ըմբռնումներով, շահերով եւ փառասիրութիւններով առաջնորդող 193 հոգի կը հաւաքուին եւ կը խօսին: Կը յիշե՞ն Սաատին: Ոմանք հոն կ’երթան գէթ լսուելու համար:
Սաատիէն հազար տարի առաջ Սուրբ Օգոստինոս (ՅՔ 350-430) ըսած է. «Առանց արդարութեան ի՞նչ է թագաւոր մը, եթէ ոչ` փառքով ծածկուած աւազակ մը: Ի՞նչ է թագաւորութիւն մը, եթէ ոչ` գողերու քարայր մը»: Իշխանաւորները եւ իշխանութիւնները պէտք է գնահատել ըստ արժէքներու հանդէպ ունեցած վերաբերումին եւ ոչ` ըստ ճշմարտութիւնները շրջանցող իրենց հռետորական ճապկումներուն:
Եթէ իրենց ժողովուրդները եւ աշխարհը առաջնորդելու յաւակնութիւն ունեցող 193 մեծեր ու մեծիկներ ՄԱԿ-ի շէնք իրենց մուտքին կարդացած ըլլային Սաատիի խօսքը, յիշէին, յիշած ըլլային Սուրբ Օգոստինոսի սարսափելի դատումը մարդկութեան համար կենսաոճ չէր ըլլար, երէկ եւ այսօր: Աւազակները իրաւարար չէին ըլլար, երկիրները աւազակներու եւ անկուշտ կիրքերու բոյն չէին ըլլար: ՄԱԿ-ի բեմը զարդարող խաղաղութեան ճառերը օդին մէջ չէին մնար:
Մինչեւ այն ատեն որ ուժին կռթնած փառքով ծածկուած աւազակներ կը վճռեն արդարութիւն եւ իրաւունք, մարդկութիւնը գովերգուած եւ երազուած խաղաղութեան պիտի չհասնի: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցող 193 երկիրներուն միջեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքները չեն յարգուած երէկ, չեն յարգուիր այսօր: Առակի դառն իմաստութիւնը միշտ ի զօրու է. զօրաւորին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է:
Այդ 193-էն ոմանք իրենք իրենց շնորհած են ուրիշները ճնշելու եւ ճշմարտութեան միակ կրող ըլլալու իրաւունք, եւ ուժն է, որ ինքզինք պարտադրած է ու կը պարտադրէ, կ’ըլլայ իրաւունք եւ օրէնք:
ՄԱԿ-ի շէնքի ճակատին գրուած Սաատիի իմաստութիւնը պէտք է յիշեցնել բռնութիւնը եւ բրտութիւնը օրէնք համարողներուն, պէտք է յիշեցնել նաեւ անոնց, որոնք իրենք զիրենք կոչած են իրաւարարի դերին` որպէս կարգախօս ունենալով խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, երկխօսութիւնը, հանդուրժողութիւնը® Գեղեցիկ բաներ խոստացող նման բառեր շատ են բոլոր լեզուներու մէջ, բայց անոնք կը ծառայեն միայն տեսութիւններու, եւ անոնցմով կը պճնուին մարդիկ բեմերու վրայ:
Այս բոլորը կ’ըսեմ, այս բոլորին մասին կը մտածեմ, հայ ժողովուրդի իրաւունքի մասին երբ կը խօսուի, բառեր կ’ըսուին, անոնք ձրի են: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ խոստումները յանձնառու կը դարձնեն անոնց հաւատացողները:
Ամերիկան, Ռուսիան, Ֆրանսան, որոնք ժողովներ գումարեցին եւ պիտի վերսկսին գումարել, քաջութիւն եւ պարկեշտութիւն պիտի ունենա՞ն օրակարգ դարձնելու հայոց իրաւունքները եւ վճռելու, ո՛չ թէ զէնքի ուժով չարի հաստատած կացութիւնը նկատի առնելով, այլ` անսալով պատմական ճշմարտութիւններու, մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքին: Պիտի ըսե՞ն, որ Արցախը Ղարաբաղ չէ, Հայաստան է, հոն ապրած եւ հարիւրաւոր վանքեր ու եկեղեցիներ կառուցած են հայերը` անոնց մէջ աղօթելու համար:
Պարսիկ բանաստեղծ Սաատիին պէս մէկը պէտք է գումարել Մինսքի եռանդամ յանձնախումբին վրայ, որ օրակարգ դարձնէ ուրիշի ցաւով տառապելու հոգեկան մեծութիւնը, որպէսզի Հայաստանի դրացիները Սուրբ Օգոստինոսի դատած թագաւորի եւ թագաւորութեան մասին գնահատումը իւրացնեն եւ դարձնեն օրակարգ: Առանց այս բարոյական ըմբռնումներուն` բանակցութիւնները ճապկումներ պիտի ըլլան ուժին եւ` բրտութեան հանդէպ հանդուրժողութիւն պարտադրել:
Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, պատմութեան անողոք դասաւորումով, կը գտնուին ուրիշներու ցաւին վրայ իշխանութիւն ստեղծելու Սաատիի բնորոշած աշխարհագրական գօտիին մէջ, ուր եղած են եւ կան Սուրբ Օգոստինոսի նշած փառքով ծածկուած աւազակները, ժողովուրդի մը իրաւունքները խլողներ եւ ճշմարտութիւնները բռնութեամբ իրենց շահերուն պատշաճեցնողներ:
Առաջարկ մը` Մինսքի խումբի յարգելի համանախագահներուն: Պահ մը մոռնալով Արցախի հարցը, եթէ իրենք զիրենք հրաւիրեն անցեալին մէջ զբօսաշրջային արշաւի մը, երթան Հայաստանի սահմանէն քարընկէց մը հեռու հայոց մայրաքաղաք Անին տեսնելու, երթան մինչեւ Վանայ ծովակ ու տեսնեն Աղթամարի տաճարը եւ փորձեն հասկնալ, բացատրել եւ (չ)արդարացնել, թէ ինչո՞ւ անոնք հայոց չեն պատկանիր® Եւ ընեն բաղդատութիւնը Արցախի տիրութեան միտող բռնութեան հետ: Այն ատեն պիտի լուսաբանուին, որ հայ ժողովուրդը ընկճելու, իրաւազրկելու եւ հուսկ անհետացնելու մնայուն քաղաքականութիւնը կը շարունակուի:
Սաատին եւ Սուրբ Օգոստինոսը կրնա՞ն ներշնչել ՄԱԿ-ը, անոր Ապահովութեան խորհուրդը եւ Մինսքի երեք համանախագահները: Արգիլուած չէ երազել, նաեւ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները: Առաջինները վերջիններուն հետ պէտք է խօսին անոնց հասկցած լեզուով` սպասելով այն օրուան, որ անոնք Սաատին եւ Սուրբ Օգոստինոսը ներառեն իրենց միտքի եւ հոգեկան արժէքներուն մէջ:
Իրաւունք եւ արդարութիւն պէտք չէ ճշդել փերեզակի հաշիւներով, որոնք ծնունդ կու տան նոր անարդարութիւններու, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Օգոստինոս, մոլորակը դարձնելով «գողերու քարայր մը»:
Արցախի եւ Արեւմտահայաստանի հարցերը համամարդկային արդարութեան եւ խիղճին խարանն են: Այս անվարան պէտք է ըսել:
Մինսքի խումբի համանախագահներուն պէտք է յիշեցնել Մարթին Լութեր Քինկի սրտի խօսքը. «Տեղ մը գործուած անարդարութիւն մը սպառնալիք է ամբողջ աշխարհին համար»:
Նաւթի, Մետաքսի ճամբու եւ ազդեցութեան գօտիներ ձեռք բերելու միտող լարախաղացութիւնները գերանցելով` ինչո՞ւ չծառայել մարդուն, արդարութեան եւ ճշմարտութեան:
Այս ընելու կամ չընելու համար անպայման պէտք է հիւլէական տէրութի՞ւն ըլլալ:
Այսքան պարզ ճշմարտութիւններ կարելի՞ է հասցնել միջազգային համայնքին եւ անոր ղեկավարներուն:
Զգաստացում. քանի որ վտանգ եւ սպառնալիք կանգնած են բոլորին դռներուն:
22 սեպտեմբեր 2021, Նուազի-լը-Կրան
www.aztagdaily.com/archives/526761