Հայաստանը Իր Դժուար Բարեկամին Եւ Ոխերիմ Թշնամիներուն Միջեւ – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
– Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի վերջին յայտարարութիւնները կու գան անգամ մը եւս հաստատելու, որ յանձին Ռուսիոյ` մենք ունինք շատ դժուար «սպասարկուող» բարեկամութիւն մը կովկասեան տարածաշրջանի մնայուն անհաւասարակշռութիւններուն դիմաց:
Մոսկուա կը շարունակէ խօսիլ 3+3 բանաձեւի դիրքերէն, որ յստակօրէն կ’ենթադրէ Ռուսիոյ միահեծան հսկողութեան տակ պահել տարածաշրջանի «խաղաղեցման» գործընթացը: Կը չակերտեմ խաղաղեցում բառը, քանի որ հարցականի տակ է, թէ ի՞նչ պայմաններով, եւ ի՞նչ գնով` Հայաստանի եւ Արցախի համար, տեղի կրնայ ունենալ խոստացուած այս խաղաղեցումը: Վերոյիշեալ բանաձեւը կը յաւակնի սեղան բերել Կովկասի երեք պետութիւնները` Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան` որպէս առաջին օղակ: Յետոյ նաեւ Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսիա` որպէս բանակցային գործընթացի երկրորդ որոշիչ օղակ: Պարզ խօսքով, հաւաքե՛լ տարածաշրջանի հարսնեւորները Մոսկուայի քաւորական հանգամանքին տակ եւ Մոսկուայի գերակշիռ շահերու խաղատախտակին շուրջ: Այս առումով, 3+3 բանաձեւը իր էութեան մէջ 3+2+1 պատկերը կը ներկայացնէ` Մոսկուային վերապահելով գերիշխան «իրաւարար»-ի տիրական դերակատարութիւն:
Ասիկա հին բանաձեւ մըն է եւ կրնայ այսօր եւս «արդիւնաւորապէս» գործել, եթէ Արեւմուտքը (եւ Չինաստանը) որոշէ դուրս մնալ ձեւաւորուող այս խաղէն: Առայժմ դաշտը պարապ կը թուի, եւ Մոսկուայի ախորժակները` արթո՛ւն: Հետեւաբար բեմին վրայ գոյութիւն չունին Մոսկուայի ձեռքերը առանձնապէս կաշկանդող եւ նկատառման արժանի ուժեր, որոնք պիտի խոչընդոտէին Մոսկուայի ակնկալութիւնները: Աւելի ճիշդ` նմանօրինակ ուժերու սակարկութիւնը Մոսկուայի հետ կը թուի գտնուիլ Կովկասէն հեռու` աշխարհակարգի այլ ոլորտներուն մէջ այս օրերուն: «Կովկասը` Մոսկուայի՛ն եւ վերջ», ըսել կ’ուզէ Մ. Զախարովա իր քողարկուած բառապաշարով` քաջ գիտնալով, որ նոյնիսկ ամէնէն իտէալական պայմաններու մէջ (Մոսկուայի համար) Արեւմուտք եւ Չինաստան բնականաբար իրենց ձեռքերը բոլորովին հեռու պիտի չպահեն տարածաշրջանի հերիսայէն:
Պահ մը մոռնալով մեծապետական ուժերու այս մնայուն առճակատումը տարածաշրջանին մէջ` հարց տանք մենք մեզի, թէ որո՞նք են հայկական կողմի այլընտրանքները ներկայ կացութեան մէջ: Աւելի ճիշդ` Հայաստան եւ Արցախ ինչպէ՞ս կրնան ապահովել իրենց գոյութիւնը լայնօրէն ականապատուած այս դաշտին մէջ®
Դժբախտաբար Մոսկուայի դիտաւորութիւնները կը շարունակեն մնալ մեծապէս խնդրայարոյց: Մոսկուայի առաջին խնդիրն է «ապահովել» ազրպէյճանական ճակատը` Ալիեւը գոհացնելով Հայաստանի եւ Արցախի գրպանէն: Արդէն իսկ Մոսկուա կը խօսի տնտեսական համագործակցութեան լայն եւ յուռթի դաշտ մը բանալու մասին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջինիս կողմէ «ազատագրուած» (յաճախ կը գործածուի «Ազրպէյճանին վերադարձուած» բառակապակցութիւնը) Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն վրայ® Պարզ խօսքով, ըստ Մոսկուայի, արդէն իսկ վերջ գտած է ամէն բան: Ըստ Մոսկուայի խօսոյթին, այդ հողերը կը պատկանէին Ազրպէյճանի եւ, հետեւաբար, Ազրպէյճանի նախայարձակումով (aggression) տեղի ունեցած է արդարացի սրբագրութիւնը: Այսինքն տեղի ունեցածը, ըստ էութեան, թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակում չէր, այլ` ազատագրական պատերազմ: Աւելի՛ վատը: Հարցերուն մօտենալու այս փութկոտ մտայնութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ինքնաբերաբար ենթադրել կու տայ, որ Ազրպէյճանի ձեռքերը կը շարունակեն ըլլալ ազատ® Ըսել կ՛ուզեմ հետեւեալը. սկզբունքով Ազրպէյճան ո՛ր հայկական հողերուն վրայ, որ ուզէ եւ կարենայ դնել իր թաթը (ինչպէս կը յաւակնի ընել ան), ի յառաջագունէ կը վայելէ Մոսկուայի օրհնութիւնը: Ազրպէյճան կը թուի ունենալ Մոսկուայէն շնորհուած «քարթ պլանշ» իր նախայարձակ (aggressive) եւ ծաւալապաշտական գործողութիւններոուն համար: Դժբախտաբար այս եզրակացութիւնները յստակօրէն կը բխին թէ՛ իրականութեան աղաղակող փաստերէն եւ թէ՛ Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւններէն:
Ի՞նչ կը փորձէ ընել Մոսկուա իր ներկայ քաղաքականութեամբ: Իմ կարծիքով, ան կը ջանայ ամէն գնով «փակել» հաշիւը Ալիեւի հետ եւ ամէն գնով պառակտել թուրքեւազրպէյճանական միասնականութիւնը: Առնուազն` Ազրպէյճանը կապուա՛ծ պահել Մոսկուայի բեւեռին: Այսինքն Մոսկուայէն ամրօրէն կախեալի դիրքերու վրայ` պարտաւորութիւններու բարդ ցանցի մը միջոցով: Եւ հետեւաբար` բարդացնել Ալիեւի կապը Թուրքիոյ հետ: Առաւե՛լ` Սիւնիքի միջանցքը առնել իր` Մոսկուայի ռազմավարական վերին տնօրինութեան տակ Թուրքիան եւ Իրանը կառավարելի դարձնելու վախճանական դիտաւորութեամբ: Այս ռազմավարութիւնը դեռ շատ հեռու է տարածաշրջանին («մերձաւոր արտասահմանեան») տիրութիւն ընելու կամքը ունեցող երբեմնի Ռուսիոյ պատմական խօսոյթէն® Բայց նաեւ դեռ շատ շուտ է բնորոշում տալու Մոսկուայի քաղաքականութեան: Ինչ-ինչ միջոցներու ապաւինելով` Ալիեւ կրցաւ Մոսկուայէն կորզել 44-օրեայ պատերազմի իր յաղթանակը: Հիմա ժամանակն է, որ ան «հատուցէ» Ռուսիոյ` շարունակելով հանդերձ իր յաղթարշաւը հայ-ազրպէյճանական սահմանագծի երկայնքին: Մոսկուա կը յաջողի՞ այս կէտին վրայ սանձի տակ առնել Ալիեւը եւ խզում պարտադրել Թուրքիայէն: Մեծ հարցական մըն է ասիկա: Մէկ բան յստակ է: Մոսկուա պէտք է անպայման ստիպէ, որ Պաքու խաղայ իր` Մոսկուայի՛ խաղը գէթ Սիւնիքի միջանցքի կապակցութեամբ: Այլապէս 3+3 կամ 3+2+1 բանաձեւին ապագան վտանգուած է:
Պահ մը փորձենք շրջել տարածաշրջանի յարաբերութիւններու աղիւսակը: Ի վերջոյ պէտք է յստակացնել, թէ լծակային ի՛նչ առաւելութիւններով է, որ կը գործեն տարածաշրջանի պետութիւնները Մոսկուայի հետ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորելու մարզին մէջ: Այս առումով, 3+3 ռուսական բանաձեւի երկրորդ օղակը կը բաղկանայ այն երկիրներէն, որոնք ունին յստակ ուժականութիւններ, որոնց հետ հաշուի պիտի նստի Մոսկուան: Այդ պետութիւններն են Թուրքիան եւ Իրանը: Այս պետութիւնները կը տիրապետեն լծակային գերուժի (leverage) թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ՛ իրարու նկատմամբ® Խօսելով առաջին օղակին մասին` կը տեսնենք, որ պատկերը անհամեմատօրէն աւելի բարդ է հոս: Ազրպէյճանի լծակային կարողականութիւնները որակականօրէն աւելի բարդ են այսօր եւ գործունակ` Մոսկուայի, Վրաստանի, Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ նկատմամբ, քան` օղակի միւս երկիրներուն (Վրաստանի եւ Հայաստանի): Վրաստան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, դեռ ունի շարժելու որոշ, ոչ արհամարհելի, լուսանցք: Հայաստանը միակն է, որ առայժմ կը գործէ պարտեալի եւ պատանդի դիրքերէն: Պարտեալ` Ազրպէյճանէն եւ պատանդ` Ռուսիայէն: Բա՛ն մը, որ մեզ կը բերէ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու կնճռոտ խնդրին:
Ի՞նչ առաջադրութիւններով կը գործէ Փաշինեանի իշխանութիւնը այսօր տարածաշրջանի ուժերու այս բարդ աղիւսակին մէջ: Դժուար է ճշգրիտ պատասխան տալ այս հարցումին: Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը այսօր կը գտնուի շարունակական խարխափանքի մէջ: Ան կը փորձէ ողոքումի բանաձեւերով «խաբել» թշնամին եւ զայն բերել համագործակցութեան եւ ատով իսկ տպաւորել Մոսկուան եւ, ինչո՞ւ ոչ, Արեւմուտքը որպէս ինքնիր «այլընտրանք»-ները ունեցող պետութիւն: Պարզ է, որ իր խորամանկութեամբ փայլող թշնամին պիտի չիյնայ Փաշինեանի խաղին մէջ: Թշնամին (այսինքն` ե՛ւ Պաքուն, ե՛ւ Անգարան) մէկ կողմէ` զէնքի լեզուով կը խօսի Հայաստանի հետ եւ միւս կողմէ իր սակարկութիւնը կ՛ընէ ուղիղ Մոսկուայի հետ բանակցային գործընթացէն դուրս ձգելով Հայաստանը® Եւ Մոսկուա իր դիւանագիտութեամբ վաւերականութիւն կը շնորհէ թշնամիի ընտրած այս գործելաձեւին` միանալով Հայաստանը մեկուսացնելու թշնամիի ռազմավարութեան: Իսկ Փաշինեան ինքզինք կը դնէ աւելի եւս նուաստացուցիչ կացութեան մէջ` «ոչ թշնամական» ելոյթներով ընդառաջելով թշնամիի նախայարձակ գործողութիւններուն թախանձելով, որ թշնամին ուզէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ®
Պարզ է, որ նմանօրինակ պայմանագիրը կարելի դարձնողը միայն Մոսկուան կրնայ ըլլալ, եւ այդ «պայմանագիր»-ը, ինչպէս` 1921-ի Կարսի պայմանագիրը, կրնայ ըլլալ միայն Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հաշուոյն:
Այս առումով, կարեւոր է ճիշդ հասկնալ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու էութիւնը: Հակառակ Ռուսիոյ հետ դաշնագրային մեր կապերուն, «ռազմավարական դաշնակցի» բանաձեւը, զոր ցարդ որդեգրած ենք մեր դիւանագիտութեան մէջ, մեզ պէտք չէ նախապաշարէ այլեւս: Դժբախտաբար մենք չունինք ռազմավարական դաշնակից այսօր: Այդ գաղափարը վարկաբեկուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի բովին մէջ: Ալիեւ յաջողապէս ջախջախեց այդ պատրանքը թէ՛ մեզի համար եւ թէ՛ Մոսկուայի: Մենք ունինք տարածաշրջանի հսկայ գերտէրութիւնը մեր դռներուն առջեւ, որուն ախորժակները կառավարելու պարտաւորութիւնը միայն մերն է: Եւ այս գերտէրութեան հետ մենք կրնանք խօսիլ միայն լծակային կարողականութիւններով: ՄԻԱ՛ՅՆ: Այն, որ Հայաստանը աշխարհաքաղաքական յենարան մըն է Մոսկուայի համար եւ պատուա՛ր մը` փանթուրքիզմի վտանգին դէմ եւ, հետեւաբար, երաշխաւորուած է ի բնէ բոլոր հաւանական թշնամիներուն դէմ® Այս թեզը արդէն վաղուց կը կարօտի վերանայման: Մենք պիտի ընդունինք, որ յարացոյցի (paradigm) հիմնական փոփոխութիւն տեղի ունեցած է տարածաշրջանին մէջ, եւ մենք առայժմ դուրս մնացած ենք նոր յարացոյցէն:
Մենք կրկին կը գտնուինք «մուրճ»-ի եւ «սալ»-ի միջեւ: Տարածաշրջանը կրկին վերադարձած է այն իրականութեան, որուն հանճարեղ ախտորոշումը ըրած էր Սիմոն Վրացեան իր դասական երկին մէջ` «Հայաստանը պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ»: Պոլշեւիկեան «մուրճ»-ին յաջորդած է շատ աւելի բարդ բնազդներով գործող եւ շատ աւելի մանուածապատ շահադրդիչներու անսացող Մոսկուա մը: Երբեմնի թրքական «սալ»-ին յաջորդած է Էրտողանի եւ Ալիեւի ռազմավարութիւններով հզօրացած համաթրքական առանցք մը, որ ի վիճակի է իրավիճակ պարտադրելու տարածաշրջանին եւ յատկապէս Մոսկուային: Վրացեանի մատնանշած յարացոյցին վրայ աւելցած են նաեւ Իրանն ու Իսրայէլը:
Առակս ի՞նչ ցուցանէ: Ցուցանէ այն, որ Հայաստանը արդէն դուրս եկած է «ծով»-էն եւ կը գտնուի «ովկիանոս»-ի ջուրերուն մէջ լողալու պարտաւորութեան տակ: Մոսկուան չի կրնար մեզի օգնել հին յարացոյցով, եթէ նոյնիսկ կամենայ: Գերտէրութիւններու լինելիութեան գործօնները կը պահանջեն չմխրճուիլ «տեղական» հրամայականներու մէջ: Մենք` ինքնե՛րս ենք, որ պիտի ստեղծենք քաղաքական գործօն միջավայրը հայ-ռուսական համագործակցութեան: Մոսկուա ոչ թէ պիտի ուզէ, այլ պիտի պարտաւորուի իր իսկ այսօրուան շահերէն ելլելով արժանապատիւ տեղ տալու Հայաստան-Ռուսիա երկկողմանի դաշինքին: Այս է մեր այսօրուան լինելիութեան մարտահրաւէրը: Եւ մենք անզէն չենք այս մարտահրաւէրին դիմաց:
Լաւագոյն պարագային, այսօր Ռուսիա դժուար բարեկամ մըն է Հայաստանի համար: Բայց Հայաստանի բոլոր «բարեկամութիւն»-ները այսօր կը պահպանուին դժուար նորմերով: Հայաստան չէ կրցած ձերբազատիլ պարտութեան իր համակարգէն: Ան չէ կրցած ինքզինք դնել նոր ճանապարհի վրայ: Ան չէ ցուցաբերած կարողութիւնը` նոր ղեկավարութիւն, նոր բանակ, նոր տնտեսութիւն, նոր ռազմավարութիւն ձեւաւորելու: Հետեւաբար ան միայն կրնայ ունենալ պառակտուած «բարեկամութիւն»-ներ արտաքին քաղաքականութեան դաշտին մէջ: Մենք մեր բարեկամները մեր նկատմամբ կը դնենք դժուարին ընտրութիւններու առջեւ եւ ինքնաբերաբար մեր թշնամիներուն կը նուիրենք ռազմավարական հսկայ դաշտ մը` սանձարձակօրէն գործելու մեզի դէմ:
Այս է գինը Հայաստանի իշխանութեան դիրքերուն վրայ Փաշինեանի եւ իր վարչախումբին գոյութիւնը մշտնջենաւորելու հասարակական վրիպանքին: Այս ճակատագրական ռիսքն է, որ առած է Հայաստանի քաղաքացին, եւ այս մեծ սխալն է, որ ան պէտք է անյապաղ սրբագրէ: Եւ առաւելագոյն փոյթո՛վ:
Հայաստանի եւ Արցախի վերականգնումի բանալին Նիկոլ Փաշինեանի «ապաշրջափակման քաղաքականութեան» կեղծ լոզունգներուն մէջ պէտք չէ փնտռել: Անոնք միայն մեզ կը տանին փակուղի: Հայաստանը պէտք է ձեւաւորէ իր լծակային անկախ կարողականութիւնները եւ ներկայանայ աշխարհին նոր, հեղինակաւոր եւ ապագայասեւեռ ղեկավարութեամբ եւ իր հայրենի հողը պաշտպանելու հզօր կամքով տոգորուած եւ ոգեզինուած ժողովուրդով: Այս բոլորը մեր հասողութեան սահմաններուն մէջ են: Պէտք է անմիջապէս ճամբայ ելլէ այս համազգային զօրաշարժը:
22 հոկտեմբեր 2021
www.aztagdaily.com/archives/527027