ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Տոնի Կոզակներ Ազով-Մոզտոկ Պաշտպանական Գիծին Վրայ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Տոնի Կոզակներ Ազով-Մոզտոկ Պաշտպանական Գիծին Վրայ
Ռուս-Վրացական Գէորգիեւսկի Դաշինքը
Ղուկաս Կաթողիկոսի Եւ
Յովսէփ Արքեպիսկոպոսի
Դիրքորոշումները Ռուսական Արեւելումի Հարցով
Ռուսիոյ Դէմ` Իսլամական Միութիւն
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս հիւսիսային Կովկասի կառավարիչ եւ զօրքերու հրամանատար զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինէն նամակ ստացած էր: Բռնակալական ճնշող լուծը խորտակելու եւ հայ ժողովուրդը ազատագրելու առաջադրանքով կատարուելիք ռուսական արշաւանքին համար զօրավարը հայերու աջակցութիւնը կը խնդրէր, յատկապէս` ուտեստեղէնով ապահովելու համար ազատարար զինուորները:
Կաթողիկոսը անհասկնալի ըլլալու աստիճան խրթին եւ զգուշաւոր պատասխան ուղարկած էր:
Ղուկաս Ա. միաժամանակ նամակ գրեց Յովհաննէս Լազարեանի եւ զգուշաւորութիւն թելադրեց:
Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոս եւ մելիքները Էջմիածնի հետ դժուարութեամբ կապ կը պահպանէին, որովհետեւ ճանապարհները աւազակներով լեցուն էին:
Յովհաննէս կաթողիկոս եւ մելիքները արցախցիներու անունով հանրագիր պատրաստեցին իրենց ստորագրութիւններով: Անոնք զօրավար Փոթեմքինէն կը խնդրէին փութացնել ազատարար արշաւանքը եւ կը խոստանային ռուս զօրքերուն այնքան առատ պաշար տրամադրել, որ կը բաւարարէր երեսուն հազարէ աւելի զինուոր հինգ տարի կերակրելու համար: Ղուկաս կաթողիկոսն ալ ստորագրեց այս նամակին տակ:
***
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին, Նովոռոսիոյ (Նոր Ռուսիա) սահմանին վրայ, ռազմավարական նկատառումներով, Ազով-Մոզտոկ պաշտպանական գիծը հաստատեց: Այդ գիծին վրայ տասնեակ մը ամրոցներ կառուցուեցան, որոնց գլխաւորներն էին 1777-ին հիմնուած Սթաւրոպոլն ու Գէորգիեւսկին:
Սթաւրոպոլ (յունարէն Սթորոպոլիս` խաչի քաղաք) ամրոցը, բարձր պարիսպներով եւ խրամներով, կառուցուեցաւ լեռներով շրջապատուած Տաշլա գետի ակունքներուն մօտ:
Գէորգիեւսկ (Սուրբ Գէորգ) հիմնուեցաւ Սթաւրոպոլէն 210 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, Փոտքումոք գետի աջ ափին: Նիկոլսկայա եկեղեցին կառուցուեցաւ 1780-ին. անիկա հիւսիսային Կովկասի մէջ ռուսական ամէնէն հին եկեղեցին է:
Ազով-Մոզտոկ պաշտպանական գիծին վրայ մեծաթիւ Տոնի կոզակներ եւ անոնցմէ զօրամիաւորումներ կեդրոնացուեցան:
Կոզակները ռուսախօս եւ օրթոտոքս ազգագրական եւ ընկերային խմբաւորումներ են, որոնք ժամանակի ընթացքին զինուորական խաւի կարգավիճակ ստացած էին: Կոզակ փոխաբերական իմաստով «ազատ մարդ» կը նշանակէ: Անոնք մեծ դեր ունեցան Ռուսական կայսրութեան սահմաններու պաշտպանութեան եւ հիւսիսային Կովկասի ու Սիպերիոյ ռուսացման գործին մէջ: Կան Տոնի, Դնեպրի, Վոլկայի, Ուրալի եւ այլ կոզակական համայնքներ:
Տոնի կոզակները, որոնք Տոն գետի ափերուն կեդրոնացած են եւ Տոն պալաչքա բարբառ կը խօսին, կայսրութեան հարաւային սահմանները պաշտպանող գլխաւոր ուժն էին, իբրեւ կեդրոն ունենալով Չերքասք ամրոց-քաղաքը: Աթամանը համայնքին ռազմական եւ վարչական պետն է, որ կ՛ընտրուի ընդհանուր հաւաքին կողմէ: Անուանի աթամաններ եղած են Երմաք Թիմոֆէեւիչ, Ստեփան Ռազին, Քոնտրաթի Պուլաւին եւ Մատվէյ Փլաթով (որ 1805-ին կառուցեց Նովոչերքասքը, որ այնուհետեւ եղաւ Տոնի կոզակներուն կեդրոնը): Զինուորական բարձր դիրքեր ունեցող ազնուական ընտանիքներ են` Տենիսով, Փլաթով, Կրապ, Կոլուպինցեւ, Պալքանով, Պոկաեւսքի, Չերնոզուպով, Էֆրեմով, Իլովայսքի, Քրասնով, Քալետին, Քութեժնիքով, Մելնիքով, Մարթինով, Փիսարեւ, Ռիքովսքի, Չեպոթարիով, Թուրչանինով, Վենեվիթինով եւ Վարվաքիս:
Տոնի կոզակները, որոնք հարիւր հազարներ կը հաշուէին, կոզակական տասնեակ մը համայնքներուն ամէնէն մեծն էին եւ առանձինն կայսրութեան կոզակ զօրքերուն մէկ-երրորդը կը հաշուէին եւ քաջ ձիաւորներ էին: Դէպի Անդրկովկաս նախատեսուող արշաւանքին կորիզը Տոնի կոզակները պիտի կազմէին:
***
Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին, որ Գէորգիեւսկ ամրոցին մէջ բնակութիւն հաստատած էր, բանակցութեան մէջ մտաւ Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին հետ, եւ համոզեց զայն ընդունելու ռուսական հպատակութիւն:
Հերակլ Բ. արդէն ռուսամէտ քաղաքականութիւն կը վարէր եւ ռուսական զօրքեր կը գտնուէին Վրաստանի սահմանին վրայ: Միւս կողմէ, Տաղստանի ցեղերը տեւական յարձակումներ կը կազմակերպէին եւ երկրին սահմանները խոցելի էին:
Հերակլ Բ. իբրեւ լիազօր բանագնացներ Գէորգիեւսկ ուղարկեց Մուխրանիի իշխան Իոանէ (Իվան) Բագրատիոնը եւ Կախեթիի ազնուականներէն իշխան Կարսեւան Չաւչաւածէն:
Գէորգիեւսկ ամրոցին մէջ, 24 յուլիս 1783-ին, նորին կայսերական մեծութիւն Եկատերինա Բ.ի եւ Քարթլիի ու Կախեթիի Հերակլ Բ. թագաւորին անուններով դաշինք ստորագրուեցաւ:
Հերակլ Բ. եւ անոր ժառանգորդները պարսկական եւ կամ որեւէ այլ պետութեան պիտի չենթարկուէին եւ միայն ռուսական գահին, նորին մեծութիւն կայսրուհիին եւ անոր օգոստափառ ժառանգորդներու հովանաւորութեան տակ պիտի մնային:
Նորին մեծութիւն կայսրուհին կը խոստանար պահպանել Վրաստանի ամբողջականութիւնը, իր զօրքերով օգնել Հերակլ Թէյմուրազովիչի, անոր կորսնցուցած հողերը վերագրաւել եւ աւելի ընդարձակել Քարթլի-Կախեթիի թագաւորութեան սահմանները: Այդ նպատակով Թիֆլիսի մէջ մնայուն կերպով ռուսական զօրաբանակ պիտի հաստատուէր:
Դաշնագիրը ստորագրեցին զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին եւ իշխաններ Իվան Բագրատիոն եւ Կարսեւան Չաւչաւածէ: Դաշնագիրի ստորագրման արարողութեան ներկայ էր ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան:
***
Հայաստանի ազատագրութեան բաղձանքով տոգորուած եւ Ռուսաստանի միջոցով փրկուելու տեսակէտին հաւատացող ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան վրդովում արտայայտեց զօրավար Փորթեմքինի ուղղուած Ղուկաս Ա. կաթողիկոսի խուսափողական նամակին համար:
Էջմիածին նամակ ուղարկելով Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գրէր, որ կաթողիկոսին վախը կրնայ վարակիչ ըլլալ. «Լսելով զէրկուղ զորս կրէք ի յանօրինացն եւ մէք աստէան տագնապիմք»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս 1783 օգոստոսին կաթողիկոսին նամակ գրեց եւ կրկին արծարծեց Ռուսաստանի հետ դաշինք կնքելու հարցը:
Ղուկաս Ա. պատասխանեց ըսելով, որ երբ ռուսական կողմը դաշինքի մասին ուղիղ ակնարկութիւն չի կատարեր, մենք ինչպէ՞ս առանց անոնց համաձայնութեան եւ մեր ազգը տեղեակ պահելու դաշնագիր կնքելու առաջարկ ներկայացնենք: «Ի կողմանէ դաշանց, զորս դու խնդրես` նոքա զբան ինչ որ գրեն առ մեզ: Ապա թարց նոցին խնդրելոյ, եւ առանց գիտութեան ազգին մերոյ, որպէ՞ս կարեմք զդաշնագիրս գրել առ նոսա»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս, ռուսական արքունիքին լիակատար վստահութիւնը նուաճելու համար, յարմար դատած էր մեծամեծ ծառայութիւններ մատուցել անոր: Ան սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէր ռուս բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ, յաճախակիօրէն ռուսական եկեղեցիներ կ՛այցելէր, ներկայ ըլլալով պատարագներուն, եւ միւս կողմէ ալ հրաւէր կը կարդար ռուս հոգեւորականներու եւ պալատական բարձր պաշտօնեաներուն յաճախ այցելել հայկական եկեղեցիներ եւ ներկայ գտնուիլ իր մատուցելիք պատարագներուն:
***
Գէորգիեւսկի դաշինքը մտահոգութեան մատնեց թրքութիւնը եւ յատկապէս Ախալցխայի Սիւլէյման փաշան:
Ախալցխա 1579-ին միացուած էր Օսմանեան կայսրութեան` իբրեւ Կիւրճիստանի վիլայէթ: Այնուհետեւ կազմաւորուած էր Ախալցխայի փաշայութիւնը: Շրջանը կը գտնուի Թրիալէթի լեռնաշղթային հարաւային կողմը. բարձրադիր է, զով կլիմայով: Ախալցխա քաղաքը կը գտնուի Կուր գետի ձախ վտակ Փոցխովի ափերուն: Գետափին, բարձր ժայռի վրայ բերդն է:
Թուրքերու կողմէ տեղացի հայերու եւ վրացիներու հանդէպ կիրարկուող բռնի իսլամայացման պայմաններուն տակ տեղացի հայերէն շատեր եւ վրացիներուն մէկ մասը հեռացած էին շրջանէն: Տեղացի վրացիներուն մեծամասնութիւնը իսլամացած էր:
Ախալցխայի վրացի տիրակալ Բեքա Գ. 1629-ին իսլամութիւն ընդունած էր եւ վերակոչուած Սաֆար փաշա: Անոր իսլամացած ժառանգորդները Թուրքիոյ հպատակ կառավարիչներ էին:
Սիւլէյման փաշա իշխանութեան տիրացած էր 1772-ին: 1780-ին ան Ղուկաս Ա. Կարնեցիի կաթողիկոսանալուն առիթով շնորհաւորական նամակ գրած էր:
Սիւլէյման փաշա համոզուած էր, որ ռուս-վրացական դաշնակցութիւնը ամէնէն աւելի իր դէմ ուղղուած է: Ախալցխա ժամանակին Վրաստանի թագաւորութեան մաս կը կազմէր, եւ Գէորգիեւսկի դաշինքի այն տրամադրութիւնը, որ ռուսեր պիտի օգնեն Հերակլի վերագրաւելու կորսնցուցած հողերը, առաջին հերթին կը վերաբերի Ախալցխայի:
Սիւլէյման փաշա սուրհանդակ ուղարկեց Պոլիս` սուլթան Ապտիւլ Համիտ Ա.ի մօտ: Փաշան կը յայտնէր, որ ռուսական շարժումները սարսափ տարածած են ամբողջ Անատոլուի մէջ եւ բոլորն ալ համոզուած են, որ ռուսերը թուրքերու դէմ իրենց հարուածները պիտի սկսին Վրաստանի կողմէ:
Ռուսական նաւատորմի մօտենալու մասին լուրեր սկսան տարածուիլ Անատոլուի մէջ, եւ Տրապիզոնի ծովափնեայ շրջանի թուրքերը խուաճապահար փախուստ տուին երկրին խորերը: Թէեւ յետոյ յայտնի դարձաւ, որ երեւակայուած նաւատորմը թռչուններու երամ եղած է, բայց սարսափած ժողովուրդը երկար ժամանակ չէր վստահեր վերադառնալ իր գիւղերը:
Օսմանեան կառավարութիւնը, որ կ՛աշխատէր Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ իր դիրքերը ամրապնդել տեղացի իշխանաւորներու ապստամբութիւններէն ետք, բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահէր Ռուսաստանի հետ:
Սուլթանի կառավարութիւնը պաշտօնական դիրք չճշդեց, բայց գաղտնի կերպով սկսաւ օժանդակութիւններ ուղարկել Ախալցխա եւ Անդրկովկասի իսլամ իշխանաւորներուն:
Օսմանեան կառավարութեան նպատակն էր Ռուսիոյ դէմ իսլամական ուժեղ միութիւն մը կազմել: Թուրք գործակալներ ճամբուեցան Կովկաս, որոնք սկսան համաիսլամական միութիւն քարոզել:
Սիւլէյման փաշա Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի նամակ գրեց, ուր կ՛ըսէր.
«Անիծեալ ռուսերը Կովկասի լեռներու վրայէն ճանապարհ բացին: Այդ ճանապարհը անոնց հնարաւորութիւն կու տայ տեղափոխել ոչ միայն հարկաւոր իրերը, այլեւ թնդանօթներ եւ զօրքերը կերակրելու համար անհրաժեշտ ամէն ինչ: Անոնց զօրքերը մաս առ մաս կը մտնեն Վրաստան եւ այս ամառուայ վերջը անոնք պատրաստ կ՛ըլլան Պարսկաստան եւ օսմանեան երկիրներ ներխուժելու համար, որպէսզի կլանեն մեզ` ինչպէս ամառնային արագահոս հեղեղը կը կլանէ ամէն ինչ»:
***
Ռուսական բանակի առաջին միաւորներու Թիֆլիս հաստատուելու պայմաններուն տակ, Իպրահիմ Խալիլ խան շարժեցաւ: Ան լաւ կը հասկնար, որ ռուսերու յառաջխաղացքը ամէնէն առաջ սպառնալիք է Ղարաբաղի խանութեան համար:
Իպրահիմ Խալիլ խան պաշտպանողական դաշինք կնքեց Խոյի, Նուխիի եւ Պաքուի խաներուն հետ: Չորս դաշնակիցները սկսան պատրաստուիլ եւ միանալ` զէնքով դիմադրելու համար ռուսերուն, եթէ իրենցմէ ոեւէ մէկը յարձակման ենթարկուէր:
Իպրահիմ Խալիլ խան այդ դաշինքը գաղտնի պահեց, ծայրայեղ պարագային միայն զէնքի դիմելու համար: Ան լաւ կը հասկնար, որ ռուսերուն դէմ պատերազմիլը դիւրին չէ, եւ նախընտրեց քաղաքական լարախաղացութիւններով դիմագրաւել ռուսական վտանգը:
www.aztagdaily.com/archives/527004