Նոր Աշխարհագրութիւն, Նոր Քարտէս, Անոնց Մէջ Հայաստան Եւ Հայութիւն – Յակոբ Պալեան
25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Արեւմտեան տասը երկիրներու, Գանատայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Նոր Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ նկատուած էին անբաղձալի, persona non grata, եւ կրնային արտաքսուիլ երկրէն: Պատճառը բանտարկեալի մը իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն է: Չես գիտեր արեւմտեան տասը երկիրներու կրկին ո՞ր տեղատուութեամբ Էրտողան որոշած է չարտաքսել տասը դեսպանները:
Հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացի հետեւեալը.
«Թուրքիան Ռուսաստանի համար թշնամի էր, թշնամի էլ կը մնայ, եւ Մոսկուայի քաղաքականութիւնը պէտք է բխի այս իրողութիւնից։ «Սոլովյով LIVE» ծրագրի եթերում նման կարծիք է յայտնել ռուսաստանցի արեւելագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի ինստիտուտի նախագահ Եւգենի Սատանովսկին», արձագանգելով armeniasputnikի»:
Խիստ ուշագրաւ են յայտնուած դատումները.
«Թուրքիայի ներսում էթնիկ բնոյթի բազմաթիւ խնդիրներ ունենալով` Էրտողանն անձամբ է պառակտում Ռուսաստանը` օգտագործելով էթնիկ եւ կրօնական գործօնները»։
Կը նշուի, որ՝ Ռուսիա գումարներ կը ներդնէ թրքական տնտեսութեան մէջ, կ’ապահովէ ուժանիւթով, զէնքով, եւ վերջնական հարուած չի հասցներ հոն ուր ան անհրաժեշտ է: Իսկ այդ անհրաժեշտ է այն պատճառով, որ Թուրքիա ակնյայտօրէն կը փորձէ օսմանեան նոր կայսրութիւն հաստատել նախկին ԽՍՀՄի (փլուզուած ՝խորհրդային Միութեան) աւերակներուն վրայ:
«Սատանովսկին համոզուած է, որ Թուրքիայի տարածքում «Ակույու» ատոմակայանի շինարարության մեջ ներդրած գումարները երբեք չեն վերադառնար Ռուսաստան։ Եւ ընդհանրապէս Մոսկուան Անկարայի հետ չի վարուում այնպէս, ինչպէս Թուրքիան է վարուում նրա հետ, ռուսական ազդեցութիւնն այդ երկրում զրոյի է հասցուած։ «Իսկ Թուրքիայի ազդեցութիւնը ՌԴ դաշնային մի շարք սուբյեկտներում բաւական ուժեղ է»,– դժգոհել է արեւելագէտը»* ։
Թուրքիան Ռուսիոյ տալիք չունի, ոչ ներդրում, ոչ ճարտարագիտութիւն, ոչ զէնք, այլ միայն առնելիք: Ռուսիա գիտէ, որ Թուրքիա ոչինչ պիտի վերադարձնէ: Այդ գիտէին նաեւ անցեալի մատակարարողները: Պաղ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան ընդունուած եւ գործած սովորութիւնը կը շարունակուի հասցէ փոխելով: Մօտաւոր անցեալին մատակարարները Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան էին: Պատեհապաշտութեամբ օգտուիլ բոլորէն, առանց փոխադարձութեան, արդէն սովորութիւն դարձած աւանդութիւն է, որ կը լրացնէ աւանդական կողոպուտը: Եթէ այսքանը մենք կը հասկնանք, չի կրնար հասկցած չըլլալ նաեւ Ռուսիան: Բայց կը շարունակէ անտրամաբանական, անվաղորդայն ըլլալու դատապարտուած եւ իր շահերուն դէմ գացող խաղը:
Ռուսիա-Արեւմուտք այլեւս անբովանդակ դարձած վերապահութիւնները արդէն ընթացքի մէջ եղող քաղաքակրթութիւններու բախման մթնոլորտին մէջ ժամանակավրէպ են: Դժուար չէ հասկնալ, որ ժամանակակից Ռուսիան Խորհրդային Միութիւն չէ, մտած է արեւմտեան սպառողական ընկերութեան եւ համաշխարհայնացման հոսանքին մէջ եւ իր քաղաքակրթական-արժէքային համակարգը խորքային տարբերութիւն չունի Արեւմուտքէն: Եղած տարբերութիւններն ալ չքանալու դատապարտուած յիշողութիւններու մնացուքներն են:
Աւելի պարզ. իր կայսերական հակակշռին ենթակայ աշխարհներու մէջ, Ռուսիան, իր կարգին, դէմ յանդիման պիտի գտնուի «Քաղաքակրթութիւններու բախման» սպառնալիքին, իսկ այդ սպառնալիքը Արեւմուտքը պիտի չըլլայ, այլ Թուրքիոյ կայսերական համաթուրանական ցեղապաշտական ձգտումը, օգտագործելով իսլամական կրօնական ազդակը, իրեն ենթարկելով նաեւ Արաբական Աշխարհը: Ռուսիոյ համար բախման ճակատը փոխուած է, նոյնիսկ եթէ դեռ կը յամենան սովորութիւններ:
Յաճախ իրատեսութիւնը կը պահանջէ հոգեկան եւ իմացական յեղափոխութիւն: Խուփ աչքերով պէտք չէ դիտել աշխարհը, չբանտարկուիլ մեր թաղի, քաղաքի եւ երկրի խնդիրներուն մէջ, առաջնորդուիլ միայն անոնց շահերը եւ վնասները աչքի առաջ ունենալով: Հեռուի եւ մօտի ըմբռնումները նոյնը չեն, ինչ որ էին ԺԹ դարուն, նոյնիսկ անցեալ դարուն: Ճակատներու քարտէսը փոխուած է, որ այս անգամ չի գծուիր ըստ տնտեսական շահերու, այլ նաեւ՝ ենթակայական, այսինքն՝ լայն առումով մշակութական:
Երբեմն պէտք է մտածել Սամուէլ Հանտինկտընի** հետ, որ կ’ըսէ. «Ասիան քաղաքակրթութիւններուն կաթսան է: Միայն Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ կը գտնենք ընկերութիւններ, որոնք կը պատկանին վեց քաղաքակրթութիւններու.- ճաբոնական, չինական, ուղղափառ, պուտտայական, իսլամական եւ արեւմտեան,- առաւել՝ ինտուիզմ՝ Հարաւային Ասիոյ մէջ: Չորս քաղաքակրթութիւններու գլխաւոր երկիրները, Ճաբոնը, Չինաստանը, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները, գլխաւոր դերակատարներն են Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, Հնդկաստանը նաեւ կարեւոր դեր ունի Հարաւային Ասիոյ մէջ, մինչ Ինտոնեզիան, իսլամական երկիր, կը նուաճէ յարաճուն հզօրութիւն»:
Այսինքն, դպրոցներու մէջ ուսուցուած քաղաքական հաւասարակշռութիւններու աւանդական պատկերը շատ արագ արմատական փոփոխութեան ենթարկուելու ընթացքի մէջ է: Ճարտարագիտութեան, դրամի կայսերապաշտութեան եւ կրօնաքաղաքակրթական ազդակներու կողքին, վաղը զանոնք գերանցելու կոչուած նոր ազդակը ժողովրդագրութիւնն է, անշրջանցելի démographie-ն, այսինքն՝ ժողովուրդներու համրանքը, որ կրօնա-քաղաքակրթական ազդակներու վրայ գումարուելով, կ’ունենայ պայթուցիկ բնոյթ: Անցած է այն ժամանակը, երբ մարտանաւով մը եւ երկու թնդանօթով Ճաբոն կամ Չինաստան կարելի էր գրաւել:
Խիղճի ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունք, ինքնորոշման իրաւունք գալիք մեծ վերիվայրումներուն մէջ մանրուք պիտի ըլլան, իրականութիւնները վարագուրելու միտող շատախօսութիւն: Արեւմուտքը, ներառեալ Ռուսիան, պիտի դիմակայեն կազմաւորման ընթացքի մէջ եղող ցեղային-կրօնական ուժերու զանգուածային յառաջխաղացքը: Այսօր դժուար է նախատեսել, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ յառաջխաղացքի արդիւնքը. մեծ բախո՞ւմ մը, թէ՞ նոր հաւասարակշռութիւններու ստեղծում:
Առճակատման նոր դիրք ստեղծուած է: Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած զանգուածային թշնամութեան նոր թիրախը, զոր դիպուկ կերպով կը սահմանէ Սամուէլ Հանտինկտըն. «Պաղ պատերազմի ընթացքին, արեւմուտքի հակառակորդը «առանց Աստուծոյ» համայնավարութիւնն էր, պաղ պատերազմի յաջորդող ժամանակաշրջանին քաղաքակրթութիւններու բախումը, իսլամներու համար «առանց Աստուծոյ Արեւմուտքն է»: Նոյնիսկ եթէ չափազանցութիւն համարուի այս սարսափի պարզացուած պատկերը, ան առնուազն մտածելու եւ համախոհութեան յանգելու պէտք է առաջնորդէ բոլոր կողմերու բարի կամքի տէր մարդիկը, մանաւանդ՝ ազգերու եւ մոլորակի ճակատագիրը տնօրինողները, որոնք բարոյական պարտք պէտք է համարեն յաղթահարել անցեալի իրենց թշնամութիւն-ընչաքաղցութիւնները:
Համաշխարհային այս բարդ եւ բարդացող կացութեան մէջ, պահ մը իրատեսութեամբ եւ քաջութեամբ պէտք է մտածենք մեր փոքրացած հայրենիքի եւ տարտղնուած ժողովուրդի կացութեան մասին: Այսինքն մենք ինչպէ՞ս համեստութեամբ եւ իրատեսութեամբ պիտի դիմակայենք սպասուած բարդութիւնները: Ի հարկէ խօսքը անհատներու մասին չէ, այլ՝ ազգի, հայրենիքի, մշակութային ինքնութեան, հայ ազգի գոյութենական խնդրին:
Առաջին հերթին, պիտի կարենա՞նք յաղթահարել մեր պառակտումները, իշխանատենչութիւնները, ունենալ համազգային հեռանկար, ոչ-սիրողական այլ որակով հանդէս գալ: Ուրուագծուող մեծ եւ հզօր բարդութիւններուն մէջ առանձին չմնալու համար, ինչպէ՞ս պիտի գործակցինք նախ մենք մեզի հետ, եւ ապա՝ հեռուի կամ մօտի բարեկամներու հետ, այսինքն՝ ունենալ դաշնակիցներ:
Այս կացութիւնը մեզի պէտք է թելադրէ այն իմաստութիւնը, որ լուծումները ոչ մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն խաղով եւ ոչ ալ դիրքապաշտութեամբ պիտի գտնուին: Այսինքն՝ անմիջականէն անդին նայող գոյապահպանման համապարփակ ծրագրում պէտք է:
Յիշել Ե դարու այն ծանր սխալը, երբ հայ իշխանները դիմեցին պարսից արքային, որ վերջ տայ հայկական թագաւորութեան, Հայաստանի անկախ գոյութեան: Սխալ չգործելու հրամայականին առջեւ կանգնած ենք:
Պէտք է մտածել եւ եզրակացնել փորձել վերեւ նշուած ռուս արեւելագէտ Եւգենի Սատանովսկիի հետ, որ ըսած է. « ՛՛Հանտինկտըն ճիշդ էր եւ Ֆուքույամա սխալ՛՛: Քաղաքակրթութիւններու պատերազմը ընթացքի մէջ է, բայց ոչ Ֆուքույամայիի ՛՛պատմութեան աւարտը՛՛ կամ արեւմտեան ազատական ժողովրդավարութեան յաղթանակը ոեւէ տեղ տեսանելի չէ: Համաշխարհայնացումը Եւրոպայի համար բարիք պիտի չըլլայ, մասնաւորաբար Ափրիկէէն եւ Միջին Արեւելքէն եկող գաղթականները, որոնք պիտի չմերուին եւ Եւրոպացի պիտի չըլլան, այլ Եւրոպան պիտի յարմարցնեն իրենց չափանիշներուն եւ ըմբռնումներուն»: Այս փոփոխութենէն զերծ պիտի չմնայ, պատնէշ չկայ, նաեւ Ռուսիոյ քաղաքական-քաղաքակրթական գօտին: Այսինքն՝ նաեւ Հայաստանը:
Եթէ դէպքերու ընթացքը այսպէս շարունակուի,պատմութիւնը հուն պիտի փոխէ եւ նոր ձեւով պիտի շարունակուի:
Անհետացող ժողովուրդներ եւ քաղաքակրթութիւններ պիտի ըլլան:
Մեր սովորական եւ ներհայկական գզուըտուքէն անդին նայելով, պէ՛տք է մտահոգուիլ, կը մտահոգուի՞նք, որ Հայաստան եւ հայութիւն ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւեն համաշխարհային նոր պատմութեան նախատեսուող հողմամրրիկները:
Այս ոչ քաղաքական տուրիզմ է ոչ ալ սիրողական մասնակցութիւն մեծ գուպարներու:
yerakouyn.com/2021/10/28/նոր-աշխարհագրութիւն-նոր-քարտէս-անոնց/