Էրտողան Հրաժարեցաւ Արեւմուտքի Տասը Դեսպանները Արտաքսելու Իր Անիմաստ Սպառնալիքէն – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

The 605-year-old Armenian monastery of Charkhapan Surb Astvatsatsin in present-day Izmit, western Turkey, is abandoned and in disrepair

Էրտողան Հրաժարեցաւ Արեւմուտքի Տասը Դեսպանները Արտաքսելու Իր Անիմաստ Սպառնալիքէն – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/

Columnist Harut Sassounian

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ անիմաստ սպառնալիքներ հնչեցուց: Ան պարծենալով յայտարարած է, թէ պիտի արտաքսէ արեւմտեան տասը երկիրներու, որոնց շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու, դեսպանները՝ թուրք իրաւապաշտպանը ազատ արձակելու պահանջով յայտարարութիւն հրապարակելնուն համար: Վերջինս 2017էն ի վեր անօրինական կերպով բանտարկուած է, առանց որեւէ դատավճիռի:

Ահա՛ Էրտողանի զայրացկոտ խօսքերուն դարձդարձիկ նկարագիրը.

20 Հոկտեմբերին, Էրտողան կոշտ քննադատութեան ենթարկեց եւ սպառնաց արտաքսել օտար երկիրներու տասը դեսպաններ, որոնք 18 Հոկտեմբերին միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած էին՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ կառավարութեան, որ անյապաղ բանտէն ազատ արձակէ բարերար Օսման Քաւալան: Տասը երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Գանատա, Դանիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Նիւ Զելանտա, Նորվեկիա եւ Շուէտ: Քաւալայի բանտարկութեան չորրորդ տարուան առիթով, դեսպանները քաջալերեցին Թուրքիան գտնելու «արդար եւ արագ լուծում մը անոր դատին»: Անոնք զգուշացուցին, որ Քաւալայի շարունակուող կալանքը՝ «ստուեր կը ձգէ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ թրքական դատական համակարգին մէջ թափանցիկութեան նկատմամբ յարգանքին վրայ»:

2017ի սկզբնական ձերբակալութենէն ետք, 2020ին Քաւալա արդարացուեցաւ իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքներէն, սակայն նորէն կալանաւորուեցաւ անհիմն նոր մեղադրանքներով: Թուրքիա անտեսեց Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 2019ի որոշումը, ուր Քաւալան անյապաղ ազատ արձակելու կոչ կ՛ըլլար: Եւրոպական խորհուրդը նախազգուշացուցած էր Թուրքիան, որ եթէ չկատարէ Եւրոպական դատարանին որոշումը մինչեւ 30 Նոյեմբեր 2021, ապա կրնայ դադրեցնել Թուրքիոյ ձայնի իրաւունքը կամ նոյնիսկ անոր անդամակցութիւնը՝ Խորհուրդէն:

Էրտողան հակադարձեց այս դեսպաններուն՝ ըսելով. «Միթէ ձեր իրաւասութեան շրջանակին մէջ կ՛իյնա՞յ Թուրքիոյ այսպիսի դաս մը տալը: Ովքե՞ր էք դուք: Ես մեր արտաքին գործոց նախարարին ըսած եմ, որ չենք կրնար զիրենք հիւրընկալելու շքեղութիւնը ունենալ մեր երկրին մէ»ջ: Էրտողան աւելցուց. «Անոնք կը քնանան-կ՛արթննան՝ Քաւալա, Քաւալա կ՛ըսեն…։ Քաւալան (Ճորճ) Սորոսի թրքական մասնաճիւղն է: Տասը դեսպաններ անոր համար կու գան արտաքին գործոց նախարարութիւն: Ինչպիսի՜ անամօթութիւն: Ի՞նչ կը կարծէք, դուք ո՞ւր կը գտնուիք: Ասիկա Թուրքիա է, Թուրքիա՛: Հոս այն չէ, ինչ դուք կը կարծէք՝ ցեղախմբային պետութիւն: Այս փառապանծ Թուրքիան է: Կարելի չէ ոտքի ելլել եւ գալ արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ հրահանգներ տալու համար: Ես մեր արտաքին գործոց նախարարին տուած եմ անհրաժեշտ յանձնարարականներ: Ես ըսած եմ անոր, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ: Օրինակ՝ ըսած եմ. «Դուք անմիջապէս լուծեցէք հարցերը այս տասը դեսպաններուն հետ՝ զանոնք կոչելով «Փերսոնա նոն կրաթա» (անցանկալի անձ), որքան կարելի է՝ արա՛գ»: Անոնք պէտք է ճանչնան Թուրքիան: Այն օրը, երբ չեն ճանչնար կամ չեն հասկնար Թուրքիան, պէտք է լքեն այս երկիրը»:

Տասը դեսպաններու յայտարարութեան հրապարակումէն ետք, անոնք կանչուեցան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այնուհետեւ նախարարութենէն ըսին, որ «դեսպանները զգուշացուած են»:

Գլխաւոր հարցը այն է, թէ Էրտողան ինքզինք ո՞վ կը կարծէ, որ զգուշացնէ նշեալ երկիրներու դեսպանները: Այսպիսի սպառնալիքով, Էրտողան պարզապէս մէկ «կնճիռ» եւս կ՛աւելցնէ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ առկայ հարցերուն վրայ՝ Հռոմի մէջ G20-ի խորհրդաժողովի նախօրէին, ուր կը նախատեսուի երկու ղեկավարներու հանդիպումը: Հակառակ նախագահ Տանըլտ Թրամփի, որ մեծ ջանքեր կը գործադրէր Էրտողանի փափաքները կատարելու համար, Պայտըն Թուրքիոյ նկատմամբ շատ աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրած է: Զարմանալի չէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, թէ «Պայտընի վարչակազմը եղած է նամակին շարժիչ ուժը, որ համահունչ է մարդկային իրաւունքներու խախտումներու գծով պետութիւններ հրապարակայնօրէն քննադատելու նախագահի քաղաքականութեան»:

Նամակը ստորագրած տասը երկիրներէն եօթն ՆԱԹՕի անդամ են, իսկ վեցը՝ Եւրոպական Միութեան: Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Տէյվիտ Սասոլի կոպիտ յայտարարութիւն մը տարածած է այս մասին՝ ըսելով. «Տասը դեսպաններուն վտարումը կը վկայէ, որ թրքական կառավարութիւնը կը յառաջանայ բռնապետական ուղիով: Մեզ չէք վախցներ: Ազատութի՛ւն՝ Օսման Քաւալայի»:

Սպառնալով արտաքսել տասը դեսպանները՝ կը նշանակէ, որ Էրտողան կը դիմէ ամբոխավարութեան իր սովորական հնարքին, քանի որ անոր քաղաքական վարկանիշը կտրուկ վայրէջք արձանագրած է՝ վտանգի ենթարկելով 2023ի իր վերընտրութիւնը: Ան կը նախընտրէ բարձրացնել իր ժողովրդականութիւնը՝ վնասելով Թուրքիոյ հեղինակութեան, ամբողջ աշխարհին մէջ: Ան յաճախ արհեստական արտաքին ճգնաժամեր կը ստեղծէ՝ հանրութեան ուշադրութիւնը ներքին ծանր պայմաններէն շեղելու համար: Նոյն ատեն, թրքական տնտեսութիւնը հասած է յատակին՝ զանգուածային գործազրկութեան եւ աղքատութեան պատճառով: Թրքական լիրան 2003ին, Էրտողանի վարչապետ դառնալէն ետք, մէկ տոլարի դիմաց 1.3 լիրայէն իջած է մրցանշային նուազագոյնի՝ մօտաւորապէս 10 լիրա մէկ տոլարի դիմաց:

Թէեւ Էրտողան ընդհանրապէս կը մերժէ լսել ոեւէ մէկուն խորհուրդը, այս հարցին մէջ ան վերջապէս ուշքի եկաւ՝ հասկնալով, որ չի կրնար առաջ անցնիլ իր արտաքսման սպառնալիքով: Ան երկընտրանքի առջեւ էր: Եթէ ջնջէր իր որոշումը, ուրեմն թոյլ պիտի տար դեսպաններուն, որ մնան եւ այսպիսով ինք պիտի կորսնցնէր իր վարկը թուրք հասարակութեան առջեւ: Միւս կողմէ, եթէ շարունակէր հետապնդել արտաքսման իր հրամանը, ապա կրնար անդառնալի վնաս պատճառել Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ Արեւմուտքի հետ իր երկրի յարաբերութիւններուն:

21 Հոկտեմբերին, Էրտողան ըսաւ, որ տասը դեսպանները ազատ պիտի չարձակէին իրենց երկիրներու «աւազակները, մարդասպանները եւ ահաբեկիչները»: Այսպիսով, Էրտողան Թուրքիոյ դատական համակարգին չմիջամտելու կոչ ուղղեց արեւմտեան երկիրներուն: Մինչ մէկ կողմէ Էրտողան նման սադրիչ յայտարարութիւն կ՛ընէ, միւս կողմէ սակայն, ինք բազում անգամ ճնշում գործադրած է նախագահ Թրամփի վրայ՝ ջնջելու համար թրքական Halkbank-ի դէմ բացուած քննութիւնը: Այս դրամատունը կը մեղադրուի դրամի լուացման եւ դաւադրութեան մէջ՝ օգնելով Իրանին, որ խուսափի Միացեալ Նահանգներու պատժական միջոցներէն: Էրտողան կը փորձէր թաքցնել սեփական կապերը Halkbank-ի ծրագիրին հետ:

Էրտողանի օգնականները բացատրած են իրեն տասը դեսպաններու արտաքսման սպառնալիքին աղէտալի հետեւանքները: Բնականաբար, այս տասը երկիրները վրէժխնդիր պիտի ըլլային՝ արտաքսելով Թուրքիոյ դեսպանները: Այս առթիւ, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու մէջ լոյս տեսան զայրոյթով լեցուն քանի մը տասնեակ յօդուածներ, ուր կ՛ըսուէր, թէ իրենք յոգնած են Թուրքիոյ թշնամական վերաբերմունքէն եւ անօրինական գործողութիւններէն:

Նույն պատգամը Թուրքիոյ յղուած է դիւանագիտական յատուկ ճամբաներով: Ի վերջոյ, փոխզիջման եզր մը գտնուած է ճգնաժամը թուլցնելու համար: Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հետեւեալը գրած է «Թուիթըր»ի վրայ, 25 Հոկտեմբերին. «Ի պատասխան 18 Հոկտեմբերի յայտարարութեան մասին հարցումներուն, Միացեալ Նահանգներ կը նշէ, որ այդ յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագիրի 41րդ յօդուածին»: Այլ դեսպանատուներ, ինչպէս՝ Գանատայի, Նիւ Զելանտայի եւ Հոլանտայի, տեղադրած են նմանատիպ հաղորդագրութիւններ: Գերմանիա եւ Ֆրանսա կիսած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պատգամը: Վիեննայի համաձայնագիրի 41րդ յօդուածը կ՛արգիլէ դեսպաններուն միջամտել հիւրընկալող երկիրներու ներքին գործերուն:

Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը ի պատասխան ասոր՝ դարձեալ «Թուիթըր»ի վրայ ուրախութեամբ գրած է. «Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը զիջած է»՝ աւելցնելով, որ Էրտողան ողջունած է Միացեալ Նահանգներու պատգամը: Իսկ 25 Հոկտեմբերի կառավարութեան նիստէն ետք, Էրտողան յայտարարեց, որ դեսպանները հրաժարած են «մեր դատական համակարգին եւ մեր երկրին ուղղուած իրենց զրպարտութենէն»:

Միացեալ Նահանգներու ոեւէ պաշտօնեայ, որ որոշած է երկրորդ «թուիթ»ը ղրկել, ինչ որ պիտի մեկնաբանուէր իբրեւ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները դատապարտելէ «հրաժարում», անմիջապէս պէտք է որ հեռացուի աշխատանքէն: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ հաղորդագրութիւն մը ուղարկել, ապա քանի մը օր ետք զայն մերժել եւ այդպիսով ինքզինք հակասել: Ի՞նչ պատահած է նախագահ Պայտընի քաղաքականութեան՝ հրապարակայնօրէն քննադատելու համար պետութիւններու մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն մասին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը հաղորդած է, որ իր երկրորդ պատգամը կը նպատակադրէր շեշտել, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին գործողութիւնները կը համապատասխանեն Վիեննայի համաձայնագիրին:

Եթէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չկատարէ իր խոստումը՝ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները ամբողջ աշխարհի տարածքին, ապա Էրտողան եւ ուրիշներ պիտի շարունակեն անպատիժ ոտնահարել իրենց ժողովուրդին հիմնական իրաւունքները: Այս առումով նահանջ եւ հակասական պատգամներ պէտք չէ ըլլան: Այժմ Էրտողանի վրայ ճնշում գործադրելը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին գործն է:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/406005/էրտողան-հրաժարեցաւ-արեւմուտքի-տասը-դ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail