Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Armenia - Yerevan - In The Bends And Labyrinths Of Civilizations

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն էր: Ֆրանսական Յիսուսեան միաբանութեան Ժումհուր վարժարանը կը յաճախէի: Տասնմէկերորդ դասարան:

Լիբանանի պատմութեան դասապահն էր, երբ յանկարծ 30 հոգինոց դասարանին հանդարտութիւնը խանգարուեցաւ ճիչովը ուսուցիչին, որ կ՛ըսէր. «Հո՛ս նայէ, դո՛ւն` պարոն Դաւիթեան, եթէ դուն հետաքրքրուած չես Լիբանանի պատմութեամբ, մենք ալ երբեք հետաքրքրուած չենք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ»: Կարծես ռումբ մը պայթեցաւ դասարանին մէջ. աշակերտները շուարած` պահ մը իրարու նայեցան: Երկու երկվայրկեան առաւ, որ ըմբռնեմ պատահարը եւ հասկնամ, որ դասարանին մէջ եղող այլ հայ աշակերտ մը քովի աշակերտին հետ խօսած է կողմնակի, ինչպէս պիտի ընէր ոեւէ աշակերտ, երբ յոգնած ըլլար անհաղորդ ուսուցիչի մը դասաւանդութեան պահուն: Քանի մը վայրկեան մեռելային լռութիւն տիրեց դասարանին մէջ, սակայն իսկոյն անդրադարձայ անարդար եւ անպատշաճ դէպքին ծանրութեան, ձեռքս ուժգին գրասեղանին զարնելով` ոտքի ելայ եւ բարձրաձայն յանդիմանեցի ուսուցիչը` ըսելով.

– Ի՞նչ կապ ունի հայ ժողովուրդը, հայոց պատմութիւնը, հայութիւնը այս անիմաստ, անհեթեթ հարցին հետ,- աւելցնելով,- ո՛վ ես դուն, որ դասարանին մէջ աշակերտի մը ազգայնականութեան մասին կը խօսիս:

Այս անգամ ուսուցիչն էր, որ պահ մը շուարեցաւ եղելութենէն, որովհետեւ երբեք չէր ակնկալեր այս տեսակի հակազդեցութիւն: Շարունակելով խօսքս` ըսի.

– Իսկոյն կը ձգեմ դասարանը եւ պիտի երթամ տնօրէնին` բողոքելու ձեր անվայել եւ ամօթալի վերաբերումին համար:

Ըլլալիքը եղած էր: Պատերազմի հրաւէր, յորդոր մըն էր կարծէք իմ կողմէս` ուղղուած այդ ուսուցիչին, որ ճանչցուած էր իբրեւ քրիստոնեայ աջակողմեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ, կամ գոնէ` համակիր:

Պատշաճ է յիշեցնել ընթերցողներուն, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն աջակողմեան Լիբանանեան ուժերու կուսակցութեան համակիրները կամ անդամները ընդհանրապէս հայերուն դէմ յարձակողական կեցուածք ունէին, որովհետեւ հայերը իրենց կողքին չէին մասնակցած եղբայրասպան պատերազմին եւ ընտրած էին դրական չէզոքութիւնը:

Հաստատ քայլերով ուղղուեցայ դէպի տնօրէնին գրասենեակը, ուր քարտուղարը տեսնելով անհանգիստ վիճակս` ազնուաբար ջանաց զիս հանդարտեցնել եւ իսկոյն ուղղեց Յիսուսեան կրօնաւոր տնօրէնին քով: Բացատրեցի եղելութիւնը` շեշտելով, թէ անկարելի է, որ ընդունիմ եղածը, որովհետեւ իսկապէս վիրաւորուած կը զգամ իբրեւ հայ աշակերտ` ազգային արժանապատուութիւնս ոտնակոխուած ըլլալու պատճառով: Ըսի, որ ուսուցիչը իրաւունք ունէր թերեւս պատժելու դասընկերս, բայց որեւէ ձեւով չեմ ընդունիր հայութեան մասին կատարուած ակնարկը, աւելցնելով, որ կը մերժեմ դասարան մտնել, մինչեւ որ այս հարցը արդար լուծում գտնէ: Տնօրէնը մեծ հանդարտութեամբ մտիկ ըրաւ պատահարին մասին պատմածս` հաստատելով, որ ասիկա աննախընթաց դէպք մըն է եւ անընդունելի` այդ հաստատութեան մէջ:

Առանց ժամանակ կորսնցնելու, նոյն օրը դպրոցի Կարգապահութեան խորհուրդը ուսուցիչը կանչեց դատավարութեան, որ բաւական երկար տեւեց, եւ որուն աւարտին զիս ներս հրաւիրեցին` ներկայ գտնուելու վճիռին: Անշուշտ աւելորդ է նշել, որ դահլիճին մէջ ծանր ու լուրջ մթնոլորտ մը կը տիրէր, մանաւանդ երբ, իբրեւ աշակերտ, դիմացդ ունիս Տնօրէն խորհուրդը, խնդրոյ առարկայ ուսուցիչը եւ այս բոլորին նախագահող կրօնաւոր Տնօրէնը: Բայց եւ այնպէս այս ծանր ու լուրջ մթնոլորտը երբե՛ք չէր վախցներ զիս, որովհետեւ այդ պահուն ես հոն էի պաշտպանելու իմ ազգային պատիւս, ազգային արժանապատուութիւնս եւ իմ արդար իրաւունքս: Ես հայ եմ եւ հպարտ` հայութեամբ, ան, որ հարց ունէր, թող քաջութիւնը ունենար դիմացս կանգնելու:

Տնօրէնը չուզելով աւելորդ ժամանակ կորսնցնել` ուղղակի նիւթին մէջ մտաւ եւ հարցը անգամ մը եւս ներկայացնելէ ետք, իսկոյն, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց իր փափաքը` ուսուցիչը դպրոցէն վտարելու, որովհետեւ եղածը անարդար էր ու անվայել այդ դպրոցի վարկին, բայց վերջին որոշումը ինծի ձգած էր: Այս խօսքերուն վրայ ուսուցիչս կարծէք երկինքէն ինկած ըլլար. դասարանի այդ բիրտ եւ կոշտ ուսուցիչը եղաւ փոքրիկ գառնուկ մը եւ յանկարծ սկսաւ ըսել, որ ինք հայերը շատ կը սիրէ, հայերը իրեն համար ազնուական եւ տիպար ազգ են, բայց ինք ինչպէ՛ս այդ պահուն շուարեցաւ եւ սխալ բաներ ըսաւ` չի գիտեր, եւ այլն…

Անշուշտ շատ կատակերգական էր ուսուցիչին ըրածը. պահ մը ես զիս զաւեշտի մէջ կարծեցի: Այդ բոլորը լսելէ ետք, պահ մը խորունկ շունչ առի եւ ըսի, որ ես չեմ ուզեր ուսուցիչը վտարել դպրոցէն, բայց անպայման եւ անյապաղ կ՛ուզեմ, որ դասարանին մէջ բոլորին դիմաց ներողութիւն խնդրէ իր ըրած սխալին համար, աւելի՛ն, պահ մը ամբողջութեամբ տրամադրէ ինծի, որպէսզի ներկայացնեմ Հայկական հարցը, իսկ ապրիլ 24-ին աւարտական դասարաններու հայ աշակերտները իրաւունք ունենան բացակայելու դպրոցէն, որպէսզի կարենան մասնակցիլ այդ առիթով եղած ոգեկոչման: Այդպէս ալ եղաւ: Այս դժբախտ դէպքը եղաւ խթան մը` դպրոցին մէջ հայկական քարոզչական աշխատանքի:

Այդ դէպքէն տարիներ ետք, երբ կը փորձեմ վերարժեւորել եղած պատահարը, անշուշտ մեծ ուրախութիւն կը զգամ, որովհետեւ շատ լաւ դաս մը եղաւ ուսուցիչներուն, նաեւ` կարգ մը «անկիրթ» աշակերտներու, որպէսզի չսխալին եւ չփորձուին հայու մը ազգային արժանապատուութեան հետ խաղալ:

Անշուշտ կարգ մը ընթերցողներ հարց կրնան տալ, թէ այդ յանդգնութիւնը կամ քաջութիւնը ուրկէ՞ ունեցայ. շատ պարզ էր, այդ սխրագործութիւնը կ՛արտացոլացնէր նաեւ իմ ընտանեկան դաստիարակութիւնը, նաեւ` անցեալին իմ յաճախած Ճեմարանի կրթութիւնս, Լիբանանի ազգային առողջ եւ ընտիր մթնոլորտը, հայ ազատամարտիկի անյաղթ բազուկը, Համբիկ Սասունեաններու նման հերոսներու` մեզի տուած ներշնչումը, եւ ի վերջոյ, մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն արիւնը, որ կ՛եռար իմ եւ իւրաքանչիւր հայու երակներուն մէջ:

Ա՛յս էր դաստիարակութիւնը ընդհանրապէս. լիբանանահայ երիտասարդը պահել զգաստ, զգօն, միշտ պատրաստ ազգային ծառայութեան, հայապահպանման: Բայց այսօր արդեօք ի՞նչ կը զգանք, երբ մեր աչքին լոյսը կ՛ողջակիզուի, կը բզկտուի, կը պղծուի թշնամիներուն կողմէ, եւ մենք «պարտադրուած» ականատեսներ ենք դարձած: Որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ այս սերունդը այսպիսի օրեր պիտի տեսնէ: Թող ներէ մեզի Ռուբէն փաշան, որ ըսած էր. «Տուէք ինծի մէկ սերունդ, եւ ես ձեզի կ՛ապահովեմ ազգերու դաշտին մէջ արեւոտ տեղ մը», որովհետեւ զինք ճարահատօրէն յուսախաբ ըրինք:

www.aztagdaily.com/archives/528106

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail