ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Հայերը Վստահելի Նեցուկ Ռուսերուն Համար – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Հայերը Վստահելի Նեցուկ Ռուսերուն Համար – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ղուկաս Ա. Կաթողիկոս`
Ժողովուրդի Զգացումներու Թարգման

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայերու Սպասումը Ռուսական Ազատարար Բանակին

Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը հայ քաղաքական միտքը կապած էր ռուսաց մեծազօր Եկատերինա Բ. կայսրուհիին: Օգոստափառ կայսրուհին ինքն ալ հայերու հետ կապած էր Անդրկովկասի ամրագրումը Ռուսական կայսրութեան:

Աստուծոյ ողորմածութեամբ ամենայն ռուսաց ինքնակալուհի եւ ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ ղեկավար ու պաշտպան Եկատերինա Բ. հմտօրէն կը կիրարկէր կրօնը քաղաքական շահերու համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած էր յանուն քրիստոնէութեան հովանաւորել «ազնիւ հայ ժողովուրդը»:

Կայսրուհին լաւ գիտէր, որ իր հարաւային սահմանին վրայ հայեր իրեն համար ամէնէն վստահելի նեցուկ էին եւ ամէն պատերազմի ռուսերու կողքին պիտի ըլլային:

Եկատերինա Բ. համոզուած էր, որ հայերը ընդունակ ազգ են եւ բոլորովին տարբեր վրացիներէն: Ռուսերուն դաւանակից օրթոտոքս վրացիք ռուսական հպատակութիւն ընդունած էին, բայց վստահելի չէին: Կայսրուհին համոզում յայտնած էր, որ հայերը յաջողութեամբ կրնան ազատ ու բարգաւաճ ժողովուրդ դառնալ: Պատերազմի պարագային հայկական զօրքը շատ մեծ նշանակութիւն կրնար ունենալ Ռուսաստանի համար: Հայկական համախմբուած ուժերը կրնային դիմագրաւել օսմանեան կամ պարսկական բանակները:

Պարսկաստանէն գրաւուելիք երկրամասերուն մէջ հայեր ամէնէն յուսալի տարրն էին, եւ անոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլար ապահովել Անդրկովկասի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Հայեր նաեւ կրնային զարկ տալ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման:

***

Եկատերինա Բ. կայսրուհի իր քաղաքական ծրագիրը պատրաստած էր հաշուի առնելով Ռուսիոյ պատմական զարգացման առանձնայատկութիւնները:

Կայսրուհին հաւատացած էր, որ Ռուսիա պէտք է աշխուժ դիրք գրաւէ համաշխարհային ասպարէզի մէջ, որուն համար ալ միշտ նախընտրելի է յարձակողական քաղաքականութիւն վարել:

Եկատերինա Բ. ճկուն դիւանագէտ էր, նուրբ հոգեբան եւ մարդկային արժանիքներու հիանալի գիտակ: Ան իր մերձաւորներէն բնականութիւն եւ ժպիտ կը պահանջէր:

Եկատերինա Բ. վարչական ու պետական կառավարման բարեփոխումներ կատարեց: Կայսրութիւնը յիսուն նահանգներու բաժնուեցաւ: Հարիւրաւոր գիւղեր քաղաքի կարգավիճակ ստացան: Կրթական հաստատութիւններ, գիշերօթիկ, մանկավարժական, արուեստի եւ բժշկական դպրոցներ բացուեցան: Կայսրուհին յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուց իգական սեռի կրթութեան զարգացան: Նորանոր ձեռնարկութիւններ բացուեցան եւ նոր մետաղադրամներ եւ թղթադրամներ հրապարակ հանուեցան:

Ռուսական կայսրութեան տարածքը զգալիօրէն ընդարձակուած էր հարաւային բերրի հողերու նուաճումով: Ռուսեր հասած էին մինչեւ Հեռաւոր Արեւելք եւ Ալասքա:

Եկատերինա Բ. կրօնական հանդուրժողութիւն հաստատեց եւ հին հաւատացեալներու, դուխոբորներու եւ մոլոկաններու դէմ հալածանքները դադրեցան:

Հին հաւատացեալները ռուս օրթոտոքս եկեղեցիէն բաժնուած են ԺԷ. դարուն, Նիքոն պատրիարքի ծիսական վերափոխումներէն ետք: Դուխոբորները, մերժելով ծէսերն ու խորհուրդները, հոգիի պայքար կը մղեն մարմնականի դէմ: Մոլոկանները իրենց անուանումը կը կապեն աւետարանական հոգեւոր կաթի` Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ ուսմունքի հետ:

***

Թիֆլիս

Գէորգիեւսկի դաշինքին համաձայն, 1783 նոյեմբերին ռուսական բանակի երկու գումարտակներ գնդապետ Բուրնաշովի հրամանատարութեան տակ Թիֆլիս մտան:

Հերակլ Բ. թագաւոր 1784 յունուարին մեծամեծ հանդէսներով ընդունեց Եկատերինա Բ. կայսրուհիի դեսպան Թամարան եւ հաւատարմութեան երդում տուաւ:

Նոյն օրերուն Արցախի մելիքները Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանը տեղեակ պահեցին Իպրահիմ Խալիլ խանի Ռուսիոյ հպատակութեան կեղծ խոստումին մասին: Անոնք դիմեցին նաեւ զօրավար Փոթեմքինի, խնդրելով չհաւատալ Իպրահիմի եւ խափանել անոր չար դիտաւորութիւնները:

***

Ռուսական արշաւանքը դէպի Հայաստան նախատեսուած էր սկսիլ 1784-ի ամրան:

Անդրկովկաս արշաւելու համար Աստրախանի մէջ երկու տարուայ պաշար ամբարուած էր զօրքին համար:

Ռուսաց կառավարութիւնը Ղուկաս Ա. ամենայն հայոց եւ Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսներուն առաջարկեց միացեալ ուժերով ռուսական զօրքին համար պահանջուող ամէն տեսակի պաշարներ պատրաստել: Առաջարկը սիրով ընդունուեցաւ:

Հայեր անհամբերութեամբ կը սպասէին ամրան, ռուսական ազատարար բանակին:

Ղուկաս Ա. կաթողիկոս, որ շատ զգոյշ քաղաքականութիւն կը վարէր, չափաւորութիւն կը թելադրէր եւ հայերու ակնկալութիւնները վարագուրելու կամ իր խօսքով` առագաստելու համար մութ ու խրթին, գրեթէ անհասկնալի ակնարկութիւններ կը կատարէր, իբրեւ հայ ժողովուրդի երախտագիտական զգացումներու թարգման, 16 յունուար 1784 թուակիր նամակ ուղարկեց իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի:

Կաթողիկոսը շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէր «մեծավաստակ եւ հաւատարմագոյն» իշխան Փոթեմքինի, տառապակիր հայ ազգի եւ Քրիստոսաէջ սուրբ Աթոռի նկատմամբ անոր ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրոյն համար: «… Քանզի ահա զքեզ ունիմք անխարդախ բարեկամ եւ խնամակալ մեծի կայսրուհւոյն միջնորդ եւ բարեխօս վասն մեր»:

Կաթողիկոսը խաղաղութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթէր ողորմառատ եւ յոլովագութ մեծն Եկատերինայի եւ անոր կայսերազարմ չքնաղափառ որդիին, թոռներուն եւ բոլոր ժառանգորդներուն, եւ կը խնդրէր իր զգացումները փոխանցել կայսրուհիին: «Արդ խնդրեմք ի քումմէ պատուականութենէ, զի որովհետեւ չունիմք զհամարձակութիւն գրել ինչ առ բարձրագոյն մեծութիւն տիեզերակալ մեծի կայսրուհւոյն, վասն որոյ դու քոյովդ լիագոյն խոհեմութեամբ ի հաստատութենէ մերմէ ի պատեհ ժամու մատուցես առ գերափառութիւն նորին զբանս շնորհակալութեան հանդերձ աստուածային առատաձիր օրհնութեամբ վասն բազմակերպ ողորմութեանց եւ գթութեանց իւրոց, զորս ունի առ մեզ եւ առ մերայինս ամենեսեան, եւ եւս յայտնի կացուսցես նմա զյոլովագոյն տենչմունս եւ զյօժարութիւն մեր առ առաջադրեալ իրականութիւն իւր, որ ի փրկութիւն մեր եւ մերազնէից, իսկ եւ զսէր քո կատարեալ եւ զխնամսդ բազմադիմի մի՛ երբեք պակասեցուսցես ի մէնջ եւ յազգէս մերմէ եւ ի սրբոյ աթոռոյս եւ ի հոգեւոր որդւոյ մերմէ ի Յովսէփայ արքեպիսկոպոսէն, այլ մանաւանդ աճեսցուսցես եւ առաւելացուս»:

***

Զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին, մանրամասն ուսումնասիրելով Անդրկովկասի տեղագրական տուեալները, տեղական հանգամանքները եւ հետախուզական հետեւութիւնները, որոշեց արշաւանքը սկսիլ երկու ուղղութիւններով: Բանակին մէկ մասը Ղզլարէն պիտի շարժէր դէպի Դերբենդ եւ հոնկէ յառաջանալով պիտի գրաւէր Կասպից ծովափը, իսկ միւս մասը Մոզտոկէն, Կովկասեան լեռներէն անցնելով պիտի մտնէր Թիֆլիս եւ հոնկէ պիտի շարժէր դէպի Ղարաբաղ եւ Ղարադաղ:

Սկզբնական ծրագիրին համաձայն, Ղարաբաղ եւ Ղարադաղ միացուելով պիտի կազմաւորուէր առանձին երկրամաս: Իսկ Երեւանի նահանգի հարցով զօրավար Փաւէլ Փոթեմքին դիմեց իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի, հարցնելով որ Երեւան պէ՞տք է մտցնել այդ երկրամասին մէջ, թէ պէտք է ձգել Վրաստանի:

***

Ռուսական հաւանական արշաւանքը կանխելու մտադրութեամբ, Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան ներկայացուցիչ ուղարկեց զօրավար Փոթեմքինի մօտ:

Խանին ներկայացուցիչը Փոթեմքինի ըսաւ, որ Իպրահիմ Խալիլ մեծ ցանկութիւն ունի ընդունելու ռուսական հպատակութիւն:

Նոյն օրերուն Փոթեմքինի մօտ հասաւ Խոյի Ահմէտ խան Տոնպոլիի ներկայացուցիչը, որ իր կարգին յայտարարեց, թէ իր տէրը կ՛ուզէ ռուսահպատակ դառնալ:

Զօրավար Փոթեմքին պատասխանեց ըսելով, որ ռուսական հպատակութեան դիմողները պէտք է վստահ ըլլան ռուսաց կայսրուհիի վեհանձնութեան եւ գթասրտութեան վրայ: Այլ խօսքով ան առանց պայմանի անձնատուութիւն պահանջեց:

Իպրահիմ Խալիլ խան այս անգամ դիմեց վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին, խնդրելով անկէ երաշխաւոր ըլլալ, որ եթէ ինք ռուսական հպատակութիւն ընդունի, չի զրկուիր իր խանութենէն, ընդմիշտ տիրապետող կը ճանչցուի եւ իր երկրին մէկ մասը ոչ մէկ նպատակով ոեւէ մէկուն չի տրուիր:

Շուշի

Իպրահիմ Խալիլ խան նկատի ունէր Արցախի մէջ հայկական իշխանութեան մը կազմաւորման ծրագիրը եւ կ՛ուզէր վստահ ըլլալ որ ռուսական հպատակութիւն ընդունելէն ետք իր խանական իրաւունքները կը պահպանուին:

Հերակլ Բ. գնդապետ Բուրնաշովի թելադրութեամբ անորոշ պատասխան տուաւ խանին: Իպրահիմ Խալիլ պիտի հաւատար որ ռուսական տիրապետութիւնը իրեն համար միայն բարիք կը բերէ, հետեւաբար առանց պայմաններու ու սահմանափակումներու անձնատուր պէտք է ըլլար կայսրուհիին:

Իպրահիմ Խալիլ խան դիմեց ձգձգումներու քաղաքականութեան, ժամանակ շահելու եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններու սպասելու համար:

***

Ջաւանշիրներու ցեղային հաւաք Շուշիի մէջ

Ռուսական հաւանական արշաւանքը մտահոգութեան մատնած էր պարսիկ տիրակալները: Անոնցմէ շատեր հաւատացած էին որ եթէ յօժարակամ ռուսական հպատակութիւն ընդունին, կրնան պահպանել իրենց իրաւունքները:

Իրանի տիրակալ Քերիմ խան Զանտ մահացած էր 1779 մարտին, որմէ ետք երկիրը կրկին քաոսային վիճակի մատնուած էր: Քերիմ խան իրեն յաջորդ նկատի ունեցած էր կրտսեր եղբայրը` Սատէգ խան, որովհետեւ որդիները` Մոհամէտ Ալի եւ Ապոլ Ֆաթհ անչափահաս էին, բայց խորթ եղբայրը` Զեքի խան ապստամբութիւն բարձրացուցած եւ յետոյ սպաննուած էր: Մոհամէտ Ալիի մահէն եւ Ապոլ Ֆաթհի կուրացուելէն ետք Սատէգ խան տիրացած էր իշխանութեան, որ իր կարգին տապալած եւ սպաննուած էր եւ իշխանութեան տիրացած Ալի Մուրատ խան, որ Աղա Մոհամէտ խանի դէմ տեւական պատերազմի մէջ էր:

Թալիշներու Ճամալուտտին Քարա խան ռուսերուն հետ մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր: Կիլանի Հիտայաթ խան յարձակած էր թալիշներուն վրայ: Ցեղախմբային կռիւները կը շարունակուէին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Կիլանի խանը ռուսական հպատակութիւն ընդունելու դիմում ներկայացուց: Նոյն օրերուն Ուրմիոյ ասորիները Թիֆլիս պատուիրակութիւն ուղարկեցին, խնդրելու որ ռուսեր ընդունին իրենց հպատակութիւնը:

Ալի Մուրատ խան, յաղթական պատերազմներէ ետք, ինքզինք Իրանի շահ հռչակեց: Ան զօրավար Փոթեմքինի մօտ պատուիրակ ուղարկեց, խնդրելով, որ Ռուսիա ճանչնայ զինք իբրեւ Իրանի վեհապետ, որուն փոխարէն ինք կը խոստանար Ռուսիոյ փոխանցել Կասպից ծովու ափերը, Ղարադաղը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ Երեւանը:

Ռուսերուն այսպիսով առիթ կը ներկայանար խաղաղ միջոցներով, առանց կաթիլ մը արիւն թափելու, ստանալ այն, ինչ նախատեսուած էր ձեռք ձգել ուժով:

Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին որոշեց անմիջապէս բանակցութեան մէջ մտնել Ալի Մուրատ խանի հետ:

aztagdaily.com/archives/527799

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail