Որքան Բան Կը Փոխուի Հայաստանի Մէջ, Այնքան Բան Նոյնը Կը Մնայ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

The Behistun inscription – Urartian – Armenian word similarities

Որքան Բան Կը Փոխուի Հայաստանի Մէջ, Այնքան Բան Նոյնը Կը Մնայ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Վերնագիրը բխած է ֆրանսերէն արտայայտութենէ մը, զոր օգտագործած եմ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը նկարագրելու համար:

Հայաստանի անկախութենէն 30 տարի ետք, այսօր կարելի է ակնկալել պայմաններու էական փոփոխութիւններ, սակայն, դժբախտաբա՛ր, պատկերը այդպէս չէ՛:

Անկախութեան սկզբնական տարիներուն, երբ ոեւէ մէկը մատնանշէր ղեկավարներու որոշումներուն թերութիւնները, անոնք այսպէս կը պատասխանէին. «Մենք դեռ երիտասարդ Հանրապետութիւն ենք»: Այդ ղեկավարները շարունակեցին արդարանալ՝ որեւէ խորհուրդ լսելու դոյզն հետաքրքրութիւն չցուցաբերելով եւ որեւէ փոփոխութիւն կատարել չուզելով: Երեք տասնամեակ ետք, Հայաստան այլեւս երիտասարդ հանրապետութիւն չէ, բայց Հայաստանի ներկայ ղեկավարները դեռ նոյն սխալները կը կրկնեն:

2018ին, կառավարման փորձ չունեցող նորելուկը եկաւ իշխանութեան, որպէս հակազդեցութիւն՝ նախկին արհամարհուած ղեկավարներու: Նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճարպկօրէն շահագործեց նախորդ նախագահներուն հանդէպ հանրութեան դժգոհութիւնը եւ շահեցաւ ժողովուրդին վստահութիւնը՝ աւելի լաւ ապագայի մը համար տալով բազմաթիւ խոստումներ: Հայերը, ամէնուրեք, յուսահատօրէն ձգտելով փոփոխութիւններու՝ հաւատացին իրենց լսածին եւ կուրօրէն հետեւեցան նոր «Փրկիչին»:

Դժբախտաբար, վերջին երեքուկէս տարիներուն ընթացքին երկրին մէջ էական ոչինչ փոխուած է: Իրականութեան մէջ, իրավիճակը աւելի վատթարացած է՝ անցեալ տարուան պատերազմը Հայաստանի կրած ջախջախիչ պարտութեամբ աւարտելով: Նոր ղեկավարին տուած շռայլ խոստումները չիրականացան: Ինքնակոչ ժողովրդավար Փաշինեանը, 20 Յունիսին, խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին սարսափելի քարոզարշաւ մը իրականացուց, մուրճը ձեռքին՝ խոստանալով ջարդել քաղաքական իր հակառակորդներուն գլուխները: Թէեւ ան իշխանութեան եկաւ իբրեւ ժողովուրդի մարդ, սակայն արագօրէն իր կառավարութիւնը վերածեց միանձնեայ ղեկավարութեան՝ անտեսելով ոչ միայն հանրութիւնը, այլեւ իր իսկ նախարարներու խորհուրդի անդամներուն խրատները: Այս իրականութեան հետեւանքը եղաւ այն, որ իրերայաջորդ երկու արտաքին գործոց նախարարներ հրաժարական տուին:

Զարմանալի չէ՛, որ Փաշինեան նաեւ անմտօրէն վարած է Հայաստանի յարաբերութիւնները Սփիւռքի հետ: Ան իր շրջանը սկսաւ՝ փակելով սփիւռքի նախարարութիւնը, առանց սակայն այս մասին խորհրդակցելու Սփիւռքի ղեկավարներուն կամ կազմակերպութիւններուն հետ: Երբ անոնցմէ ոմանք զգուշացուցին զինք, որ նման սխալ որոշում մը չտայ, ինք ամբողջութեամբ անտեսեց զիրենք:

Փաշինեանի արդարացումը այն էր, որ սփիւռքի նախարարութիւնը արդիւնաւէտ չէ եղած: Զայն փակելու փոխարէն, արդեօք նախընտրելի չէ՞ր զայն բարելաւելու ճիգ ընել՝ աւելի կարող ղեկավարութեամբ մը օժտելով նախարարութիւնը: Այսպիսի թերի տրամաբանութեամբ մը Փաշինեան կրնար փակել նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, եթէ մտածեր, որ վերջինս պատշաճ գործունէութիւն չէ ունեցած…

Սփիւռքի նախարարութիւնը ցրելէ ետք, վարչապետը «Սփիւռքի գործերու գերագոյն յանձնակատար» նշանակեց Զարեհ Սինանեանը՝ իր նուիրեալներէն մէկը, Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքէն: «Գերագոյն յանձնակատար» դառնալէ ետք, երկուքուկէս տարուան ընթացքին, Սինանեան շատ բան չունի ցուցադրելու՝ իբրեւ իր ջանքերուն արդիւնք: Ան բազմիցս զբաղած է կողմնակալ քաղաքականութեամբ՝ նսեմացնելով Սփիւռքի մէջ վարչակարգի քննադատները, բան մը, որ իր գործը չէ՛: Անհաւատալիօրէն, Սինանեան Հայաստանին առաջարկեց ներգրաւել արաբ ներգաղթողներ՝ խթանելու համար երկրին հետզհետէ նուազող բնակչութեան թիւը՝ մոռնալով, որ ներգաղթը իր պարտականութիւններուն մէջ չի մտներ: Անոր գործը սփիւռքահայերու, այլ ոչ թէ ուրիշ ազգերու հետ յարաբերութիւններու բարելաւումն է:

21 Հոկտեմբերին, Սինանեան յայտարարեց աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող հայկական զանազան համայնքներու մէջ «Սփիւռքի գործերու յանձնակատարներ» նշանակելու կառավարութեան նոր ծրագիրին մասին: Յիշեալ յանձնակատարները պիտի նշանակէ վարչապետ Փաշինեան՝ Սինանեանի առաջարկով: Անոնց նպատակը՝ «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումն է եւ երկու կողմերու աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը: Անոնք նաեւ պիտի ձգտին ապահովել կայուն յարաբերութիւններ հայ համայնքներուն միջեւ, ներգրաւել Սփիւռքի ամբողջ ներուժը, այլեւ պիտի աջակցին հայապահպանութեան, հայրենադարձութեան եւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու համարկման միտող ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքներուն»:

Ասիկա բարեփոխուած տարբերակն է Սփիւռքի նախկին նախարարութենէն կրկնօրինակուած գաղափարին, որ տնօրէններու խորհուրդ նշանակած էր՝ զանազան երկիրներու մէջ նախարարութիւնը ներկայացնելու համար: 10 տարի ծառայած եմ այդ խորհուրդի կազմին մէջ: Աւելին, սփիւռքի նախարարութիւնը, արտաքին գործոց նախարարութեան հետ միասին, Հայաստանի դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսութիւններուն մէջ աշխատակիցներ նշանակած էր՝ իբրեւ Հայաստանի կառավարութեան եւ տեղական համայնքներու միջեւ օղակ: Պէտք է սպասել, թէ զո՞վ կը նշանակեն Փաշինեան եւ Սինանեան՝ իբրեւ իրենց ներկայացուցիչները, սփիւռքեան համայնքներու մէջ: Բայց հաշուի առնելով ներկայ կառավարութեան բացայայտ կողմնակալ քաղաքականութիւնը, պէտք չէ զարմանալ, եթէ անոնք նշանակեն իրենց անորակ կողմնակիցները, որոնց իսկական գործը կ՛ըլլայ իշխանամէտ քարոզչութեամբ զբաղիլը:

Հետաքրքրական է նաեւ, որ հաղորդուած է, թէ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէմ արտայայտուած է տեղական յանձնակատարները նշանակելէ առաջ՝ օտարերկրեայ կառավարութիւններու հաւանութիւնը ստանալու գաղափարին: Ան ճիշդ մատնանշած է, որ նման հաստատումներ անհրաժեշտ են միայն օտար երկիրներու մէջ դիւանագէտներու, օրինակ՝ դեսպաններու նշանակման համար: Հետեւաբար, ծրագիրը փոխուած է՝ ջնջելով այսպիսի հաստատումներու անհրաժեշտութիւնը: Այսուհանդերձ, Սինանեան զարմանալիօրէն յայտարարած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը պէտք էր համապատասխան օրէնք վաւերացնէր՝ Սփիւռքի տեղական յանձնակատարները նշանակելէ առաջ: Անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը պէտք է նման օրէնք վաւերացնէ: Այս մարդիկ պէտք է ծառայեն իբրեւ խորհրդական՝ առանց պաշտօնական լիազօրութիւններու եւ առանց վարձատրութեան:

Նկատի ունենալով հայութեան լուրջ պառակտումը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, անկախ անկէ, թէ իշխանութիւնը զո՞վ կը նշանակէ, ան պիտի քննադատուի այս կամ այն կազմակերպութեան, եկեղեցւոյ կամ քաղաքական կուսակցութեան պատկանելուն համար: Անվերջ դժգոհութիւններ պիտի ըլլան այս նշանակուածներու հասցէին:

Նոր հեծանիւ հնարելու կարիքը չկայ: Սփիւռքի ներկայացուցիչի ընտրութեան ճիշդ ձեւը այն է, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ համայնք ընտրէ իր ներկայացուցիչը համաժողովրդական քուէարկութեամբ: Միայն այս պարագային կարելի է ըսել, որ ընտրուած անհատը իր համայնքի իրական ներկայացուցիչն է: Ոչ ոք, նաեւ Հայաստանի կառավարութիւնը, իրաւունք ունի նման ներկայացուցիչ նշանակելու։ Ծիծաղելի է, որ վարչապետը եւ Սինանեան անձամբ տեղեկացուած են այս ձեւակերպման մասին, սակայն որոշած են անտեսել զայն: Մեր համոզմամբ, իրենց համայնքներուն կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներն են, որ պէտք է կազմեն ապագայ Սփիւռքահայ խորհրդարանը:

Ահա՛, անգամ մը եւս Փաշինեանի կառավարութիւնը որոշումներ կ՛ընդունի՝ առանց մէկու մը հետ խորհրդակցելու: Ժամանակն է, որ կառավարութիւնը իր ներքին հարցերուն մասին խորհրդակցի Հայաստանի մէջ ապրող իր ժողովուրդին հետ, իսկ համահայկական հարցերու մասին՝ Սփիւռքի մէջ ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/406538/որքան-բան-կը-փոխուի-հայաստանի-մէջ-այնք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail