Համապարփակ Զեկոյցը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Լոպիինկի Ամբողջական Ձախողութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

Համապարփակ Զեկոյցը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Լոպիինկի Ամբողջական Ձախողութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/

Columnist Harut Sassounian

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ յօդուածներ գրած եմ՝ նկարագրելով գործունէութիւնը ամերիկեան լոպիական այն ընկերութիւններուն, զորս միլիոնաւոր տոլարներով վարձած են Թուրքիա եւ Ատրպէյճան: Բարեբախտաբար, այս երկիրները, որքա՛ն ալ դրամ ծախսեն լոպիական գործունէութեան վրայ, չեն կրնար թաքցնել իրենց ծաւալապաշտական եւ ոչ ժողովրդավարական գործունէութիւնները: Էրտողանի մտերիմ ընկերոջ՝ Թրամփի հեռանալէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական դաշտը աւելի մռայլ դարձած է Թուրքիոյ համար՝ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները պահպանելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Պայտընի յանձնառութեան վերահաստատումով:

Պեն Ֆրիմըն եւ անոր՝ Ուաշինկթընի մէջ գործող Միջազգային քաղաքականութեան կեդրոնի հետազօտողներու խումբը, անցեալ ամիս հրապարակեցին 30 էջնոց համապարփակ վերլուծում մը՝ «Թուրքիոյ Լոպին Միացեալ Նահանգներու մէջ» վերնագիրով: Զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ համար պարզապէս անկարելի է Միացեալ Նահանգներու վստահելի գործընկեր ըլլալ եւ միաժամանակ մտերմանալ ՆԱԹՕի հակառակորդ Ռուսիոյ հետ: Բռնապետ սուլթան Էրտողանի դատապարտելի վարքագիծը զայն դարձուցած է մերժուած, թէ՛ տունը, թէ՛ դուրսը։

Զեկոյցը մանրամասնօրէն կը բացայայտէ «պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ գործակալները փորձած եւ, հիմնականին մէջ, ձախողած են փոխել Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը»՝ քաղաքական քանի մը խիստ եւ վիճայարոյց հարցերու հետ կապուած, Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին գործերու ծիրէն ներս»:

Զեկոյցի գործադիր ամփոփագիրին մէջ կ՛ըսուի, թէ հետազօտողները «վերլուծած են Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան օրէնքի (FARA) իւրաքանչիւր փաստաթուղթ, որ ներկայացուած է 2020ին, թուրք յաճախորդներու անունով արձանագրուած կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս փաստաթուղթերէն արձանագրած ենք յիշեալ յաճախորդներուն համար կատարուած իւրաքանչիւր «քաղաքական գործունէութիւն», FARA-ի այս փաստաթուղթերուն մէջ նշուած քարոզարշաւի իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն, Թուրքիոյ անունով տարածուած իւրաքանչիւր «տեղեկատուական նիւթ» եւ իրենց թուրք յաճախորդներէն ստացուած իւրաքանչիւր տոլար, ինչպէս յայտնած են այս կազմակերպութիւնները»:

Ահա՛ Զեկոյցի հիմնական բացայայտումները.

«- Տասնմէկ (ամերիկեան լոպիական) կազմակերպութիւններ (5 միլիոն տոլար վճարած են արձանագրուելու համար) FARA-ի տակ՝ 2020ին, Թուրքիոյ անունով աշխատելու համար.

– Այդ կազմակերպութիւնները յայտնած են, որ 2319 շփում ունեցած են իրենց թուրք յաճախորդներուն անունով.

– 568 (քաղաքական) նուիրատուութիւն նախընտրական քարոզարշաւներու մէջ, ընդհանուր գումար՝ 52,6177 տոլար, կատարուած է այդ ընկերութիւններուն եւ անոնց արձանագրուած օտարերկրեայ գործակալներու կողմէ.

– Մէկ ծերակուտական ստացած է քարոզարշաւի նուիրաուութիւն ընկերութենէ մը, որ նոյն օրը կապուած է անոր գրասենեակին հետ՝ Թուրքիոյ անունով»:

Թուրքիոյ կողմէ վարձուած ամերիկեան հինգ ամենագործունեայ ընկերութիւններէն են՝ Mercury Public Affairs եւ Greenberg Traurig, որոնք դադրեցուցած են իրենց պայմանագիրները Թուրքիոյ հետ, Հոկտեմբեր 2020ին, ամերիկահայերու ճնշման իբրեւ արդիւնք՝ անցեալ տարի Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակման օրերուն: Միւս երեք ընկերութիւններն են՝ Venable, LB International Solutions եւ Capital Counsel: Վերջինս ալ խզած է պայմանագիրը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ, Ապրիլ 2021ին: Այսուամենայնիւ, Սեպտեմբեր 2021ի դրութեամբ, տակաւին կան լոպիական ամերիկեան 10 ընկերութիւններ, որոնք վարձուած են Թուրքիոյ կողմէ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի լոպիական այս ընկերութիւններուն կողմէ 2020ին ձեռք բերուած շփումներուն թիւը: Ներկայացուցիչներու տուն (1044), Ծերակոյտ (657), լրատուական միջոցներ (377), ուղեղային կեդրոններ (83) եւ գործարք (37): Հիմնականին մէջ, անոնք կապ հաստատած են Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու եւ զինուած ուժերու յանձնախումբերուն հետ: Քոնկրեսի ամէնէն շատ շփուող անդամներն են քոնկրեսական Սթիւ Շապօ (հանրապետական, Օհայօ), ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըր (հանրապետական, Միսիսիփի) եւ ծերակուտական Թատ Եանկ (հանրապետական, Ինտիանա): Ամէնէն աւելի շփուող լրատուական միջոցներէն եղած են «Նիւ Եորք Թայմզ», «Պլումպըրկ», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Սի.Էն.Էն.» եւ «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»:

Հասարակայնութեան հետ կապերու մասնագէտները, որոնք վարձատրուած են Թուրքիոյ կողմէ, թերթերուն ներկայացուցած են յօդուածներ, կարծիքի սիւնակներ եւ նամակներ՝ խմբագիրներու: Ուղեղային կեդրոններէն չորսը, որոնց հետ կապուած են թուրք գործակալները, նիւթական հովանաւորութիւն ստացած են թրքական կառավարութենէն կամ Թուրքիոյ հետ կապուած ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ: «Պրուքինկզ»ի հիմնարկը եւ Միացեալ Նահանգներու գերմանական «Մարշալ»ի հիմնադրամը նիւթական հովանաւորութիւն ստացած են Թրքական արդիւնաբերութեան եւ գործարքի ընկերակցութենէն (TUSIAD)? Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնը, 2019ին, Թուրքիոյ կառավարութենէն ստացած է առնուազն 100 հազար տոլար եւ «Ամերիկեան Յառաջընթաց» կեդրոնը նիւթական հովանաւորութիւն ստացած է Թուրքիոյ կիրառական հետազօտութիւններու կեդրոնէն (CATS):

Հակառակ Թուրքիոյ լոպիական եռանդուն ջանքերուն, Քոնկրեսը պատժամիջոցներ սահմանեց այդ երկրին դէմ՝ ռուսական «Էս. 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար, նաեւ արգելափակեց ամերիկեան F-35 ռազմաօդային ինքնաթիռներու վաճառքը եւ կասեցուց Թուրքիոյ սպառազինութիւններու բոլոր հիմնական վաճառքները: Աւելին, Միացեալ Նահանգներ արգելափակեց Թուրքիոյ՝ Փաքիստանին 1.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ուղղաթիռներու ծրագրած վաճառքը:

2020ին, Թուրքիան ներկայացնող լոպիական ընկերութիւններու կողմէ քարոզարշաւին յատկացուած 526 հազար տոլարէն 156 հազարը ուղղուեցաւ քաղաքական քարոզարշաւի յանձնախումբերուն՝ անկարելի դարձնելով հասկնալ, թէ ո՛ր քաղաքական թեկնածուն որքա՛ն գումար ստացած է: Մնացած 370 հազար տոլարը ստացող առաջին հնգեակը եղած են՝ քոնկրեսական Վեռն Պիւքենան (հանրապետական, Ֆլորիտա)՝ 28 հազար տոլար, ծերակուտական Թիմ Քէյն (դեմոկրատ, Վըրճինիա)՝ 10,600 տոլար, քոնկրեսական Քեւըն ՄըքՔարթի (հանրապետական, Քալիֆորնիա)՝ 9500 տոլար, ծերակուտական Կէրի Փիթըրզ (դեմոկրատ, Միշիկըն)՝ 9100 տոլար եւ Այոուա նահանգի պարտուած Ծերակոյտի դեմոկրատ թեկնածու Թերեզա Կրինֆիլտ՝ 6700 տոլար: Զեկոյցին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիան ներկայացնող ընկերութիւններու նուիրատուութիւններուն ամէնէն մեծ բաժինը ստացողներէն շատերը նաեւ եղած են թուրք լոպիիստներու հետ ամէնէն աւելի շփման մէջ եղողներ:

Զեկոյցը նաեւ կը մատնանշէ՝ «վճարէ՛, խաղալու համար» քաղաքականութեան մէկ օրինակ, այսպէս. «Առնուազն մէկ պարագայի՝ Թուրքիոյ անունով նուիրատուութիւնն ու շփումը տեղի ունեցած են ճիշդ նոյն օրը: 3 Մարտ 2020ին, Venable օտար երկրի գործակալը եւ Քոնկրեսի նախկին անդամ Պարթ Սթուփաք (դեմոկրատ, Միշիկըն), խօսած են ծերակուտական Ճին Շահինի (դեմոկրատ, Նիւ Հեմփշիր) ժամադրութիւնը կազմողին հետ՝ ծերակուտականին հետ հանդիպում խնդրելու համար: Նոյն օրը Venable-ը յայտնած էր, որ իր օտարերկրեայ գործակալներէն մէկը 1000 տոլար նուիրատուութիւն ըրած է Շահինի քարոզարշաւին»:

Կարեւորը՝ Զեկոյցի եզրակացութիւնն է, ուր կ՛ըսուի. «2020ին, Ամերիկայի մէջ թրքական լոպին շարք մը մեծ մարտեր մղած եւ պարտուած է, գրեթէ բոլոր պարագաներուն: Թուրքիա կը շարունակէ պատժամիջոցներու տակ մնալ «Էս.-400»ներ գնելուն համար, Ֆեթհուլլա Կիւլեն (այլախոհ թուրք հոգեւորական) չէ արտայանձնուած Թուրքիոյ եւ կը շարունակէ ապրիլ Փենսիլվանիա, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն»: Տեսանելի ապագային, թրքական կառավարութեան «ազդեցութիւնը Ամերիկայի մէջ, հաւանաբար, լաւագոյն պարագային՝ լուսանցքային կ՛ըլլայ»: Մինչ այդ, Թուրքիա կը շարունակէ միլիոնաւոր տոլարներ վատնել Ուաշինկթընի մէջ անօգուտ լոպիիստներ վարձելով, այն պահուն, երբ Թուրքիոյ միլիոնաւոր քաղաքացիներ գործազուրկ են եւ կը գտնուին սովի եզրին:

Զեկոյցը, սակայն, կը նախազգուշացնէ, որ իր լուսաբանութիւնը կը վերաբերի «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան միայն մէկ մասին: Այս զեկոյցը, օրինակ, չ՛անդրադառնար ազդեցութեան՝ շահ չհետապնդող Թրքական ժառանգութիւն կազմակերպութեան, որ պարբերաբար ձեռնարկներ կը կազմակերպէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ բեմ ապահովելով թուրք պաշտօնեաներու: Զեկոյցը չի քննարկեր նաեւ ապօրինի ազդեցութեան գործողութիւնները, օրինակ՝ Մայքըլ Ֆլինի աշխատանքը Թուրքիոյ անունով: Ամերիկայի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան միայն մէկ մասին՝ FARA արձանագրուածներու այս վերլուծումը, այսուամենայնիւ, խօսուն ապացոյց մըն է»:

Թէեւ ամերիկահայերը Ուաշինկթընի մէջ չունին իրենց անունով աշխատող լոպիական ազդեցիկ ընկերութիւններ, սակայն շարք մը կարեւոր նահանգներու մէջ ունին մեծ թիւով ընտրողներ եւ նուիրատուներ, որոնց աւելի ուշադրութիւն կը դարձնեն ընտրեալ պաշտօնեաները, քան՝ Թուրքիոյ կողմէ վարձուած օտարերկրեայ գործակալներուն: Ոչ մէկ լոպիինկ կրնայ թաքցնել սուտը կամ արդարացնել Թուրքիոյ կաշառակեր եւ բռնապետական վարչակարգը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Culture-Dativank Monastery in Artsakh Armenia

asbarez.am/407096/համապարփակ-զեկոյցը-կը-բացայայտէ-թուր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail