Կեղծիքն ու խաբէութիւնը ամէն օր նոր բարձունքներ կը նուաճեն մարդկայնութեան եւ արդարութեան դէմ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կեղծիքն ու խաբէութիւնը ամէն օր նոր բարձունքներ կը նուաճեն մարդկայնութեան եւ արդարութեան դէմ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Կեղծիքի Եւ Երեսանցութեան Աշխարհ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կեղծիքն ու խաբէութիւնը ամէն օր նոր բարձունքներ կը նուաճեն մարդկայնութեան եւ արդարութեան դէմ իրենց խօլ մրցումին մէջ: Արձանագրենք նորագոյն օրինակներէն մէկ քանին:

***

Ա) Քանի մը օրէ ի վեր միջազգային մամուլը լուսարձակները կեդրոնացուցած է Պիելոռուսիա-Լեհաստան սահմանագծին վրայ: Հսկայ փոթորիկ յառաջացաւ ի լուր այն իրադարձութիւններուն, թէ սահմանին արեւելեան երկայնքին բազմահազար գաղթականներ կուտակուած են, կ՛ուզեն Լեհաստանէն անցնելով` երթալ Եւրոպական Միութեան երկիրներ, հիմնականին մէջ` Գերմանիա: Փոթորիկը բռնեց քանի մը ուղղութիւն. Եւրոպական Միութիւնը սաստկացուց Լուքաշենքոյի երկրին դէմ իր արշաւը, որոշեց նոր պատժամիջոցներ որդեգրել անոր դէմ (հարցը չեն դիտեր Լուքաշենքոյի ըրածը դատապարտելու կամ արդարացնելու ակնոցով, սակայն չենք անտեսեր, որ ան վերջերս աւելի՛ սերտացուց Ռուսիոյ հետ իր կապերը, հետեւաբար դարձեալ կայ իշու եւ փալանի պատմութիւն մը): ՕԹԱՆ-ն ալ միացաւ սպառնալիքներու եւ զգուշացումներու արշաւին (կար ժամանակ, երբ ՕԹԱՆ-ին հակադրուած` արեւելեան ճակատը կը ճանչցուէր Վարշաւայի ուխտ անունով, իսկ Վարշաւան նոյնինքն Լեհաստանի մայրաքաղաքն է…):

Պարզ իրականութիւնը այն է, որ գաղթականներու` մարդկային ողբերգութեան մը հարցը դարձած է քաղաքական խաղերու առարկայ: Ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ անոր համախոհները եւ ո՛չ ալ մրցակիցները մտահոգուած են այդ անբախտներուն ճակատագրով, այլ բաց աչքերով ականատես ենք կեղծիքի եւ երեսանցութեան ահաւոր բեմադրութեան մը: Պիելոռուսիոյ դէմ քարոզարշաւն ու պատժամիջոցները հազար ու մէկ թմբուկով կը հնչեն աշխարհի տարածքին: Նոյն Եւրոպան մոռցած է, որ մօտիկ անցեալին իր սիրելի գործակիցը` Էրտողանի Թուրքիան զինք շանթաժի ենթարկեց, սպառնաց միլիոնաւոր գաղթականներ արձակել դէպի եւրոպական երկիրներ: Այդ օրերուն նման աղմուկ ու փոթորիկ չբարձրացաւ, այլ Արեւմուտքը ամօթանքը կուլ տալով` տեղի տուաւ եւ միլիառաւոր տոլարի աջակցութիւն խոստացաւ Թուրքիոյ, ա՛յն Թուրքիոյ, որ գլխաւոր դերակատարներէն է գաղթականներու տագնապին ստեղծման եւ «արտածման», առեւտուրին:

Կայ աւելի՛ ահաւոր երեսն ալ: Ո՛չ ոք հարց կու տայ, թէ աշխարհը ինչո՞ւ պէտք է հանդիսատես վկան դառնայ բռնի տեղահանուածներու այս ահաւոր եւ հետզհետէ ծաւալող տագնապին (ՄԱԿ-ի վիճակագրութեանց համաձայն, 2021-ի կէսերուն աշխարհի տարածքին կար 82,4 միլիոն տեղահանուած), որ նորութիւն չէ, սակայն սանձարձակ կը տարածուի վերջին տասնամեակին: Ո՛չ ոք մատ կը թափահարէ այն երկիրներուն ուղղութեամբ, որոնք դժոխքի կը վերածեն միջինարեւելեան, ասիական եւ ափրիկեան երկիրներ, կը բռնագրաւեն հողեր` ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով տեղահան ընելով միլիոնաւորներ, զանոնք նետելու համար ծովերու ալիքներու քմայքին ու ծովամոյն ընելով հազարաւորներ, իրենց բնակավայրերուն մէջ զերոյացնելու կեանքի վաստակ եւ ժառանգութիւն… Եւ, կրկնենք, այս աղէտին կերտիչներուն շարքին, հինէն ի վեր գլխաւոր մրցանակը կ՛երթայ Թուրքիոյ, ան կոչուի կայսերական, հանրապետական թէ նոր-սուլթանական…

***

Բ) Կեղծիքի եւ երեսանցութեան այլ բեմ մը սարքուեցաւ Կլասքոյի մէջ, Սկովտիա, ուր այս շաբաթավերջին վարագոյրը կ՛իջնէ կենսոլորտի տագնապին դարմանումին նուիրուած ՄԱԿ-ի համաժողովին:

Օպամայէն, Քերիէն սկսեալ, ու աշխարհի չորս ծագերէն եկած` բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, քաղաքական «աստղեր» հմայիչ ճառեր արտասանեցին. ոմանք իսկապէս ողբացին իրենց երկիրներուն վիճակուած եւ սպառնացող բնական աղէտներուն համար, ուրիշներ բառակոյտերով ախտաճանաչումներ կատարեցին, ահազանգ հնչեցուցին, որպէսզի բազմաթիւ գիծերու վրայ կանխամիջոցներ որդեգրուին, կենսոլորտի ջերմացման ու փճացման առաջքը առնուի: Ամերիկացի ներկայացուցիչներ իսկ միացան ահազանգողներուն կոչերուն, Չինաստանի հետ համահունչ` խոստացան կանխամիջոցներ որդեգրել, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ որքա՜ն մտահոգ են մարդկութեան ապագայով, նախանձախնդիր` այս համայնակուլ տագնապի դարմանումին: Հազիւ թէ յիշատակում կատարուեցաւ, որ քանի մը տարի առաջ նախորդ անուղեղ նախագահը ամերիկեան նաւը դրած էր նման տագնապներու լուծումէն խուսափելու, մատը մատին չզարնելու ընթացքի մը մէջ, եւ ահա կը ստեղծուի տպաւորութիւն, որ Միացեալ Նահանգներ բարիք կը խոստանան մարդկութեան:

Համաժողովին մասնակիցները մեծ գրաւներ չեն դներ արտասանուած ճառերուն եւ տրուած խոստումներուն վրայ: «Շատ տեսած-լսած ենք» տրամադրութիւնն է տիրապետողը: Փաստօրէն նախորդ համաժողովներն ալ ծնունդ տուած են բազում խոստումներու, յայտարարուած են լուրջ յանձնառութիւններ, սակայն կենսոլորտին ախտերը կ՛երթան վատթարացման ճամբով` ամէն տարի նոր պատուհասներ «պարգեւելով» աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն, խտրութիւն չդնելով ամերիկասէրին, ռուսասէրին, եւրոպացիներու կամ ծայրագոյն արեւելքցիներուն միջեւ…

***

Գ) Մեր «փոքր ածուն» անմասն չէ կեղծիքի եւ երեսանցութեան «նորաձեւութենէն» (մոտա բառը տարբեր հնչեղութի՞ւն ունի…): Երեւանի իշխանութիւնները ամէն օր նոր փանջունիութիւն մը կը յայտնաբերեն եւ կը կոխեն ժողովուրդին կոկորդէն վար` հաւատացնելով, որ իրենք բարիք կը բերեն, կը խոստանան:

Փաշինեան եւ ընկերներ կրնան ճակատաբաց յոխորտալ, որ քանի մը օր առաջ, 9 նոյեմբերին, պարտուողական եւ Հայաստանի համար վնասաբեր նոր համաձայնագիր մը չստորագրեցին («առէ՛ք, ընդդիմադիրնե՛ր»), սակայն իրականութիւնները բոլորովին տարբեր պատկերներ կը պարզեն: Վարչապետը կառավարութեան նիստին յայտարարեց, որ հակադարձելով Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ մաքսատուներ հաստատելու ազերիական որոշումին` իր կառավարութիւնն ալ մաքսակէտեր կրնայ հաստատել (ձեւով մը` «ա՛ռ քեզի, Ալիե՛ւ»):

Նման վնասարար տրամադրութեան դէմ բողոքի ելած ընդդիմադիրներ ձերբակալուեցան եւ քանի մը ժամ ետք ազատ արձակուեցան (իշխանութիւնը իր ուժը լիարժէքօրէն կը կիրարկէ իր սխալները ցոյց տուողին դէմ, սակայն ձայն-ծպտուն չի բարձրացներ թշնամիին դէմ, եւ… տակաւին, մի՜ զարմանաք, ունի համակիրներ ու համախոհներ): Կառավարութեան ղեկին նստած մարդն ու իր գործակիցները կը շարունակեն հայկական քաղաքներ ու շրջաններ կոչել թրքական անուններով, արդէն կուլ տուած են եւ կ՛ուզեն, որ ժողովուրդն ալ կուլ տայ, թէ անվիճելիօրէն մեր Հայաստանին պատկանող շրջաններ Ազրպէյճանի տարածք են (Արցա՞խ, ի՞նչ Արցախ…), ուրեմն, «եթէ Ազրպէյճան «իր հողերուն» վրայ մաքսատուն կը դնէ, մենք ալ մե՛ր հողին վրայ մաքսատուն կը դնենք»:

Ասոր մէջ ի՞նչ սխալ բան կայ: Աւելի՛ն. ազերիական թշնամանքներէն խուսափելու համար Գորիս-Կապան ճամբէն արեւմուտք «այլընտրանքային» ճամբայ մը կը կպրապատենք: Ասոր մէ՞ջ ալ սխալ բան կայ: Իսկ եթէ վաղը ազերիները ուզեն Նախիջեւանէն նոր ճնշումի տակ առնել Տաթեւի «այլընտրանքային ճանապարհը», հոգ մի՛ ընէք. արդէն նիւթական յատկացում կ՛ընենք Կապանի օդակայանին սարքաւորման համար (Կապանին նաեւ այլ յատկացումներ կ՛ընեն… տեղական ընտրութիւններուն առիթով):

Իսկ այսօր ո՞վ կը յիշէ, որ ազերիական բանակները դիրքաւորուած են Կապանի օդակայանէն քանի մը հարիւր մեթր անդին, կը տիրապետեն շրջանի բոլոր ռազմավարական դիրքերուն: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ (գրաւոր համաձայնութիւններուն ո՞վ արժէք կու տայ) վարչապետը ձեւերը գտած է, եւ մի՛շտ ժողովուրդին կռնակէն, բանաւոր համաձայնութիւններ կնքելու Ալիեւի եւ այլոց հետ: «Խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք»-ը յայտնապէս կ՛իրականացուի լուսարձակներէ հեռու` նման համաձայնութիւններով:

Այդպէս չեղա՞ւ տարի մը առաջ, երբ 9 նոյեմբերի գրաւոր յայտարարութիւններէն ետք վարչապետը, իր իսկ խոստովանութեամբ, եւ ցատկելով իր իրաւունքներուն, օրէնքին եւ սահմանադրութեան վրայէն, որոշեց հայկական պաշտպանական ուժերու հեռացումը այնպիսի դիրքերէ, որոնց մասին ոչինչ կար գրաւոր յայտարարութեան մէջ (դարձեալ կրկնենք. ինչո՞ւ կախուած էք գրաւոր նոր համաձայնագիրներու պոչէն եւ կ՛ուզէք, որ գերիներու վերադարձի կէտը գործադրուի. չէ՞ որ բերանացի համաձայնութեան ճամբով ականապատուած քարտէսներ ալ նուիրեցինք Ալիեւին, որ քանի մը գերի վերադարձնելու բարիքը ըրաւ…): Ուրեմն, ի՞նչ արժէք ունին ընդդիմադիրներուն այն ահազանգերը, որ նոր գրաւոր զիջումներ կը պատրաստուին: Ո՛ղջ մնան Ազրպէյճանի «Ճի. Փի. Էս.»-ներն ու անոնց միջոցով ճշդուող սահմանները: Անկէ ետք` ի՜նչ սահմանագծում, սահմանազատման ի՜նչ բանակցութիւն…

Եւ դեռ, կան մարդիկ, մասնաւորաբար` մտահոգ ընդդիմադիրներ, որոնք չեն տեսներ ճամբաներու ապաշրջափակումէն հասնելիք բարիքները, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ… Սիւնիքի իրողական փոխանցումը` ազերիական վերահսկողութեան (ի՞նչ վնաս կայ անոր մէջ. հայը հաց մը կը հանէ հայկական հողի վրայ, թէ այլուր): Մինչ այդ, հաւատացէ՛ք, որ Հայաստան օրակարգի վրայ չունի «միջանցք» տրամադրելու հարց, ատիկա ազերիական յերիւրածոյ դիտաւորութիւն է, վաղը կրնայ իրականանալ նորահնար… «Ճի. Փի. Էս.»-ներով, քանզի Հայաստանի իշխանութիւնը, խաղաղութեան էջը բանալու սիրոյն, տրամադիր չէ հող ու սահմանամերձ բնակավայրեր պաշտպանելու (Արցախը բանիւ եւ գործով մոռցուած է, իսկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը վերջերս հերոսութիւն մը ըրաւ` գաղտագողի Արցախ այցելելով եւ արժանանալով… «խաղաղասէ՜ր» ազերիներու սպառնալիքներուն):

Այս խաբէութիւններն ու կեղծիքները չեն իջներ ընդդիմադիրներուն եւ Հայաստան-Արցախի ապագայով մտահոգ իսկական հայրենասէրներուն կոկորդէն վար: Անտարբերներու բանակը կը մնայ ձմեռնաքունի մէջ, վաղը պիտի անդրադառնայ, որ «ճամբաներու բացման» ծրագիրը լիովին իրականութիւն կը դառնայ ի հեճուկս Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի, նոյնինքն ի՛ր շահերուն, իսկ իշխանութեան համակիրներն ալ կը շարունակեն կեղծիքի եւ… ինքնախաբէութեան մենարշաւը:

Եկէ՛ք` հասկնանք. կեղծիքի եւ ինքնահակասումի աշխարհին մէջ ինչո՞ւ կ՛ուզէք, որ Հայաստան մնայ զարտուղի տարր…

11 նոյեմբեր 2021

aztagdaily.com/archives/529105

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail