«Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է» Կ՛ըսէ Ուզի Արատ – Յարութ Չէքիճեան

Culture-Dativank Monastery in Artsakh Armenia

«Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է» Կ՛ըսէ Ուզի Արատ – Յարութ Չէքիճեան

10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – Հայաստանի Հանրապետութիւն, Աշխարհաքաղաքական, Արցախ:

Յարութ Չէքիճեանharoutchekijian.wordpress.comՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Այս է խորագիրը 3 նոյեմբեր 2021-ի, իսրայէլեան «Ճերուզալեմ փոստ» օրաթերթի աշխատակից Ճիլ Հոֆմանի հարցազրոյցին, որ կատարած է 31 հոկտեմբեր 2021-ին (1) Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝ Մոսատի նախկին աւագ աշխատակից եւ Իսրայէլի վարչապետի (Նեթանեահու*) ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ուզի Արատի հետ: Այս յօդուածը նկատած եւ անգլերէնէ թարգմանած է Գէորգ Եազըճեան եւ ե-նամակով տարածուելով՝ հասաւ ինծի. իմ կողմէս կարգ մը յաւելումներով, ստորեւ կը ներկայացնեմ յօդուածը:

«Մոսատի նախկին աւագ աշխատակից եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ուզի Արատ իր 48 տարիներու ծառայութեան ընթացքին անհամար արկածախնդրական պահերու մէջ գտնուած է. գաղտնի գործողութիւններ, ահաբեկչական ձախողած յարձակումներ, ահաբեկչական բջիջներու բացայայտումներ, ահաբեկիչներու սպանութիւններ եւ թշնամի երկիրներու մէջ հանդիպումներ: Ըստ անոր, իր հանրային ծառայութեան գագաթնակէտը վերջաւորութեան եղած է, երբ ան վարչապետի ազգային անվտանգութեան խորհրդականն էր եւ նախագահ Շիմոն Փերէզին հետ Ազրպէյճան կ՛այցելէ:

«(Գործունէութեանս*) Ամենէն յուզիչ պահը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 2009 յուլիսի հանդիպումը եղաւ: Զրուցեցինք Պաքուի մէջ, ուր հրէական քանի մը հին ցեղեր կ’ապրին: Քաղաքավարի ակնարկութիւններ փոխանակեցինք, խօսեցանք Կասպից ծովու հարաւի հրեաներու պատմութեան մասին: Իրմէ հրէական աղօթք մը արտասանելու արտօնութիւն խնդրեցի: Ան հարցուց, թէ ինչի՞ մասին էր այդ, որ բացատրելէս ետք «անշո՛ւշտ» պատասխանեց: Քովս էին նախագահ Շիմոն Փերէզն ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ուզի Լանտաուը: Արտասանեցի. «Օրհնեալ ես դուն, Տէր Աստուած, մեր տիեզերքի թագաւորը, որ պատիւ շնորհած ես միսին ու արիւնին»: Բոլոր ներկաները «Ամէն» ըսին:

«Պատկերացո՛ւր՝ իբրեւ Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ կը գտնուիս այն պետութեան մէջ, ուրկէ եկած են իսրայէլացիներէն շատերուն նախահայրերը, եւ դուն քեզի կ’ըսես. «Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ պատմական պահ է»: Չեմ կրնար այդ զգացումները բացատրող բառեր գտնել:

(Վերոնշեալ արարը՝ տեսարանը, երկու պարբերութիւնները եւ աղօթքը՝ նոյն բառերով, Մարոքի թագաւորին հետ հանդիպումին ալ տեղի ունեցած է, այս անգամ՝ Իսրայէլի վերջին ազգային անվտանգութեան խորհրդական Մէյիր Պէն-Շապաթի կողմէ: Տարօրինակ կերպով, այլ թղթակից մը այլ թերթի մը մէջ՝ «Իսրայէլ Հայոմ», 27 հոկտեմբեր 2021-ին, այս յօդուածէն 4 օր առաջ, պարբերութիւն առ պարբերութիւն, նոյն ոճով եւ նոյն բառերով այլ երկիր մը՝ Մարոքը ներքնապէս նուաճելու մասին խօսած են, որ կարծե՛ս նոյն մեքենային արտադրութիւնն է – ՅՉ):

«Իբրեւ Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ մը՝ կը գտնուիս պետութեան մը մէջ, ուրկէ իսրայէլացիներէն շատերուն նախահայրերը եկած են, եւ կը մտածես. «Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ պատմական պահ է»: Կարելի չէ այդ զգացումները արտայայտող բառեր գտնել», յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ուզի Արատ կը պատմէ «Ճերուզալեմ փոսթ»ի գլխաւոր քաղաքական թղթակից Ճիլ Հոֆմանին:

«Հարցում- Այսօր մենք ո՞ւր կը գտնուինք, եւ նկատի առնելով (Ազրպէյճանի հետ*) տասնամեակներու բաց յարաբերութիւնները՝ մինչեւ ո՞ւր կը կարծէք, թէ մեր յարաբերութիւնները կը հասնին:

1. Ուզի Արատ: 2. Հայաստանի այժմու խորհրդարանի նախագահ եւ Իսրայէլի ջատագով Ալէն Սիմոնեան

Պատասխան- Անոնց հետ ամբողջական յարաբերութիւններ հաստատել որոշեցինք 1991-ին, երբ անոնք իրենց անկախութիւնը վերականգնեցին: Ինչպէս գիտէք, 7 ապրիլ 1992-ին Իսրայէլը Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատող առաջին երկիրներէն մէկը եղաւ: Հարցումիդ պատասխանելու համար նախ եւ առաջ պէտք է ըսեմ, որ իսլամական երկրի մը հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատելն ու հետագային աւելի զարգացնելը պարզ չէ, ոչ միայն այն պատճառով, որ ազերի ժողովուրդին մեծ մասը իսլամ է, այլեւ քանի որ ան Իրանի դրացի է: Սակայն հարցին դրական կողմը այն է, որ Ազրպէյճանի կառավարական բարձրագոյն պաշտօնատարները, մասնաւորաբար Հայտար ու Իլհամ Ալիեւները, որեւէ համակրանք չեն ունեցած իսլամութեան նկատմամբ, եւ անոնք Իսրայէլի հետ երկուստեք յարաբերութիւնները սկիզբէն իսկ գնահատեցին:

«Մոսատի երկու տասնամեակի վեթերան Ուզի Արատ Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուի 2009-2011 աւագ եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդականն էր:

«Ես վեց ամիս տեւող առաքելութեամբ կը գտնուէի Պաքուի Իսրայէլի դեսպանատան մէջ: Իլհամ Ալիեւին դուստրը՝ Լեյլան, զոր անձնապէս կը ճանչնամ, ունէր հրեայ ընկեր մը՝ Էմին Աղալարովը, որուն հետ ան հետագային ամուսնացաւ: Աղալարովի մօրը թելադրուեցաւ (մեր կողմէ*), որ նախընտրելի է որդին հրապարակաւ չյայտարարէ իր հրեայ ըլլալը: Ան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունէր ժարետ Քուշներին հետ (հրեայ Ժարետ Քուշներ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի փեսան է եւ անոր աւագ խորհրդականն էր նախագահութեան տարիներուն. ծանօթագրութիւնը թարգմանիչինն է): Անկեղծօրէն ըսեմ՝ եթէ մեր ռաբբիները թոյլ տային, որ Լեյլա յուդայականութիւնը ընդունէր, ան մեծ հաճոյքով պիտի կատարէր այդ:

«Վերադառնալով հարցումիդ՝ կը խորհիմ, որ մենք հասած ենք ճիշդ այն տեղը, ուր կ’ուզենք ըլլալ, եւ թէ մեր նպատակներուն մեծագոյն մասը իրականացուցինք, մնացեալն ալ շուտով պիտի իրականացուի:

Հ- կ՛ըսէք, որ մեր նպատակները իրականացուցած ենք: Մենք սկիզբէն ի՞նչ կ’ուզէինք Ազրպէյճանէն:

Պ- Նախորդ 24 տարիներուն 50-է աւելի իսրայէլացի բարձրաստիճան հրամանատարներ ՕԹԱՆ-ի հովանիին տակ եւ Թուրքիոյ հետ սերտ համագործակցութեամբ կրցան Ազրպէյճանի զինուորական կառոյցը վերականգնել եւ զայն կազմակերպել: Ազրպէյճանին ռազմական զէնքերու վաճառքը, գերարդիական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան գործարաններու կառուցումը, Ազրպէյճանի բարձրաստիճան հրամանատարներուն համար 146 մարզումի դասընթացներու կայացումը, Կասպից ծովուն ու հարաւային Ազրպէյճանի մէջ եւ Հայաստանի հետ անոր սահմաններուն վրայ տարեկան համատեղ, գաղտնի, բազմաթիւ ռազմափորձերու անցկացումը Թէլ Աւիւի եւ Պաքուի միջեւ համագործակցութեան գլխաւոր մարզերէն եղան: Կրնա՞ս ուրիշ որեւէ երկրի անուն տալ, որուն հետ մենք այսպիսի յարաբերութիւններ ունինք:

«Ազրպէյճանի Անվտանգութեան Ծառայութեան շէնքին մէկ յարկին վրայ ՍիԱյԷյի եւ ԷֆՊիԱյի կողքին Մոսատի գործակալներուն ներկայութիւնը աննախադէպ է, ուրիշ որեւէ երկրի մէջ չէ եղած: Իմացի՛ր, որ այս ըսածներէս ոչ մէկը այլեւս գաղտնիք է: Անշուշտ կան բաներ, որոնք չենք կրնար քննարկել:

Հ- Կրնաս հասկցնել թէ ի՛նչի մասին չենք կրնար խօսիլ:

Պ- Լա՛ւ, թող ամէնքը ենթադրեն, որ միայն 30000 հրեաներ կ’ապրին Ազրպէյճանի մէջ:

Հ- Իսրայէլը ինչպէ՞ս այսպիսի ընդարձակ համագործակցութիւն ունի Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ, սակայն անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող իսլամները ատկէ չեն զայրանար:

Պ- Ազրպէյճանի ժողովուրդը իսլամ է, սակայն անոնք տեղեակ չեն Միջին Արեւելքի զարգացումներուն: Բացի Իրանի ազդեցութեան տակ գտնուող փոքրաթիւ մասէ մը՝ Ազրպէյճանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կրօնական ինքնութիւն եւ Միջին Արեւելքի իսլամներուն նման ահաբեկչական ոգի չունի: Բայց միաժամանակ մեր գործունէութեան մեծ մասը զինուորական եւ անվտանգութեան մարզերուն կը վերաբերի, ուստի հասարակ մարդիկ ընդհանրապէս չեն գիտնար, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ:

Հ- Որքանո՞վ կրնանք ազդել անոնց ներքին քաղաքական որոշումներուն վրայ:

Պ- Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանութիւնները նախորդ 20 տարիներուն միեւնոյն նպատակները հետապնդելու համաձայնութիւն կայացուցած են: Ազրպէյճանի եւ Պաքուի պաշտօնատարներու քաղաքական որոշումներուն վրայ այդ համաձայնութեան ազդեցութիւնը նման է Արեւմտեան Ափին վրայ Իսրայէլի տիրապետութեան, այն տարբերութեամբ, որ Մահմուտ Ապպասի փոխարէն, Ատրպէյճանի կառավարման պատասխանատուն Իլհամ Ալիեւ կոչուող քաղաքակիրթ անձ մըն է:

Հ- Պատմեցէ՛ք ձեր սեփական փորձառութեան մասին: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Պաքու մեկնեցաք: Ունի՞ք այնպիսի յուշեր, որոնք կ’ուզէք ուրիշներուն հետ բաժնեկցիլ:

Պ- Ազրպէյճան առաջին այցս 1994-ին տեղի ունեցաւ:

Հ- Այդ ատեն Մոսատի անդա՞մ էիք:

Պ- Այո՛: Հետագային, իբրեւ Իսրայէլի վարչապետին ազգային անվտանգութեան խորհրդական, Ազրպէյճան ճամբորդեցի անվտանգութեան ու զինուորական պատուիրակութեան մը հետ՝ Շիմոն Փերէզի այցը նախապատրաստելու համար: Շիմոն Փերէզի պատմական այցը Թեհրանին մօտիկ Պաքու՝ Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան պատմական ամենամեծ իրադարձութիւններէն է:

Հ- Ատկէ ետք Ատրպէյճան գացա՞ծ էք:

Պ- Այո՛: 2017-էն ի վեր կը ջանամ արձակուրդներս Պաքուի ծովափին անցընել: Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է»:

Վերջ հարցազրոյցին, որ մեկնաբանութեան չի կարօտիր:

Արդեօք որքա՜ն ծիծաղեցան Իսրայէլն ու Ազրպէյճանը, երբ Հայաստան միակողմանի կերպով դեսպանատուն բացաւ Իսրայէլի մէջ, 44 օրեայ պատերազմէն օրեր առաջ, 17 սեպտեմբերին, եւ քանի մը օր ետք, 1 հոկտեմբեր 2020-ին տուն կանչեց իր դեսպանը՝ իբրեւ բողոք Ազրպէյճանին իսրայէլեան զինուորական օժանդակութիւն տալուն պատճառով: Այս ի՛նչ տհասութիւն՝ դիւանագիտական խայտառակութիւն էր: Ապրիլեան պատերազմին արդէն բացայայտ էր Իսրայէլի զինուորական օժանդակութիւնը Ազրպէյճանին (2) ինչո՞ւ դեսպանատուն բացին: Սակայն այս ալ համահունչ է այս վարչապետին ու վարչախումբին անորակ, անմակարդակ, ոչ արհեստավարժ ու ձախորդ բոլոր կատարածներուն եւ ընթացքին:

Իսկ աւելի առաջ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան անդամ, ընտրական ցուցակին 14-րդ տեղը գրաւող Ալեն Սիմոնեան, «Արմենիա» հեռատեսիլի 21 մարտ 2017-ի ժամը 20:00-ի լուրերուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Գիտէք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ (տեղեակ չէ որ ամենափոքրն է) ու ամենազդեցիկ պետութեան` Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն չունի, եւ այդ երկիրը մեր հակառակորդին զէնք եւ զինամթերք կը վաճառէ, իսկ մեր դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Եգիպտոսի մէջ»: Ապա, առանց զգալու հակասութիւնը, կ՛ըսէ, որ Հայաստանը տարանցիկ երկիր պէտք է դառնայ Իրանի եւ Վրաստանի միջեւ, աւելցնելով, որ որոշած են, ընտրուելու պարագային, նոր դեսպանատուներ հիմնել, նախ` Իսրայէլի մէջ (3): Այս աշխարհագրութիւն եւ աշխարհաքաղաքական կացութենէն տեղեակ չեղող անձը այժմ Ազգային ժողովին նախագահն է…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

10 նոյեմբեր 2021

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

(1)  https://gil-hoffman.com/2021/10/31/the-security-in-baku-for-us-is-like-the-security-in-tel-aviv/

«Ապրիլեան պատերազմին իսրայէլեան գործօնը»

(2)  https://www.aztagdaily.com/archives/302753

«Քարոզարշաւի տարօրինակ խոստում մը»

(3)  https://www.aztagdaily.com/archives/341713

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail