Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը, Մաս Ը, Հայկազեանի Հրթիռները, – Յարութ Չէքիճեան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը, Մաս Ը, Հայկազեանի Հրթիռները, – Յարութ Չէքիճեան

05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: – Աշխարհաքաղաքական:

Իրօք, կը թուի, թէ Մանուկեանին բացակայութեան 1963-ին հրթիռային աշխատանքները դանդաղած էին: Սակայն 1250 քկ կշռող «Մայրի 3»-ի յաջող, հսկայական իրագործումէն` արձակումէն ետք, կը մնար կատարելագործել. առաջին` վառելանիւթի պատրաստութիւնը, երկրորդ` հրթիռին հետ ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնը, որուն առընթեր` երրորդ, հեռաչափումի կողքին, նաեւ փորձել գետնէն կառավարել հրթիռին ուղղութիւնը, եւ չորրորդ` յարկերուն իրարմէ անջատումը: Յարկերուն բաժանումը զուտ բնագիտութեան հաշիւներով, առանց գետնէն միջամտութեան տեղի կ՛ունենար: Այսինքն նախապէս հաշուըւած պահուն վերի յարկը կայծ կը ստանար ու կ՛անջատուէր վարինէն:

Հայկազեանի 1962-1963 «Քլարիոն» տարեգիրքին մէջ էջ 35 (1), նշուած է 15 մարտ 1963-ին, Հայկազեանի մասնակցութիւնը «Ուսանողի օր»-ուան փառատօնին: «Նաւասարդ» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ Հայկազեանը կը տիրանայ երկրորդ մրցանակին (2): Լուսանկարին մէջ չ՛երեւիր բեռնակառքին վրայ ցուցադրուող հրթիռը, այլ` անոր շուրջը կանգնած ուսանողները եւ գրութիւններէն մաս մը:


1.- Հայկազեանի հրթիռներու ակումբին մասնակցութիւնը` իբրեւ «Հրթիռներու քոլեճ», «Ուսանողի օրուան» փառատօնին, 15 մարտ 1963: 2.- Հայկազեանի կենսաբանութեան տարրալուծարանը 1964-ին:

Հայկազեան քոլեճի հիմնադրութեան 10-րդ տարեդարձին նուիրուած 1955-1965 տարեգիրքին մէջ, էջ 48 (3), Մանուկեան կ՛ըսէ, որ նոյեմբեր 1963-ին երկու հաստատուն վառելանիւթով հրթիռներ արձակուեցան` «Մայրի 4-Ա» եւ «Մայրի 4-Բ»: Առաջինը` երկու յարկանի 380 սմ երկարութեամբ հրթիռ էր, (փոշի*) վառելանիւթ լեցնելու նոր կերպը փորձելու, նոր տեսակի փողածայրով, յարկերու անջատման նոր դրութեամբ եւ հրթիռի թռիչքին հետեւելու նոր հաղորդակցութեան միջոցով: «Մայրի 4-Բ»-ը, որ երեք յարկանի էր, 7 մեթր բարձրութեամբ, առաջին յարկը 20 սմ տրամագիծով, կատարեալ յաջողութիւն էր:

«Մայրի 4» հրթիռին արձակման մասին «Ազդակ» 23 նոյեմբեր 1963-ին «Լիբանանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը» խորագիրով կը գրէ (4). «Լիբանանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձին առթիւ լիբանանցի ժողովուրդը ցնծութեան երկու օրեր ապրեցաւ հինգշաբթի եւ ուրբաթ (21 եւ 22 նոյեմբեր 1963-ին*): Հինգշաբթի կէսօրէ առաջ Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտները յաջողութեամբ արձակեցին «Մայրի Դ.» հրթիռը, որ 600 քմ ճամբայ կտրեց»:


3.- «Ազդակ»-ի «Մայրի 4»-ի արձակման լուրը: 4.- «Մայրի 4»-ին նուիրուած լիբանանեան 10 եւ 5 դահեկան դրոշմաթուղթերը:

Հարկ է նշել, որ 22 նոյեմբեր 1963-ին Միացեալ Նահանգներուն նախագահը` Ճոն Քենետի սպաննուեցաւ, որուն պատճառով օրաթերթերը օրերով առաջին էջերը յատկացուցին այդ դէպքին եւ «Մայրի 4-Բ»-ի արձակումը շուքի մէջ մնաց:


5.- Եուսեֆ Ուահպէ լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան սպաներուն «Մայրի 4»-ի մասին, նախքան արձակումը, բացատրութիւններ կու տայ, 21 նոյեմբեր 1963, Տըպպայէ:

Կրկնելով նախորդ տարուան 1962-ի յաջող ցուցադրութիւնը, «Մայրի 4» հրթիռին նմանակը զինուորական փոխադրակառքով շրջագայեցաւ եւս Պէյրութի փողոցներուն մէջ` խլելով ժողովուրդին ծափերն ու բարի մաղթանքները: Արձակման պահուն ներկայ էին բանակին հրամանատարը եւ բարձրաստիճան սպաներ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ եւ շուրջ 15000 բազմութիւն: Մի՛այն մէկ աղբիւր կը նշէ, որ հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապ նաեւ ներկայ գտնուած է:


6.- «Մայրի 4»-ի արձակման պատրաստութիւն, աջէն առաջինը` Էտ Հարթ եւ երրորդը, ճերմակ շապիկով, զինուորին ետին` Հրայր Սահակեան: 7.- Հրթիռին յաջող արձակումը:

Հրթիռներու ակումբի նախագահ Հրայր Սահակեան «Հրթիռներու ակումբը» խորագիրով յօդուածին մէջ այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ 1964-ի «Նաւասարդ» տարեգիրքին մէջ, էջ 112 (5). «Ակումբիս անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը եղաւ «Մայրի 4» հրթիռին յաջող արձակումը, 21 նոյեմբեր 1963-ին: Հրթիռը կը բաղկանար 3 յարկերէ, ունէր 8 մեթր երկարութիւն, կը կշռէր աւելի քան 600 քկ, առաւելագոյն մղիչ ուժն էր 8000 քկ, բարձրացաւ 200 քմ եւ կտրեց 600 քմ միջոց: Ձայնասփիւռ հաղորդիչ մեքենայի (սարքի*) մը միջոցով, որ զետեղուած էր երրորդ յարկի գագաթին, կարողացանք չափել հրթիռին արագութիւնը, բարձրութիւնը, կտրած միջոցը եւ մթնոլորտային ճնշումը` զանազան բարձրութեանց վրայ: Իսկ առաջին անգամ ըլլալով ինքնագործ մեքենայ (սարք*) մը (դարձեալ պատրաստուած քոլեճիս ուսանողներուն կողմէ) ճշգրտօրէն եւ յաջորդաբար կարողացաւ բաժնել (անջատել*) հրթիռին յարկերը: 1963-1964 տարեշրջանին մասին կ՛ըսէ, որ ակումբին ամենաբեղուն եւ յաջող շրջանը եղաւ. «Թէեւ թիւով քիչ, սակայն մեծ կորովով եւ անընկճելի կամքով մեր անդամները մեծ գործունէութիւն ցոյց տուին` իրենց քոլեճին եւ երկրին վարկը բարձրացնելով:

«Միութեան մնայուն անդամներն են` Էտուըրտ Հարթ (բնագիտութեան դասախօս, խորհրդատու), Համբար Գարակէօզեան, Հրայր Սահակեան եւ Ժիրայր Զէնեան, իսկ օժանդակ անդամներ` Հրայր Այնթապլեան, Սարգիս Վարժապետեան, Սարգիս Սարգիս, Բենիամին Արոյեան, Ռաֆիք Պեշիր եւ Ռամզի Խուրի»:

Հրայր Սահակեան «Նաւասարդ»-ի 1963-ի թիւ 2-ին մէջ «Հրթիռները» խորագիրով, հրթիռներու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ կու տայ եւ պատմականը կը ներկայացնէ (6):

Կ՛արժէ նշել, որ «Մայրի 4»-ի նմանակ քանդակը 2013-ին զետեղուեցաւ Հայկազեան համալսարանի պարտէզին մէջ եւ երկրորդ մը` Շարժայի արուեստի թանգարանի գաւիթին մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:


ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – 8.- «Ազդակ», 25 մայիս 1964 – 24 մայիս 1964 – 9.- «Նահար»,:

1964- Մանուկեան կը նշէ, որ 23 մայիս 1964-ին արձակեցին «Մայրի 5» հրթիռը (3), որուն նպատակն էր փորձել նոր ռատիօ հաղորդիչ սարք մը, վառելանիւթ լեցնելու (փոշի) նոր կերպը եւ այսպիսի հրթիռներ իբրեւ առաջին յարկ օգտագործելու կարելիութիւնը:

Հրայր Սահակեան կը գրէ (5). «Ձմեռուան եղանակին ունեցանք ժողովներ, գիտական ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ սերտողութիւն: Գարնան աշխատեցանք կատարելագործել մեր նախկին վառելանիւթերը: Ասոր արդիւնքը եղաւ «Մայրի 5»-ի յաջող արձակումը, 23 մայիսին: «Մայրի 5»-ը ունէր 3 մեթր երկարութիւն եւ 8 ինչ (20,3*) սմ տրամագիծ, մղիչ ուժն էր 5000 քկ եւ կը կշռէր 300 քկ: Ժամական 6000 քմ արագութեամբ հրթիռը բարձրացաւ 12 քմ եւ կտրեց 45 քմ միջոց: Դարձեալ հրթիռին գագաթը զետեղուած հաղորդիչ սարքի մը միջոցով, կրցանք հետեւիլ թռիչքին»:

«Ազդակ» 25 մայիս 1964-ի թիւին մէջ «Հրթիռային փորձեր Լիբանանի մէջ» խորագիրով կը գրէ (7). «Լիբանան կը շարունակէ իր առաջին քայլերը հրթիռներու մարզին մէջ: Ճիշդ է` համեստ փորձեր, բայց գնահատելի, եթէ նկատի ունենանք մասնագէտներու տրամադրութեան տակ դրուած սահմանափակ միջոցները` հակառակ բանակի օժանդակութեան եւ կառավարութեան յատկացումներուն:

«Շաբաթ օր (23 մայիս 1964*) տեղի ունեցան երկու փորձեր: Մէկը «Աննիպալ Ա»-ի ծրագիր` առաջին անգամ ըլլալով հեղուկ վառելանիւթի գործածութեամբ, ձախողութեամբ վերջացաւ: Երկրորդ փորձը `«Մայրի 5» յաջողեցաւ:

«Արդարեւ, «Աննիպալ Ա» հրթիռը 25 մեթր բարձրանալէ ետք վար ինկաւ: Սակայն «Մայրի 5» հրթիռը 50 քմ ճամբայ կտրեց ժամական 6000 քմ արագութեամբ:

«Յիշեցնենք, որ «Աննիպալ Ա» հրթիռը շինուած էր ամերիկեան համալսարանի (AUB) «Ռաքեթ քլապ»-ին կողմէ, իսկ «Մայրի 5» հրթիռը, որ յաջողեցաւ, շինուած էր Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտներուն աշխատանքով»: Բոլոր տեղական թերթերը արձագանգեցին այս եղելութեան. «Նահար»-ի երկիմաստ խորագիրը կ՛ըսէ. «Երէկ երկու հրթիռներ արձակեցինք հեղուկ «Աննիպալ»-ը եւ հաստատուն «Մայրի»-ն»:

28 օգոստոս 2021
Շար 8/9

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին:

(1).- Clarion, 1962-1963 yearbook, Mechag press, Beirut p 35.
(2).- «Նաւասարդ», ուսանողական հանդէս Հայկազեան քոլեճի, Բ. տարի թիւ 2, 1963, տպարան «Սեւան», էջ 72:
(3).- «Tenth anniversary yearbook of the Haigazizn college 1955-1965», june 1965, Beirut, Mechag press, p 48.
(4).- «Ազդակ» ԼԷ (37) տարի թիւ 217, 23 նոյեմբեր 1963, էջ 4:
(5).- «Նաւասարդ», Հայկազեան քոլեճի Հայկական ակումբի տարեգիրք, 1964, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, էջ 112-114:
(6).- «Նաւասարդ», ուսանողական հանդէս Հայկազեան քոլեճի, Բ. տարի թիւ 2, 1963, տպարան «Սեւան», էջ 58-64:
(7).- «Ազդակ» ԼԸ .(38) տարի թիւ 67, 25 մայիս 1964, էջ 1:

haroutchekijian.wordpress.com/2021/08/28/հայ-մասնագէտները-հրթիռները-եւ-անջրպե-8/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail