ՆՇՄԱՐ. Լուրջը Կատակէն Ծանր Է – Լուրջը Կատակէն Ծանր Է – Լուրջը Կատակէն Ծանր Է – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Map of Armenia - The Roman-Parthian War 58-63 CE – World History Encyclopedia

ՆՇՄԱՐ. Լուրջը Կատակէն Ծանր Է – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՆՇՄԱՐ – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թիւերով նշուած կէտերը. 1. Ջերմուկ, 2. Սիսիան, 3. Ճակատէն, 4. Սեւ լիճ, 5. Քարահունջ

Հայաստանի մէջ 15 Նոյեմբերի առաւօտը դիմաւորեցին քաղաքական «փոքր ռումբ»ով մը, որ մասամբ քողարկեց իշխանութեան վնասարար քաղաքականութեան հետեւանքով իրականացած նորագոյն նահանջին՝ աւելի վտանգաւոր «ռումբ»ը:

Փոքր ռումբը՝ փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեանի պաշտպանութեան նախարար նշանակումն էր, իսկ վտանգաւոր ու մտահոգիչ ռումբը՝ Հայաստանի սահմաններէն ներս ազերիական նոր թափանցումներու ցաւցնող իրականութիւնը եւ զայն պարտկելու իշխանաւորներուն ձախաւեր փորձերը (վաղը կրնան արդարացնել ալ):

***

Դառն կատակի բաժին՝ Սուրէն Պապիկեանի նշանակման մասին:

1. Վարչապետ Փաշինեան դարձեալ երազ տեսած է եւ առաւօտուն արթննալով՝ որոշեր է հազիւ 3 ամիս առաջ պաշտպանութեան նախարար նշանակուած Արշակ Կարապետեանը (որ յամենայնդէպս գոնէ զինուորական է) փոխարինել իր աջ բազուկներէն (քանի մը հատ ունի, որովհետեւ ձախերը կը պահէ աւելի՛ ձախաւեր գործերու) Սուրէն Պապիկեանով:

2. Արշակ Կարապետեանի պաշտօնանկութեան մէջ պէտք է փնտռել քանի մը գաղտնիք.

Ա) Ան յանդգնած էր բանակայիններուն հրաման արձակել, որ ազերիական թափանցումներու դէմ չվարանին զէնքի դիմելու (անշուշտ զէնքի դիմող չեղաւ, որովհետեւ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող դիրքերէ մեր բանակներուն նահանջի հրահանգ ըլլալով, հպարտացող «գերագոյն հրամանատար»ին խօշին չէր գար նման արարք),

Բ) Շաբաթ մը առաջ Կարապետեան լռիկ-մնջիկ Արցախ այցելած էր եւ… զայրացուցած՝ Պաքուի «պոս»երը: Չար լեզուները կ՛ըսեն, որ Ալիեւ պահանջած է Փաշինեանէն, որ պաշտօնազրկէ անուղղայ Կարապետեանը. յիշեցում եղաւ, թէ ատենին, նախկին արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանն ալ նման ապօրինի ընթացքի մէջ բռնուած էր…:

Գ) Արշակ Կարապետեան անցեալ շաբաթ նաեւ խայտառակեց եւ «սուտ հանեց» ամենագէտ ու ամենազօր վարչապետը, որ կը յոխորտար, թէ Գորիս-Կապան բռնագրաւեալ ճամբուն փոխարէն՝ Տաթեւէն անցնող «այլընտրանքային ճամբան» պատրաստ է: Կարապետեան անխոհեմութիւնը ունեցած էր այդ ճամբէն անցնելու եւ բռնուած էր խճողումի մէջ, ոստիկաններ օգնութեան հասեր էին, որպէսզի նախարարին համար ճամբան բացուէր եւ մարդիկ տեսած էին, թէ դժբախտաբար, իսկապէս ի՜նչ խայտառակ վիճակ կը տիրէր հոն (ի դէպ, Արշակ Կարապետեան վերջին մէկ տարուան մէջ պաշտօնազրկուող երրորդ նախարարն է. Կ՛ըսուի, թէ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս աւելցուցած է «ներկիլէ»ի գործածութիւնը եւ «ներկիլէի ջուրի պէս» կը փոխէ նախարարներ ու դեսպաններ: Հարց ծագած է, թէ Դաւիթ Տօնոյեանին յաջորդները ե՞րբ իրենց կարգին պիտի նստին ամբաստանեալի աթոռին):

3. Սուրէն Պապիկեանի նշանակումով, Փաշինեան համբակութեան նոր մրցանիշ մը արձանագրած է, որովհետեւ Պապիկեան բանակային ծառայութեան օրերուն ծանր յանցանք գործած է եւ բանտարկուած (գերադաս սպայի մը վրայ յարձակած է, ուրեմն՝ քաջ տղայի համբաւ ունի), բանակէն եւ պաշտպանական հարցերէ բան չի հասկնար (ականջը խօսի դեսպան նշանակուած Լիլիթ Մակունցին, նաեւ ուրիշներու): Անոր «քաղաքական կարողութիւններուն» մասին բարի վարուց վկայական տուած է խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, հաւաստելով, որ ան պիտի ըլլայ Հայաստանի լաւագոյն պաշտպանութեան նախարարը: Սա ա՛յն Սիմոնեանն է, որ վերջերս անուղղակիօրէն արդարացուց Արցախի մէջ հայ աշխատաւոր մը գնդակահարած եւ 3 ուրիշներ վիրաւորած ազերին, ըսելով, որ այդ արարքը կատարուած էր… «րոպէական խանդավառութեան» պատճառով (Փաշինեանի անմտութիւններուն հեռուէն մրցակից այս «քալողը» չանդրադարձաւ իսկ, որ նման յայտարարութեամբ, ազերի զինեալին ձեւով մը իրաւունք կու տար: «Ի՞նչ կայ որ… Մարդը ուրախ էր, խանդավառ, զէնքը քաշեր-կրակեր է»: Չէ՞ր որ աւելի քան դար մը առաջ թուրքերն ալ նման խանդավառութիւն կ՛արտայայտէին հայեր սպաննելով…): Ի դէպ, Երկուշաբթի օր, Երեւանի մէջ ոստիկաններ ձերբակալած են խումբ մը ցուցարարներ, որոնք կը պահանջէին յիշեալ սպանեալին եղբօր ազատ արձակումը: Սպանեալին եղբայրը քանի մը օր առաջ, Շուշիի մօտերը, ազերիական անցարգելի մը պահակներուն վրայ ռումբ մը նետած էր: Եթէ Ալէն Սիմոնեանի հարցնէք, անոր արարքը «րոպէական խանդավառութիւն» կարելի չէ կոչել, այլ «խաղաղութեան նոր էջ պիտի բանանք» հաւաստիքներուն դէմ գացող յանցագործութիւն: (Ու հաւատացողներ կան, որ այս արարածները թրքական-ազերիական տրամաբանութեամբ չեն գործեր):

***

Լուրջ ու մտահոգիչ նորագոյն զարգացումները (որոնք այնքան առատ եւ եւ իրարու կը յաջորդեն ժամ առ ժամ): Հետեւեալները ընթերցելու պահուն, հետեւիլ կողքի քարտէսին:

1. Պաշտօնական աղբիւրները՝ լրատուութիւն, նախարարութիւն, կառավարութիւն, Երկուշաբթի, 15 Նոյեմբերին հաստատեցին, թէ ազերիական ուժեր նոր թափանցում մը կատարած են «Հայաստանի արեւելեան սահմանային գօտիէ մը ներս», Սիսիան-Ջերմուկ շրջանին մէջ (նկատեցի՞ք աղօտ բացատրութիւնը): Օր մը առաջ, նոյն աղբիւրները դարձեալ դիմած էին եղծումի, հերքելով (հիմնականին մէջ ընդդիմադիր կոչուող) լրատու աղբիւրներու այն տեղեկութիւնները, թէ ազերիական ուժեր ծանր զէնքերով թափանցած են Հայաստանի սահմաններէն ներս: Պաշտօնական աղբիւրներէ տրուած՝ վերոյիշեալ աղօտ հաստատումը դարձեալ պէտք ունեցաւ յստակացումի արժանանալու ընդդիմադիր աղբիւրներու կողմէ (է՜օֆ, ասոնք որքա՛ն խանգարիչ գործ կ՛ընեն), որոնք ըսին, թէ թափանցումը կատարուած է Քարահունջի գօտիին մէջ, այսինքն մօտակայքը այն գօտիին, ուր Մայիսին կատարուեցաւ առաջին ուշագրաւ թափանցումը՝ Սեւ լիճի շրջանին մէջ: Պաշտօնական հաղորդագրութիւնները հաստատեցին, որ հայկական ուժերու չորս դիրքեր նախ պաշարման տակ ինկած են, յետոյ, հայկական կողմը հակամիջոցներու դիմած է եւ ազերիները քաշուած են, սակայն իրենց դիրքերէն հեռացուած են նաեւ պաշարումէ դուրս բերուած հայ բանակայինները, կէս-բերան հաստատում կատարուեցաւ, թէ ազերիական ուժերը «կը մնան Մայիսէն ի վեր իրենց գրաւած գօտիին մէջ» (բառախաղի վարպետները կրնան նոր մրցանիշ հաստատել): Եթէ բանականութիւն եւ յիշողութիւն կոչուած «ապրանքները» չեն բթացած, օրին ալ ըսուած էր, որ հայկական ուժերը հեռացուցած էին Սեւ լիճի գօտիէն ներս թափանցած ազերիական ուժերը, սակայն փաստը այն է, որ անոնք ո՛չ միայն մինչեւ այսօր կը մնան իրենց գրաւած դիրքերուն վրայ, այլ նաեւ նոր թափանցումներ տեղի ունեցան, կ՛ունենան հետեւողական կերպով, դիրքեր կ՛ամրացուին «ինժինիրական աշխատանքներով», ճամբայ հարթելով… իշխանաւորներուն անրջած՝ «խաղաղութեան դարաշրջան»ին: Նմանապէս հպանցիկ նշուեցաւ, որ ազերիական այս նոր թափանցումին հետեւանքով, սահմանամերձ քանի մը գիւղ ինկած է իրողական պաշարումի տակ (ողջ մնայ «այլընտրանքային ճամաներ»ու հնարքը):

2. Հաստատուեցաւ նաեւ երկրորդ թափանցումի մը լուրը: Տեսաերիզներով ցուցադրուեցաւ այն ճամբան, որ կ՛երկարի Կապանէն դէպի հարաւ, Ճակատէն գիւղ: Սա չ՛իյնար այն հատուածին մէջ, որ կ՛երկարի Գորիսէն Կապան եւ մեր իշխանաւորներուն իսկ խայտառակ հաստատումով, «ազերիական հող է»: Ազերիներ, ըսուեցաւ, դիրքաւորուած են եւ ամրութիւններ կը հաստատեն այդ ճամբուն վրայ. շրջանի հայերուն զգուշացման հրաւէր ուղղուած է, որ չանցնին այդ ճամբէն (վաղը հաւանաբար յայտնի ըլլայ, որ իշխանաւորները բանաւոր համաձայնութեամբ մը ընդունած են, թէ այդ գօտին ալ «պատմականօրէն Ազրպէյճանին պատկանած է»): Ժողովուրդին թելադրուած է օգտագործել Մեղրիի ճամբան, որ, ըստ լրատու աղբիւրի մը, 10 քլմ.նոց ճամբան կը վերածէ… 100 քլմ.ի:

Ահա թէ ինչպիսի՜ «խաղաղութեան դարաշրջան» մը կը պատրաստուի այս իշխանութեան կողմէ: Ահա թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստուի «Զանգեզուրի միջանց»ին բացումը (դարձեալ աչք մը նետել քարտէսին): Եւ, հաւատացէ՜ք, հայե՛ր, որ այս իշխանութիւնը «միջանցքի հարց չի քննարկեր», սակայն երբ կը շարունակէք այս հաւատքով քնանալ եւ վստահիլ «Ապագայ կայ»ին, վաղը կրնաք նման նոր անակնկալներու դիմաց գտնուիլ, չբանակցուած միջանցքը կրնայ իրողապէս մարմնաւորուիլ բանաւոր ու գաղտնի համաձայնութեամբ, անկէ ետք, սպասեցէք, որ երկինքէն ո՛չ թէ երեք, այլ բազմաթիւ թուրք-ազերիական խնձորներ տեղան՝ «ճամբաներու ապաշրջափակման բարիքներ»ու շնորհիւ:

15 Նոյեմբեր 2021

asbarez.am/407665/նշմար-լուրջը-կատակէն-ծանր-է/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail