Ծունկի եկած Հայ զինուորը եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արենուշը – Հայաստանի վարչապետի եւ անոր շուրջ համախմբուած կապիկները – Զարեհ Եահնիեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ծունկի եկած Հայ զինուորը եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արենուշը – Հայաստանի վարչապետի եւ անոր շուրջ համախմբուած կապիկները – Զարեհ Եահնիեան

17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

2 օր առաջուայ Հայու փառապանծ Սիւնիքի մէջ ատրպէյճանցի թուրք զինուորներուն առջեւ նուաստացած եւ ծունկի եկած Հայ զինուորին երեւոյթը ոչ մտքէս կը հեռանայ ոչ ալ վրէժի ցասումս կը յագենայ․

Խրամատի մէջ ընդամէնը մէկ զինուոր իր զէնքով կը զինաթափուի եւ կը նուաստացուի ոչ թէ ազրպէյճանցիներու կողմէ այլ Հայաստանի վարչապետի եւ անոր շուրջ համախմբուած կապիկներու կողմէ ատրպէյճանցի զինուորի ձեռքով․․․

Հայկական բանակի զինուորներ՝, դուք այսօր Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներուն չափ չկաք, դուք այսօր վարկաբեկուած էք ձեր իսկ սպաներու եւ հրամանատարներու կողմէ որոնք իրենց հերթին վարկաբեկուած են իշխանութեան կողմէ․․․

Կարմիր գլխարկով հերոսներ որ երեւանի մէջ քաշքշելով կիներ եւ աղջիկներ կը ձերբակալէն աննամուս եւ անպատիւ ղեկավարներէ հրահանգներ ստանալէ ետք երբ իրենձ եղբայրը ծունկի կուգայ եւ կը նուաստանայ ոչ թէ սահմանին այլ Հայաստանի հողի վրայ․․․

Տարիներ առաջ Լիբանանի Այնճար գիւղի մերձակայքում բանակում կընէին Պէյրութ քաղաքի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մասնաճիւղը որոնց բանակավայրի մէջ բնականաբար կար 3 դրօշ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի դրօշը, Լիբանանի հանրապետութեան եւ մեր փառապանծ Եռագոյնը երբ տակաւին այն ոտնակոխ էր խորհրդային Հայաստանի եւ իր սփիւռքեան համախոհներու սրտերու մէջ․

Պատասխանատու եղբայր մը ինձ եւ 3 ընկերներուս առաջարկեց որ գիշերը յարձակում կատարենք բանակավայրի վրայ որպէսզի գողանանք դրօշակ բնականաբար նոյն եղբայրը պահակներու զգուշութեան կոչ ուղղած էր թէ այս իրիկուն բանակավայրը պիտի յարձակումի ենթարկուի եւ հարկաւոր է ուժեղացնել պահակութիւնը․

Երեկոյեան մենք 4 հոգիով սողալով հասանք դարպասի մօտ որտեղ մեզ նկատեցին եւ բարձր սուլիչի ձայնով իրար նշան տուին, պահակներէն երկուքը տղաք էին իսկ երկուքը աղջիկ, երբ ընկերներս կը փորձէին ներս սողոսկիլ չիմացայ որ անկիւնէն ստացայ գաւազանի հարուած մը ոտքէս որը իսկապէս ցաւոտ էր եւ տեսայ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի քոյր մը գաւազանը երկու ձեռքով ամուր բռնած գլխիս վրայ ով ինձ կազդարարէր, «չհամարձակիս»․․․

Բնականաբար չհամարձակեցայ երկրորդ գաւազան մը ստանալու, արդէն երկու ընկերներս եւս բռուած էին միայն մէկը յաջողած էր մուտք գործել բանակավայր բայց մինչեւ դրօշակին մօտենալը ինք եւս ձերբակալուած էր․․․

16-18 տարեկան տղաք եւ աղջիկներ դրօշակի եւ բանակավայրի պատիւի համար կռիւ տուին օտար հողի վրայ իսկ այսօր Հայ զինուորը իր հողին վրայ ծունկի կուգայ թշնամիի առջեւ, պարզապէս մարսելու բան չէ, խօսելու բան չէ, խելագարուելու բան է․

Հայ զինուոր՝, ես քեզ չեմ ճանչնար սակայն իմացիր որ դուն քու ամբողջ կեանքը պիտի ծունկի եկած ապրիս, Սրիկայ Հայ ղեկավարներ ես ձեզ եւս չեմ ճանչնար սակայն իմացէք որ ձեր ամբողջ կեանքը թշնամիի յետոյքը լիզելով պիտի ապրիք եւ գեղեցիկ օր մը մայթի վրայ պիտի սատկիք․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail