ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Դեսպան Ստեփան Դաւթեան Պետերբուրգի Մէջ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Դեսպան Ստեփան Դաւթեան Պետերբուրգի Մէջ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մելիքներուն Դիմումը
Զօրավար Փոթեմքինի

Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի
Յանձնարարութիւնները Եւ Նամակագրական Կապերը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պետերբուրգ

Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսին կողմէ ռուսական կառավարութեան մօտ Արարատեան դեսպան տիտղոսով հայութեան ներկայացուցիչ նշանակուած էր Ստեփան Դաւթեան:

Կաթողիկոսին յանձնարարական գրութիւնը եւ երեւանցիներու համախօսական խնդրագիրը առնելով Ստեփան ճամբայ ելաւ դէպի Թիֆլիս:

Նախազգուշական նկատառումներով, կաթողիկոսին յանձնարարական գրութիւնը հասցէագրուած էր ոչ թէ ցարական արքունիքին, այլ` Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին:

Ստեփան, կաթողիկոսին յանձնարարականը հիմք ունենալով, Թիֆլիսէն միջնորդագիրով դիմեց զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի:

Իր կարգին Փոթեմքին տեղեկագիրը ուղարկեց Պետերբուրգ, Ստեփանը ներկայացնելով իբրեւ «միանգամայն ազնիւ անձնաւորութիւն», եւ արքունիքէն խնդրեց պատշաճ հովանաւորութիւն ցոյց տալ անոր:

***

Հասաւ 1784-ի ամառը, բայց դէպի Անդրկովկաս ռուսական արշաւանքը չսկսաւ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան տագնապի մատնուեցաւ եւ իր նամակներուն մէջ սկսաւ հիասթափութիւն ու կասկածներ արտայայտել. արդեօ՞ք իրենց աղերսները բաւարար են, որ ռուսական զօրքը շարժի դէպի Հայաստան:

Ղուկաս Ա. կաթողիկոս 1 օգոստոս 1784 թուակիր նամակ ուղարկեց Յովսէփ արքեպիսկոպոսի եւ Ստեփանը արքունիք ուղարկելու մասին տեղեակ պահեց զայն: Կաթողիկոսը կ՛ըսէր. «Սիրելի որդին մեր եւ եղբայրն Սահակ վարդապետի, պարոն Ստեփանոսը, ըստ գրելոյդ ահա եկն առ քեզ ընդ պարոն Գաբրիէլն, յորոց կողմանէ զբան ինչ ոչ էիր գրեալ թէպէտ, բայց որովհետեւ խնդրեալ էիր, ահա դիմեաց առ քեզ, եւ մեք եւս վասն ճանապարհին քանի մի թուման խարճի ետուք, որոց գալն ի հարկէ շահելոց է ի քէն»:

***

Ռուսական ազատարար բանակին ակնդէտ սպասող Արցախի մելիքները պատգամաւոր ուղարկեցին զօրավար Փոթեմքինի մօտ եւ խնդրեցին Անդրկովկաս ուղարկել առնուազն երկու գունդ, որոնք Վրաստան գտնուող երկու գումարտակներուն եւ հայ զօրքերուն միանալով բաւարար կ՛ըլլան քրիստոնեաները իսլամներու անտանելի լուծէն ազատելու համար:

Մելիքները կը գրէին. «Այժմ յարմար ժամանակն է ամէն տեսակ գործողութիւններ սկսելու համար, որովհետեւ առիւծները որջերու մէջ քնած են, իսկ աղուէսները դաշտերու մէջ աներկիւղ կը պտտին»:

Մելիքները կը հաւաստիացնէին ըսելով որ երբ ռուսական զօրքերը սկսին շարժիլ դէպի Ղարաբաղ, իրենք իսկոյն կը հաւաքեն իրենց զօրքերը` ոչ պակաս քան հինգ հազար ամենաքաջ մարդիկ` թէ՛ ձիաւոր եւ թէ հետեւակ: Հայեր ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Իպրահիմ Խալիլ խանը խորտակելու համար եւ այդ գործին մէջ օգնութիւն կը գտնեն նաեւ խանին քանի մը ազգականներէն, որոնք միացած են հայերուն: Ռուսերը կրնան զօրք ուղարկել որքան որ կը կամենան, վստահ ըլլալով որ առատ պաշարեղէններ պատրաստուած են երկար ժամանակի համար: Հացի մեծ պաշար կայ հայերուն մօտ, եւ բացի ատկէ, յատկապէս ռուսերուն համար մեծ քանակութեամբ ձուկ պատրաստուած է:

***

Ստեփան Դաւթեան Թիֆլիսէն ճամբայ ելլելով 23 օգոստոս 1784-ին հասաւ ռուսական սահման: Սահմանին վրայ զայն երկար չպահեցին: Զօրավար Փոթեմքինի կարգադրութեամբ ան անմիջապէս ուղարկուեցաւ Պետերբուրգ` իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի տրամադրութեան տակ: Թէեւ Ստեփանի յանձնարարուած էր նախ Աստրախան երթալ եւ Յովսէփ արքեպիսկոպոսի հետ հանդիպիլ ու հաշուի առնել անոր խորհուրդները, սակայն ատիկա հնարաւոր չեղաւ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս, Ստեփանի Պետերբուրգ մեկնելու լուրը առնելուն պէս Աստրախանէն գնաց Ղզլար` զօրավար Փոթեմքինի հետ անձամբ խօսելու համար: Միաժամանակ ան, 10 սեպտեմբեր 1784 թուակիր նամակ ուղարկեց իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի եւ խնդրեց, որ օգնէ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան: Նամակին մէջ պատկերաւոր ձեւով ներկայացուած էին հայութեան ազատագրական ձգտումները. «Զարթեան եւ բնակիչքն Արարատեան եւ ցանկան ի ձեռն ձերոյ պայծառափայլութեան բարի միջնորդութեամբն ազատիլ ի դառն ծառայութենէ նեղչաց իւրեանց, զանկեալ թագն կանգնել եւ վերստին նորոգել զմանկութիւն ազատութեան իւրեանց իբրեւ զարծուի: Ուստի փութացան առաքել առ ձեզ ամենախոնարհ աղաչանօք իւրեանց Ստեփանն Սահակեան, այր հանճարեղ եւ երկայնամիտ եւ ի բանս խորհրդական, որ մինչեւ ցայժմ ի բազում բանս պիտոյացեալ է Պաւէլ Սերգէեւիչին ի տեղւոջէ իւրմէ: Վասն որոյ խոնարհաբար խնդրեմ մի՛ ընդունայն համարել խնդիր նոցա, այլ տալ զօգնութիւն ըստ յուսոյ իւրեանց եւ լինիլ նոցա առիթ փրկութեան եւ արձանագրել զանձն մեծի կայսրուհւոյն ի մէջ Արարատայ ի տեսիլ աշխարհի թէ` սա է փրկիչն ազգին հայոց եւ թողուլ վասն ձեր անուն յաւիտենական»:

Ռուսահայոց առաջնորդը իշխանէն կը խնդրէր նաեւ, որ երբ ան հայոց դեսպանին հետ գործը վերջացնէ եւ զայն ետ ուղարկելու ըլլայ, թոյլ տայ իրեն եւս վեց ամիսով դեսպանին հետ երթալ Հայաստան` որպէսզի կաթողիկոսին հետ տեսակցի եւ յուսադրէ իր հայրենակիցները յառաջիկայ ազատագրման յոյսով:

***

Ստեփան Դաւթեանի Պետերբուրգ ժամանելու կապակցութեամբ Յովսէփ արքեպիսկոպոս 18 հոկտեմբեր 1784 թուակիր նամակ գրեց Յովհաննէս Լազարեանի եւ խնդրեց հովանաւորել զայն: «Մենք եղանք զայն այստեղ բերելու պատճառը, ուստի պարտաւոր ենք հոգատար ըլլալ անոր նկատմամբ», կը գրէր արքեպիսկոպոսը եւ կ՛աւելցնէր. «Թէեւ ոչ գիտեմ որպէս է լինելոյ վախճան գործոյն դորա»:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս նման խնդրանքով դիմեց նաեւ հրատարակիչ Գրիգոր Խալդարեանի: «Պանդխտութեան սփոփիչ լինիցիս… եւ իւրն օգնական… ըստ հրամանի Պաւլ Սերգէիչին գրեցի գալ, ուրեմն պարտի ինքն օգնութիւն առնել նմա եւ շնորհակալութեամբ ճանապարհել»:

***

Յովսէփ արքեպիսկոպոս, լուր ստանալով որ Ստեփան Պետերբուրգի մէջ արդէն գործի անցած է, անմիջապէս նամակ գրեց անոր եւ յանձնարարեց, որ ան իւրաքանչիւր շաբաթ իր գործերու ընթացքի մասին տեղեկութիւն հաղորդէ իրեն. «Ինչ պատասխան եւ դիտմունքն մեծին եւ խնամակալին` յիւրաքանչիւր փօշտի գրեսցես շաբաթու եղելութիւն»:

Արքեպիսկոպոսը այն համոզումը ունէր որ ռուսական արքունիքը Հայաստանէն լիազօր դեսպան պահանջած է, որպէսզի Գէորգիեւսկի ամրոցին մէջ կնքուած ռուս-վրացական դաշնագիրին օրինակով դաշնագիր կնքուի նաեւ հայերու հետ: Հետեւաբար ան նամակին հետ Ստեփանի ուղարկեց դաշնագիրին պատճէնը` հետեւեալ յանձնարարականով. «Յանցեալ ամիս, մինչդեռ սոքա (այսինքն` ռուսական արքունիքի ղեկավար շրջանները) յոյժ ջերմ էին ի փրկութիւն մերազնէիցն եւ երկրին, մեք դաշնագրութեան տեսակ եւ կամ նիւթ ինչ պատրաստեալ էաք, որոյ սաւատն (այսինքն` պատճէն) այժմ ուղեւորիմ առ քեզ ցուցանել ում պատշաճ տեսանես»:

Քանի մը օր ետք, հոկտեմբեր 24-ին Յովսէփ արքեպիսկոպոս երկրորդ յանձնարարական նամակ գրեց Ստեփանի եւ անհրաժեշտ համարեց նշել անոր ստանձնած առաքելութեան բացառիկ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի եւ անոր դարաւոր պատմութեան առջեւ: Արքեպիսկոպոսը կը շեշտէր ըսելով. «Հոգի որդի, ոչ եթէ դու դեֆութաթ, այսինքն դեսպան եւ կամ միջնորդ ես յԵրեւանու, այլեւս` բոլոր ազգին հայոց եւ ողորմելի մելիքացն Ղարաբաղու, որք մինչեւ ցայսօր լցին աղաղակաւ յականջս դոցա եւ մեր: Եւ մեր բոլոր թղթոց թարգմանութիւնն, որպէս Վարդանն գիտէ, առ դոսա է, ուրեմն եւ ի դիմաց նոցա պարտիս բողոքել: Ահա հասեալ է ժամն կամ փառաւորեսցի ազգ մեր կամ կանգնեսցի ըստ ծերունւոյն եւ կամ անկեալ գլորեսցի, ուրեմն պնդեա զմէջս քոյ արիական հոգով` ի բաց դնելով զայնս մտածմունս ամենայն, որք խափանիչք լինիցին բարւոյ յառաջդիմութեան այդմիկ, զի եթէ կատարումն լիցի բարւոյ հիմանդ այդմիկ շինուածոյ, թողուս վասն անձինդ, ընտանեացդ եւ բոլոր ազգիդ յիշատակ եւ անուն բարի ի դարս եւ ի ժամանակս, իսկ եթէ անկատար մնասցէ դու (լիցիս) իբր զմի վշտակիր անդամ հասարակութեան ազգին»:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Ստեփանէն պահանջեց, որ ռուսական պալատական բարձր շրջանակներուն մէջ ինքզինք պահէ իբրեւ «աղա», եւ չստորանայ. «Զքեզ երեւելի ոք ձեւասցուսցես»:

***

Արցախի լեռնաշղթայ

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, արքունիքին առջեւ Ստեփան Դաւթեանի հեղինակութիւնը բարձրացնելու եւ զայն ոչ միայն Արարատեան աշխարհի, այլ` ամբողջ Հայաստանի դեսպան ներկայացնելու ցանկութեամբ, 5 փետրւար 1785 թուակիր նամակ ուղարկեց Գանձասար` Աղուանից Յովհաննէս կաթողիկոսին եւ խորհուրդ տուաւ անոր գրութիւն ուղարկել արքունիք եւ յայտնել, որ Ստեփանոս «որպէս թէ եւ ձեր կողմանէ է», այսինքն` ձեր լիազօր ներկայացուցիչն է: Այս հիմամբ Ստեփան իրաւունք կ՛ունենար հանդէս գալու իբրեւ Արցախի լիազօր եւ խօսելու նաեւ արցախցիներու մասին ու ներկայացնելու անոնց տագնապալի վիճակը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս զգուշացուց Յովհաննէս կաթողիկոսը ըսելով որ յարմար ժամանակ է եւ առիթը պէտք չէ փախցնել: Նամակին մէջ ան կը շեշտէր ըսելով. «Գիտասջի՛ք, զոր ինչ լինելոց է, ցայսմ ամի կատարումն լինելոց է: … Ահա վերջն է բանին, հայցեմ աներես չառնել: Ստեփանին շատ յարգանօք ունին եւ յուսադրեն»:

Արքեպիսկոպոսը ցանկալի կը համարէր նաեւ, որ Յովհաննէս կաթողիկոս առանձին գրութիւն ուղարկէ Յովհաննէս Լազարեանի եւ յայտնէ, որ զինք կը ճանչնան իբրեւ զիրենք հոգացող անձնաւորութիւն:

***

Պետերբուրգ կայսերական պալատը

Ստեփանոս Դաւթեան Պետերբուրգի արքունիքին մէջ ընդունուեցաւ իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի կողմէ: Արարատեան դեսպանը իր ձեռքին ունէր զինք առաքողներուն լիազօրագիրերը, որոնք սակայն հաստատուած չէին Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Բան մը, որ կասկած յարուցեց արքունիքին մէջ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս անմիջապէս նամակ գրեց կաթողիկոսին եւ խնդրեց փութով Ստեփանի լիազօրութիւնը հաստատող գրութիւններ ուղարկել. «Աղաղակէ նա անտի (այսինքն Ստեփան), որ տէրդ իմ փութով հասուսցէ ձեր իմն յանձնարարական եւ ըստ յառաջագոյն բողոքիս համեմատ առ բամբիշն (այսինքն` կայսրուհին), առ քնեազն եւ առ մեր իշխան աղայ Յովհաննէսն, որպէս յառաջ ես գրած եմ, եթէ հաճեալ իցես եւ կամ յաճեսցիս, հայցեմ մի օր յառաջ… աղաչեմ եւ եւս լսող լինել ձայնի աղաղակիս եւ կատարել չհայեցուածս իմ յօգուտ հասարակութեան մերոյ»:

Իր նամակին մէջ արքեպիսկոպոսը կը խնդրէր նաեւ, որ կաթողիկոսը Ստեփանի տուած բնագրին մէջ զայն ներկայացնէ իբրեւ ազնուական մէկը. «Պսակի (այսինքն` Ստեփանի, ատիկա անոր ծածկագիր անունն էր) մագագիրն ազնիւ գրեսցես, որպէս թէ ազնուաց է` առաւել յարգանք ինքնեան եւ գործոյն»:

Ղուկաս Ա. կաթողիկոս յապաղեցաւ կատարելու Յովսէփ արքեպիսկոպոսի խնդրանքը եւ պահանջուող գրութիւնները չուղարկեց:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կրկին դիմեց կաթողիկոսին, կրկին խնդրեց: 3 ապրիլ 1785 թուակիր նամակին մէջ ան կաթողիկոսին կը գրէր, որ Ստեփանը Պետերբուրգի մէջ կը յուսադրեն եւ կը պահեն, բայց գործին աւարտը չերեւիր. «Ա՜խ թէ ձերոյ գիրն հասցէ նմա մինչդեռ անդ է, որ խիստ կսկծանօք հայցէ»:

Ղուկաս կաթողիկոս կրկին յապաղեցաւ ուղարկելու Ստեփանի լիազօրագիրը:

www.aztagdaily.com/archives/529355

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail