Մեծն Բրիտանիոյ Մէջ Առաջին Քայլը Նետուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղութեամբ. Տակաւին Շատ Գործ Կայ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Կ՛ուզեմ փարատել որոշ թիւրիմացութիւններ՝ անցեալ շաբաթ Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծին մասին:
Որոշ զեկոյցներու մէջ լուրը ճիշդ կերպով նկարագրուեցաւ՝ իբրեւ ներկայացուած օրինագիծի պարզապէս առաջին ընթերցում։ Ուրիշներ այդ մէկը խեղաթիւրեցին՝ իբրեւ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչում: Որոշ վերլուծաբաններ նաեւ աւելի հեռու երթալով, սխալ եզրակացութիւն ըրին՝ դիտել տալով, որ բրիտանական կառավարութիւնը որոշած է այս հարցով հայերուն սատարել՝ Թուրքիոյ դաս մը տալու համար:
Ասիկա Մեծն Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի Համայնքներու պալատին մէջ՝ Մասնաւոր անդամներու օրինագիծի օրակարգով: Նախապէս թեման բարձրացուած է Օրուան առաջարկներու օրակարգով, որ անարդիւնաւէտ միջոց մըն է՝ նիւթը մինչեւ ճանաչում հասցնելու համար:
Ահաւասի՛կ ներկայացուած թիւ 190 58/2 օրինագիծին ամբողջական գրութիւնը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը» վերնագիրով:
«Օրինագիծ, որ պիտի պահանջէ Նորին Վսեմութեան կառավարութենէն՝ պաշտօնապէս ճանչնալ 1915էն 1923 թուականներուն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինպէս նաեւ առնչակից նպատակներու համար:
«Հաստատել զայն Նորին Վսեմութիւն թագուհիին կողմէ, հոգեւոր, աշխարհիկ եւ Համայնքներու լորտերու խորհուրդով եւ համաձայնութեամբ, ներկայ խորհրդարանին մէջ եւ նոյն հեղինակութեամբ՝ հետեւեալ կերպով.
«1. Ցեղասպանութեան ճանաչում. Նորին Վսեմութեան կառավարութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ընդունի, որ 1915էն 1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ հայերու սպանութիւնները ցեղասպանութիւն էին:
«2. Ոգեկոչում եւ կրթութիւն. ա) Պէտք է ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ամէնամեայ ոգեկոչում, որ կրնայ մաս մը ըլլալ ցեղասպանութիւններու աւելի լայն ոգեկոչումի. բ) Պետական քարտուղարը պէտք է խրախուսէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերու մասին կրթութիւնն ու հանրային ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութիւնը՝ մարդկութեան դէմ գործուած ժամանակակից յանցագործութիւններուն եւ ռազմական յանցագործութիւններուն:
«3. Մեկնաբանութիւն. Այս օրէնքին մէջ «ցեղասպանութիւն»ը ունի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրի 2րդ յօդուածին եւ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 6րդ յօդուածին մէջ տրուած նշանակութիւնը. «Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»ը ունի Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 7րդ յօդուածին մէջ տրուած նշանակութիւնը. «պատերազմական յանցագործութիւններ»ը ունին այն նշանակութիւնը, որ տրուած է Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 8րդ յօդուածին մէջ:
«4. Տարածումը, մեկնարկը եւ կրճատ անուանումը. ա) Այս օրէնքը կը տարածուի ամբողջ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ. բ) Այս օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ ընդունման օրէն»:
Օրինագիծը ներկայացուած է 9 Նոյեմբեր 2021ին՝ տասը վայրկեանի կանոնակարգով, խորհրդարանի պատգամաւորի մը կողմէ: Թէեւ ոեւէ անդամ իրաւունք ունի դէմ արտայայտուելու օրինագիծի ներկայացման, ո՛չ ոք ըրաւ այդ մէկը: Օրէնսդրութեան ընդունման գործընթացը երկար է ու բարդ:
Հայաստանի համար համակուսակցական խորհրդարանական խումբի նախագահ, խորհրդարանի անդամ Թիմ Լաթընի ընտրական շրջանին մէջ հայեր չկան: Մասնաւոր անդամներու օրինագիծը, զոր ան ներկայացուցած էր, ունէր 15 համահեղինակ՝ քաղաքական վեց տարբեր կուսակցութիւններէ՝ Պահպանողական կուսակցութիւն, Աշխատաւորական կուսակցութիւն, Ազատական-դեմոկրատներ, Սկովտիոյ ազգային կուսակցութիւն, Դեմոկրատական միութենական կուսակցութիւն եւ Ուէլզի կուսակցութիւն (Plaid Cymru): Իր խօսքին մէջ Լաթըն շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր նախագահ Անեթ Մոսքոֆեանի՝ «անոր օգնութեան ու աջակցութեան համար՝ ինչպէս Հայաստանի համար համակուսակցական խորհրդարանական խումբին, այնպէս եւ օրինագիծի նախապատրաստման համար»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին. «Ուրախ եմ տեսնել եւ կրնամ հաստատել այս երկուքին ներկայութիւնը այցելուներու սրահին մէ»ջ:
Յաջորդ քայլը՝ օրինագիծին երկրորդ ընթերցումն է, որ կրնայ տեղի ունենալ 22 Մարտ 2022ին: Սակայն յայտնի չէ, թէ արդեօք այս օրինագիծը կ՛ընդունուի՞ այդ օր, որովհետեւ անիկա կառավարութեան աջակցութիւնը չվայելող օրինագիծ մըն է: Կը նախատեսուի յառաջիկայ տարի նմանատիպ օրինագիծ մը ներկայացնել Լորտերու պալատին:
Այս օրինագիծը հիանալի հնարաւորութիւն կու տայ Մեծն Բրիտանիոյ բարձրացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Թրքական կառավարութիւնն ու լրատուական միջոցները հրապարակային առարկութիւն չեն ըրած այս օրինագիծի ներկայացման առթիւ:
Այսուամենայնիւ, թրքական կառավարութիւնը, հաւանաբար, լոպիինկ կ՛իրականացնէ անոր ընդունումը արգելափակելու համար: Արդէն իսկ թուրքերը եւ կիպրացի թուրքերը, որոնք օրինագիծի հովանաւորներէն պատգամաւոր Իան Տանքըն Սմիթը ընտրողներն են, իրենց վրդովումը յայտնած են անոր աջակցութեան կապակցութեամբ: Համայնքներու պալատին մէջ օրինագիծի առաջին ընթերցումէն ընդամէնը օրեր առաջ, թրքական ճաշարանի մը մէջ կազմակերպուած էր Սմիթի ի պատիւ դրամահաւաքի ընթրիք մը, որուն մասնակցած էին բազմաթիւ թուրքեր: Միջոցառումը մասամբ հովանաւորուած էր Turkish Airlines-ի եւ Cyprus Paradise-ի կողմէ, որ «դէպի (Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած) Հիւսիսային Կիպրոս զբօսաշրջութիւններու ամէնէն մեծ կազմակերպողն է»: Թրքական համայնքի անդամները ըսած են, որ ապագային պիտի չաջակցին Տանքընի:
Ներկայացուած բոլոր օրինագիծները պէտք է երեք ընթերցումէ անցնին՝ խորհրդարանի երկու պալատներուն մէջ: Անոնք նաեւ պէտք է անցնին երեք փուլերէ՝ յանձնախումբ, հաշուետուութիւն եւ քննարկում: Եթէ այս օրինագիծը յաջողութեամբ անցնի նշեալ բոլոր փուլերէն, ապա անիկա անմիջապէս կը ներկայացուի թագաւորական համաձայնութեան:
Հակառակ հայ զանազան փորձագէտներու սխալ վերլուծութիւններուն, այս օրինագիծը չի վայելեր բրիտանական կառավարութեան աջակցութիւնը: Ասիկա պարզապէս Թիմ Լաթընի եւ քանի մը այլ պատգամաւորներու նախաձեռնութիւնն է: Երբ գայ օրինագիծի ընդունման պահը, բրիտանական կառավարութիւնը հաւանաբար պիտի փորձէ արգելափակել զայն: Ինչպէս Լաթըն յիշեց իր խօսքին մէջ, 1999ին Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամօթալի կերպով յայտարարած է. «Հաշուի առնելով Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու (քաղաքական, ռազմավարական, առեւտրական) կարեւորութիւնը… (Հայոց) Ցեղասպանութեան ճանաչումը գործնական օգուտ չի բերեր Մեծն Բրիտանիոյ»:
Բրիտանական կառավարութիւնը չէ փոխած իր ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: Իրականութեան մէջ, Մեծն Բրիտանիա ընդլայնած է իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՝ անցեալ տարի 25 միլիառ տոլարի առեւտրային գործարք կնքելով անոր հետ:
Կը յուսանք, որ այս տարուան սկիզբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերահաստատումը խթան հանդիսանայ՝ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ:
Բրիտանական կառավարութիւնը, որ շատ լաւ տեղեակ էր Հայոց Ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն, նոյնիսկ այն պահուն, երբ անոնք տեղի կ՛ունենային, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ անիկա ոչ թէ վերջին, այլ առաջին պետութիւնը պէտք էր ըլլար: Այսուամենայնիւ՝ լաւ է ուշ, քան երբե՛ք: Բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ պէտք է ճնշում գործադրեն բրիտանական կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս փոխէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման գծով: Անոնք պէտք է հեղեղեն պատգամաւորներու աշխատասենեակները հաղորդագրութիւններով՝ ներկայացուած օրինագիծին աջակցելու կոչ ուղղելով անոնց:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.am/407957/մեծն-բրիտանիոյ-մէջ-առաջին-քայլը-նետու/