Այդկէ մենք ալ ունինք – Ոչ Մասնագէտ ներկարարը եւ այսօրուայ բոլոր ընդդիմադիրները անխտիր – Զարեհ Եահնիեան
29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
«Այդկէ մենք ալ ունինք»
Ոչ Մասնագէտ ներկարարը եւ այսօրուայ բոլոր ընդդիմադիրները անխտիր․
Ներկայի քաղաքական դաշտը ինձ յիշեցուց մօտիկ անցեալի Լիբանանեան զաւեշտալի եղելութիւն մը;
Տարիներ առաջ կար նիւթականով համեստ ընտանիքի հայր մը ով բանուորական գործեր կընէր ծանօթներու մօտ որոնք իր աշխատանքի դիմաց կը վարձատրէին զինք, վարպետը երբ ծանօթի մը տունը կը ներկեր տնեցիները միշտ իրէն կը հրաւիրէին սեղան միասին ճաշ ուտելու եւ գաւաթ մըն ալ օղի խմելու, այս երեւոյթը համարեայ ամէն օր, օր մը խորոված ուրիշ օր մը Հաւ, օղի աղանդերներ եւ հաճելի խօսակցութիւն սեղանի շուրջ որմէ ետք վարպետը արդէն ուժ չէր ունենար աշխատելու ու կը մեկներ տուն․
Աշխատանքային օր մըն ալ նորէն կը հրաւիրեն սեղան վարպետը ձեռքերը իրար շփելով կը մօտենայ ճաշասենեակի դրան ու կը տեսնէ սեղանին վրայ պանիր, կարագ, խաշած հաւկիթ, կանաչեղէն, թէյ, այս տեսնելով կըսէ երթամ ներսի սենեակն էլ ներկեմ այդ ճաշէն մենք ալ ունինք տունը, ու առանց սեղան նստելու կը վերադառնայ իր աշխատանքին․․․
Յարգելի եւ Սիրելի ընդդիմադիրներ որ ժողովուրդին կը հրաւիրէք հրապարակներ խօսելով, ճար ըսելով, ետեւ ետեւի նախակրթարանի հանդէսի պէս ելոյթ ունենալով կուզէք որ հրապարակ իջնենք, «այդ խօսողներէն մենք ալ ունինք մեր տանը» հետեւաբար մտածեցէք ուրիշ բանով մեզ գայթակղել, մենք եւս լուրերուն ծանօթ ենք, մենք եւս վտանգը կը տեսնենք, մենք եւս ուղեղ ունինք վերլուծելու, մենք եւս կորուստներ ունինք եւ ֆիզիկական եւ նիւթական միակ տարբերութիւնը մեր եւ ձեր մէջ համակիրի եւ ղեկավարի տարբերութիւնն է իսկ եթէ մենք եւ դուք պիտի գտնուինք նոյն հարթակի վրայ ապա որն է տարբերութիւնը մեր եւ ձեր մէջ (Թէ վատ խօսեմ թէ վատ անեմ դու էլ ինձ վատ պատիժ տաս հապա որն՞ է տարբերութիւն իմ եւ քո մէջ ով Աստուած) այսպէս ըսած էր Օմար Խայյամը․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան