ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսի Վերապահ Դիրքորոշումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
02 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Գանձասարի Ժողովը Եւ Յովհաննէս Կաթողիկոսի Ու Մելիքներուն Կալանաւորումը Շուշիի Բերդին Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, Արցախի մելիքները եւ անոնց աջակիցները եռանդուն աշխատանք կը տանէին, հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ուղղութեամբ հնարաւորին չափով ժամանակէն շուտ փութացնելու ռուսական ռազմական օգնութիւնը:
Պետերբուրգի մէջ Արարատեան դեսպան Ստեփան Դաւթեան կը սպասէր Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին ուղարկելիք լիազօրագիրին, այդ հիմամբ շարունակելու համար ռուս պետական շրջանակներուն հետ իր բանակցութիւնները:
Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս վերապահութեամբ կը հետեւէր ռուսերու հետ տարուող բանակցութիններուն, զգուշաւորութիւն կը թելադրէր եւ հակառակ Յովսէփ արքեպիսկոպոսի կրկնակի խնդրանքներուն, յարմար չգտաւ լիազօրագիր ուղարկելու Ստեփանի:
Կաթողիկոսը լաւ գիտէր, որ պարսկական գործակալներ ուշի-ուշով կը հետեւին Էջմիածնի մէջ տեղի ունցող անցուդարձերուն, եւ բաւական էր, որ անոնք իմանային, որ Երեւանի հայութիւնը ներկայացուցիչ ուղարկած է Ռուսաստան` ռազմական օգնութիւն խնդրելու համար, սուրի կը քաշէին Էջմիածնի միաբանութիւնը եւ Արարատեան նահանգի ամբողջ հայութիւնը, եւ այդ ժամանակ ո՞վ անոնց ձեռքը պիտի բռնէր:
***
Ստեփան Դաւթեանի լիազօրագիր ուղարկելու հարցով Ղուկաս կաթողիկոս եւ Յովսէփ արքեպիսկոպոս տարակարծութիւն ունեցան:
Կաթողիկոսին կողմէ Արարատեան դեսպանին նկատմամբ ցուցաբերուած անուշադրութեան գծով Յովսէփ արքեպիսկոպոս նամակ գրեց Ստեփանի եղբօր` Իսահակ վարդապետին, որ այն ժամանակ Պոլսոյ մէջ Էջմիածնի նուիրակ էր: Նամակին մէջ ան կ՛ըսէր. «Վասն եղբօրդ, գրեալ էի վեհապետին թէ` այսինչ եւ այնինչ գրեա վասն նորա առ տիրուհին եւ այռ այլս: Որքան աղաչեցի, ոչ երբեք օգտեցայ: Այժմ պատասխանէ մեզ թէ` մեք կարծեմք նա այժմ ոչ լինի յայդր, կամ առ քեզ լինելոց է եւ կամ առ եղբայրն է անցեալ. ահա տղայական բանք»:
Շարունակելով` Յովսէփ արքեպիսկոպոս յուսահատական շեշտով իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր ոչ միայն Ստեփանի նկատմամբ կաթողիկոսի անհոգութեան համար, այլեւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան նկատմամբ անոր անտարբերութեան վերաբերեալ. «մեք ջանացաք անմտութեամբ վասն ազգին եւ ժամանակն յաջող էր յոյժ, սական թշուառութիւն նորա կասոյց զմեզ ի յոսոյն մերոյ, մնաց մեզ վարձ վաստակն եւ աշխատանքն մեր. ես աստ տնքամ եւ նա` անդ, յայսպիսի դառն ժամանակի մեռնելս է բարւոք»:
Իսկ Պետերբուրգի մէջ Ստեփանի ունեցած հեղինակութեան գծով կը գրէր. «Նա անդ թէպէտ ի յարգանս կայ եւ մերքն ամենեքեան սիրեն եւ հաւանին խելացն, բայց ի՞նչ օգուտ, ուստեքէ օգնութիւն չեղեւ մեզ»:
***
Աղուանjց հակաթոռ Իսրայէլ կաթողիկոս իր աթոռանիստ Երից Մանկանց վանքէն հեռացած եւ Գանձակի մէջ բնակութիւն հաստատած էր: Հաւանաբար, իր այդ քայլով ան կը ջանար Իպրահիմ Խալիլ խանի ազդեցութենէն դուրս ելլել, անոր հետապնդումներէն եւ ճնշումներէն խուսափիլ, ինչպէս նաեւ Դերբենդի, Շիրվանի, Շամախիի, Շաքիի եւ Պաքուի հայկական համայնքները իրեն ենթարկել:
Իսրայէլ կաթողիկոս առերես հաշտուած էր իր վաղեմի մրցակից Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին հետ, եւ հին տարակարծութիւնները հարթուած կը թուէին:
Իսրայէլ կաթողիկոս Գանձասարի վանքին մէջ մասնակցած էր գաղտնի ժողովներու, եւ այլ հոգեւորականներու հետ խաչի ու Աւետարանի վրայ հանդիսաւոր կերպով երդում ըրած էր, ուխտելով հաւատարիմ մնալ հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործին:
Սակայն Իսրայէլ կաթողիկոս միաժամանակ գաղտնի կերպով կապ կը պահէր եւ բանակցութեան մէջ էր Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ, այն հիմամբ որ եթէ Ղարաբաղի խանը Յովհաննէս կաթողիկոսը հեռացնէ եւ Գանձասարի վանքը իրեն տայ, ինք կը խոստանայ հաւատարիմ մնալ խանին:
Իպրահիմ Խալիլ խան, Արցախի հայոց եկեղեցական նուիրապետութիւնը իր ձեռքերուն մէջ ունենալու եւ միաժամանակ մելիքութիւնները կազմալուծելու համար, աջակցեցաւ Իսրայէլ կաթողիկոսին: Խանը հաւատացած էր որ ժամանակը եկած է իր հօր սկսած գործը աւարտին հասցնելու եւ տէր դառնալու ամբողջ Արցախի:
***
Ջրաբերդի մելիք Մեջլում, Գիւլիստանի մելիք Աբով, Դիզակի մելիք Բախտամ եւ հոգեւոր ու աշխարհական ներկայացուցիչներ 1785-ի ապրիլին հաւաքուեցան Գանձասարի վանք եւ Յովհաննէս կաթողիկոսին հետ ժողով գումարեցին, քննարկելով Ռուսաստանի օգնութեան դիմելու եւ ազատագրական պայքարի ուղիներ գտնելու հարցեր: Ժողովին ներկայ էր նաեւ Յովհաննէս կաթողիկոսին եղբայրը` Ալլահ Ղուլի բէկ Հասան Ջալալեան: Ժողովականները ռուսական իշխանութիւններուն եւ Եկատիրինա կայսրուհիին ուղղուած նամակ եւ ռազմական օգնութեան խնդրանքով աղերսագիր պատրաստեցին:
Ժողովականներ նամակը եւ աղերսագիրը վստահելի սուրհանդակի մը` Եորղա Գրիգորի յանձնեցին: Գրիգոր Եորղա կը կոչուէր, որովհետեւ չափազանց արագաշարժ էր: Նախազգուշական նկատառումներով Եորղա Գրիգոր իբրեւ մուրացկան ծպտուեցաւ, նամակն ու աղերսագիրը գաւազանի մը մէջ դրաւ եւ Գանձասարի վանքէն ճամբայ ելաւ դէպի Գանձակ: Յանձնարարութեան համաձայն ան թուղթերը Իսրայէլ կաթողիկոսին պիտի ներկայացնէր, որպէսզի ան ալ ստորագրէր:
Եորղա Գրիգոր Իսրայէլ կաթողիկոսէն պիտի խնդրէր նաեւ որ կայսրուհիին ուղղուած առանձին նամակ պատրաստէ:
Գանձակէն Եորղա Գրիգոր պիտի ուղղուէր Թիֆլիս եւ հոնկէ` Ռուսաստան:
***
Եորղա Գրիգորի Գանձասարի վանքէն ճամբայ ելլելէն ետք, նոյն օրն իսկ Ալլահ Ղուլի բէկ Հասան Ջալալեան Շահ Մանսուր գիւղէն ճամբայ ելաւ դէպի Շուշի` Իպրահիմ Խալիլ խանի մօտ:
Շուշի հասնելով, Ալլահ Ղուլի բէկ ներկայացաւ Իպրահիմ Խալիլ խանի եւ անոր յայտնեց, որ հայոց մելիքները իր եղբայր Յովհաննէս կաթողիկոսին հետ միասին նոր թուղթ գրած են ռուսաց կայսրուհիին եւ ռուսերը կը հրաւիրեն որ գան ու տիրեն Ղարաբաղի խանութեան: Դաւաճանը մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ մելիքներու եւ Յովհաննէս կաթողիկոսի պատրաստութիւններուն եւ ռուսերու հետ անոնց յարաբերութիւններու մասին:
Իպրահիմ Խալիլ խան աղօտ տեղեկութիւններ ունէր ռուսերու հետ արցախցիներու յարաբերութիւններու մասին, բայց հաստատ փաստ չունէր: Դաւաճանը ցոյց տուաւ այդ փաստը:
Ալլահ Ղուլի ըսաւ, որ մուրացկանի հագուստով մարդ մը իր ձեռքի գաւազանին մէջ պահած թուղթեր կը տանի Գանձակ եւ հոնկէ պիտի երթայ Թիֆլիս: Ան աւելցուց, որ այդ թուղթերը ստորագրած են իմ եղբայր Յովհաննէս կաթողիկոս, Գիւլիստանի մելիք Աբով, Ջրաբերդի մելիք Մեջլում, Դիզակի մելիք Բախտամ եւ եկեղեցական ու աշխարհական այլ անձինք:
Իպրահիմ Խալիլ խան հարցուց, որ կարելի՞ է արդեօք սուրհանդակին տարած թուղթերը հնարքով մը ձեռք ձգել:
Ալլահ Ղուլի բէկ ըսաւ որ սուրհանդակը Իսրայէլ կաթողիկոսին պիտի ներկայանայ եւ անկէ եւս թուղթ պիտի առնէ ու յետոյ պիտի երթայ Թիֆլիս:
Դաւաճանը աւելցուց, որ եթէ Իսրայէլ կաթողիկոսին լուր ղրկուի, ան իսկոյն այդ թուղթերը իր մօտ կը պահէ:
***
Գանձակի խանութիւնը Ղարաբաղի խանութեան եւ Վրաստանի թագաւորութեան միջեւ բաժնուած էր: Գանձակցիք Հաճի բէկի գլխաւորութեամբ ապստամբութիւն բարձրացուցին օտար տիրապետութեան դէմ:
Գանձակի մէջ բարձրացած ապստամբութեան պայմաններուն տակ, Ղարաբաղի խանին մօտ գերավարուած Մոհամէտ Հասան խան 1785-ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ:
Մոհամէտ Հասան խանի սպանութենէն ետք, եղբայրը` Ջաւադ, գանձակցիներուն կողմէ խան հռչակուեցաւ:
Ջաւադ խան վերակազմեց իր ուժերը եւ Ղարաբաղի խանին դէմ թշնամական դիրք ճշդեց:
***
Իպրահիմ Խալիլ խան, Ջաւադ խանին հետ թշնամական յարաբերութիւններու մէջ ըլլալով, չէր կրնար մարդ ուղարկել Գանձակ եւ ձեռք ձգել փաստաթուղթերը:
Ալլահ Ղուլի բէկ պատրաստակամութիւն յայտնեց երթալու Գանձակ եւ ձեռք ձգելու թուղթերը:
Իպրահիմ Խալիլ խանին համար յարմար առիթ էր փորձելու Իսրայէլ կաթողիկոսին հաւատարմութիւնը:
Խանը նամակ գրեց Իսրայէլ կաթողիկոսին, յայտնելով, որ մուրացկանի հագուստով թղթատար մը պիտի գայ մօտը, որուն գաւազանին մէջ կասկածելի թուղթեր պահուած են: Եթէ կաթողիկոսը այդ թուղթերը մօտը պահէ եւ իրեն ուղարկէ, ինք կը խոստանայ ամէն միջոցներով օգնել անոր, գրաւելու Գանձասարի կաթողիկոսական աթոռը:
Ալլահ Ղուլի բէկ խանին նամակը հասցուց Գանձակ` Իսրայէլ կաթողիկոսին:
Իսրայէլ կաթողիկոս շատ լաւ ըմբռնեց, որ խանին կամքը կատարելով ինք ստոյգ վտանգի պիտի ենթարկէ Յովհաննէս կաթողիկոսին եւ մելիքներուն կեանքը եւ պիտի սպաննէ հայրենիքի ազատութեան գործը, բայց, իր փառքը եւ Գանձասարի կաթողիկոսական աթոռը աւելի բարձր դասելով, Եորղա Գրիգորի իրեն հասցուցած թուղթերը քովը պահեց եւ Ալլահ Ղուլի բէկի միջոցով Իպրահիմ Խալիլ խանին ուղարկեց:
Իպրահիմ Խալիլ խան ստացած թուղթերը պահեց եւ լուռ մնաց:
***
Իպրահիմ Խալիլ խանի Ջաւանշիր ցեղախումբը երկու հազար հինգ հարիւր կռուող ունէր, իսկ մելիքները հինգ հազար զինուոր ունէին: Խանը լաւ գիտէր որ մելիք Մեջլում, մելիք Աբով եւ մելիք Բախտամ լաւ կռուողներ են եւ երեքին դէմ միաժամանակ կռուիլ վտանգաւոր էր: Անոնք քաջ էին, բայց միամիտ, եւ կարելի էր խաբէութեամբ ծուղակը ձգել զանոնք: Մելիքները մէջտեղէն վերցնելէն ետք կարելի էր տիրել նաեւ Գանձասարի վանքին:
Արդէն Վարանդայի մելիք Շահնազար, Խնձրիստանի մելիք Ալլահվերդի եւ Գիւլեաթաղի Ռուստամ բէկ խանին կողմնակիցներն էին, եւ եթէ միւս մելիքները մէջտեղէն վերցուէին եւ Գանձասարի աթոռը Իսրայէլի յանձնուէր, հայոց դիմադրական ուժը կը խորտակուէր եւ խանութեան սպառնացող ներքին վտանգը` հայոց հարցը արմատախիլ կ՛ըլլար:
Իպրահիմ խալիլ խան մելիք Մեջլումը, մելիք Աբովը եւ մելիք Բախտամը բարեկամաբար Շուշի հրաւիրեց, Ղարաբաղի կառավարման գործերուն վերաբերեալ անոնց հետ կարեւոր խորհրդակցութեան համար:
Մելիքները ընդառաջեցին հրաւէրին եւ գացին Շուշի:
Իպրահիմ Խալիլ խան մելիք Մեջլումը եւ մելիք Աբովը կալանաւորեց Շուշիի բերդին մէջ:
Մելիք Բախտամի հետ խանը հին թշնամութիւն ունէր. հետեւաբար զայն պարսկական կառավարութեան մատնեց իբրեւ քաղաքական յանցագործ, որ կը ձգտի ռուսերը Պարսկաստան մտցնել:
Մելիք Բախտամ Պարսկաստան տարուեցաւ եւ Արտապիլի բերդին մէջ բանտարկուեցաւ:
Մելիք Բախտամի կալանաւորումէն ետք Դիզակի մելիքութիւնը ջնջուած հռչակուեցաւ եւ դարձաւ պարսկական գաւառ:
www.aztagdaily.com/archives/530740