Համայնքի Կազմութիւն Կամ Լուծարք – ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Բնականաբար համամարդկային խնդիր մըն է սփիւռք հասակացողութիւնը։ Պատմութեան մէջ զանազան ժողովուրդներ տարբեր բնոյթի պատճառներու բերմամբ իրենց բնօրրանէն շատ հեռու վայրերու մէջ կազմած են սփիւռքներ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ դարձեալ հին ժամանակներէն եկող իրողութիւն մըն է առեւտրական նպատակներով սփիւռքներու գոյութիւնը։
Իսկ երբ որ հայ ժողովուրդը հայրենազուրկ դարձաւ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի աւարտին պարտադիր գոյացուց սփիւռքի կեդրոններ։
Պոլիսը գաղթօճախ մը չըլլալով հանդերձ, աւելին՝ արեւմտահայոց մշակոյթի մայրաքաղաք ըլլալով հանդերձ վերջին հաշուով սփիւռքի օրրան մըն է հայրենախոյզ իր դիրքով։ Արդարեւ ան ալ առաջին հերթին կազմակերպուած է կեդրոն ունենալով եկեղեցին։ Եւ ան կը հանդիսանայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մէկը ըլլալով։ Սակայն ընկերային կեանքի անցուդարձները ժամանակի ընթացքին գոյացուցին ընկերաքաղաքական նոր միտքեր եւ կազմակերպուածութիւնը ճոխացաւ կուսակցութիւններու, միութիւններու, մշակութային հաստատութիւններու եւ այլ կառոյցներու միջոցաւ։
Այսօր դարձեալ ընկերաքաղաքական զարգացումներու հետեւանքով իւրաքանչիւ սփիւռքի կեդրոնին մէջ ունինք տարբեր բնոյթի կազմակերպութիւն։ Իսթանպուլի օրինակը նկատի ունենալով կը տեսնենք թէ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը գերակշիռ է այդ բոլորին մէջ եւ վերջին 30 տարիներուն եկեղեցւոյ մէջ ձեւաւորուող վարկազրկումը իր բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ ամբողջ համայնքի մը վրայ։ Այսօր Պոլսոյ օրինակով ի վիճակի չենք կազմակերպեալ համայքնի մը պատկերը ներկայացնելէ։ Մի առ մի կը կորսնցնենք հասարակական կազմակերպութիւններու հեղինակութիւնը։ Այդ կորուստի վառ ապացոյցը սանուց միութիւններ հասկացողութեան սնանկացումն է։ Անցեալին մեծ յոյսեր վերագրելով կազմուած այդ միութիւնները ներկայիս բոլորովին կորսնցուցած կ՚երեւին իրենց հեղինակութիւնները։ Այս նահանջի գլխաւոր գործօնը եղած է ընկերաքաղաքական միտքի բացակայութիւնը։ Քաղաքականութենէ հեռու մնալու սկզբունքը ամբողջովին քաղաքական մերձեցում մը ըլլալով տուած է հասարակական կազմակերպութիւններու անիմաստութեան հետեւանքը։
Մինչդեռ պէտք էր տարբերել կուսակցական մրցակցութիւնները եւ քաղաքական գաղափարախօսութիւնները։ Փոքրամասնութիւն կազմող հաւաքականութեան մը համար հասկնալի է կուսակցական բաժանմունքներէ զերծ մնալու մարմաջը։ Բայց անընդունելի է առանց քաղաքական գիտակցութեան հասարակական կեանքի մը գոյատեւումը։ Այսօր համայնքի կազմակերպութիւնները մեծաւմասամբ մատնուած են պատեհապաշտ անձանց հսկողութեան։ Անոնք միայն պահի հրամայականները դիմագրաւել պիտի ջանան եւ ոչ մէկ պատկերացում պիտի ունենան ապագայի հեռանկար մը կազմելու համար։
Այս յօդուածի ներշնչումը եկաւ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ գործնականապէս անգոյ թաղականութեան Էսաեան Սանուց Միութիւնը կացինահարելու վերջին որոշումներուն պատճառաւ։ Սխալ կ՚ըլլանք եթէ կարծենք թէ Էսաեան Սանուց Միութեան գործունէութիւնը խափանողը թաղական խորհուրդն է։ Այլ ինք միութեան վարչութիւնը ճիշդ ալ միւս միութիւններու նման իր հեղինակութիւնը կորսնցնելով գետին պատրաստեց այս քայքայումին։ Ոչ անհատները, այլ ամբողջ համայնք մը պատասխանատու ենք կազմալուծման այս երեւոյթին դիմաց։
pakrates@yahoo.com
yerakouyn.com/2021/12/09/համայնքի-կազմութիւն-կամ-լուծարք-բագր/