Մեր Անպաշտպան Մնացած Լեզուն. Ի՞նչ Կը Բանինք – Յակոբ Պալեան

Մեր Անպաշտպան Մնացած Լեզուն. Ի՞նչ Կը Բանինք – Յակոբ Պալեան

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Համաշխարհայնացման աղէտը կը սպառնայ աքսորական եւ տիրապետուած ժողովուրդներու ինքնութեան, առաջին հերթին՝ անոնց լեզուներուն, ուղղակի կամ անուղղակի պարտադրանքով, կամ անոնց պատշաճելու յաջողելու ցանկութեամբ, այսինքն՝ կրաւորականութեամբ պարտութեան:

Որքան ալ կրկնենք, ահազանգենք, լեզուներու անհետացումը կը շարունակուի:

Այդ թոհուբոհին մէջ, հայերէնը ամէն օր կը նահանջէ, կը ձեւազեղծուի, կը դառնայ անինքնութիւն լեզու մը:

Երբեմն յանդգնութիւն պէտք է ունենալ կանգ առնելու եւ խօսելու նոյնինքն ազգի անդամներուն եւ անոր առաջնորդութիւնը ստանձնածներուն, այդ յաւակնութիւնը ունեցողներու դաւաճանութեան համազօր յանցանքի մասին, որ լեզուի լքումն է: Չես գիտեր ամբոխային ո՞ր տրամաբանութեան հետեւելով, ազգավնաս առաջնորդներուն իր ճակատագիրը կը վստահի ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Դատարկաբան ճառի սահմաններուն մէջ շնչահեղձ դարձուցած ենք ազգի գոյատեւման համար առաջնահերթութիւն ունեցած եւ ունեցող լեզուի խնդիրը, ամէն օր քիչ մը աւելի նահանջելով, հասնելու համար հոն, ուր քաղաքական-տեսաբանական միջազգային համարուած եզրաբանութիւնները փոխարինած են ինքնուրոյնը եւ ինքնութիւնը: Ըստ էութեան մերժելի չե օտար լեզուի-լեզուներու ծանօթութիւնը, ուսուցումը եւ իւրացումը, բայց երբ ազգային լեզուն կը փոխարինուի օտար լեզուով մը, կը դադրի ներազգային հաղորդակցութեան-հաղորդութեան կրողը ըլլալէ, այդ ժողովուրդը կ’այլանայ, կը հեռանայ իր արմատներէն, իր ինքնութենէն:

Ամենէն գռեհիկ եւ կեղծ գործնապաշտութեան տուրք տալով, նպարավաճառային տրամաբանութեամբ առաջնորդուող ղեկավարութիւնը խորթանալով հայերէնէ, կը կարծէ ազգային քաղաքականութիւն վարել, շրջապատին հրամցնելով ընդունելիութեան անհարազատ դէմք մը, այդ ընելով նաեւ ներազգային կեանքի մէջ, ազգայինին եւ հարազատին սահմանելով համեմի դեր: Այս անհարազատութեան եւ ազգային անձնատուութեան ամենէն տեսանելի ցուցանիշը ազգային լեզուի էականութեան գիտակցութեան բազմաթիւ ձեւերով անտեսումն է:

Ժամանակ մըն ալ ազգայինը եւ ազգային ինքնութիւնը կրնան շարունակուիլ ընտանեկանի, ժառանգուած կողմնապաշտութիւններու եւ երէցներու հաճոյք պատճառող ծէսերու մէջ: Յետո՞յ…

Ի հարկէ միամիտ պէտք չէ ըլլալ, խորհելու համար, որ էական հարցերու լուծում կարելի է գտնել անհատական եւ ընտանեկան դիմադրական շարժում խաղալով, խիղճ հանդարտեցնելով:

Գաղտնիք չկայ: Ճառերը չեն փոխարիներ գիտական դառն իրականութիւնները:

Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կատարած ուսումնասիրութիւննեուն, աշխարհի մէջ 640 լեզուներ դատապարտուած են անհետացման, քանի որ մանուկները իրենց լեզուն չեն սորվիր իրեն ընտանեկան յարկին տակ: Այսինքն հայերէնը օտարելով մեր տուներէն, մեր առօրեայէն, մեր յարաբերութիւններէն, գիտակից-անգիտակից մասնակից-մեղսակից ենք հայերէնի անհետացման:

Լեզուն, աւելի քան մեր ծիները, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն՝ մեր գեները, ազգային ինքնութիւն կը կերտէ: Ան ժառանգութեան, տեսիլքի, աշխարհը ընկալելու, շարունակութիւն ըլլալու հզօրութիւն է, զոր երբ կը կորսնցնենք, կը դադրինք մենք մենք ըլլալէ, պտըտցնելով դատարկուած գիտակցութիւն մը, որ ժամանակ մըն ալ թութակաբար ըսել կու տայ, որ մեծ հայրս հայ էր, եկած էր աշխարհի այս կամ այն անկիւնէն:

Ի դարու մեծ մարդաբան Լէվի Սթրոս, որ ուսումնասիրած է Ամազոնի բնակիչներու կեանքը, լեզուները, մշակոյթները, աշխարհայեցողութիւնները, իր La pensée sauvage գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Լեզուն մարդկային բանականութիւն մըն է որ իր պատճառները ունի, զորս մարդը չի գիտեր»*: Այսինքն լեզուով կը ժառանգենք խորքային գիտակցութիւն մը, զոր պէտք չէ շփոթել դատարկ կարգախօսներու եւ շաբաթավերջի զուարճութիւններու հետ:

Նոյն Քլոտ Լէվի-Սթրոսի այլ մէկ միտքը խորհրդածութեան պէտք է մղէ իւրաքանչիւր անձ, մանաւանդ, մեր ժողովուրդի ներկայ պայմաններուն մէջ, նուազագոյն մարդկային գիտակցութիւն ունեցող իւրաքանչիւր հայ: Ան ըսած է. «Աշխարհ մը ուր պիտի խօսուէր միայն մէկ լեզու պիտի ըլլար աշխարհ մը՝ սարսափելի մինակութեան»**:

Լեզուներու զանազանութիւնը հարստութիւն է, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը աշխարհը, կեանքը արժէքները ընկալելու եւ արտայայտելու ինքնուրոյն ուղի է: Երբ հայերէն կ’ըսենք «այրուձի» հայոց պատմութեան խորաններ կը բացուին, եթէ գիտնանք անցեալի էջերէն լսել այդ բառը: Իսկ երբ պարզ բառերով ըսուած Շէքսփիրի խօսքը կը լսենք, կամ կը կարդանք, My kingdom for a horse, կը բացուին այլ էջեր: Լեզու մը կը բանայ ժամանակի եւ մտածումներու ուղիներ: Լեզուատէր ժողովուրդը կը զգայ եւ կը հասկնայ, որ ժամանակներու խորքէն եկող, իրմով շարունակուող եւ փոխանցուիլիք ի՛ր պատմութեան մէկ օղակն է ինք: Եթէ փշրուի այդ օղակը, ինք կ’իյնայ անէութեան մէջ, իր հետ տանելով զինք նախորդածները եւ անոնք որոնք պիտի գային իրմէ վերջ: Լեզուներու այս հարստութենէն ամէն օր աղիւս մը կը վերցուի: Քաջութիւն պէտք է իրատեսութեամբ տեսնելու, որ լեզուներու բազմազանութիւնը եւ ինքնակերտման պատուանդան եւ ազդակ ըլլալու հնարաւորութիւնները վտանգուած են:

Այս աղէտին պատճառները պարզ են. համաշխարհայնացումը, տիրապետող մշակոյթներու անզսպելի դարձած ազդեցութիւնը, գաղթերը եւ մեծ քաղաքները՝ ուր կը հալին ինքնուրոյնութիւնները:

Լեզուն ոչ միայն հաղորդակցական գործիք է, այլ՝ յիշողութիւն, պատմութիւն, որոնցմով կը կերտուին անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնները: Յաճախ մտածած եմ եւ յիշած ֆրանսացի ծիրանաւոր Փոլինեաքի (1661-1741) արտայայտութիւնը վանդակի մէջ գտնուող կապիկ մը դիտելէ ետք. «Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ»: Այսինքն՝ լեզուն՝ մարդն իսկ է:

Իսկ ազգային լեզուն՝ հարազատութեան եւ շարունակութեան հիմնաքար:

Լեզուներու պաշտպանութիւնը ԽՆԴԻՐ է մարդկութեան համար: Ան այսօր խնդի՞ր հայ ժողովուրդին համար, ներսը եւ դուրսը: Պէտք է պատասխանել առանց խուսանաւումներու: Եթէ խնդիր ըլլար, հայ պետութիւնը, առաջին հերթին ինք, անոր տէր պէտք է ըլլար եւ չէ, նաեւ իր առաջնորդներու պարզած օրինակով: Եթէ իրապէս խնդիր ըլլար հայկական սփիռք(ներ)ին համար,- խօսքը չի վերաբերիր թերեւս հաւատաւոր բայց մեկուսացած եւ անզօր փոքրամասնութիւններու, որոնք պարտականութիւն կատարելու գիտակցութեամբ կը թափահարեն հետզհետէ սեղմուող շրջանակներու մէջ կամ անհատներու շուրջ:

ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆՔ: Բջիջային նախաձեռնութիւններ կան: Կան մտահոգ անհատներ եւ շրջանակներ, որոնք դէպքերու հոլովոյթին վրայ ազդելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունին: Պարտք մը կատարած ըլլալու անհատական նախաձեռնութիւնները, երբեմն ալ աղմուկը, աղէտին դէմ թումբ չեն կանգնած: Պիտի չկանգնեն:

Հայերէնի պաշտպանութիւնը եւ վերականգնումը փակ շրջանակներու ինքնագոհական մարզ է այսօր: Ազգային-քաղաքական մտահոգութիւն չէ: Չենք յաջողած այդ ընել:

Յաճախ կ’ըսուի, որ վերլուծումներէ եւ տեսական միտքեր արտայայտելէ ետք, անոնց իրագործման համար առաջարկներ պէտք է ընել:

Ներկայ հանգրուանին, որպէս մեկնակէտ, դրական ուժերը համախմբելով պէտք է ստեղծել ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆԵՐ, որ իշխանութիւններէն կը պահանջէ, ներսը եւ դուրսը, նպատակադրել հարազատ հայախօսութիւնը եւ հարազատ հայագրութիւնը:

Ի հարկէ, նման փառասիրութիւն կը ծրագրուի, անոր իրականացման համար կը տրամադրուին մարդկային եւ նիւթական միջոցներ:

Ա՛յս ազգային քաղաքականութիւն է:

Կը զարմանամ, որ ՀԱՅ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ կը մնայ կրաւորական: Միթէ՞ երկրաշարժէն աւերուած տուներուն չափ կարեւոր չէ այս հոգեմտաւոր աւերումը, երբ ազգային լեզուն, բախտաւոր պարագային, կը վերածուի շաբաթավերջի հաճոյքի, որ բեմ կը յարդարէ մի ոմն փառասէրի, լատինատառ գրուած հայերէնով ամբոխ ոտքի քնացնելու:

Համազգային արթնութեան կոչով հրապարակ պէտք է գայ, եկած ըլլար, հայ մտաւորականութիւնը:

Իսկ ղեկավարութիւնները ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆԵՐՈՒՆ պէտք է տրամադրեն իշխանութիւն եւ միջոցներ, առաջնորդելու համար պայքարը, որ խորքային քաղաքական պայքար է նաեւ:

Ի հարկէ, առանց կիսամիջոցներով ընդարմանալու եւ գիտակցութիւններ ընդարմացնելու, հայերէնը դարձնել, բանաստեղծին խօսքով իւրաքանչիւր հայու հարազատ տուն:

Որպէսզի ազգովին հասկնանք, որ լեզուն մարդկային բանականութիւն մըն է որ իր պատճառները ունի, զորս պէտք է ըմբռնել, որպէսզի մենք ըլլանք եւ մնանք:

Կրկնե՞նք, որ այս ոչ թէ եսերու եւ դատարկ փառասիրութիւններու հանդէս է, այլ՝ ազգային իրա՛ւ քաղաքականութիւն է: Կարգախօսներու տակառային աղմուկ չէ:

yerakouyn.com/2021/12/08/մեր-անպաշտպան-մնացած-լեզուն-ի՞նչ-կը-բա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail