Գալիք Սերունդները Կրկի՞ն Անկախութիւն Պիտի Երազեն Եւ Սպասեն – Յակոբ Պալեան

Գալիք Սերունդները Կրկի՞ն Անկախութիւն Պիտի Երազեն Եւ Սպասեն – Յակոբ Պալեան

1Յ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Սերունդներ, մեր սերունդը մանաւանդ, հազիւ թոթովել սկսած, երազեցին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

Երեսուն տարի առաջ, Խորհրդային Միութեան փլուզման յառաջացուցած ահեղ ցնցումի ալիքին վրայ, յանկարծ գտնուեցանք անկախացման իրականութեան առջեւ: Եւ ազգովին խանդավառուեցանք:

Բայց հիմա հարց պէտք է տանք մենք մեզի, թէ ունեցա՞նք եւ ունի՞նք պատմական պահու պահանջած իմաստութիւնը` անկախութիւնը ազգային միութեան եւ հզօրութեան վերածելու եւ տեւելու համար:

Առաջին հերթին` անհատականի գերանցումով իրականացնելու Միութիւն:

Երեսուն տարին բաւարար պէտք էր ըլլար, որ ղեկավարութիւնները, իրարու յաջորդած իշխանութիւններ եւ ընդդիմադրութիւններ անդրադառնային պատմական պահու հրամայականներուն եւ մոռնալով անկարեւորներն ու անկարեւոր կարեւորները` կերտէին Միութիւն` գալիքի նախատեսութեամբ: Մանաւանդ կերտէին հզօրութիւն` նկատի ունենալով, մեղմ ըսուած, շրջապատի անբարեացակամութիւնը, չըսելու համար` թշնամութիւնը:

Պաքու-Նախիջեւան միջանցքի համար տարածքներու զիջումը (կամ անոնցմէ հրաժարումը) Հայաստանի գերիշխանութեան խախտում պիտի ըլլայ, պիտի գումարուի տարի մը առաջ նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան վրայ, զոր պարտուած երկիրը ստիպուած էր ընդունիլ, եւ որուն հետեւեցան Հայաստանի սահմաններէն ներս պետական մակարդակով ազատ եւ անկաշկանդ թափանցումները, աւազակութիւնները եւ չարագործութիւնները:

Միամիտ չըլլանք: Հայաստան վտանգուած է` որպէս անկախ պետութիւն:

Մօտի եւ հեռուի դրացիները իրապէս հետաքրքրուա՞ծ են Հայաստանի անկախութեամբ: Հաւկուրութենէ պէտք է տառապիլ դրական պատասխան տալու համար: Այս պայմաններուն մէջ ոմանք կարօտախտով, եւ կամ պարտուածի ու պաշտպան փնտռողի հոգեբանութեամբ, Հայաստանը պահելու որպէս քաղաքական վարքագիծ` կ՛առաջարկեն Ռուսիոյ հետ «միութենական միութիւն» կազմել: Ի՞նչ հասկնալ «միութենական միութենէն»® Այս անկախութեան կորո՞ւստ է, թէ՞ դաշնակից ունենալ:

Գումարեցէ՛ք` ներքին կայունութիւն կարենալ ստեղծելու իշխանութեան անկարողութիւնը, յարաճուն արտագաղթը, անվերջանալի դատերը, բազմապատկուող պառակտումները, երկրին աճող պարտքը եւ չիրականացած-չիրականացող հայրենադարձութիւնը: Այս բացասականութիւնները նոյնքան թշնամական են անկախութեան հանդէպ, որքան արտաքին սպառնալիքները:

Եւ ի հարկէ` կազմալուծուած բանակը:

Հայը, ներսը եւ դուրսը, ի՞նչ կրնայ եզրակացնել, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ լաւատես ըլլալ եւ դիմաւորել ապագան:

Եւ կը կանգնինք հարցումին առջեւ` անկախութիւնը պիտի կարենա՞նք պահել:

Գալիք սերունդները պիտի դատապարտուի՞ն երազելու անկախութիւն, որ կրնայ նաեւ չգալ, կամ անոնք չեն տեսներ անոր գալը:

Հայաստանի մէջ կան հին-նոր ցանկութիւններ` այս կամ այն բանաձեւումներով Ռուսիոյ միանալու: Այս ուղղութեամբ կարծիքներու ամփոփումը կրնանք տեսնել Վարդան Բոստանջեանի խօսքին մէջ. «Հայաստանի` որպէս երկիր մնալու հեռանկարի միակ փրկութիւնը Ռուսաստանի հետ միութենական միութեան մաս կազմելն է, մեզ պետք է օր առաջ համալրել այդ միութիւնը»: Այս ըմբռնումով արդէն Ռուսիա-Պիելոռուսիա գրեթէ համաձայնած են: Ուրիշներ ալ, ինչպէս` Արտաշէս Գեղամեան, անդադար ձգտած են այդ միութեան:

Ռուսիոյ հետ «միութենական-միութիւն»-ը եթէ ջատագովներ ունի, ունի նաեւ ընդդիմադիրներ, որոնք միայն Հայաստանի քաղաքական գործիչները չեն:

Հայաստան կը գտնուի աշխարհաքաղաքական հարցերու առանցքին: Հաղորդակցական ճանապարհներու բացումը օրակարգ է, եւ առարկայ` միջազգային ռազմավարական մրցակցութիւններու: Պարզ խօսելով, Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՀՍԿԷ ԱՅԴ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ (կոմունիկացիաները): Ռուսիա այլընտրանք չունի. ինք է այդ ճանապարհներու վերահսկողը` իր իսկ ապահովութեան համար, որուն կը հակադրուի Թուրքիոյ օսմանական երազանքը` համաթուրանականութիւն իրականացնելու, Եգէականէն մինչեւ Չինաստան, ինչպէս ըսուած է: Իսկ Արեւմուտքը չի ցանկար, որ Ռուսիան հակակշռէ այդ ճանապարհները` շարունակելով Պաղ պատերազմի օրերու ըմբռնումները, ինչ որ բնական հետեւութեամբ կը ծառայէ Թուրքիոյ նպատակներուն եւ շահերուն:

Իսկ Արեւմուտքի կարճատեսութիւնը կը զարմացնէ ողջախոհ քաղաքական ղեկավարը: Այսօր հորիզոնի վրայ է Թուրքիոյ ցեղապաշտական-կրօնապաշտական միջազգային ուժ դառնալու փառասիրութիւնը, որուն վաղ թէ ուշ թիրախ պիտի ըլլան նոյնինքն արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը: Մեղմ ըսուած, այս ուրուագծուող սպառնալիքին դէմ Արեւմուտք-Ռուսիա անցած երկու դարերու մրցակցութիւնը ժամանակավրէպ է: Թուրքիոյ միջազգային ուժ դառնալու ընթացքը կը սպառնայ նաեւ Ռուսիոյ ապահովութեան: Ողջմիտ քաղաքական գործիչը կը հասկնայ, որ Արեւմուտք-Ռուսիա հակամարտութիւնը հետեւանք է անիրատեսութեան, քանի որ անոնք համաթուրանականութեան ստեղծման ճամբուն վրայ արգելք են: Հեռանկարային բացատրութեամբ` դաշնակից ըլլալու դատապարտուած են:

Տկարացած եւ պարտուած Հայաստանը այս մրցակցութիւններուն եւ քաղաքական զարգացումներուն մէջ կրնա՞յ ինքզինք պարտադրել, որ այդ ճանապարհներու վերահսկողութիւնը ո՛չ մէկուն եւ ո՛չ միւսին յանձնուի, այլ մնայ հայաստանեան: Կամ, որպէս նուազագոյն չարիք, որո՞ւ պէտք է յանձնուի այդ ճանապարհներու վերահսկողութիւնը: Հարցը դադրած է ներհայկական ըլլալէ:

Փակագիծ մը. Նիկոլ Փաշինեան շարունակելով իր ամբոխահաճական (պոպուլիստական) վարքագիծը` ճանապարհներու բացումը կ՛օգտագործէ անելի մատնուած եւ արտագաղթը որպէս հեռանկար ունեցող ժողովուրդին ներշնչելու այն յոյսը, որ ճանապարհներու բացումը բարգաւաճում կը բերէ, եւ մարդիկ աւելի լաւ կ՛ապրին, առանց ըսելու, թէ ի՛նչ կը կորսնցնէ Հայաստանը: Նիկոլ Փաշինեան այս կրկներեւոյթը (միրաժ) կ՛օգտագործէ իր ընտրազանգուածի վստահութիւնը պահելու համար:

Ռուսական կայսերական տարածքի ազդեցութեան դէմ արեւմտաթրքական պայքարը կը շարունակուի, որուն պատճառով կրնան ստեղծուիլ նոր դասաւորումներ, որոնց անմիջական արտայայտութիւնը Ռուսիա-Պիելոռուսիա «միութենական միութիւն»-ն է, քանի որ Ռուսիան չի կրնար հանդուրժել, որ Պիելոռուսիան ալ դառնայ «արեւմտեան գօտի», ինչպէս եղաւ Ուքրանիան: Այս նոր «միութենական միութեան» մէջ կրնա՞յ ներքաշուիլ նաեւ Հայաստանը: Հայաստանի մէջ կան «արեւմտամէտ» ուժեր, որոնք կրնան դէմ ըլլալ նման միութեան մը: Այդ ուժերը կրնան քաջալերուիլ նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ` երեւութական զիջումներու խոստումներով:

44-օրեայ պատերազմի յաղթականները եղան Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան, բայց` Ռուսիոյ վերահսկողութեամբ, որպէսզի վերջ գտնէ ղարաբաղեան տագնապը, որ զինք կ՛անհանգստացնէր: Միաժամանակ Ռուսիան ներկայացաւ նաեւ որպէս փրկիչը Արցախի մէկ հատուածին, թէ փաստ է այն իրողութեան, թէ ինք է տարածաշրջանի աւագ իրաւարարը, ուր ոչինչ կրնայ իրագործուիլ առանց իր կամքին եւ իր շահերուն դէմ:

Հայաստան պիտի կարենա՞յ ընել այնպէս, որ պահէ իր անկախութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը` առանց հակադրուելու Ռուսիոյ:

Ինչո՞ւ չենք տեսներ, որ Թուրքիոյ դաշնակից Արեւմուտքը Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ ունեցած է միայն բարեսիրական վերաբերում, բայց` ո՛չ քաղաքական:

Այս բարդ իրադրութեան մէջ ներքնապէս պառակտուած երկրի մը ղեկավարութիւնները միաճակատ պիտի դիմագրաւեն (դիմագրաւէին) ներկայ եւ դեռ գալիք բարդութիւնները,

«Ներքին թշնամիներ» փնտռելը ոչ մէկ բանի խոստում է: Սպառում է:

Ինչո՞ւ չմտածել եւ չգործել ազգի եւ հայրենիքի էականին համար:

Եւ երբեմն քաջութեամբ ըսել, որ դուն ալ իրաւունք ունիս:

4 նոյեմբեր 2021, Նուազի-լը Կրան

aztagdaily.com/archives/531932

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail