Սահմանին Վրայ Գարուն Կեանքեր Նոխազ Կ՝ըլլան եւ Բերքաբերի 57 Աշակերտներ Ցուրտին Կը Սրսփան – Յակոբ Պալեան
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Եւ կեանքը կը շարունակուի: Մի՛ հարցնէք՝ ինչպէ՞ս:
Սփիւռքէն խելք բաժնող, բարեսէր կամ զուարճացող տուրիստներ կը հասնին Հայաստան, Հայաստանէն օլիկարխներ, իշխանաւորներ, անոնց ժառանգները, պարմաններ եւ պարմանուհիներ, տուրիստ են, կ’երթան Եգիպտոս, Սպանիա, յունական կղզիներ: Տարբեր աշխարհներու բնակիչներ:
Այս հանգստացողները եթէ իմանային սահմանին վրայ ամէն օր հնձուող երիտասարդ կեանքերու մասին, Հայաստանի «Առաւօտ» թերթի կայքին վրայ կարդային Սաթենիկ Յովսէփեանի ստորագրութեամբ կարճ լուրը, որուն խորագիրն է. «Բերքաբերի 57 աշակերտ ունեցող դպրոցում ունեն ջեռուցման համակարգ, սակայն գիւղում գազ չկայ այն գործարկելու համար»…: Թերեւս անոնք կամ սահման կ’երթային հայրենիք պաշտպանելու, կամ օդանաւի տոմսի գինը կու տային, որ Բերքաբերի 57 աշակերտներու դպրոցի ջեռուցման համակարգը գազ ունենար:
Այդ բոլոր տուրիստները, սահմանին վրայ ամէն օր հատիկ հատիկ զոհուող երիտասարդները, Բերքաբերի ցուրտին սրսփացող 57 հայ մանուկները նոյն եւ մէկ ազգի անդա՞մ են… Կը պատահի՞, որ փառաշուք հարսանիք կազմակերպողներէն մէկը կամ միւսը մտածէ, որ այդ շքեղութեան ծախսով Բերքաբեր գիւղը կ’ունենայ գազ եւ անոր դպրոցի 57 աշակերտները չմսին: Ներսի եւ դուրսի լրատուամիջոցները, սրահներ թնդացնող թեր ու դէմ աղմուկը եթէ փոխարինուէին այսքա՜ն պարզ ճշմարտութիւններով եւ իրա՛ւ յանձնառութեան հրաւիրող խօսքերով, ազգը նուազ կը խրէր ցաւի եւ դժբախտութեան մէջ:
Ազգային խորք ունեցող քաղաքականութիւնը սահմանին վրայ գտնուող երիտասարդ կեանքերու եւ 57 հայ մանուկներու գիւղի դպրոցի գազով մատակարարումն է:
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ դաւաճանութիւնը ազգին եւ անոր ապագային հանդէպ… Հարցում է:
Առաջին հերթին հարց պէտք է տալ, թէ ինչպէ՞ս, զինադադարի պայմաններուն մէջ, գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ, առանց պատերազմի, հայ զինուոր կը մեռնի: Քիչ առաջ յայտնեցին, որ կրկին տասնութը տարեկան զինուոր մը մահացած է եւ կան վիրաւորներ: Իշխանութիւնը եւ անոր ենթակայ բանակը տրամաբանական ի՞նչ բացատրութիւն ունին: Ինչո՞ւ այս բացորոշ նախայարձակման ոճիրին չի հակազդեր Հայաստանի ամբողջականութեան երաշխաւոր եւ ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան: Հարց է նաեւ այն, որ Հայաստան Ռուսիայէն կը պահանջէ՞ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնել այս նախայարձակումներու եւ ոճիրներու հարցով: Ի՞նչ կը բանին միջազգային համայնքը, այսպէս կոչուած Մեծերը, ՄԱԿը եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդը: Վարդ ի ձեռին Ծիծեռնակաբերդ այցելող յարգելի հիւրերը:
Ինչո՞ւ Հայաստան չի բողոքեր: Բայց անպակաս են ժողովներու գացողները, եկողները, լուսանկարուողները եւ անոնց հետ լուսանկարուողները:
Ինչ որ կը պատահի գաղտնիք չէ: Եւ քանի որ գաղտնիք չէ, Միջազգային համայնքը գիտէ: Ինչպէ՞ս կ’արդարացուի անոր վատութեան համազօր լռութիւնը:
Հայաստան ցոյցեր տեղի կ’ունենան, ոստիկանական ուժեր կը միջամտեն: Լրատուամիջոցները կը խօսին: Երկրէն դուրս ալ ցոյցեր տեղի կ’ունենան, նաեւ՝ ընդունելութիւններ եւ տօնակատարութիւններ: Բայց բացակայ են էական մանրուքները. սահմանին վրայ մէկ առ մէկ ջարդուող երիտասարդները եւ… ջեռուցում չունեցող Բերքաբերի 57 սրսփացող հայ մանուկները:
Սահմանին վրայ թշնամին կը ջարդէ, ան դուրսէն է, բայց ո՞վ է պատասխանատուն Բերքաբերի 57 սրսփացող հայ մանուկներու առողջութեան: Եգիպտոսէն, յունական կղզիներէն եւ Սպանիայէն գա՞զ պիտի բերեն տուրիստները:
Հարսնեւորները եւ տուրիստները, Երեւան գացող եւ պուրակի մը մէջ տարեդարձի խրախճանք կազմակերպողները, անգիտակից եւ տգէտ, ուղղակի քաջալերողներն են հայրենալքման: Անոնք եսասէր եւ եսապաշտ կուշտերու վերնախաւն են:
Դիւրին է օտարը, ճակատագիրը, չար կամ անտարբեր դրացիները ամբաստանել, եւ ընդունիլ զոհի դեր: Մարդիկ կը խուսափին ինքնաքննադատութենէ: Այս մասին բարեմիտ ազգային մը ըսաւ, որ ան «սովետական» մտածելաձեւ է: Եթէ սկսէինք խօսիլ մեր պատասխանատուութիւններուն մասին, եսակեդրոն տուրիզմէն մինչեւ հայրենատիրութիւն, հայրենադարձութիւն, ընդդէմ հանդիսատեսի բարեսիրական հայրենասիրութեան, սկսած կ’ըլլայինք ազգային ծրագիր իրականացնել:
Ցնցողի եւ մեծ տեսութիւններու ծարաւի մարդիկ, ընթերցողներ, այս կարգի հարցերը կը համարեն կեանքի, ընկերութեան, քաղաքականութեան եւ պատմութեան մանրուքներ: Ինչպէ՞ս չմտածել, որ ամէն օր մեռնող մէկ զինուորի, ջեռուցումէ զրկուած մէկ հայ մանուկի մասին…
Ներսի կամ դուրսի անտարբեր մէկ հայ տուրիստ, հայրենադարձութենէ խուսափող ամէն մէկ հայ կրկնուելով, բազմապատկուելով, կը կազմեն արձակուրդային եւ տօնական երեւակայական ազգ մը, որուն անդամները կրնան մոմ վառել Արարատի գագաթը եւ Ծաղկաձորէն, Էյֆէլի Աշտարակէն, Մանհաթանէն կամ Պեվըրլի Հիլզէն նայիլ, ձեռքերը շփել ու ջերմանալ:
Առանց ճապկումներու պէտք է խօսիլ, Վիքթոր Հիւկոյի բառերը կրկնել եւ ըսել, որ «կարմիր գլխարկ դրի բառարանին», որպէսզի սահմանին վրայ գարուն կեանքեր նոխազ չըլլան եւ 57 մանուկներ ցուրտին չսրսփան, երբ Սպանիա, յունական կղզիներ կը հանգստանանք եւ հարիւրաւորներով հարսանեկան տօն կը կազմակերպենք…
Եթէ լսած ըլլայինք, եթէ լսենք մեր բանաստեղծները, նաեւ տօնական օրերէն առաջ եւ վերջ…
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի (1828-1868) խօսքը այնքա՜ն նոր է, եթէ լսող գտնէ.
Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մեք,
Որ մըրըրկաւ էինք զատուած.
Բաղդին ամէն ոխ չարանենգ
Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն:
Երկինքին տակ, ամենուրեք, ո՞ւր գտնել բանաստեղծին խօսքը լսողները եւ որպէս կենաց ուխտ այդ կրկնողները:
Քանի մը օրէն, Ամանորին, պահ մը մտածել Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի հետ, մտածել սահմանին զոհուած զինուորին, կանգնած զինուորին եւ Բերքաբերներու բազ-մապատիկ 57 մանուկներու մասին, որոնք ո՛չ Սպանիա կ’երթան ե՛ւ ոչ ալ յունական կղզիներ:
Ի՞նչ կը բանին թերթերու էջերը եւ հեռատեսիլի պատուհանները զբաղեցնողները: Մեծանուններու մասին լրատուութենէն առաջ եւ վերջ, պարտք պէտք է համարեն խօսիլ էական մանրուքի մասին:
Ի՞նչ բանի համար է Ազգային Ժողովի բեմը:
yerakouyn.com/2021/12/14/սահմանին-վրայ-գարուն-կեանքեր-նոխազ-կ՝/