ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիք Մեջլում Եւ Մելիք Աբով Ազատութեան Մէջ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Գանձակի Խանութեան Դէմ Արշաւանքներ
Յովհաննէս Կաթողիկոսին Սպանութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոս, Ջրաբերդի մելիք Մեջլում, Գիւլիստանի մելիք Աբով եւ Դիզակի մելիք Բախտամ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանին կողմէ կալանաւորուած էին:
Յովհաննէս կաթողիկոս, մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով Շուշիի բանտը նետուած էին, իսկ մելիք Բախտամ Պարսկաստան տարուած եւ Արտապիլի բերդին մէջ բանտարկուած էր:
Կաթողիկոսի եւ մելիքներու կալանաւորումէն ետք ժողովրդային հերոսներ Դալի Մահրասա, Թիւլի Արզուման եւ Զարգար Մելքում սաստկացուցին դիմադրութիւնը: 1787-ին անոնք գիշերային յարձակում մը շղթայազերծեցին Շուշիի բերդին վրայ եւ բանտին դուռերը խորտակելով ազատեցին մելիք Մեջլումն ու մելիք Աբովը:
Բանտէն ազատելէն ետք մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով խոհեմութիւն չհամարեցին իրենց երկիրները վերադառնալ: Անոնք ձգեցին ամէն ինչ, նոյնիսկ իրենց ընտանիքները եւ գացին Գանձակ: Անոնք յոյս ունէին, որ վրացիներուն եւ ռուսերուն դիմելով անոնցմէ օգնութիւն կը ստանան, կը վերախմբեն իրենց ուժերը եւ պատերազմի կը սկսին Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ:
***
Մելիքներուն Գանձակ հասնելէն ետք, նոյն ժամանակ, վրաց Հերակլ Բ. թագաւոր եւ Վրաստանի մէջ ռուսական զօրքի հրամանատար գնդապետ Բուրնաշով արշաւանքի սկսան Գանձակի խանութեան դէմ:
Գանձակի Ջաւադ խան կ՛աշխատէր ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարել եւ չէր ուզեր ճանչնալ Հերակլ Բ.ի գերիշխանութիւնը:
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով դիմեցին Հերակլ Բ.ի եւ գնդապետ Բուրնաշովի եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միանալու Գանձակի դէմ արշաւանքին:
Հերակլ Բ. մելիքներուն յայտնեց, որ Գանձակը նուաճելէն ետք պիտի յարձակի Ղարաբաղի վրայ, որովհետեւ Ղազախի եւ Շամշադինի թուրքերը, որոնք իր հպատակներն են, իսլամական շարժման յաջողութիւններէն օգտուելով Ղարաբաղ գաղթած են եւ Իպրահիմ Խալիլ խան չ՛ուզեր զանոնք իրենց տեղերը վերադարձնել:
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով մեծ յոյսերով միացան արշաւող զօրքերուն:
Ռուսական եւ վրացական զօրքերը յաղթական կռիւներէ ետք յառաջացան Գանձակի խանութեան խորերը:
Հերակլ Բ. եւ գնդապետ Բուրնաշով մելիքներուն խոստացան չորս հազար զինուոր տալ հայերուն, որպէսզի այդ զօրքերով անոնք ազատագրեն իրենց հայրենի երկիրները:
***
Օսմանեան կայսրութիւնը, Անգլիոյ, Փրուսիոյ եւ Ֆրանսայի դրդումով 1787 օգոստոսի սկիզբը վերջնագիր ներկայացուց Ռուսիոյ` Խրիմը ետ վերադարձնելու, Վրաստանը իբրեւ թրքական վասալ տիրոյթ ճանչնալու եւ Սեւ ծովու նեղուցներէն անցնող ռուսական առեւտրական նաւերը ստուգելու պահանջներով: Ռուսական կառավարութիւնը մերժեց վերջնագիրը: Թուրքիա 13 (24) օգոստոս 1787-ին պատերազմ յայտարարեց Ռուսաստանի դէմ:
Թրքական բանակը յարձակման անցաւ հարաւային Ուքրանիոյ` Քինպուրնի ուղղութեամբ, նպատակակէտ ունենալով Խրիմը: Միաժամանակ պատերազմական գործողութիւններ սկսան հիւսիսային Կովկասի մէջ:
Պատերազմական գործողութիւնները սկսելէն ետք գնդապետ Բուրնաշով հրաման ստացաւ իր զօրքով անմիջապէս հիւսիսային Կովկաս մեկնելու:
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով ռուսական հրամանատարութեան դիմեցին եւ թախանձեցին գոնէ քանի մը օր սպասել, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց հպատակ հայերը դուրս հանել Գանձակի սահմաններէն: Բայց գնդապետ Բուրնաշով անդրդուելի մնաց եւ իր զօրքերով ճամբայ ելաւ դէպի Թիֆլիս:
Ռուսական զօրքի հեռացման պայմաններուն տակ Հերակլ Բ. իր բանակով առանձինն չէր կրնար շարունակել արշաւանքը: Հետեւաբար ան դադրեցուց ռազմական գործողութիւնները եւ իր բանակը քաշելով վերադարձաւ Թիֆլիս:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ, անճար մնացած եւ օգնութենէ զրկուած մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով վրացական զօրքին հետ ճամբայ ելան դէպի Թիֆլիս:
***
Գանձակէն ռուսական եւ վրացական զօրքերու հեռացումէն ետք Իպրահիմ Խալիլ խան աւելի վստահութիւն ստացաւ եւ աւելի կատաղի դարձաւ: Ռուսեր իր սահմաններուն մօտեցած եւ երազի նման աներեւութացած էին: Յովհաննէս կաթողիկոս չէզոքացուած, իսկ Իսրայէլ կաթողիկոս իր ձեռքին մէջ գործիք դարձած էր: Մելիքները փախած էին, եւ հայերու միաբանութիւնը քանդուած էր:
Իպրահիմ Խալիլ խանին հրամանով մելիք Մեջլումի մայրը` Ղամար Սոլթան եւ մելիք Աբովի ընտանիքէն քանի մը հոգի կալանաւորուեցան եւ Շուշի տարուելով բերդին մէջ պահուեցան իբրեւ պատանդ:
Նոյն ժամանակ, 1787-ին, Իպրահիմ Խալիլ խան Շուշիի բանտին դէմ թունաւորելով սպաննել տուաւ Յովհաննէս կաթողիկոսը:
Այնուհետեւ խանը աւերեց ու կողոպտեց Ջրաբերդի մելիքութեան գիւղերը:
Ջրաբերդէն ու Գիւլիստանէն շատ մը հայեր տեղահանուեցան իրենց գիւղերէն եւ Ղարաբաղի տարբեր կողմեր տեղափոխուեցան: Բռնութիւններէն ազատելու համար կարգ մը գիւղերու բնակիչներ փախան եւ լեռներու ու ձորերու անմատչելի տեղերը ամրացան:
***
Իպրահիմ Խալիլ խան Գիւլեաթաղ գիւղի Ռուստամ բէկը, Ալլահվերդի Իւզպաշիի որդին եւ Իսրայէլ կաթողիկոսի քրոջ` Վարդ Խաթունի ամուսինը, Ջրաբերդի մելիք նշանակեց: Վարդ Խաթունի հայրը` Ապրէս աղա կուսապատցի էր, ամուսնացած` Երից Մանկանց Ներսէս Ե. կաթողիկոսի քրոջ հետ, որ Իսրայէլի հօրաքոյրն էր: Իսրայէլ Ներսէսի եղբօրորդին էր:
Ռուստամ բէկի մեծ եղբայր Միսայէլ բէկ իր փեսայ Յակոբ Իւզպաշիի հետ անցեալին, Իպրահիմ Խալիլ խանի թելադրանքով փորձած էր սպաննել մելիք Մեջլումը, բայց չէր յաջողած: Միսայէլ բէկ եւ Յակոբ Իւզպաշի իբրեւ հիւր գացած էին մելիք Մեջլումի մօտ եւ գիշերով պիտի սպաննէին իրենց հիւրընկալը, բայց բռնուած էին: Մելիք Մեջլում հրամայած էր երկու դաւադիրներն ալ հրացանի բռնել եւ անոնց ընտանիքները բնաջնջել, բայց Ռուստամ բէկ փախցուցած էր զանոնք եւ տարած Շուշի` Իպրահիմ Խալիլ խանին մօտ:
Այդ ժամանակէն Ռուստամ բէկ Իպրահիմ Խալիլ խանին ձեռքը գործիք դարձած էր:
***
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով, իրենց ամբողջ կարողութիւններէն զրկուած, Թիֆլիսի մէջ աղքատ կեանք կ՛ապրէին եւ յարմար առիթի կը սպասէին իրենց հայրենիքը աւերող թուրք խանը պատժելու համար:
Հերակլ Բ. թագաւոր որոշեց օգտուիլ հայ մելիքներու քաջութենէն: Իպրահիմ Խալիլ խան իր թշնամի աւարներու Ումմա խանին դաշնակիցը դարձած էր: Վրաց թագաւորը որոշեց Ղուբայի Ֆաթհ Ալի խանին հետ բանակցութեան սկսիլ եւ միասին գործել Ղարաբաղի խանին դէմ:
Ֆաթհ Ալի խան Դերբենդի եւ Թալիշի խանութիւնները իրեն ենթարկած եւ Շաքիի ու Շամախիի խանութիւններուն վրայ գերակշռութիւն հաստատած էր: Նոյն ժամանակ Իպրահիմ Խալիլ խանի զօրքը Գանձակ մտած էր:
Հերակլ Բ. եւ Ֆաթհ Ալի խան բանակցութիւններու սկսան եւ համաձայնեցան միասին գործել Իպրահիմ Խալիլ խանի դէմ:
***
Չերքէզներ ռուսերուն դէմ պատերազմական վիճակի մէջ էին, եւ Կովկասի ռուսական զօրքերը լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին: Չերքէզ առաջնորդներ Թաթարխան Քուրիղոգօ եւ Սիտաք Ճանքաթ 1787-ին ռուսերուն հետ բանակցութեան սկսած էին, խաղաղօրէն լուծելու համար հարցերը, բայց ռուսական հրամանատարութիւնը յայտարարած էր որ պիտի չդադրեցնէ պատերազմական գործողութիւնները:
Այնուհետեւ ռուսական զօրքերը զօրավար Գորիչի հրամանատարութեան տակ յարձակման անցան չերքէզներուն դէմ եւ ընկճեցին զանոնք:
Չերքէզներուն դէմ տարած յաղթանակէն ետք զօրավար Գորիչ հանդիպում ունեցաւ ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի հետ:
Զօրավարը արքեպիսկոպոսին ըսաւ, որ ինք Պետերբուրգ կը վերադառնայ, բայց կրկին պիտի ուղարկուի Կովկաս` ազատարար արշաւանքը իրագործելու համար:
Զօրավարին խոստումէն յուսադրուած, Յովսէփ արքեպիսկոպոս 1 փետրուար 1788 թուակիր նամակ գրեց մելիք Մեջլումի եւ մելիք Աբովի: «Պայծառ իշխան մէլիք Մէջլում, պայծառ իշխան մէլիք Աբօվ»: Արքեպիսկոպոսը կը յայտնէր, որ մինչեւ հիմա տրուած խոստումները սուտ եւ խաբէութիւն չեն: Զօրավար Գորիչ հնազանդեցուց չերքէզները եւ գնաց Պետերբուրգ` պայծառափայլ իշխան եւ «հայոց խնամակալ» Գրիգորի Փոթեմքինի մօտ:
Արքեպիսկոպոսը կը բացատրէր թէ ինչպէս պատահեցան ծանրակշիռ, վճռական դէպքերը: Հերակլ Բ. ռուսերուն թոյլ չտուաւ հեռացնելու Իպրահիմ Խալիլ խանը եւ անոր տեղը դնելու մելիքները: Այդ ժամանակ վրաց թագաւորը խանին դաշնակիցն էր: Բայց այժմ ան զղջացած է, որովհետեւ կը տեսնէ, որ որքան խարդախ էր իր պաշտպանած դաշնակիցը: Իշխան Փոթեմքին Հերակլին հակառակ էր Իպրահիմ Խալիլ խանի հարցով, բայց թոյլ տուաւ, որ թագաւորին կամքը կատարուի եւ Իպրահիմ Խալիլ մնաց իր աթոռին վրայ:
Գնդապետ Բուրնաշովի զօրքերուն Անդրկովկասէն հեռացումը արքեպիսկոպոսը կը պատճառաբանէր Թուրքիոյ դէմ սկսած պատերազմով: Բայց այժմ իշխան Փոթեմքին զղջացած է. «ինքն եւս է փոշիման» ռուսական զօրքի հեռացման համար, եւ այդ առիթով «փոշմանութիւն» կը յայտնէ:
Նամակի վերջաւորութեան արքեպիսկոպոսը կը յուսադրէր մելիքները եւ անոնց կը թելադրէր կրկին դիմել Կովկասի ռուսական հրամանատարութեան:
***
Հերակլ Բ. 1788¬ին մելիք Մեջլումը եւ մելիք Աբովը ուղարկեց Գանձակի դէմ:
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով իրենց ուժերով քալեցին Գանձակի վրայ եւ պաշարեցին զայն: Պաշարումը տեւեց երեք ամիս: Մելիքներուն բոլոր ջանքերը` գրաւելու քաղաքը, ապարդիւն անցան: Հետեւաբար անոնք աւարի տալով շրջակայ բնակավայրերը վերադարձան Թիֆլիս:
Ֆաթհ Ալի խան, մտահոգ` Իպրահիմ Խալիլ խանի հզօրացումով, Հերակլ Բ.ը հրաւիրեց Գանձակի մօտակայ վայր մը, խորհրդակցելու համար Ղարաբաղի խանը միասնական ջանքերով տապալելու հնարաւորութիւններուն շուրջ:
Նոյն օրերուն Գանձակի Ջաւադ խան հպատակութիւն յայտնեց Հերակլ Բ.ի, խնդրելով վնաս չհասցնել իր երկրին:
Հերակլ Բ. իր կողմէ Գանձակ ուղարկեց մելիք Մեջլումը, հպատակութեան պայմանները հաստատելու եւ իբրեւ գրաւական պատանդներ ստանալու համար:
Ռուսերուն համար Հերակլ Բ.ի եւ Ֆաթհ Ալի խանի միջեւ զինակցութիւնը կարեւոր գրաւական կը նկատուէր հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան եւ ռուսական ազդեցութեան պահպանման համար:
Հերակլ Բ. եւ Ֆաթհ Ալի խան 1789¬ին արշաւանքի սկսան դէպի Շուշի, բայց պաշարի պակասութեան պատճառով վերադարձան իրենց տեղերը: Նոյն օրերուն, 29 մարտ 1789¬ին մահացաւ Ֆաթհ Ալի խան եւ Պաքուի Պիպի Հեյպաթ պատմական մզկիթի գերեզմանատան մէջ թաղուեցաւ:
Ֆաթհ Ալի խան, Հիւսէյն Ալի խանի եւ Փերի Պիքէ Ուցմիեւայի որդին, շիի դաւանանքի հետեւորդ, հարաւային Կովկասի ամէնէն ուժեղ տիրակալներէն էր: Կիներէն Թութի Պիքէ Գայթագի Ամիր Համզայի քոյրն էր, Ելիսու Պիքէ` Իլիսու Սուլթանի քոյրը, Սահար Նաս հայուհի էր, իսկ Խատիճէ Պիքէ Պաքուի Մոհամէտ խանի քոյրն էր:
Ֆաթհ Ալի խանի մահով Իպրահիմ Խալիլ խան կ՛ազատէր ուժեղ եւ վտանգաւոր թշնամիէ մը:
www.aztagdaily.com/archives/532172