Քաղաքակրթութիւններու Բախման Ենթադրեալ Կամ Իրաւ Վտանգին Դիմաց – Յակոբ Պալեան
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Խօսուեցաւ քաղաքակրթութիւններու բախման մասին, անցեալին կ’ըսէինք Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութիւն, ոմանք կը խօսին կրօնական պատերազմի մասին: Ժամանակակից քաղաքակիրթ աշխարհը, ՄԱԿի անդամ 191 երկիրները, որոնք կը թուին միացած ըլլալ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան համար թատրոն կը սարքեն, եւ բարեմիտ-միամիտներ կ’ուզեն հաւատալ:
Կիրքի, մերժումներու, ատելութեան եւ ոճիրներու մթնոլորտ ստեղծուած է, ուր կրօնական եւ-կամ գաղափարախօսական մոլեռանդութիւնը փոխարինած է արտայայտուելու եւ կրօնի ազատութիւնները, սպառնալով մշակութային տարբերութիւններուն եւ ժողովուրդներու համակեցութեան: Որքան ալ չուզենք հաւատալ, հակառակ մարդկայնական ճառերու եւ ժողովրդավարութեան զարգացման մասին եղած լաւատես դատումներու, անհանգստացնող իրատեսութեամբ կը տարուինք խորհելու, որ կը գտնուինք քաղաքակրթութիւններու մեծ բախման նախօրեակին, քանի որ այդ բախումները, թերեւս փոքրիկ ծաւալներով, արդէն սկսած են, Եւրոպա, Ափրիկէէն մինչեւ… Կովկաս:
Պաղ պատերազմի տարիներուն կ’ըսուէր, որ Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան սահմանը կ’անցնէր Հայաստանի վրայէն: Հիմա, իր անունը չըսող քաղաքակրթութիւննեու բախման թատերաբեմը կրկին Կովկասն է, ուր կան Հայաստանը եւ հայութիւնը, շրջապատէն իրենց ունեցած հիմնական տարբերութիւններով: Ճառերու աղմուկը եւ մշուշը մեզ ո՛չ պէտք է խլացնէ, ո՛չ ալ մեր տեսողութիւնը մթագնէ: Երկիրներու ներքին հարցերը եւ մանաւանդ մրցակցութիւն-ընտրութիւն պայքարները ծաւալ կու տան հակամարտութիւններու շուրջ բանավէճի եւ շահագործման:
Մամուլը, ինչպէս միշտ, ուշագրաւի եւ ցնցողի տուրք տալով, հարցերը կը հրահրէ:
Այսօր, մեծերուն եւ պզտիկներուն համար հարց է խաղաղութեան պահպանումը: Եթէ քաղաքակրթութիւններու բախումը չկանխուի արդարութեան հաստատումով, մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւունքները յարգելով, յարգելով խօսքի եւ խիղճի ազատութիւնը, անկարելի կ’ըլլայ խաղաղութիւնը պահպանել: Հետեւաբար, ազգերու ղեկավարները եւ մամուլը իրենք զիրենք շրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան պատասխանատու պէտք է համարեն եւ ըստ այնմ գործեն եւ խօսին:
Անհրաժեշտ է փակագիծ մը բանալ: Հիմա, դասական մամուլին զուգահեռ, եւ անկէ աւելի, ընկերային եւ քաղաքական մթնոլորտի ապականման համար պատասխանատու են ընկերային ցանցերը, թուիթըրով եւ ֆէյսպուքով, կամ նման միջոցներու օգտագործումով եղած հակակշռէ զուրկ լրատուութիւնը, որուն ախտորոշումը եղած է որպէս ֆէյք նիուզ, որուն դէմ ո՛չ օրէնսդրութիւն կայ ո՛չ կանխարգելիչ միջոց: Հետեւաբար, դիւրաւ կարելի է հակամարտութիւն ստեղծել, ատելութեան եւ կիրքի ենթահողի վրայ:
Եթէ մարդկայնութեան, հիւմանիզմի, եւ ազատութիւններու իրաւ բարոյականութեան ըմբռնումով մօտենանք ժամանակակից հրատապ եւ պայթիւնավսանգ հարցերուն, ճիշդ կրնանք կողմնորոշուիլ եւ հասկնալ ընկերաքաղաքական հարցերը: Այսպէս են, օրինակ, մեր անմիջական ներկայի պատմութեան մէջ բուռն եւ բիրտ հակամարտութիւններ յառաջացնող կրօնական եւ մշակութային խնդիրները: Եթէ իրապէս կարելի ըլլայ հասնիլ հոն, ուր մարդիկ եւ ժողովուրդներ դադրին եսակեդրոն ըլլալէ, ընդունին, որ կրօնքը անհատական ըմբռնումի հարց է, որուն մասին կարելի է խօսիլ կարծիքի ազատութեան իրաւունքէ բխած քննադատութեամբ, նոյնիսկ երգիծանքով, բազմաթիւ հարցեր կը լուծուին: Ո՞վ կրնայ ըսել, որ մէկ կրօն միւսէն աւելի ճիշդ է, աւելի բարձր: Այս կամ այն կրօնը հասկնալու համար ինչո՞ւ հաւատացեալը կամ ոչ-հաւատացեալը զրկել քննադատելու իրաւունքէ, քննելու կրօնները որպէս քաղաքակրթական եւ աշխարհն ու մարդը ըմբռնելու փիլիսոփայական ընթացքներ, յաւելեալ ճշմարտութեան հասնելու համար, պեղելու համար մարդու գոյութենական մեծ հարցականները, որոնք այսօր չեն սկսած, վաղն ալ թերեւս լուծում պիտի չգտնեն:
Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, մարդիկ անբարոյութեամբ կը չարաշահեն կրօնական ազդակը, փոխանակ անոր մէջ տեսնելու արդարութեան եւ ճշմարտութեան ուղին: Այդպէս կը վերաբերին նաեւ գաղափարախօսութիւններու: Կրօնական նեղմտութեան պատճառը կրօնները չեն, այլ զանոնք շահագործող քաղաքական-իշխանատենչական մղումները, որոնք կոչ կ’ընեն ժողովուրդի ամբոխային հակումներուն: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ ծնունդ կ’առնեն կարգախօսներ, զանոնք վերջնական ճշմարտութիւն համարող ծայրայեղական շարժումներ:
Գիտական նուաճումները եւ կրթութեան ընդհանրացումը չեն յաջողած քաղաքացիին, լրագրողին, քաղաքական ղեկավարին եւ կրօնական առաջնորդին ներշնչել այն լուսաւոր գաղափարը, որ հասնելու համար ճշմարտութեան, ոչ մէկ ձեւով պէտք է սահմանափակել քննադատութիւնը, այսինքն ճառ, բարոյական ըմբնումներ, քաղաքական վարդապետութիւններ, նոյնիսկ՝ կրօններ, քննելի եւ քննադատելի են:
Երբեմն պէտք է մոռնալ մեր պուտտայական, հրէական, քրիստոնէական իսլամական ժառանգութիւնը, հեռանալ մեր միաստուածական աւանդական մշակոյթէն, տեսնելու համար, թէ մեզմէ հեռու եղող եւ մեզմէ տարբեր հոլովոյթ ունեցած ժողովուրդներ ինչպէ՞ս իրենք զիրենք կը տեսնեն աշխարհի մէջ: Օրինակ, Ամազոնի անտառներու ժողովուրդներու աշխարհագրական տարածքը տարբեր աշխարհներ ունի. ապրողերու աշխարհ, մեռեալներու աշխարհ, ոգիներու աշխարհ միասին կը բնակին անտառի աշխարհին մէջ: Կը հաւատան որ ապրողները կրնան մէկ աշխարհէ միւսը անցնիլ, տարբեր արարածի կերպարանք ընդունիլ: Անոնց մշակոյթի «փիլիսոփայութիւն»ն է հաշտ եւ ներդաշնակ ապրիլ բնութեան, արարածներուն, ծառերուն եւ ոգիներուն հետ: Իրենց «կրնօնաւոր»ը, շամանը, միջնորդ է ոգիներու եւ տարբեր տեսակի արարածներու միջեւ: Միթէ՞ խորապէս տարբեր է կրօնաւորի դերը այլ կրօններու պարագային:
Տարբերութիւնները ընդունիլ որպէս աշխարհը տեսնելու եղանակներ, միաժամանակ զանոնք ըմբռնել, ի հարկին քննադատել, պէտք չէ ընդունիլ որպէս մեղանչում, այլ՝ կատարելագործման եւ մաքրման (catharsis) ուղի:
Այս ըմբռնման, փոխըմբռնման ճամբուն վրայ արդի եւ արդիական հաղորդամիջոցները կարեւոր դեր ունին: Անոնք կրնան իրենց կարելիութիւնները չարաշահել եւ ստեղծել ատելութեան եւ կիրքի մթնոլորտ, կրնան նաեւ ըլլալ փոխըմբռնման եւ երկխօսութեան փորձադաշտ: Բայց անոնք, ըստ իրենց պաշտպանած քաղաքական-մշակութային-կրօնական աշխարհներու պաշտպանութեան եւ թելադրութեան, իշխանութիւններու, քաղաքակրթութիւններու, լուսաբանելէ եւ դաստիարակիչ ըլլալէ աւելի ուղղակի-անուղղակի ենթակայ են տարբեր իշխանութիւններու այս կամ այն ձեւի գերակայութեան միտումներուն, անոնք ըլլան ցեղային, մշակութային, կրօնական, լեզուական, կայսերական-տիրակալական:
Մեր անմիջական ներկային մէջ, համաշխարհայնացման տնտեսական տիրակալութեան զուգահեռ, կրօնական ազդակը կը հանդիսանայ ժողովուրդներու միջեւ փոխհասկացողութեան եւ խաղաղութեան հաստատման գլխաւոր խոչնդոտը:
Ազգերը, քաղաքակրթութիւնները, նաեւ բոլոր բարի կամքի տէր մարդիկ, քանի մեծ աղէտներ չեն պատահած, պարտին իմաստութեամբ հաւասարակշռութիւններ գտնել, ներդաշնակել ազատութիւնը եւ հաւատքը, մշակոյթները, արտայայտուելու եւ ամէն ձեւի ընտրելու ազատութիւնները ներդաշնակել:
Անակասկած, այս ներդաշնակման ստեղծման համար էական է ազատ եւ անկաշկանդ մամուլի դերը: Բայց նաեւ կրթութիւն-ուսումը, իր ազնիւ քննական միտքի զարգացումով, որ ճշմարտութեան եւ ճիշդ դատողութեան ըմբռնում կը ջամբէ: Կրօնքը եւ կրօնաւորները իրենք, պէտք է ընեն այնպէս, որ կրօնը չդառնայ քաղաքական ինքնութեան եւ մոլուցքի գործիք:
Քաղաքակրթութիւններու բախման հարցը պէտք է մտահոգէ քաղաքացին, ուսուցիչը, լրագրողը, քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարը, քանի որ այսօր իրենց անունը չըսող պատերազմներ կան, որոնք կրնան վաղը դառնալ համաշխարհային բռնկում եւ աղէտ:
Ողջմտութիւնը կը թելադրէ այն միտքը, որ մշակոյթները եւ կրօնները չեն անհասկացողութիւններու եւ պատերազմներու պատճառը, այլ անոնց քաղաքական շահագործումը իշխանաւորներու կողմէ, ցեղապաշտական եւ կայսերական մղումներով:
Ցեղապաշտական եւ կրօնակայսերական հակամարտութիւնները բարոյական ըմբռնումով եւ իմաստութեամբ եթէ չյաղթահարուին, մարդկութիւնը կը կանգնի մեծ աղէտի առջեւ, քանի որ մեծ քանդումի միջոցներու տէր են մեծերը եւ պզտիկները:
Երբեմն պէտք է մտածել Ալպէր Այնշթայնի հետ, որ ըսած էր. «Չեմ գիտեր թէ ինչպէս պիտի ընթանայ Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմը, բայց գիտեմ թէ ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ չորրորդը. մահակներով եւ քարերով»:
Պատասխանատու փնտռող պիտի չըլլայ, քանի որ պատասխանատու մնացած պիտի չըլլայ, մնացած-չմնացածին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար: Լիբանանցի իմաստասէր Ռընէ Հապաշի, իր դասախօսութիւններուն մէկուն ընթացքին, անդրադառնալով նման մեծ աղէտի, ըսաւ, որ անկէ ետք, այլ մոլորակի մտացի արարած երբ այցելէ երկիր մոլորակը, երբեք պիտի չկարենայ երեւակայել, որ հոն մարդիկ ապրած են եւ եղած են քաղաքակրթութիւններ:
Քաղաքակրթութիւններու բախում եւ կրօնական պատերազմ. յետո՞յ:
Ֆրանսացի դասական թատերագիրի Փիէր Քորնէյի պարզ խօսքը պէտք է յիշել. «Կռիւը վերջացաւ կռուող մնացած չըլլալով»: Այն ատեն ո՛չ հրթիռներ եւ ո՛չ ալ հիւլէական ռումբեր կային:
Հիմա, քաղաքակրթութիւններու բախման սպառնալիքի մթնոլորտին մէջ, այդ բախման առաջին գիծին վրայ գտնուող փոքրիկ Հայաստանը «հրաւիրուած է բանակցելու»: Ի՞նչ պիտի պահանջուի իրմէ: Ի՞նչ է այս բանակցութիւններուն գացող Հայաստանի ազգային-համազգային վարքագիծը, դոկտրինը, մանաւանդ որ Հայաստան պառակտուած է, եւ այդ գաղտնիք չէ:
Թեր կամ դէմ, քննադատող կամ գովերգող ըլլալէ առաջ, քաղաքացին եւ հայը պէտք է գիտնայ, իրաւունք է, թէ ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը տանին Հայաստանը եւ ազգը:
yerakouyn.com/2021/12/23/քաղաքակրթութիւններու-բախման-ենթադրե/