Դատարկ Խօսք Է Ըսել, Թէ Մեծ Մշակոյթի Ժառանգորդ Ենք, Երբ Զայն Չենք Վերանուաճեր – Յակոբ Պալեան
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
«Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի…»
ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ
Պատմահայր Մովսէս Խորենացին ալ ըսած է, որ փոքր ենք թէեւ, բայց ունինք յիշատակելի արժանիքներ: Ունինք մշակոյթ, որուն ժառանգորդ ըլլալ կը նշանակէ՞ տէր ըլլալ:
Մեր 3+10 միլիոնը ժառանգորդ է` Նարեկացիի, Շնորհալիի, Կոմիտասի, Վարուժանի, Թէքէեանի, Մեծարենցի, Տէրեանի, Չարենցի, Պարոնեանի եւ ուրիշներու, բայց տէ՞ր է այդ ժառանգութեան:
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ տիրութիւնը: Անուններ յիշելո՞վ, պատկեր եւ քանդակ դիտելո՞վ:
Ի՞նչ պէտք է ընել, ըրած ըլլայինք, տէր ըլլալու համար մեր մշակոյթին, որպէսզի ան մեծամասնութեան համար չդառնար, դարձած չըլլար, թանգարանային իր: Պէտք է ընդունինք, որ ձախողած ենք մեր մշակոյթը նուաճելու եւ շարունակելու դժուարութեան դիմաց, ան չնչին փոքրամասնութեան հետ եւ մէջ կ’ապրի:
Մշակոյթը գոյութենական խնդիր է: Շաբաթավերջի ճաշկերոյթի համեմ չէ: Ամէն օր եւ ամէն առիթով, արդարացումներ փնտռելով եւ գտած ըլլալ կարծելով` լքած ենք մշակոյթը, այդպէս ալ կը շարունակենք: Ինչպէս ըսուած է, ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը: Հայրենասիրական եւ քաղաքական կաղապար տարազներու կրկնութիւն ճառերը մշակոյթ չեն: Օտարներու գնահատանքը, այս կամ այն մայրաքաղաքին մէջ հայ մշակութային աւագ դէմքի տպաւորիչ արձանը վկայութիւն են, բայց չեն փոխարիներ էական նուաճումը, զոր պէտք է իրականացնէ ժողովուրդը` իր մշակոյթը իւրացնելով եւ անոր հաւատարիմ մնալով, ասդիէն անդիէն եղած կապկումները մշակոյթ չհամարելով: Այդ նուաճումը այսօր հասած է նուազագոյնի:
Պատասխանատուութիւններ ճշդելէ եւ քննադատութիւններ բանաձեւելէ առաջ պէտք է կեանքի կոչել իսկական բանիմացներու մարմին մը` հաշուեկշիռ ընելու համար, գիտնալու, թէ մեր ժողովուրդի ո՛ր տոկոսը ժառանգորդ եւ տէր է իր մշակոյթին: Այդ ընելու համար յստակութեամբ պէտք է սահմանել, թէ ի՛նչ է հայ մշակոյթը` որպէս խորք, հարազատութիւն, ինքնուրոյնութիւն, իր բազմաթիւ երեսներով: Այսօր հայ մշակոյթին տիրութիւն կ’ընէ չնչին փոքրամասնութիւն մը, մեծամասնութիւնը անհաղորդ դարձած է անոր:
Տիրութիւն` չի նշանակեր թութակաբար կարգախօս կրկնել:
Յաճախ քաղաքականութիւն կը խաղանք, բայց երբ քաղաքականութիւնը էական ազգային մշակութային խորք եւ ենթահող չունի, ան կ’ըլլայ կապկուած-ներածուած գաղափարներու շուրջ հիւսուած շատախօսութիւն: Քաղաքականութեան եւ հայրենասիրութեան աւիշը ազգային մշակոյթն է, եւ պատեհապաշտութեամբ` այս յաճախ կ’անտեսենք:
Մշակոյթը հաւաքականութեան մը հոգեկան-ոգեկան-պատմական-ընկերային-ստեղծագործական կեանքի, տեսիլքներու եւ ապրումներու համաձուլուած ամբողջութիւնն է, առանց առաջնահերթի եւ երկրորդականի: Առանց այս ամբողջի գիտակցուած տիրութեան, ազգը, որպէս այդպիսին, կ’այլասերի: Առանց լեզուի, առանց սեփական երգ-երաժշտութեան, առանց սեփական ժողովուրդի անցած ուղիի գիտակցութեան, որ պատմութիւն է, հաւաքականութիւնը կ’ըլլայ ամբոխ կամ գնչու, առանց լեզուի ժողովուրդը կ’այլանայ:
Այս ըմբռնումներու լոյսին տակ, առանց ինքնահաճոյախօսութեան, պէտք է դիտենք մենք մեզ, մեր ներկան եւ գալիքը:
Մեր ժողովուրդին ո՞ր տոկոսը գիտէ` իր պատմութիւնը (առանց պատմաբան ըլլալու), գիտէ իր երկրի աշխարհագրութիւնը, բնական հարստութիւնները, բնակչութեան համրանքը եւ տեղաբաշխումը` Հայաստան եւ սփիւռքներ, գիտէ իր լեզուն` հարազատ բառամթերքով եւ շարահիւսութեամբ:
Պահ մը կանգ առնենք այս վերջին կէտին վրայ: Այս կամ այն առիթով եկեղեցի կ’երթանք, արարողութեան ներկայ կ’ըլլանք, շատեր կը կարծեն, որ լսուածը այլմոլորակայիններու լեզու մըն է: Ոչ հեռաւոր անցեալին դպրոցներու մէջ գրաբար ալ կ’ուսուցանուէր: Հիմա՞: Մեր բոլորին մեղսակցութեամբ, գիտոսիկի ախտով, շրջապատի ճնշման տակ հայերէնը կը մոռցուի եւ կը ձեւազեղծուի: Սփիւռքի մէջ հայերէնը տեղի կու տայ, կ’այլասերի, կը փոխարինուի տարբեր լեզուներով: Հայաստանի մէջ, նոյն գիտոսիկի ախտով, հայերէնի մէջ տառադարձութեամբ կը ներմուծուին հազարաւոր օտար բառեր (կը բաւէ հետեւիլ մամուլին, լսել հեռատեսիլը եւ քաղաքական գործիչները): Այդ «կարեւոր-իմաստուն» համարուած բառերուն հայերէնները ունինք, անոնցմով գրած եւ խօսած ենք:
Նոյն հունով, կը կարծենք արդիականանալ եւ յառաջդիմել «հայկական ճազ» հնարելով:
Ազգային-քաղաքական վերականգնումի համար նախապայման է սեփական մշակոյթի վերանուաճումը, անով միայն ինքնութիւն կը կերտուի:
Առանց այս նուաճման` ազգային քաղաքականութիւն չկայ, կը յառաջանան թաղային կամ տեղական հեղինակութիւններ, Հայաստան եւ այլազան սփիւռքներ: Երկրորդի պարագային` նոր կամ երկրորդ հայրենիքի երեւելիութիւններ:
Լայն առումով մշակութային հարազատութեան վերականգնումը եւ անոր վերանուաճումը պէտք է սկսին Հայաստանէն: Խօսքը կը վերաբերի բոլոր մակարդակներու ցուցադրամոլութիւններու մերժումին: Փիքասոն մեծ նկարիչ է, Փիքասոն կապկող հայ նկարիչը Փիքասօ պիտի չըլլայ, ան պէտք է իր վրձինը թաթխէ իր երանգապնակի հայկական որդան կարմիրին մէջ` հայ նկարիչ ըլլալու համար: Օտարագիր հայազգի գրողը, որքան ալ մեծ ըլլայ եւ մեր ինքնասիրութիւնը շոյէ, հայ գրող չէ, հայ գրականութիւնը չի հարստացներ: Այսպէս` բոլոր մարզերու պարագային:
Այս խօսքերը չեն միտիր արժէքներ անտեսելու կամ նուաստացնելու, այլ` հարազատը վերականգնելու, այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ ինչ որ ինծի կը պատկանի, ինծի կը պատկանի, ինչ որ ինծի չի պատկանիր, ուրիշին կը պատկանի: Միշտ ըսած եմ, որ իմ սիրած մեծ վիպագիրիս` Անրի Թրուայի գրականութիւնը կը պատկանի Ֆրանսայի, այդ երկրի գանձարանին, անկէ լումայ մը անգամ չենք ժառանգեր, բացի սնապարծական բաժակաճառէ: Անրի Թրուայան միակը չէ:
Արդ, ունի՞նք բաւարար գիտակցութիւն, հոգեկան ուժ եւ հայ ազգային հարազատութեան հեռանկար, ներսը եւ դուրսը, նախաձեռնելու համար մեր հարազատ մշակոյթի վերանուաճման, անոր անեղծ պահպանման եւ զարգացման: Այդ ուժը իսկական ազգային-հայրենասիրական քաղաքականութիւն է: Այս ընելու համար, ինչպէս արդիական ըլլալու համար կ’ըսուի, պէտք է փոխել մեր ազգային-քաղաքական մտածողութեան logiciel-ը:
Այդ փոփոխութիւնը պիտի սկսի, պէտք է սկսի Հայաստանէն, ուր մշակոյթի արմատական եւ բազմերես վերանուաճման համար կան հիմնակառոյցներ եւ պետութիւն: Հարազատ մտաւորականութիւնը, նաեւ` գիտակից քաղաքական ղեկավարութիւնը, այս կարգախօսով հրապարակ պէտք է գայ` առանց տուրք տալու մեր ինքնութեան եւ մշակոյթին չառնչուող տկարացումներու եւ պարտադրանքներու: Հայաստանէն սկսած վերականգնումը, եթէ սկսի, կրնայ աստիճանաբար տարածուիլ եւ օժանդակել սփիւռքի կրկնուող եւ աճող նահանջներու յաղթահարման:
Իսկ սփիւռք(ներ)ը պարտի անմիջականը զատել հիմնականէն, ճշդել նահանջի պատճառները, ձգտիլ անոնց վերացման` հրաժարելով պարտուողականութիւնը որպէս կանոն ընդունելէ: Ինչպէս եղած է եւ հետզհետէ կը շեշտուի, ներհամայնքային բնական լեզու հայերէնը, լուռ մեղսակցութիւններով, կը փոխարինուի այլ լեզուներով:
Հայ մշակոյթի վերանուաճման պայքարը հասցնել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, իւրաքանչիւրը մասնակից դարձնել այսօրուան եւ վաղուան մեր բոլոր քաղաքական պայքարներուն ուժականութիւնը պէտք է ըլլայ, այլապէս ինչ որ աղմուկով կը կոչենք ազգային քաղաքականութիւն, շնչահեղձ պիտի ըլլայ, հետեւորդ պիտի չունենայ:
Այս երազապաշտութիւն չէ: Կը պահանջէ ծրագրում, ղեկավարում եւ գլխագիր Առաջնորդներ, որոնք յիշուին նաեւ ապագային, պատմահայր Մովսէս Խորենացիի յաւերժական իմաստ ունեցող խօսքին մէջ. «…բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի»:
Ազգի մշակոյթի վերանուաճումը իւրաքանչիւր հայու կողմէ յեղափոխական ընթացք է, հաւաքական յաղթանակի տանող ճամբուն վրայ առնուած առաջին եւ մեծ քայլ:
20 դեկտեմբեր 2021, Նուազի-լը-Կրան
www.aztagdaily.com/archives/533177