Կը Մտածե՞նք Պարտութենէ եւ Պառակտումներէն Ետքի Մասին – Յակոբ Պալեան
23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Մեծագոյն փառքը երբեք իյնալը չէ, այլ իւրաքանչիւր անկումէ ետք վերականգնիլը:
Նելսըն Մանտելա
Կը մտածե՞նքի յոգնակին չի վերաբերիր միայն սրտցաւ անհատներու, այլ Պետութեան, Կուսակցութիւններուն, Կառավարութեան, հայրենաբնակ ժողովուրդին, Սփիւռք(ներ)ին եւ անոր անթիւ անհամար կազմակերպութիւններուն:
Մեր ժողովուրդին համար պատմական պահը վճռորոշ է: Միջազգային նոր քարտէսներ կը գծուին, ուժերու յարաբերութիւնները կը փոխուին, քանի որ նոր հզօրութիւններ կը ստեղծուին:
Այդ բոլորին մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր տեղը: «Ո՞ւր պէտք է ըլլայ»-ն հարցական պէտք չէ ըլլայ: Բայց է:
Մեր բաժանումներով եւ պառակտումներով ի՞նչ դեր եւ տեղ կրնանք ունենալ:
Դէպքերու ընթացքին վրայ ազդելու համար ուժ չենք: Կացութիւնը կը դիմագրաւենք պարտուածի վիճակով եւ անբուժելի դարձող, հին եւ նոր բաժանումներով, վերանորոգուող եւ աճող պառակտումներով: Ո՛չ անհատական եւ ո՛չ հաւաքական անհանգստութիւն կը զգանք եւ կը շարունակենք այնպէս՝ որ կարծէք ամէն բան բնական է:
Պատմական պահու ճակատագրական բնոյթը չենք տեսներ, կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կազմակերպուած, ինքնաբաւ, ապահով, բնական, ընդունուած պայմաններու մէջ ապրող երկիր եւ ժողովուրդ ենք, որ կրնայ տիւ ու գիշեր մրցակցութիւն խաղալ, որ ունի համախոհութեամբ ընդունուած ըմբռնումներ եւ փորձ, որոնք կը կանոնաւորեն ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքը: Այսինքն՝ իրատես չենք:
Կարծէք կ’ամչնանք օրակարգ դարձնել մեր գոյապահպանման սպառնացող էական օրակարգը,նոյնքան կարեւոր՝ որքան սահմանին կանգնած կամ դարանակալ սպասող թշնամին: Այդ մեր պառակտուածութիւնն է, որ թշնամիներու եւ օտարի կողմէ չէ պարտադրուած: Կրնայ նաեւ պառակտում ստեղծուած ըլլալ զանազան ուժերու կողմէ, զորս սովորութիւն է կոչել Հինգերորդ Զօրասիւն:
Մեզի կը պակսի իրատեսութիւն եւ ազգի լինելութեան նկատմամբ գիտակցուած յանձնառութիւն:
Հակառակ մեր անցեալի մասին մեր գովաբանութեան, հակառակ մեր պատմութեան դասերուն եւ մեր բանաստեղծներու հոգեպարար եւ հնչեղ խօսքերուն, զորս կը սիրենք կրկնել, բայց պառակտումը կը խլացնէ, զիրար չենք լսեր: Այդ խօսքերը կարծէք բեմերու համար են եւ կը չարաշահուին ամբոխավարական աժանագին միտումներով:
Պիտի հասկնա՞նք, կը հասկնա՞նք օր մը, որ պառակտուածութիւնը ազգակործան է, հայաստանցին պիտի ըսէր՝ քանդումի պրակտիկա: Տիրող (չ)գաղափարաբանութիւնը իր անունը չըսող եսի ար յաւելեալ իրաւունքի հետապնդումն է: Ո՛չ յաւելեալ ծառայութեան համար: Արամ Ա կաթողիկոսը 2022-ը յայտարարեց Սփիւռքի տարի: Պիտի յայտնուի՞ իր կոչման արժանի ղեկավար մը, առաջնորդ մը, որ ԱԶԳԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ԵՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ, ՈՐ ԱԶԳԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ԵՒ ՎԵՐՋ, ո՛չ այս կամ այն անհատը:
Այս պիտի թելադրէ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ, որուն համար կը սպասուի ԻՐԱՒ ՂԵԿԱՎԱՐԸ: Այդ միացնող ղեկավարները յայտնուած են այլ ժողովուրդներու պատմութեան աստեղային պահուն, գիտցած են միացնել, գերանցելով պահու բացասականութիւնները, հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւնները, քէնով, քինախնդրութեամբ եւ իրենց եսով չեն առաջնորդուած: Անուններ՝ որոնք յաճախ կը յիշուին առասպել պատմելու պէս, առանց զանոնք հայելիի վերածելու եւ մենք մեզ դիտելու այդ հայելիին մէջ: Այդ անունները գիտնալ, ծանօթանալ անոնց պատմութեան եւ դերին, սոսկ գիտութիւն պէտք չէ ըլլան, այլ՝ ներշնչման աղբիւր, քաղաքական ուղի:
Պէտք է համեստութեամբ յաճախել մեծերու դպրոցը:
Միասնութեան հասնելու համար պէտք է յաղթահարել պառակտումները, յոգնակի, քանի որ անոնք մէկ եւ միատեսակ չեն: Եւ դէպքերու բերումով, կամայ ակամայ, հեռուէն կամ մօտէն, մասնակից եւ մեղսակից ենք պառակտումներուն, որոնց տրամաբանութիւնն է յաւելեալ պառակտումը, բուրգին գագաթը եւ ստորոտը: Անցեալին կ’ըսէին, թէ պէտք է վստահիլ ժողովուրդի ընդոծին իմաստութեան, ողջախոհութեան, բայց կարծէք մեր ժողովուրդը «օրը օրին»-ի ընդարմացման մէջ է, ե՛ւ բուրգին գագաթը ե՛ւ բուրգին ստորոտը:
Մեր որպէս ազգ բաժանումները, կոտորակումները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) բնական էր որ զգալու եւ մտածելու կարծրացող տարբերութիւններու ծնունդ տային, եւ կու տան: Սակայն ի՞նչ բանի կը ծառայեն հարազատ մտաւորականութիւնը եւ ղեկավարութիւնը, եթէ կացութիւնը գնահատելով, չեն նախաձեռնած եւ չեն նախաձեռներ տարբերութիւններու յաղթահարման եւ չեն նախաձեռներ միացման, միասնութեան հարթակի ստեղծման: Եւ իւրաքանչիւր հայ, կամ խմբաւորում, կը վազէ առանձին, կարծէք ազգային-քաղաքական կեանքը մրցավազքի արձակ դաշտ է, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճոկկինկը կ’ընէ: Եւ քանի որ հասնումի հանգրուան չկայ, յաղթող եւ պարտեալ ճշդելու համար, իւրաքանչիւրը ինքզինք կը հռչակէ ախոյեան, առանձին, առանց խումբի, աստուածառաք ախոյեան:
Բայց միշտ կը խօսինք միութեան մասին, որ դարձած է խօսքի արարողակարգ, որ կը նշանակէ՝ «ինծի միացէ՛ք»: Դեռ չենք համոզուած, մենք մեզ չենք համոզած, որ կոտորակները ամբողջ չեն, վատուժ են, անկարող են ազգապաշտպան եւ հայրենապաշտպան ըլլալու, ըլլալով մասնակիի գերի եւ նեղ հորիզոնէ դիտելով կացութիւնը, կ’երթանք դէպի պարտութիւն, որմէ ետք վերականգում կարելի չ’ըլլար:
Ո՞ր ղեկավարը, ո՞ր ղեկավարները, ո՞ր պետութիւնը, ո՞ր ուժերը, պիտի ստեղծեն դրական համագործակցութեան պայմանները, որպէսզի ազգը,- Հայաստան եւ սփիւռք(ներ),- դառնայ ուժ, ունենայ միացնող տեսլական, որպէսզի ճակատ յարդարենք ներկայի սպառնալիքներուն եւ ամէն կարգի դժուարութիւններուն դէմ: Տեսլական յղացքը հարկ է ըմբռնել իր խորքային իմաստով. տեսնել ներկան եւ գալիքը՝ որ պիտի գայ, նոյնիսկ երբ մենք որպէս անհատներ այլեւս չըլլանք:
Այլակարծութիւնը բնական է, հասարակական մտածողութիւնը անով կը հարստանայ: Բայց մտաւորական պարկեշտութիւն եւ քաջութիւն պէտք է ունենալ, ընդունելու համար, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը ոչ ոքի կը պատկանի, ինչ որ կ’ըլլայ առաջին քայլը կառուցողական երկխօութան, որուն համար անհրաժիշտ է ունենալ լսելու առաքինութիւն, որ յաճախ կը պակսի հայ կեանքի մէջ, մի՛շտ բուրգին գագաթէն մինչեւ ստորոտը:
Երբեմն կը մտածեմ այն մասին, թէ ինչո՞ւ ներազգային կեանքի մէջ իարու հանդէպ ոչ միայն վերապահութիւն, այլ մանաւանդ ատելութիւն ունինք: Չկարենալով դիմադրել այլազան ճնշումներու, զիրար կը դարձնենք յարձակումներու թիրախ, յաղթանակի զգացում բաւարարելու համար: Եւ կը փակուինք մէկը միւսին դիմաց, կը զարգացնենք ինքնագոհութիւն, սնափառութիւն, որոնք կը յանգին անփոխարինելիութեան եւ անսխալականութեան: Այս քաղաքական միտքի նախնականոպթիւն է:
Պատահա՞ծ է, որ հայ ղեկավար մը, կուսակցութիւն մը, կազմակերպութիւն մը, նաեւ անհատներ, յայտարարեն, թէ աստ կամ անդ սխալած են: Այս պատճառով ցանկալի երկխօութիւն(ներ)ը կը դառնայ համրերու զրոյց: Ոչ ոք ոչ ոքի կը վստահի: Եթէ ծրագիր մը չի բխիր այս կամ այն էսթէպլիշմընթէն չի քննուիր, նկատի չ’առնուիր:
Ծաղրանկարային է մեր կեանքը. ձախողութիւնը կը վերագրուի միւսին, եւ քանի որ բոլոր միւսները առանձին առած անսխալական են, անկարող կ’ըլլանք միասնականութիւն ստեղծելու եւ յաջողելու: Եւ իմացական թմրածութեան հետեւանքով, կը դառնանք թշնամիին առարկայական դաշնակիցը:
Միաժամանակ կը յայտնուին ինքնակոչ փրկիչներ, փոխառնուած եւ այլ երկինքներու տակ հնչած կարգախօսներով, որոնք դատապարտուած են իրենց տեղը տալու նորարութիւններու, որոնք անվաղորդայն հանդէսներ՝ դիրք եւ շահ հետապնդողներու, որոնք իրենք զիրենք կը դնեն այս կամ այն ճամբարին մէջ, չեղածի վրայ հիմնուող ինքնահաստատում փնտռելով եւ կրակելով միւս ճամբարին վրայ:
Այսպէս է հայ կեանքը այսօր: Ազգի ոգեկանը կազմող մշակոյթը չկայ, կան փոխառնուած մշակոյթներ, որոնք կապկումներ են, անհարազատ են (լեզու, արուեստ, երգ, կարգախօսներ): Ներազգային ամբարտաւանութեամբ կը կարծենք մշակոյթ եւ ինքնութիւն խաղալ ծառայելով ուրիշին, որ մեզի պէտք չունի:
Ինչպէ՞ս ինքնութիւն կը վերանուաճուի. ինքնութիւնը ապրելով եւ զայն կենսունակ դարձնելով: Ինչպէ՞ս իրաւունք կը նուաճուի. սեփականի հանդէպ անխառն հաւատարմութեամբ եւ ո՛չ փոխառնուածի մէջ ինքնաիրականացում գտնել կարծելով:
Այսօր կանգնած ենք հիմնախնդիրներու դիմաց. Նոյն պատմութեան եւ նոյն մշակոյթին զաւակնե՞րն ենք, թէ՞ տեղատուութիւններով այլասերած ենք: Նոյն ժողովո՞ւրդն ենք, թէ՞ նոյն արմատէն սերած տարբեր հաւաքականութիւններ: Ունի՞նք ճշմարիտ գիտակցութիւն եւ անոր հետեւող յանձնառութիւն, որ հայրենատիրութիւն պէտք է ըլլայ:
Ի՞նչ է Հայաստանը մեզի համար. առեւտրական եւ զբօսաշրջական հարթակ:
Ի վերջոյ, անկեղծութեամբ պէտք է ըսել, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ունի՞նք մէկ եւ հասարակաց հայրենիքի ըմբռնում: Ըմբռնում՝ որ կը պահանջէ, ճոռոմ եւ շողոմ խօսքերէ առաջ եւ վերջ, տիրոջ գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն:
Այսօր անկարելի է նշուած գիտակցութեան եւ յանձնառութեան թուական պատկերը ունենալ, քանի որ հայ հանրային կարծիքի դաշտը դուռ-պատուհան չունի, խօսքի հովերը ազատ կը շրջին:
Մինչեւ ե՞րբ: Ո՞վ կը պատկերացնէ այդ մինչեւը: Մեղանչում է նման պատկերացման մասին խօսիլ:
Եւ այսպէս կ’երթայ, պիտի երթայ կեանքը: Սպասելով… … որ եսապաշտներէ, աթոռապաշտներէ, սնափառ հայրենասէրներէ եւ շահախնդիր հայրենատէրերէ փրկուի ազգը եւ հրաշքով իրականանայ ողջախոհական the right man in the right place հայկական իրականութեան մէջ անկարելի թուացող պարզ իմաստութիւնը:
Եթէ մեր ղեկավարները, կուսակցութիւնները, ամէն տեսակի փառասէրները, պահ մը մոռնային իրենց եսերը, անսխալական ըլլալու յաւակնութիւնները, աշակերտէին Կանտիի, կը հասնէին քաղաքական իմաստութեան եւ կը դառնային բարիք Ազգին՝ այսօրուան եւ վաղուան համար: Ան ըսած է. «Վարքի ոսկեայ կանոնը փոխադարձ հանդուրժողութիւնն է, քանի որ բոլորս երբեք նոյն ձեւով պիտի չմտածենք, պիտի տեսնենք ճշմարտութեան միայն մէկ մասը եւ տարբեր անկիւններէ»:
yerakouyn.com/2022/01/21/կը-մտածե՞նք-պարտութենէ-եւ-պառակտումն/