Վերակագնման Մասին Խորհիլ Մեր Կորուստներու Հաշուեկշիռը Ընելով եւ Նայիլ Հեռուն – Յակոբ Պալեան

National Hero of Armenia and the Artsakh Republic Monte Melkonian

Վերակագնման Մասին Խորհիլ Մեր Կորուստներու Հաշուեկշիռը Ընելով եւ Նայիլ Հեռուն – Յակոբ Պալեան

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Իմացականութեան արդարութիւնը իմաստութիւնն է: Իմաստունը ան չէ որ շատ բան գիտէ, այլ ան՝ որ կը տեսնէ անոնց ճիշդ տարողութիւնը:

Պղատոն

Հայրենիքի տարածքներու կորուստ, հազարաւոր մահեր, պարտութիւն, վնասներ, կը պահանջեն արժեւորումներ եւ պատասխանատուութիւններու ճշդում եւ անոնց գերանցումը:

Երազուած «բարեկամներ», անհատ, պետութիւն թէ միջազգային կազմակերպութիւն, կամ երկնային հրաշք, պիտի չվերականգնեն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները: Այդ մենք պիտի ընենք, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, սփիւռք(ներ), քննադատողներ, բարեսէրներ, հայրենասէրներ:

Կրեցինք ծանր պարտութիւն, որուն հետեւանքները ո՛չ ճառով, ո՛չ զգացական կողմնակցութեամբ կամ քննադատութեամբ կրնանք վերացնել: Հինգ կամ վեց հազար երիտասարդ զինուորներու մահը փոխանակ մեզ իրարմէ բաժնելու, մեզ միացնէր: Գիտնալ պատասխանատուութիւնները ճշդել, զանոնք ստանձնել եւ ընթանալ դէպի վերականգնում:

Մեր մօտի եւ հեռուի շրջապատը է ինչ որ է: Այս իրատեսութիւն է: Այդ ընելու համար ո՛չ մարգարէ ըլլալու կարիք կայ, ո՛չ ալ սաւանանման վկայականներու: Աշխարհագրական այն բեմին վրայ ուր կը գտնուինք, միշտ եղած են մրցակցութիւններ եւ բախումներ: Հոն մնալու համար պէտք է որ ապաւինինք, ապաւինէինք, մեր ուժին, որուն առաջին պայմանը միացումն է, որ կ’ենթադրէ քաղաքական-բարոյական բարձր առաքինութիւն, հոգեկան ուժ: Ինչպէ՞ս այդ ունեալ քանի մը տասնեակ կուսակցութիւններով եւ նոյնքան առաջնորդ ըլլալու յաւակնութիւններով:

Պիտի չխօսիմ պարսկական, թրքական եւ ռուսական մրցակցութիւններուն եւ անոնց բանակներուն մասին: Այդ ընելու համար կան գիրքեր, ոչ միայն հայերէն: Մեր ժողովուրդին համար ի՜նչ ողբերգութիւններու պատճառ եղած են այդ մցակցութիւնները: Նոյնիսկ հեռաւոր Եւրոպայի մրցակցութիւններուն եւ պատերազմներուն բեմ եղած են Հայաստանը, ընդհանրապէս Կովկասը, որոնց հետեւանքով բռնագրաւուած է հայրենիք Արեւմտահայաստանը, պատճառ դառնելով ցեղասպանութեան եւ մէկուկէս միլիոն հայերու բնաջնջման: Աղէտ՝ մեր ժողովուրդին համար, ամօթի խարան՝ ցեղասպանին եւ հանդուրժած-հանդուրժող քաղաքակիրթ համարուած աշխարհին: Այս դժբախտութիւնները գիտնալ եւ անոնց մասին խօսիլ չեն բացատրեր եւ արդարացներ վտանգին դէմ կանգնելէ խուսափումները, ազգային-քաղաքական գիտակցուած եւ յանձնառու կամքի բացակայութիւնը:

Ինչո՞ւ չենք յաջողիր ներկայացնել եւ պաշտպանել պատմական եւ քաղաքական ճշմարտութիւնները միջազգային յարաբերութիւններու ընթացքին եւ համաշխարհային մամուլին: Մինչեւ այսօր կը տիրէ այն կարծիքը, որ Արցախը,- Նակորնօ Ղարաբաղը,- ատրպէյճանական է եւ հայերը բռանգրաւող են: Ըմբռնումները կանգ առած են խորհրդային քարտէսներու վրայ: Լրագրողներ եւ պատմաբաններ կը խօսին Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ծնած Թուրքիոյ մասին, անգիտանալով ժողովուրդներու իրաւունք եւ պատմութիւն: Մեծերը չեն խօսիր արդարութեան վերահաստատման մասին: Իսկ վատսերած հայեր վարդապետականօրէն կը յայտարարեն, որ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել: Եւ հայ քաղաքական միտքը կը մտնէ փակուղի:

Խօսինք անմիջական եւ պարզ բաներու մասին:

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, անկէ վերջ եւ մինչեւ այսօր, չյաջողեցանք քաղաքական եւ լրատուական աշխարհը լուսաբանել եւ անոր պարտադրել պատմական եւ ազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած ճշմարտութեան եզրաբանութիւն, որ չկայ Նակորնօ-Ղարաբաղ, այլ կայ հայերով բնակուած երկհազարամեայ Արցախ: Նակոռնօ Ղարաբաղը Ստալինի կամայական որոշման հետեւանք է, ան այդ տարածքը դրաւ Ազրպէյյճանի գերիշխանութեան տակ: Խորհրային Միութեան փլուզումով, բնական էր, որ սրբագրուէր Ստալինի կամայական որոշումը: Արցախ խորհրդային քարտէսէն դուրս եկաւ նոյն այդ Խորհրդային Միութեան Սահմանդրութեան կանոններով, հանրաքուէով, 1991-ին:

Ինքնադրժումով, Ազատ Աշխարհը, փոխանակ գնահատելու Ստալինի եւ խորհրդային քննադատուած կամայականութեան սրբագրութեան զօրավիգ կանգնելու, շարունակեց Արեւելք-Արեւմուտք իմաստէ պարպուած խաղը, մերժեց ԱՐՑԱԽԻ ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒՄը, եւ զայն խեղդեց անվերջանալի բանակցութիւններու մէջ: Արեւմուտքը մէկ հատիկ բարոյական, պատմական եւ օրինական պատճառ տուաւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը չճանչնալու համար: Երկու պատճառներ կային այդ մերժումին համար. Թուրքիոյ ներկայութիւնը արեւմտեան զինակցութեան մէջ եւ Պաքուի նաւթը: Ոչ մէկ օրինական, պատմական եւ բարոյական հիմնաւորում ունէր Ազատ կոչուած աշխարհի եւ այսպէս կոչուած Մեծերու անսկզբունք վերաբերումը:

Ազատ Աշխարհը եւ Մեծերը դաւաճանեցին իրենց հիմնական եւ հիմնարար սկզբունքներուն, եւ այդ մեղանչումը մենք չբարձրաձայնեցինք: Եթէ այդ ընէինք աւելի՞ն պիտի կորսնցնէինք, քան ինչ որ կորսնցուցինք:

Ինչպէ՞ս կրնանք դիմադրել անտարբերութեան եւ շահախնդրութիւններու, երբ ներազգային կեանքին մէջ կը պայքարինք իրարու դէմ: Նման պայմաններու մէջ դուրսի հետ, թշնամիի հետ կռուի մէջ պարտութիւնը անխուսափելի է: Դժբախտաբար, Հայաստանի օրուան իշխանութիւնները, պատերազմը առաջնորդելու եւ ղեկավարելու համար անհրաժեշտութիւն չհամարեցին տարակարծութիւնները փակագիծի մէջ դնել, եւ մոռնալով հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւնները, կոչ չըրին այն բոլոր ուժերուն որոնք պատերազմի եւ քաղաքականութեան փորձ ունէին:

Երբ սահմաններու վրայ կռիւ կար, երկրին ներսը քաղաքական պայքարները կը շարունակուէին: Ամբաստանութիւններ եւ դատեր :

«Յաղթելու ենք»ի դատարկաբանութիւնը,, ինչպէս կ’ըսեն՝ «բլէֆ»ը, փչոցը, թշնամիին դէմ զէնք չէր, իսկ զանգուածին համար եղաւ թմրեցուցիչ: Արդիւնքը եղաւ այն, որ համաժողովրդական զօրաշարժ տեղի չունեցաւ: Սահմանափակ թիւով հաւատաւորներ ոտքի կանգնեցան, ճակատ գացին, զոհեր եղան: Բայց պատերազմը դպրոցի բակի խաղ չէ, սիրողական գործ չէ, կ’ենթադրէ կազմակերպութիւն, միջոցներ եւ ղեկավարում: Այսինքն՝ պատրաստութիւն: Ո՞վ այսօր անկեղծութեամբ եւ գիտակցութեամբ կրնայ ըսել, որ պատերազմի պատրաստուած էինք, երբ գաղտնիք չէր, որ պատերազմը անխուսափելի է: Եւ դեռ չէ աւարտած: Այս ալ պէտք է գիտնալ գալիքի համար:

Հիմա վերականգնումն է մեծ խնդիրը: Այդ կարելի չէ իրականացնել լրատուամիջոցները զուարճացնող մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն խաղով: Ան կը պահանջէ գերլարում եւ ազգի բոլոր կարողականութիւններու (պոտենցիալ, potentiel) օգտագործում: Ընդունելով հանդերձ, որ ուժերը անհաւասար էին եւ դաշնակից չունեցող Հայաստանը, իր համրանքով եւ նիւթական միջոցներով չէր կրնար Ազրպէյճան-Թուրքիա համրանքին, սպառազինման եւ նիւթական միջոցներուն դէմ դնել, պէտք է աւելցնել, որ կարելի չէր թշնամիին դէմ դնել ազգային բազմապատիկ երկփեղկուած ուժերով, ուր կէսէն մէկ աւելիի տիրապետութիւնը կ’անտեսէր միւս կէսը:

Գումարենք հին եւ նոր չարաշահումները, այդ մասին ամբաստանութիւնները, զրպարտութիւնները եւ դատերը, որոնք ոչ մէկ ձեւով կրնային նպաստել ներքին ճակատի միացման՝ ընդդէմ նախայարձակումներու: Հետեւա՞նքը. բարոյալքում: Ներքին քաղաքական դաշտի պառակտուածութիւնները բնական է որ պիտի անդրադառնային ռազմական ճակատին, հակառակ հոգեպարար խօսքերու, որոնք պատերազմ առաջնորդելու համար փուչիկ են: Այդ դրութեան մէջ օրէնքները կը գործածուին իշխանապահպանութեան եւ ոչ ազգային համախոհութեամբ միշտ ցանկալի բայց չիրականացող ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ, ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԱԿԱՏԻ ստեղծման:

Պարտութեան եւ անոր յառաջացուցած նիւթական եւ հոգեբարոյական ընկճուածութիւնը պատճառ է, որ պետութիւն եւ զանգուած յանցաւոր փնտռելու մոլուցքով զիրար ամբաստանեն, անկարելի դարձնելով ուժերու մէկտեղումը, որ վերականգնումի նախապայմանն է: Ողջախոհութիւնը կը պահանջէ ներազգային կեանքի խաղաղեցում, մարդկային եւ նիւթական ուժի, կարողականութիւններու, նաեւ՝ սփիւռքի, ճիշդ եւ իմաստուն օգտագործում՝ վստահութեան վերականգնումով, ընդունելով, որ տաբեր մտածել չի նշանակեր թշնամի ըլլալ: Այս պէտք է ըմբռնել Հայաստան եւ կոտորակուած սփիւռքներ:

Եթէ դադրէինք ըսելէ, որ ես կամ դուն իրաւունք ունիք, այլ խօսէինք եւ գործէինք իրա՛ւ հայրենասիրութեան եւ հայրենատիրութեան պահանջած ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ յանձնառութեամբ, ըսէինք՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔՍ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ, կը վերականգնէինք:

Այս ընելու համար պէտք է առաջնորդուիլ ֆրանսացի իմաստասէրի խօսքով, որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է», կը դադրէինք ընտրական մանրուքներու մէջ ինքնահաստատում փնտռելէ:

Զրոյցի մը ընթացքին, իշխանութեան վրայ յամեցողի մը ըսի, որ «եթէ ոսկի հաւկիթ պիտի ածէիք, հինգ, տասը, քսան տարիները բաւ պիտի ըլլային»: Այս պէտք է ըմբռնեն բոլոր անփոխարինելիները եւ նուաճեն հոգեբարոյական այն մեծութիւնը, որ ըսել կու տայ. «Դուն ալ իրաւունք ունիս», այս ըսել ՄԵԾ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՄԵԾ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է:

Պղատոն ըսած է. «Իմացականութեան արդարութիւնը իմաստութիւնն է: Իմաստունը ան չէ որ շատ բան գիտէ, այլ ան՝ որ կը տեսնէ անոնց ճիշդ տարողութիւնը»:

Եւ գիտէ ԵՍէն անդին նայիլ:

Առանց իմաստութեան քաղաքականութիւնը աթոռախաղ է: Ի հարկէ՝ մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

yerakouyn.com/2022/01/14/վերակագնման-մասին-խորհիլ-մեր-կորուստ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail