Հայկական Ներկայութիւնը Յուշող Եւ Յիշեցնող Գիրք Մը – Յակոբ Պալեան
24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Գիրք մը, որ կը վկայէ Ֆրանսայի Պրըթանեը շրջանին մէջ հայկական ներկայութեան մասին: Պրըթանեը Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ յառաջացած թերակղզի մըն է` իր ուրոյն աշխարհագրութեամբ, լեզուով, աւանդութիւններով, պատմութեամբ, թագաւոր-թագուհիներով, առասպելներով: Երեք վարչական բաժանումներ ունի, ունի նաւահանգիստներ, ինչպէս` Պրեստը:
Ֆրանսայի աշխարհագրութիւնը գրելու նպատակ չունիմ: Գիրքին հեղինակն է Իվ Տըվուլֆ: Ան աւագ լրագրող է, աշխատակից է ֆրանսական «Ֆրանս 3» հեռատեսիլի կայանին եւ Սորպոնի դասախօս: Իրեն գործակցած է Ժան Սիրաբեան:
Գիրքը պատմական կամ գրական երկ մը չէ եւ է: Յար եւ նման է հեռատեսիլի վաւերագրական հաղորդումի մը` արագ, բազմազան նիւթերով եւ նշումներով: Թերեւս, օր մը, Իվ Տըվիւլֆ վաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստէ ֆրանսացիին եւ հայուն համար: Այնքա՜ն առատ պատմութիւններ, յիշատակութիւններ եւ վայրեր կան: Հետաքրքրական են բազմաթիւ անունները, պատմութիւնները եւ աշխարհագրական-պատմական Պրըթանեի եւ Հայաստանի բաղդատութիւնները: Բոլորին մասին գրել եւ խօսիլ` պիտի նշանակէր գիրքը թարգմանել: Խելացի մրջիւնի աշխատանք կատարուած է Հայաստանի եւ Պրըթանեի միջեւ նմանութիւններ գտնելու համար, յիշելու Պրըթանեի մէջ հայկական զարմացնող բազմերես ներկայութիւնը. հանգունակութիւն առասպելներու, բազմաթիւ հայ կրօնական քարոզիչներու, սուրբերու, անոնց անունով` եկեղեցիներու:
Հայաստան եւ Պրըթանեը երկրաշարժային գօտի են, ունին հրաբուխներ եւ ոսկիի հանքեր:
Գիրքը կը սկսի 1988-ի երկրաշարժը յիշելով, կը խօսուի անոր աւերի եւ սուգի մասին: Այդ էջերէն խիստ հետաքրքրական եւ միշտ մտահոգիչ պարբերութիւն մը կը թարգմանեմ. «Երկրաշարժէն ազատած հայ որբեր էին: Խորհրդային կառավարութիւնը որոշած էր անոնց որդեգրումը արտօնել միւս հանրապետութիւններու ընտանիքներու կողմէ: Ոմանք կը խօսէին Մոսկուայի կողմէ ծրագրուած առեւանգումի մասին` հայ մանուկները Հայաստանէն, իրենց բարքերէն եւ մայրենի լեզուէն հեռացնելու համար»: Թղթածրարը օր մը կը բացուի՞: Փորձ եղա՞ծ է այդ որբերը վերադարձնելու: Այդ որբերը հիմա չափահասներ են, կը յիշե՞ն, թէ ուրկէ՛ եկած են: Յիշեցնող եւ տիրութիւն ընող կա՞յ:
Գիրքին հետաքրքրական էջերը կը վերաբերին Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ հնագիտական վայրերու բաղդատութեան` Պրըթանեի հետ. առասպելներ. Պրըթանեի սուրբեր, որոնց համար կ՛ըսուի, որ ծնած են Հայաստան, ինչպէս կ՛ըսուի` ծագումով հայ են: Մշակութային բաղդատութիւններ: Նաեւ` ներկայութիւն, ինչպէս` Ազնաւուրի դամբարանը, Ռեն քաղաքին մէջ խաչքար մը, այլ տեղ` յուշաքար մենհիր մը:
Գիրքին խորագիրը արդարացուած է. նոյնքան կը խօսուի Հայաստանի եւ հայերու մասին, որքան` Պրըթանեի: Զարմացնող պատմական մանրուքներ կան գիրքի 250 էջերէն աւելի քան հարիւրին վրայ: Օրինակ, Անն տը Պրըթանեը (ԺԵ. դար) իր երկրի դքսուհին էր Ֆրանսայի թագուհի ըլլալէ առաջ: Ան հայկական կզաքիսը (hermine) կը գնահատէր եւ զայն դարձուցած էր Պրըթանեի խորհրդանիշը: Բառարանը կ՛ըսէ, որ կզաքիսը ստնաւոր մըն է, եւ hermine անունը կու գայ լատիներէնէ. armenius mus, Հայաստանի մուկ:
Պատումը հրաւէր է զբօսաշրջիկի, կամ ուխտաւորի` ցուպը առնելու եւ շրջելու, տեսնելու եւ գտնելու հայկական հետքը, լսելու պատմութիւնը, հին եւ նոր, սուրբերու առասպելները եւ մուսալեռցիները ջարդէ ազատած մարտանաւի պրըթոն նաւազներու պատմութիւնը:
Գիրքին հաստատումները պարզապէս կը կրկնեմ: Արեւելեան սուրբեր քրիստոնէութիւն քարոզած են Պրըթանեի մէջ: Կը յիշուի սուրբ Պլեզը. ինչպէ՞ս հայերէնով կոչել այդ սուրբը, լաւ կ՛ըլլայ, որ մասնագէտներ ճշդեն, կ՛ըսուի Վլաս, նման անուն կա՞յ հայերու մէջ: Ան եղած է նաեւ բժիշկ, կոկորդի ցաւեր բուժող եւ բազմաթիւ համայնքներու մէջ կը յիշուի: Ըստ աւանդութեան, ան Կապադովկիայէն էր: Ինչե՜ր կը պատմուին այս հայածնունդ սուրբին մասին, որուն անունով բազմաթիւ տաճարներ կան: Ուրիշ արեւելեան եւ հայ սուրբեր ալ կը յիշուին:
Փոնթիվի քաղաքը, որ առաջ կոչուած է Նափոլէոնվիլ, կը յիշեցնէ Նափոլէոնի հաւատարիմ սպասաւոր մամլուք հայ Ռուսթամը: Կը կարդանք, որ Գրոզոնի եկեղեցիին մէջ կայ փայտի վրայ փորագրուած զոհասեղան մը (retable)` նուիրուած հռոմէացիներու կողմէ Արարատի վրայ ջարդուած 10.000 նահատակներու: Պատկերուած են 400 անձեր:
Գիրքը քանի մը անգամ կ՛անդրադառնայ Պրըթանեի Պրեստ նաւահանգիստի նաւաստիներուն, որոնք 1915-ին փրկած են լեռ ապաստանած եւ իթթիհատական կառավարութեան տեղահանութեան հրահանգին ընդդիմացող մուսալեռցիները:
Կ՛ըսուի, որ տեղեկութիւնները քաղուած են Պրըթանեը բնակող հայ պատմաբան Ժորժ Գէորգեանի տուեալներէն: Պրըթոն երգիչ Տնեզ Փրիժան իր խումբի նուագարաններուն մէջ ընդգրկած է հայկական տուտուկը, որմէ ներշնչուած է պրըթոնական պոմպարտը: Կ՛ըսուի, որ Շարլ Ազնաւուր կը սիրէր Պրըթանեը եւ պրըթոն աւանդութիւնները: Ան թաղուած է Մոնֆոր տ՛Ամորիի դքսուհի Անն տը Պրըթանեը գերեզմանատունը:
Պրըթանեի հայերը հոս տեղադրած են երկու կոթողներ. Պէօզեք Քափ Սիզունի Մենհիրը եւ Պրըթանեի մայրաքաղաք Ռենի Ժան տ՛Արք թաղամասի գեղեցիկ խաչքարը:
Այս բոլորը չէի գիտեր եւ չտեսայ Փոնթիվի կեցութեանս մէկ ամսուան ընթացքին: Թերեւս պէտք է վերադառնալ քարտէս եւ գիրք ի ձեռին: Կը տարուիմ մտածելու, որ մի՞թէ Պրըթանեը հայկական արուարձան մըն է, ուր դպրոց եւ ակումբներ պէտք է հաստատել, միութիւններ` Ֆրանսա եղածներուն վրայ գումարելու համար: Մանաւանդ որ հոն մէկ ամիս կեցութեանս ընթացքին լողաւազանը հանդիպեցայ արտագաղթած հայ ընտանիքի մը: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սորվեր էին Փոնթիվիի ճամբան®
Իվ Տըվուլֆ կը յիշեցնէ, որ Ռիշըլիէօ կը գնահատէր հայերը, որ` հայ առեւտրականներ Մարսէյ հաստատուած են Լուդովիկոս ԺԴ.-ի ժամանակ: Այդ հայերը կը կոչէին շոֆոլեններ, անոնք սուրճ կը ներածէին, զարգացուցած էին տպածոյ հիւսուածքի ճարտարարուեստը: Ռիշըլիէօ քաջալերած է Մարսէյի հայկական տպարանը` նպատակ ունենալով հայերէն գիրքերու ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը:
Հպանցիկ ակնարկ կայ հայոց պատմութեան. Մեսրոպ Մաշտոց եւ հայ գիրերը, Կոմիտաս, հոներու արշաւանքը, առաջին քրիստոնեայ պետութիւն Հայաստանը, Սալահէտտին եւ Երուսաղէմի հայերը, ջրհեղեղը, Նոյեան տապանը եւ Արարատ, եւ անշուշտ` հայկական լաւաշը, պրըթոն քրեփին բաղդատուած:
Կը խօսուի այն մասին, որ դքսուհի Անն տէ Պրըթանեը կը սիրէր հայկական որդան կարմիրը, որմէ պատրաստուած ներկը մեծապէս կը տարածուի Եւրոպայի մէջ: Հալածուած եւ Օսմանեան կայսրութենէն փախստական հայերը իրենց հետ բերած են ներկատու բոյս մը, գիրքը կ՛ըսէ` garance, բառարանը որպէս հայերէն բառ կը գրէ` տորոն:
Իվ Տըվուլֆ կը խօսի հայկական խաղողի եւ գինիի աստուածաշնչական պատմութեան մասին: Նաեւ` Հայաստանի Զօրաց քարերուն մասին. կ՛ըսէ որ անոնք աւելի հին են, քան` Պրըթանեի Քառնաքի քարերը եւ Անգլիոյ Սթոնհենճը` ՄԵՆՀԻՐները: Հայաստանի Զօրաց քարերուն վրայ կան բացառիկ գլանաձեւ ծակեր, որոնց համար կ՛ըսուի, թէ եղած են աստղագիտական դիտարկումներու համար: Կը հարցնէ, որ մի՞թէ այլմոլորակայիններու գործ են մենհիրները, Հայաստան եւ Պրըթանեը: Իվ Տըվուլֆ կը հաստատէ, որ Պրըթանեի Քառնաքի քարերէն աւելի հին են Հայաստանի Զօրաց քարերը:
Հայկական Լեռնաշխարհի կազմութեան մասին եղած առասպելները կ՛ըսեն, որ անոնք քարացած հսկաներ են: Կը պատմուի Արայի լերան, Արայի եւ Շամիրամի մասին:
Իվ Տըվուլֆ կը բաղդատէ Հայաստանի եւ Պրըթանեի առասպելները:
«Ռըփորթաժ»-ը կը շարունակուի, կը հասնինք Նորատուզ, Նորավանք եւ Սանահին, ուր, ինչպէս Պրըթանեի մէջ, իւրաքանչիւր աղբիւր ունի իր առասպելը եւ դարմանի իւրայատկութիւնը: Միաեղջիւրներու (licornes) առասպելներ` հեթանոսական շրջաններէ փոխանցուած, որոնք տեղ գտած են հայկական ձեռագիրներու եւ մանրանկարչութեան մէջ: Հետաքրքրական. հայկական licorne ունեցած է ոչ թէ մէկ, այլ երեք եղջիւր:
Կը յիշէ ֆրանսագիր Ժան-Ժագ Վարուժանի «L՛Ankou» թատերական երկը: «Ankou»-ն Պրըթանեի առասպել է: Առասպելներու կարգին կը յիշուի հայոց Տրդատ թագաւորին ծանօթ պատմութիւնը, երբ ան վերածուեցաւ գայլի (loup garrou), քանի որ Գրիգոր Լուսաւորիչը բանտարկած էր Խոր Վիրապի մէջ: Իվ Տըվուլֆ զուգահեռներ կը գտնէ Պրըթանեի եւ Հայաստանի այս կարգի առասպելներուն միջեւ: Ճամբորդութիւնը կը շարունակուի եւ կը հասնիք Մուղնիի վանք, կը խօսուի Ս. Գէորգի եւ անոր dragon-ներու (հայերէն կ՛ըսուի` վիշապ (թեւաւոր մողէս) դէմ կռուի եւ յաղթանակի մասին: Նման բազմաթիւ առասպելներու բաղդատութիւններ կան գիրքին մէջ:
Ինչպէս ըսի այս յօդուածի սկիզբը, դժուար է այս գիրքը գրախօսել, որովհետեւ ան բազմաթիւ նիւթերու, անուններու, դէպքերու եւ յիշողութիւններու խաչաձեւ պատում է: Այնքա՜ն լրագրական եւ պատմական հետաքրքրական «մանրուք» կայ գիրքին մէջ, որ անոր ընթերցումը առանց պատկերի հեռատեսիլի վաւերագրական յայտագրի կը նմանի: Եւ իւրաքանչիւր ընթերցող անոր մէջէն կը վերցնէ այն, ինչ որ զինք կը հետաքրքրէ:
Ինչո՞ւ Իվ Տըվուլֆի աշխատանքի որպէս շարունակութիւն գիտական արշաւ չկազմակերպել` հետեւելով անոր նկարագրական քարտէսին:
15 յունուար 2022, Նուազի-լը-Կրան
aztagdaily.com/archives/535590