Ի՞նչ Բան Մեզ Պիտի Միացնէ – Բաժնէ՛ տիրելու համար, խորիմաստ խօսք – Միացո՛ւր կառավարելու համար, աւելի լաւ ապահովութեան – Յակոբ Պալեան

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Ի՞նչ Բան Մեզ Պիտի Միացնէ – Բաժնէ՛ տիրելու համար, խորիմաստ խօսք – Միացո՛ւր կառավարելու համար, աւելի լաւ ապահովութեան – Յակոբ Պալեան

26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Johann Wolfgang von Goethe – (1749-1832)

Բաժնէ՛ տիրելու համար, խորիմաստ խօսք: Միացո՛ւր կառավարելու համար, աւելի լաւ ապահովութեան:

Եոհան Վոլֆկանկ  վոն Կէօթէ (1749-1832)

            Հայաստանի «Սփիւռք» լրատուական անգլերէն էջին վրայ կարդացի հարցումը. «Ի՞նչ բան մեզ պիտի միացնէ»:

            Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարց տալ, թէ «ի՞նչ բան եւ բաներ մեզ պիտի միացնեն», եւ շարունակելով հարցնել, թէ «ի՞նչ բաներ մեզ կը բաժնեն եւ ցարդ ի՞նչ ըրած ենք մեզ իրարմէ բաժնող բաները վերացնելու համար»: Եթէ բաժնողը մէկ ըլլար, աւելի դիւրին կ’ըլլար գտնել մոգական լուծումը:

            Փորձեմ առանձնացնել քանի մը խնդիրներ:

            ա. Հայրենաբնակի եւ ո՛չ հայրենաբնակի տարբերութիւն. պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու առանց ճապկումներու ճշդում, եւ նոյնացում, որոնք միացման նախապայման են:

բ. Համահայկական նշանակութեամբ հարցերու նոյնացում, հասարակաց ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան մշակում եւ ընդունում:

գ. Համահայկական ժառանգութեան տիրութիւն. անցեալի, ներկայի, հայաստանեան եւ սփիւռքեան:

դ. Զոյգ աշխարհաբարներու միաժամանակ ընդունում որպէս պետական եւ ազգային լեզու, իմաստութեամբ իրականացնել կարելի մերձեցումներ:

ե. Հայաստանի ապաքաղաքական լքումը գնահատել որպէս ազգային աղէտ, աղէտ նաեւ սփիւռքի համար, անոր հոգեբարոյական բացասականութեամբ, եւ զայն մեքենաբար չգումարել հայրենահանուածներու սփիւռքին վրայ:

            Նախ որպէս ազգապաշտպաններ եւ հայրենապաշտպաններառանց գերակայութեան եւ ստորակայութեան վերաբերումներու, առանց երէցի եւ կրտսերի, առանց յաւելեալ իրաւունքի եւ պարտքի, պէտք է խօսիլ այս հարցերուն մասին: Դիւրին պիտի չըլլայ քարացած եւ արմատացած բարքերը եւ մտայնութիւնները յաղթահարել: Բայց եթէ այսօր չխօսինք այս մասին, ժամանակը իր աւերը պիտի գործէ, ե՛ւ երկրին մէջ ե՛ւ երկրէն դուրս, որպէս հոգեբարոյական եւ մշակութային հեռացումներ: Այդ ընկերութիւններու անզսպելի ընթացքն է, որուն համար արդէն կայ ընդունուած եւ գաղթականի պատեան դարձած տարազը. ըլլալ այս կամ այն՝ բայց «ծագումով հայ»:

Տուրիստական արշաւանքները եւ բարեսիրական խիղճ հանդարտեցնող անվաղորդայն դարմանները,- բժիշկներ հիւանդը հանդարտեցնելու համար կը թելադրեն դատարկ դեղ, որ կը կոչուի փլասեպօ,- միացումը կենսագործող քաղաքական իրաւ ազդակներ չեն:

            Յաւակնութիւն պէտք չէ ունենալ յօդուածի մը էջերով, այս կամ ժողովին մէջ, կամ սովորութիւն դարձած բեմական կամ բաժակի շուրջ արտասանուած ճառով մը, ով որ ալ ըլլայ խօսողը, գտնել ՄԻԱՑՄԱՆ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ, որ այդ ձեւով կրնայ ըլլալ միայն յիշուած փլասեպոն:

            Պետական համապատասխան կառոյցներ, սփիւռքեան մեծ փորձ ունեցող կազմակերպութիւններ, այս հարցով տագնապող մտաւորականններ եւ քաղաքական գործիչներ նախ պէտք է խօսին, թեր եւ ի հարկին դէմ, միտքերը բիւրեղացնելու համար եւ զանգուածները լուսաբանելու համար:

            Զուգահեռաբար պէտք է կազմակերպել խորհրդաժողովներ ներսը եւ դուրսը, ներսի եւ դուրսի մտաւորականներու մասնակցութեամբ, առանց էսթէպլիշմընթային տուրքեր տալու, բազմակողմանի եղանակով քննելու համար հարցերը մշակութային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ գաղափարախօսական տեսանկիւններէ:

            Այս խնդիրը էապէս քաղաքական է ազգի ապագայի տեսանկիւնէ եւ զայն պէտք է զերծ պահել ընթացիկ քաղաքական շահախնդրութիւններէ եւ հռետորաբանութենէ: Կեանքի մէջ գիտենք, որ երիկամներու ցաւ ունինք սափրիչի մօտ չենք փնտռեր դարմանը: Այս ըմբռնումով պէտք է գիտնալ խմբուիլ, խօսիլ, հետազօտութիւն կատարել եւ փորձել հասնիլ կարելի լուծումներու: Միշտ յաւելեալ պարտաւորութեան գիտակցութեամբ եւ ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի, որ յաճախ չեղած բանի իրաւունք կ’ըլլայ:

            Ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցները, ել-նամակներ, մամուլի առցանց ընթերցումները եւ առցանց հանդիպումները կրնան մեծապէս նպաստել քննելի օրակարգերու ներկայացման, քննութեան եւ բիւրեղացման: Կեդրոնական մարմին մը կը մէկտեղէ եւ կը համադրէ աշխատանքը, ապա կը մտածուի մասնագիտական խմբակի մը մասին, որ կը բանաձեւէ լուծման առաջարկներ:

            Այս խնդիրը ազգային-քաղաքական է, բայց ոչ ընթացիկ եւ սովորական առօրեական քաղաքական:

            Ինչպէ՞ս միացնել հայութիւնը:

            Ո՛չ թէ միացնել ասոր կամ անոր ծառայելու համար:

            Պետութիւն, ներսի եւ դուրսի կուսակցութիւններ, զանազան կազմակերպութիւններ ազգին համար հեռանկարային վերաբերումով, այս միացման ընթացքին եւ պայմաններուն պէտք է նպաստեն:

            Այլապէս, ինչպէս երկնային մարմինները տեւաբար կը հեռանան իրարմէ, ազգի անդամներն ալ պիտի հեռանան իրարմէ, անկարելի պիտի ըլլայ զիրար տեսնել, իրարու հանդիպիլ:

            Այս սիրողական աշխատանք չէ: Ո՞վ եւ որոնք պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի ըսուածները չըլլան սրահներ եւ ցոյցեր զուարճացնող փուչիկներ:

            Այս պէտք է իրականացնել ուժ ըլլալու, տոկալու եւ տեւելու համար: Ափսոս կ’ըլլայ եթէ ազգովին չհասկնանք միացման հրամայականը եւ չանսանք անոր:

            Բայց ուժ ըլլալու, տոկալու եւ տեւելու համար ղեկավարում պէտք է: Այդ ղեկավարումը գտնել դժուար է, եւ այդ գտնելու դժուարութեան յուսահատութիւնը սահմանած է մեծ գիտնական Ժան Ռոսթան, եւ իր մտածումը մեզ մեր կարգին պէտք է մղէ մտածելու առաքինութեամբ առաջնորդուելու:

            Ան ըսած է. «Պիտի ազատենք հիւլէի ուժը, պիտի ճամբորդենք աստղերու մէջ, պիտի երկարենք կեանքը, պիտի դարմանենք թոքախտը եւ խլիրդը, բայց պիտի չգտնենք գաղտնիքը նուազ անարժաններով կառավարուելու» *:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

yerakouyn.com/2022/01/26/ի՞նչ-բան-մեզ-պիտի-միացնէ-յ-պալեան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail