Ուրկէ՞ Ո՛ւր Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ –ՍՓԻՒՌՔ : – Կարդալ նաեւ՝:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Քանի մը օրէն, պիտի նշենք Արցախեան շարժումին շղթայազերծման 34-րդ տարեդարձը: 1988-ի այս օրերուն էր որ հայկական աշխարհը, սկսելով Արցախէն ու համակելով Երեւանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը, ինքզինք երկրաշարժի ենթարկեց եւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ բացաւ նոր էջ մը: Այդ երկրաշարժը նման չէր այն աղէտին, որ Գիւմրին, Սպիտակն ու շրջակայ գօտին հարուածեց 1988-ի վերջերուն, ո՛չ ալ այն մէկուն, որ վերջին օրերուն դարձեալ ահազանգի մատնեց հայրենի ժողովուրդը՝ վրացական սահմանէն մինչեւ Երեւան եւ այլուր:
Արցախեան Շարժումն ու հետեւած զարգացումները խորքին մէջ գումարն էին այն ենթաշարժումներուն, որոնք շատ աւելի կանուխէն (կրնանք վերադառնալ մինչեւ 60-ականներ) սկսած էին վերաձեւաւորել հայութեան դիմագիծն ու ոգին, զտել այն աղարտումններէն՝ որոնք ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով պարտադրուած էին խորհրդային տարիներուն: Անկէ ասդին ալ, վերանկախացում տանող ուղիներէն մինչեւ Արցախեան մեծ ու փոքր ճակատումներ (անհատնում ճակատումներ), մեր երթը, իր բոլոր ելեւէջներով ընդհանուր առմամբ շարունակուած էր հայրենի հողերուն եւ ազգային բազմերես ժառանգութեանց հաւատարմութեան ընթացքով: Յետոյ, եկաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը եւ… «յեղաշրջեց», վերիվայր շրջեց ամէն բան: Շրջումը տեղի ունեցաւ՝ հրապարակ նետելով բարեկարգում, ժողովրդավարութիւն, փտածութեան դէմ պայքար ու նման ազնիւ գաղափարներ, որոնք այսօր, կը տեսնենք, չեն արդարացած, այլ ՍՈՒՏը դարձած է «բարեյուսոյ հրուանդան»:
Շարժումին 34-րդ տարեդարձին, իրաւունք ունինք տալու, պարտաւո՛ր ենք հարց տալ, թէ ո՞ւր էինք, ո՞ւր հասած ենք եւ այս ընթացքով՝ ո՞ւր կ’ուղղուինք:
Այս հիմնական հարցումներէն կը ծնին բազմաթիւ այլ հարցումներ եւ ունին կամ կը սպասեն պատասխանի: Արձանագրենք մէկ քանին:
***
– Արցախեան Շարժումին իբրեւ արդիւնք, ազատագրեցինք Ստալինի կողմէ Ատրպէյճանի նուէր տրուած եւ բռնագրաւուած հողերէն ընդարձակ բաժիններ, տուինք հազարաւոր նահատակներ, ապրեցանք Եռաբլուրին ներշնչած հպարտութիւնը, թէեւ իւրաքանչիւր նահատակի կորուստը անմոռանալի կսկիծ ալ թողած է մեր հոգիներուն: Հիմա, հասանք հոն, ուր Երեւանի իշխանութիւնները բանիւ եւ գործով կ’ըսեն, թէ Արցախը երբեք ալ Հայաստանին (այսինքն հայութեան) չէ պատկանած, եղած է ու պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Սա կը նշանակէ, թէ մեր պայքարն ու մեր ԴԱՏԻՆ մէկ բաժինին իրականացումը ազգային մեծ սխալք էր, զուր ճիգ, անիմաստ զոհեր…
– Ազատագրեալ Արցախի վերականգնումը ներգրաւեց ողջ հայութիւնը, ինչպէս որ անոր պաշտպանութիւնը Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդներու ձեռքերուն միացուցած էր Սփիւռքի հայութեան ձեռքերը:
Ազերի իշխանութիւններուն կողմէ տասնամեակներ շարունակ թողլքուած, գործնապէս արհամարհուած եւ ընդհանուր առամամբ՝ անցեալ դարասկիզբի «գիւղական» վիճակին մէջ մնացած Արցախը ապրեցաւ վերականգնում, սկսելով առաջին պատերազմի հետքերուն ջնջումնէ ու անոր յաջորդած՝ որոշ ծաղկումէն: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, հայութեան աչքին մէկ լոյսը նկատուող Շուշին հռչակուեցաւ «տժգոյն ու դժբախտ», Հատրութի, Քարվաճառի եւ այլ շրջաններու հետ գործնապէս նուէր տրուեցաւ Ատրպէյճանին, ձեւով մը՝ Երեւանի իշխանութիւնները կրկնեցին ստալինեան «բարեսրտութիւն»ը: Հասանք հոն, ուր հայկական տարածքներ դարձեալ բռնագրաւած Ատրպէյճանը սկսած է ծաղկեցնե՜լ այդ շրջանները, մաքրելով… հայութեան հետքերը:
– Ատրպէյճան պետական յստակ ծրագիրով, այսինքն՝ պետական ոճիրի յղացքով ձեռնարկած է իր բռնագրաւած շրջաններէն հայութեան հետքերուն ջնջումը: Այդպէս կ’ընէ, որպէսզի այլեւս չյիշե՞նք Նախիջեւանի խաչքարերուն ջարդն ու փոշիացումը…: Նաեւ, ազերիական ուժեր յաճախակիօրէն կը կրակեն արցախեան գիւղերու վրայ, կը վտանգեն սահմանամերձ դարձած բնակավայրեր, կեանքը անտանելի եւ անկարելի կը դարձնեն հոն: Ասդին, Երեւանի իշխանութիւնները, մանրադիտակ բռնած իրենց աչքերուն, Ատրպէյճանէն «կառուցողական տրամադրութիւններ» կը սպասեն անյուսօրէն: Իշխանական պատասխնատու մը չի վարանիր յայտարարելու, որ Ատրպէյճանէն դրական նշաններ չեն երեւիր, սակայն ընդհանուր «քաղաքականութիւնը» կը պահուի «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բարեկամութեան, գործակցութեան էջը պիտի բանանք»-ի՝ սին երազներուն տիրապետութեան տակ, տանիքներէն կը պոռան, որ հակառակը պնդողը «նախկիններու» ջատագով են, հայրենիքի շահերը կ’ոտնակոխեն:
– Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Շուշիի պայմանագիր կը ստորագրեն, անոնց խորհրդարանները կը վաւերացնեն անվիճելիօրէն հակահայ ծրագիրը, որ լեցուն է Հայաստանի ու հայութեան ուղղուած վնասարար եւ վտանգաւոր ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ, իսկ Երեւանի «ազգային ջոջեր»-ը կը ճառեն՝ ապաշրջափակում, սահմանազատում եւ սահմանագծում, «հայելային ետք քաշուիլ», չեն անդրադառնար, չեն ուզեր գիտակցիլ, որ այդ նախադասութիւնները մահավճիռի իմաստ ունին թէ՛ Արցախի մնացեալ մասին եւ թէ Հայաստանի սահմանային ծանօթ գօտիներուն համար, աղաղակող սպառնալիք են Սիւնիքին՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի խորագիրին տակ, կը սպառնան Հայաստանը յաւելեալ շրջափակումի ենթարկել՝ զայն խզելով Իրանէն, եւ Թուրքիան, համաթուրանական վաղեմի ծրագիրով, միացնել Ատրպէյճանի (վաղն ալ տարածուելու համար դէպի աւելի հիւսիսները): Հայաստանի շահերուն գիտակից եւ անոնց պահպանութեան նախանձախնդիրներ երբ ահազանգ կը հնչեցնեն, իշխանաւորները, իրենց ձայնը միացուցած մեր դարաւոր թշնամիին (գոնէ որդեգրած՝ անոր «տրամաբանութիւնը»), կը քարոզեն, որ պէտք չէ հաւատք ընծայել «հիներուն», անոնք «ազգայնամոլ են, հին-գլուխ», չեն հասկնար նոր ու խաղաղ աշխարհի պահանջները, թելադրանքները:
– Ի յայտ կու գայ, որ թուրքեր սկսած են կալուածներ գնել Հայաստանի մէջ, ոմանք այդ կ’ընեն՝ ներկայանալով իբրեւ արաբ (կ’անդրադառնա՞նք, որ նման քայլերու ետին կայ հայերն ու արաբները իրարու հակադրելու քողարկեալ միտում): Իշխանութեան աչքին, նման «գնումներ»ու մէջ սխալ բան չկայ. տնտեսութեան կատակասէր նախարարը ամենայն անկեղծութեամբ կ’ըսէ, թէ թուրքերը ներդրումներ, տնտեսական գործառնութիւն կ’ընեն, այսինքն՝ ուրախացէ՛ք, թրքական դրամագլուխը սկսած է կաթիլ-կաթիլ հոսիլ դէպի Հայաստան, ի՞նչ կ’ըլլայ որ… Վաղը, անոնք կրնան քայլ առ քայլ տիրապետութիւն տարածել Հայաստանի տնտեսական տարբեր ոլորտներու վրայ: Զանոնք՝ թող ո՛չ ոք համարձակի թալանչի կամ չարաշահող որակել, քանզի իշխանութեան ոլորտէն ներս թափանցած թալանչիներ արդէն գործընկերութիւն կ’ընեն ի շահ… իրենց գրպաններուն:
– Թուրքիա Հայաստանի հետ «առանց նախապայմանի» բանակցութեան սեղան սարքեց եւ հայ կառապաններ ապահովեց: Թզենիի վերջին տերեւն ալ ինկած է թրքական պահանջներուն վրայէն, այսինքն՝ ամբողջ Արցախէն վերջնական հրաժարում, Ցեղասպանութեան թղթածրարի փակում, Արեւմտեան Հայաստանի պահանջէն հրաժարում, հատուցումներու հարցի մոռացում: Երեւանի «գիւտարար արդիամոլները» գրկաբաց կը դիմաւորեն «առանց նախապայմանի բանակցելու» այսպիսի տրամադրութիւններ, վարչապետը առանց խպնելու կը յայտարարէ, թէ Հայ Դատը Հայաստանի գործը չէ, անիկա սփիւռքցիներուն ճիտին պարտքն է (կ’անդրադառնա՞յ, որ նման արտայայտութեամբ կ’աշխատի փոշիացնել տասնամեակներու պայքարի արդիւնքը եւ «նուէրներ» տալ Թուրքիոյ): Հաւանաբար չնաշխարհիկ գիւտը այն է, որ «այսքան ատեն մեր իրաւունքներ հետապնդեցինք, մեր սպասած տեղը չհասանք, տանք՝ ինչ որ կ’ուզեն, հաւատալով, որ անկէ ետք խաղաղ կ’ապրինք» (օր մը չյայտարարեց, որ մարդիկ սկսած են ձանձրանալ մեզ լսելէ. Վա՜յ… այս որքա՜ն անմարդկային ենք եղեր): Արցախի մեծագոյն բաժինին կորուստը փաստ է, սահմանային գօտիներու բռնագրաւումը՝ նմանապէս: Այս բոլորը խաղաղութիւն չբերին, «Դամոկլեան սուր»երը չվերցուցին: Սա «տանք եւ խաղաղութեան հասնինք»ին ծայրը տեսնող կա՞յ: Իսկ համաթուրանականութեան բոլոր ծալքերը տեսանելի են, Սարդարապատէն առաջ, նաեւ վերջին շուրջ 30 տարիներուն ալ յաջողած ենք արգելակել, հիմա հասած ենք… անոր իրականացման մէջ գործակից ըլլալու դերակատարութեան:
– Երեւանէն դէպի հարաւ՝ Նախիջեւանի եւ Մեղրիի վրայով երկաթուղիի վերաբացումը կը ներկայացուի իբրեւ հրապուրիչ եւ տնտեսական վերականգնումի նպաստղ ծրագիր: Քիչ մը աշխարհագրութիւն, քիչ մըն ալ պատմութիւն իմացողը, քարտէսը դիմացը դնելով, կը տեսնէ, որ Երեւանէն Թիֆլիս գիծը մօտաւորապէս 300 քլմ. է, իսկ մինչեւ Մեղրի բաժինը (Ատրպէյճանի բաժինը առանց հաշուելու), աւելի քան 370 քլմ. է, իսկ անկէ դէպի Ատրպէյճան եւ անկէ ալ Ռուսիոյ սահմանը հասցնող հատուածները կը հասնին հազարաւոր քլմ.ի: Այս մասին հարցում ընողին՝ կ’ըսուի թէ տրամաբանութիւն չունի, որովհետեւ իշխանաւորներուն (չ)տրամաբանութիւնը մի՛շտ ճիշդ է:
– Ցեղասպանութեան մեր նահատակները սրբադասուեցան, նոր նահատակներ միացան բիւրաւորներու փաղանգին: Հիմա հասած ենք հոն՝ ուր սկսած ենք մենք մեզի հարցում ուղղել, թէ արդեօք Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ինչո՞ւ թշնամի են մեզի, արդեօք մեր յանցանքի բաժինը որքա՞ն է (ամէնէն զազրելի «գիւտը»), կամ՝ չմտածե՞նք, որ Արցախի ազերիներն ալ հարցին լուծման մէջ խօսք պէտք է ունենան: Եթէ այս տրամաբանութիւնը նոր հող շահի (եւ ինչո՞ւ չէ, կը շահի իշխանաւորներուն քարոզչութեամբ), վաղը Հայաստանի մէջ կրնան քանդուիլ… Թեհլիրեաններու, Նժդեհներու, նոյնինքն Արամ Մանուկեանի եւ նմաններու յուշակոթողները, որպէսզի փաստենք խաղաղասիրութեան մեր «բարի կամեցողութիւնը» (Արամի բնակարանին վիճակուած կացութիւնը արդեօք նախերգա՞նք մըն էր): Յետոյ, կարգը կը հասնի Ծիծեռնակաբերդի ու Սարդարապատի յուշահամալիրներուն: Գանկերը դրամի կողմնացոյցով օժտած մեր արդի վարիչները, որոնք Երեւանի պետական համալսարանի շէնքերը վաճառքի հանելու եւ մեծ եկամուտներ ապահովելու տրամաբանութեամբ կ’առաջնորդուին, վաղը կրնան նոր «գիւտեր» ալ ընել, օրինակ՝ Ծիծեռնակաբերդի համալիրը վաճառել բարձր գումար վճարողին:
Հրազդան մարզադաշտի կռնակի բլուրը ինչպիսի՜ սքանչելի տեղ է… պանդոկներու համալիր մը կառուցելու: Մարզական համալիրն ալ, որ արդէն «դրամ չի բերեր», կարելի է վաճառել՝ եկամուտ ապահովելու տրամաբանութեամբ: Եւ ի՞նչ հոգ (դո՛ւն ալ, ընթերցո՛ղ, հոգ մի՛ ըներ), եթէ «ներդում» ընողները ըլլան թուրքեր ու ազերիներ (վստահ եմ չենք ուզեր մեր ամէնէն վատ երազներուն մէջ իսկ ասանկ բաներ տեսնել), Հայաստանի տնտեսութիւնն ալ բռնէ Վրաստանի ճամբան:
***
Ահա քանի մը գիծ, թէ աւելի քան 30 տարի առաջ ուրկէ՞ ճամբայ ելանք (այսինքն Սարդարապատով սկսած երթը ինչպէ՞ս վերսկսանք), այս իշխանութեան օրով ո՛ւր հասած ենք եւ ինչպիսի «փայլուն հորիզոններ» կը տարածուին՝ ազերիին եւ թուրքին հետ բարեկամութիւն հետապնդելով: Այս բոլորը կ’ըլլան «ժողովուրդին կամքին համաձայն», ինչպէս ցոյց տուաւ անցեալ Յունիսի ընտրութեանց արդիւնքը, գործի լծուած է «երկաթէ մանտաթը»:
Ե՞րբ է ժամանակը մենք մեզի հետ անկեղծ ըլլալու եւ հարց տալու, թէ մենք մե՞զ եւ ամբողջ աշխա՞րհը խաբած էինք Արցախեան Շարժումին տեսլականներով, տասնամեակներ շարունակ հող ու իրաւունք, արդարութի՛ւն պահանջելով, հայրենիք կերտելով ու պաշտպանելով:
Պատասխանը յստակ է. հայ ժողովուրդը արդարացի էր եւ այսօ՛ր ալ է իրաւատիրութեան մէջ: Խոտորողն ու մոլորեցնողը չեն կրնար վախճանական «յաղթանակ» արձանագրել, որովհետեւ Սարդարապատի ու Արցախեան պատերազմներու ոգին չի կրնար մեռնիլ ու թաղուիլ: Եւ միայն մեր նահատակները չեն, որ անհատոյց պարտամուրհակներ դրած են մեր գրպանը: Մեր նոր սերունդները գիտեն, թէ ի՛նչ կը սպասուի իրենցմէ, այսօր ու վաղը:
yerakouyn.com/2022/02/15/ուրկէ՞-ո՛ւր-հասանք-դէպի-ո՞ւր-ս-մահսէր/