ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Մելիք Շահնազարեաններու Պառակտումը Եւ Մելիք Ջումշուդի Փորձերը` Վերականգնելու Արցախցիներու Միաբանութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ասկերանի բերդը (Մայրամաբերդ) Կարկառ գետի հովիտին մէջ, Ստեփանակերտէն հիւսիս-արեւելք, աջակողմեան եւ ձախակողմեան հատուածներով, բարձր աշտարակներով եւ զանոնք միացնող պարիսպներով, կառուցուած է խանական տիրապետութեան ժամանակ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիք Շահնազարեաններու Պառակտումը Եւ Մելիք Ջումշուդի Փորձերը` Վերականգնելու Արցախցիներու Միաբանութիւնը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Թուրք Քոչուորներու Վերաբնակեցումը Արցախի Մէջ

Ասկերանի բերդը (Մայրամաբերդ) Կարկառ գետի հովիտին մէջ, Ստեփանակերտէն հիւսիս-արեւելք, աջակողմեան եւ ձախակողմեան հատուածներով, բարձր աշտարակներով եւ զանոնք միացնող պարիսպներով, կառուցուած է խանական տիրապետութեան ժամանակ:

Վարանդայի մելիք Ջումշուդ Մելիք Շահնազարեան առանձին մնացած էր Իպրահիմ Խալիլ խանի դէմ, եւ Ղարաբաղի խանը ամէն միջոց ունէր զայն զսպելու:

Իպրահիմ Խալիլ, իր Հիւրիզատ կնոջ միջամտութեամբ Վարանդայի մելիք նշանակեց անոր հարազատ եղբայրը Հիւսէյնը: Մելիք Ջումշուդ մելիք Շահնազարի աւագ որդին էր եւ անոր առաջին կնոջմէն` Թագումէն ծնած էր: Մինչ Հիւսէյն եւ Հիւրիզատ Շահնազարի երկրորդ  կնոջմէն` Սոնայէն ծնած էին:

Իպրահիմ Խալիլ խան համոզուած էր որ Հիւսէյն աւելի հաւատարմութեամբ կրնար ծառայել իրեն:

Խանին միջամտութիւնը հակառակ իր տոհմական աւանդութեան, այն հիմամբ որ աւագ որդին պէտք է յաջորդէր հօրը:

Իպրահիմ Խալիլի կամայականութիւնը պատճառ դարձաւ ժառանգորդներու միջեւ երկպառակութեան:

Իր կարգին Ջհանբախշ պարսից օգնութեամբ փորձեց գրաւել մելիքութիւնը: Ջհանբախշ եւ անոր հարազատ եղբայր Ջհանգիր եւ քոյր Հումա մելիք Շահնազարի Մալայիկ կնոջմէ էին:

Հիւսէյն, Վարանդայի մելիք նշանակուելէն ետք, Իպրահիմ խանի օժանդակութեամբ յարձակեցաւ Ջհանբախշի տան վրայ եւ կողոպտեց անոր կայքը: Ջհանբախշ հազիւ յաջողեցաւ փախուստ տալ եւ ազատել իր կեանքը:

Հայրենի երկրին մէջ իրենք զիրենք վտանգուած զգալով Ջհանգիր եւ Ջհանբախշ փախուստ տուին Արցախէն եւ գացին Շամախի ու Մուսթաֆա խանին մօտ ասպնջականութիւն գտան:

* * *

Իպրահիմ Խալիլ խան իրաւականօրէն Պարսկաստանի կապուած, պարսկական կառավարութեան կողմէ հաստատուած եւ անոր հարկատու կառավարիչ էր, որ կրնար փոխարինուիլ կառավարական որոշումով:

Ղարաբաղի խանը իր պաշտօնին վրայ մնալու համար ամէն տարի ահագին փիշքէշներ եւ նուէրներ կ՛ուղարկէր Պարսկաստան:

Իպրահիմ Խալիլ իր պաշտօնին վրայ կը մնար Պարսկաստանի երկպառակութիւններու եւ անիշխանութեան պատճառով, եւ հայոց մելիքներու անմիաբանութեան հաշուոյն անոնց գլխուն նստած բռնակալ էր:

Եթէ մելիքներէն մէկ քանին իրեն թշնամի էին, մէկ քանին ալ բարեկամ էին:

Իպրահիմ Խալիլ խան սկսաւ անդրադառնալ, որ մելիք Շահնազարի մահէն ետք իր ազդեցութիւնը աստիճանաբար կը թուլնայ: Մելիք Շահնազար այն անձն էր, որուն ձեռքն էր շղթային ծայրը, որով քանի մը նորելուկ մելիքներ կը հնազանդէին իրեն:

Իպրահիմ Խալիլ իր դիրքը պահպանելու համար սկսաւ կամայականութիւններու դիմել եւ մելիքներու անձեռնմխելի նկատուող հողային խնդիրներուն միջամտեց:

Գիւլիստանէն եւ Ջրաբերդէն հեռացած ժողովուրդի փոխարէն ան թուրք քոչուորներ բերաւ բնակեցուց եւ մելիքական հողերը կամայականօրէն բաժնեց անոնց միջեւ: Վերաբնակիչներուն մէջ կարեւոր թիւ կը կազմէին Քոլանիները:

Խանին կամայականութիւնը վրդովեցուց նաեւ անոր անձնատուր եղած մելիքները:

Հայերու աստիճանական հեռացումը եւ թուրք քոչուորներու վերաբնակեցումը սկսած էր փոխել անցեալի զուտ հայաբնակ Արցախի ազգագրական պատկերը:

* * *

Մեծ Թաղեր Հադրութի շրջանի ամենամեծ գիւղը 1200 մեթր բարձրութեան վրայ, Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիով, Լուսաւորչի, Ճոխտ Պըռըվածառ եւ Մրխաթուն սրբատեղիներով, Շմաջրի բերդով, Շմանեք քարանձաւով ու աղբիւրներով, խիտ անտառներով շրջապատուած է. հարաւային կողմէն կը հոսի Իշխանագետ:

Մելիք Ջումշուդ, հօրենական ժառանգութենէ եւ իշխանութենէ զրկուած, կ՛անդրադառնար, որ որքան մեծ եւ աններելի սխալ գործած է իր հայրը` բարեկամութիւն ու զինակցութիւն հաստատելով Փանահ Ալի խանի հետ եւ Շուշի բերդի կառուցման համար հող տրամադրելով անոր: Փանահ Ալիի եւ այնուհետեւ անոր տղուն` Իպրահիմ Խալիլի հետ մելիք Շահնազարի զինակցութենէն շատ բան կորսնցուցած էին թէ՛ իրենք` Մելիք Շահնազարեանները, եւ թէ միւս մելիքները:

Մելիք Ջումշուդի տոհմային հպարտութիւնը սոսկալի վիրաւորուած էր: Իր նախնիները` Մելիք Շահնազարեանները քաջ, առատաձեռն, յարգուած մարդիկ, ամբողջ Գեղարքունիքի եւ Վարանդայի տէրերն էին եւ բարեկամական կապեր ունէին պարսից արքունիքին հետ: Այնքան փառաբանուած Մելիք Շահնազարեաններու տան վրայ այժմ կարգադրութիւններ կ՛ընէր նորելուկ Ջաւանշիրլի քոչուոր մը: Ո՞վ բերաւ, ո՞վ բարձրացուց այդ քոչուորը. իր հայրը, որ անձնական շահերը գերադասեց հայրենիքի անկախութենէն ու ազատութենէն եւ աւերածութիւններու պատճառ դարձաւ: Եւ ահա ինք իշխանութենէն հեռացուած եւ փոխարէնը անարժան ու խորթ եղբայրը մելիք կարգուած, իսկ միւս խորթ եղբայրները հալածուած եւ հեռացած են հայրենի երկրէն:

Բայց այս բոլորը անվերականգնելի կորուստներ էին: Մելիք Ջումշուդ սկսաւ մտածել կարելիութեան սահմանին մէջ եղածը պահել եւ կորուստները դարմանել:

Ջումշուդ, որ կարդացած ու բաւական զարգացած եւ խելացի էր, կը տեսնէր որ բոլոր դժբախտութիւնները յառաջ եկան անմիաբանութենէն ու երկպառակութիւններէն: Իր հայրը Արցախ մտցուց ցեց մը, որ խախտեց հայկական իշխանութիւններու հիմերը եւ կործանեց հինգ մելիքութիւններու հաստատուն միութիւնը եւ ամէն հաւասարակշռութիւն:

Մելիք Ջումշուդ եզրակացուց որ կորսուածը վերականգնել կարելի է միայն մելիքներու միաբանութեամբ, եւ որոշեց խզուած կապերը վերանորոգել մելիքներուն միջեւ:

Բայց մելիքները հեռացած էին եւ անոնց հետ կապ հաստատելն ու միաբանիլը դժուար էր:

Դիզակի մելիք Բախտամ Արտապիլի բերդին մէջ շղթայակապ կը մնար: Ջրաբերդի մելիք Մեջլում կը գտնուէր Գանձակ: Գիւլիստանի մելիք Աբով ասպնջականութիւն գտած էր Վրաստանի թագաւորութեան սահմաններէն ներս: Արցախ մնացած էին խանին անձնատուր եղած դաւաճան մելիքները: Մելիք Ջումշուդ որոշեց անոնց հետ կապեր հաստատել եւ փորձել զանոնք հեռացնել Շուշիի խանէն:

* * *

Իպրահիմ Խալիլ խան անբարոյ մարդ էր եւ զեղխ կեանք կ՛ապրէր. ունէր տասներկու կին, ժամանակաւոր չորս կին առած էր, իսկ հարէմը լեցուն էր հայ աղջիկներով: Հայուհիներ էին, Հիւրիզատ խանում` մելիք Շահնազարի դուստրը, Խաթայի խանում` մելիք Բախտամի դուստրը եւ ժամանակաւոր կիներէն` Ռուղամ խանում` Նախիջեւանիկ գիւղէն (անկէ ծնած է ապագայ բանաստեղծ Ապուլֆաթ աղա Ջաւանշիր` 1766-1839) եւ Սոնա խանում` Տող գիւղէն:

Հայ գեղեցիկ աղջիկ մը հազիւ թէ կարենար ազատ մնալ Իպրահիմ Խալիլ խանի կիրքերէն:

Ղարաբաղի խանին կողմէ Ջրաբերդի մելիք նշանակուած գիւլեաթաղցի Ռուստամ բէկի կին Վարդ Խաթուն կուսապատցի Ապրէս աղայի դուստրն էր: Վարդ Խաթուն նախքան Ռուստամի հետ ամուսնանալը Իպրահիմ Խալիլի ուշադրութիւնը գրաւած էր եւ խանը ցանկացած էր զայն կին ունենալ: Ապրէս աղա իր աղջիկը իսլամական հարէմէն ազատելու համար զայն Ռուստամի տուած էր, թէեւ Վարդ Խաթուն տակաւին փոքր էր եւ կին ըլլալու հասակին չէր հասած:

Իպրահիմ Խալիլի միջոցով Ջրաբերդի մելիքութեան տիրացած մելիք Ռուստամ խանին կամակատարը եղած եւ անոր ձեռքը գործիք դարձած էր:

Իպրահիմ Խալիլ խան մելիք Ռուստամէն պահանջեց կինը` Վարդ Խաթունը, իբրեւ պատանդ պահելու համար զայն Շուշիի բերդին մէջ:

Մելիք Ռուստամ, ստիպուած` տուաւ իր կինը, թէեւ լաւ գիտէր, որ խանը իրեն համար սիրուհի կը տանի զայն եւ ոչ թէ պատանդ:

Մելիք Ռուստամ պատուաւոր մարդու վարկ չէր վայելեր եւ Վարդ Խաթունէն զատ Մարիամ անունով կին մըն ալ կը պահէր, բայց ընտանեկան անպատուութիւնը սոսկալի վիրաւորեց զայն: Մելիք Ռուստամ ձգեց խանին ծառայութիւնը եւ մնացած ընտանիքը հաւաքելով գնաց Շամախի` Մուսթաֆա խանին մօտ:

Մուսթաֆա խան, որ թշնամական յարաբերութեան մէջ էր Իպրահիմ Խալիլ խանի հետ, սիրով ընդունեց մելիք Ռուստամը եւ հայաբնակ Դաշբուլաղ գիւղը տուաւ անոր բնակութեան համար:

Դաշբուլաղէն մելիք Ռուստամ իր ուժերով սկսաւ յարձակումներ կազմակերպել Ղարաբաղի խանութեան վրայ, հասնելով մինչեւ Շուշիի շրջակայքը, եւ մեծ վնասներ պատճառեց Իպրահիմ Խալիլ խանի:

Ղարաբաղի խանին դաշնակից մնացած էին Խնձրիստանի մելիք Ալլահվերդի Մելիք Միրզախանեան եւ Վարանդայի մելիք Հիւսէյն Մելիք Շահնազարեան:

* * *

Գիշի Մարտունիէն արեւմուտք, քարանձաւներով եւ Ղլէն խութ բերդատեղիով:

Իպրահիմ Խալիլ խան հետեւողական կերպով մելիքական տոհմերու ունեցուածքը կը յափշտակէր: Անոր կրօնական անհանդուրժողութիւնը ամէնէն աւելի ուղղուած էր մելիքական տուներուն դէմ:

Գեղադէմ տղաք ու աղջիկներ բռնութեամբ կը յափշտակուէին իրենց ընտանիքներէն: Անոնց կը պարտադրուէր ուրանալ քրիստոնէական կրօնը եւ իսլամութիւն դաւանիլ: Ապա ամէն տեսակի անբարոյութիւն ի գործ կը դրուէր անոնց վրայ:

Գտչավանքի վանահայր Առաքել վարդապետ Կոստանեանց կը գրէ. «(Իպրահիմ Խալիլ խան) զսաստիկ չարութիւնս հասոյց ազգիս հայոց, ընտրեալ զգեղեցկագոյն աղջկունս եւ մանկունս եւ բռնութեամբ քարշեալ տանէր` նախ ուրացուցանէր` եւ ապա զանպատմելի խայտառակութիւն դնէր ի վերայ նոցա»:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի ուղարկուած նամակի մը մէջ մելիք Աբով կը թուէ թէ Իպրահիմ Խալիլ խան որքան ունեցուածք յափշտակած է իրենց Մելիք Բեգլարեաններու տունէն. «Յետ վաղնջան հօր եւ եղբօր իմում, թէ որքան յափշտակեցին ի տան մերոց ոսկեղէն եւ արծաթեղէն, ի շալս թիրմայի եւ չարկազիս ոսկէ թէլ եւ ղալամքարեղէն եւ այլ նմանք սոցին, ի ձի եւ ջորիք, որ յափշտակօղն յերկրիս բռնաւոր Իբրահիմ խանէ Փանահեան խանի եւ արարօղ սմին Շահնազար մէլիքն Յուսէինեան մէլիքի Վարանդեցւոյ, որ սիահի արարաք (ցուցակագրեցինք) յղեցաք»:

* * *

Իպրահիմ Խալիլ խան որոշեց Բայլականի մօտ թաղուած Աղուանից Սուրբ Շուփհաղիշոյ հայրապետի գերեզմանին վրայ մզկիթ կառուցել:

Բայլական (ներկայիս` Պալաքան, հիւսիսային Ազրպէյճան) կը գտնուի աւարներու շրջանին մէջ:

Սուրբ Շուփհաղիշոյ Արեւելից կողմանց հայոց Վաչագան Գ. Բարեպաշտ արքայի (480-ական տարիներ – 510) ժամանակակից եւ համագործակից էր. ան մատենագրութեան մէջ յիշուած է իբրեւ աւագ եպիսկոպոսապետ կամ Պարտաւայ արքեպիսկոպոս:

Շուփհաղիշոյ եկած էր Երուսաղէմէն. «Սուրբն Շուփհաղիշոյ կաթողիկոս արեւելեայց յԵրուսաղէմէ եկեալ»: Հաւանաբար ան Սուրբ քաղաքի քրիստոնէական դպրոցին եւ եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ ուղարկուած էր Աղուանք, քրիստոնէութեան սպառնացող վտանգը չէզոքացնելու համար:

Այդ ժամանակ պարսիկներ ամէնուրեք եկեղեցիներ կը քանդէին, քրիստոնեաները կը հալածէին եւ ատրուշաններ կը կառուցէին: Տարածուած էին մատնահատութեան եւ դեղատուութեան աղանդները, որոնց ծիսակատարութեան մէջ ընդունուած էր մարդկային զոհաբերութիւնը:

Շուփհաղիշոյ հովուապետ նշանակուած է Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի կաթողիկոսի ձեռամբ` «Աղուանից ժողովրդեան ընտրութեամբ եւ իշխանաց խնդրանօք»: Ան իր աթոռը Պարտաւի մէջ հաստատած է:

Սուրբ Շուփհաղիշոյ մեծ ներդրում ունեցած է աղուան ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ: Ան բարեփոխումներ ըրած եւ դպրոցներ բացած է, մեծապէս նպաստելով քրիստոնէական կրթութեան տարածման: Անոր ջանքերով քրիստոնէութիւնը կրկին վերելք ապրեցաւ Աղուանքի մէջ:

Սարգիս եպիսկոպոս Հասան Ջալալեան, որ Գանձակի մէջ Աղուանից կաթողիկոս հռչակուած էր, փորձեց խափանել Իպրահիմ Խալիլի մտադրութիւնը, բայց խանը անդրդուելի մնաց. «(Սարգիս եպիսկոպոս) ջանացեալ է խափանել զայն, բայց խանն այսու առթիւ ի կատար հատուցեալ է, ասելով` չէ փոյթ թէ կաթողիկոս է հայոց, զի գործն ի՛մ է աստուածահաճոյ»:

Սուրբ Շուփհաղիշոյի գերեզմանին պղծումը եւ սրբավայրին մզկիթի վերածուիլը խորապէս վիրաւորեց հայութեան կրօնական զգացումները:

www.aztagdaily.com/archives/538142

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail