ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Իրերայաջորդ Յարձակումներ Ղարաբաղի Խանութեան Վրայ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հերակլ Բ.ի Կամայական Միջամտութիւնները Հայ Եկեղեցւոյ Ներքին Գործերուն
Արցախցիներ Վրացական Թագաւորութեան Սահմաններէն Ներս
Դալի Մահրասայի, Թիւլի Արզումանի եւ Զարգար Մելքումի գլխաւորած արցախցիներու զինուած ուժերը Գանձակի խանութեան սահմաններէն իրերայաջորդ յարձակումներ կը շղթայազերծէին դէպի Ղարաբաղի խանութիւն, թրքական բնակավայրերու ու բանակատեղիներու վրայ:
Արցախցի մարտիկները զինուած էին հրացանով, թուրով ու դաշոյնով: Մարտի երթալու ժամանակ ձախ կողքէն կը կապէին կեռ թուր, առջեւէն` դաշոյն, ձախ ուսով կը ձգէին վառօդամանը, իսկ աջով` փամփշտակալը, որուն մէջ շարուած էին վառօդ պարունակող փամփուշտները: Հրամանատարին հետեւող հրացանակիրը պատրաստ կը պահէր մէկէն երեք հրացան:
Մելիքական զօրքերուն մէջ իւզպաշիի, օնպաշիի եւ ստորաբաժանումներու հրամանատարական կոչումները ժառանգական էին: Իւզպաշին սպարապետ էր. անոր օգնականը կը կրթէր երիտասարդները, որոնք պէտք է գիտնային անվրէպ նշան բռնել եւ քաջութեամբ յաղթել:
Արցախցի զինագործները երկաթէ, պղինձէ եւ կապարէ հրացան կը պատրաստէին մելիքական զօրքին համար:
***
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, մելիքական զօրքերու տեւական յարձակումներու պատճառով նեղ կացութեան մատնուած, դիմեց Գանձակի Ջաւադ խանին, խնդրելով միջնորդել, որպէսզի հաշտութիւն գոյանայ իր եւ մելիքներուն միջեւ: Խանը կ՛առաջարկէր խաղաղ գոյակցութիւն հաստատել հայերու եւ թուրքերու միջեւ: Մելիքները պէտք է դադրեցնեն ռազմական գործողութիւնները եւ վերադառնան հայրենիք, տիրեն իրենց երկիրներուն ու վայելեն իրենց վաղեմի իրաւունքները:
Մելիք Աբով եւ մելիք Մեջլում պատասխանեցին ըսելով որ իրենք չեն հաւատար խաբեբայի խոստումներուն: Իրենք կը հաշտուին այն ժամանակ միայն, երբ Շուշի բերդը կը քանդուի եւ Իպրահիմ Խալիլ խան դուրս գալով այդ որջէն կը հեռանայ Ղարաբաղէն, իրեն համար նոր բնակավայր հիմնելով անապատներու մէջ, հոն ուր կ՛ապրէին իր նախնիները:
Ջաւադ խան ինք եւս կը ցանկար իրեն մրցակից Իպրահիմ Խալիլ խանի չէզոքացումը եւ Ղարաբաղի խանութեան ոչնչացումը:
Ջաւադ խան տեւաբար կ՛ըսէր. «Նզովեալ ըլլայ մելիք Շահնազարը, որ կեանք տուաւ սառած օձին, իր կուրծքին վրայ ջերմացնելով զայն: Եթէ չըլլար Շուշի բերդը, չէր ըլլար եւ Ջաւանշիրներու խանութիւնը»:
***
Գանձակի մէջ բնակութիւն հաստատած Ջրաբերդի մելիք Մեջլումի եւ Գիւլիստանի մելիք Աբովի միջեւ անձնական տարակարծութիւններ ծագեցան. բան մը, որ բացասաբար ազդեց միասնական պայքարին վրայ:
Մելիք Մեջլում խոհեմ, զգաստ եւ սառն դատողութեան տէր էր:
Մելիք Աբով թէեւ քաջ, աներկիւղ եւ անպարտելի, բայց բնաւորութեամբ սաստիկ դիւրագրգիռ եւ անհեռատես էր:
Ջաւադ խան աւելի մելիք Մեջլումը կը յարգէր եւ կը մեծարէր. բան մը, որ գրգռեց մելիք Աբովի նախանձը:
Մելիք Աբով որոշեց իր հպատակները հաւաքել եւ Գանձակի խանութենէն հեռանալով երթալ Վրաստան: Ան դիմեց Հերակլ Բ. թագաւորին, որ ընդառաջեց, ըսելով, որ գիւլիստանցիներուն համար բնակութեան տեղ կը յատկացնէ Բոլնիսի ձորը:
Մելիք Մեջլում, աւելի խիզախ եւ աւելի կատաղի դէպի թշնամին, որոշեց մնալ Գանձակ եւ շարունակել պայքարը: Գանձակ աւելի մօտ էր Արցախի. հոնկէ աւելի դիւրին էր շարունակել պայքարը եւ պատեհ առիթի անցնիլ հայրենի բնօրրան: Բայց Վրաստան երթալ եւ վրաց արքայի նենգութիւնները ճաշակելէ ետք դարձեալ գործ ունենալ անոր հետ չէր ուզեր:
Ջաւադ խան փորձեց հաշտեցնել մելիքները, բայց անոր բոլոր ջանքերը ապարդիւն անցան:
Վերջին փորձ մը ընելով Ջաւադ խան իր մօտ ճաշի հրաւիրեց մելիքները, որոնք ընդառաջեցին: Օրը պահք էր: Մելիք Մեջլում անխտիր կերաւ բոլոր կերակուրներէն, իսկ մելիք Աբով հրաժարեցաւ ուտիքի կերակուրներէ, ըսելով որ ինք մեղք կը համարէ պահքը լուծել: Պահքը լուծելու հարցով վիճաբանութիւն ծագեցաւ երկու մելիքներուն միջեւ. մելիք Աբով սկսաւ սաստիկ նախատել մելիք Մեջլումը, ըսելով որ ան կը մեղանչէ հայոց կրօնին դէմ:
Այս դէպքին վրայ մելիք Աբով ձգեց Գանձակը եւ իր ժողովուրդը առնելով ճամբայ ելաւ դէպի Բոլնիս:
***
Ղուկաս Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս, ուժերու յարաբերակցութիւնը պահպանելու առաջադրանքով, անհրաժեշտ կը համարէր բարիդրացիական յարաբերութիւնները պահպանել Վրաստանի հետ:
Բայց Հերակլ Բ. թագաւոր կը շարունակէր կամայական միջամտութիւններ կատարել հայ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն եւ հարցեր ստեղծել Էջմիածնի հետ:
Հաղարծինի վանքի վանահայր Մանուէլ եպիսկոպոս եւ միաբան Աւետիս վարդապետ թեմական հարցերով դիմեցին Ղուկաս կաթողիկոսին: Իրաւականօրէն Հաղարծին Հաղբատի թեմի տնօրինութեան տակ կը գտնուէր: Հաղբատի թեմին կապուած էր վրացահպատակ Լոռիի հայութիւնը: Բայց Վրաստանի ենթակայութենէն դուրս գտնուող հայկական տարածքներու բնակչութեան թեմական պատկանելիութեան հարցը վէճի առարկայ էր: Կաթողիկոսը խոհեմութիւն համարեց դիմել Հերակլի, որպէսզի իր դատողութեամբ լուծէ հարցը:
Վրացահպատակ Լոռիի վանքերը բարգաւաճ տնտեսութիւն ունէին: Յատկապէս Հաղբատի, Սանահինի եւ Օձունի վանքերը սեփական գիւղեր, այգիներ, արտեր եւ ջրաղացներ ունէին եւ իրենց եկամուտներուն զգալի մասը Էջմիածին կ՛ուղարկէին:
Հայ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն խառնուելու բացայայտ քայլով մը Հերկալ Բ. կաթողիկոսէն խնդրեց Թիֆլիսի Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վախճանեալ հովիւ տէր Աբրահամ աւագ քահանայի փոխարէն նշանակել անոր որդի տէր Գրիգոր քահանան: Կաթողիկոսը հաստատեց տէր Գրիգորը իբրեւ Մուղնեցոց եկեղեցւոյ հովիւ, բայց ելից մատեանին մէջ գրանցում կատարեց, յայտնելով որ այդ նշանակումը կատարած է հակառակ իր կամքին. «Թիֆլիսի Մուղնու եկեղեցւոյ նորոգ աւագ քահանայ տէր Գրիգորին… փիլոն ձգեցաք… այլ ոչ էր կամաւ, այլ սորա նորա միջնորդ արկանելով բազմօք թախանձանօք խնդիր արար»:
Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, Կալա թաղին մէջ, Բեհբութեաններու պալատին կից, Հաղբատի թեմին մէջ մտնող Թիֆլիսի հայոց եօթը եկեղեցիներէն մէկն էր:
Բեհբութեանները մեծ ազդեցութիւն ունէին վրաց արքունիքին մէջ եւ 1714-էն սկսեալ ժառանգաբար կը վարէին Թիֆլիսի մամասախլիսի (քաղաքապետի) պաշտօնը:
Ղուկաս կաթողիկոս Հերակլի միջնորդութեամբ Դաւիթ եպիսկոպոսը Հաղբատի առաջնորդ նշանակած էր: Բայց Դաւիթ չարդարացուց ինքզինք իբրեւ հոգեւոր գործիչ եւ կամայականօրէն եպիսկոպոս ձեռնադրեց, որուն իրաւունքը չունէր (միայն կաթողիկոսը կրնայ եպիսկոպոս ձեռնադրել) եւ յետոյ Թիֆլիս փոխադրուեցաւ: Հաղբատի միաբանութիւնը եւ լոռեցիներ դիմեցին կաթողիկոսին:
Հերակլի որդի Գէորգի բանագնաց ուղարկեց Էջմիածին եւ կաթողիկոսին թելադրեց սաստել լոռեցիները:
Բայց կաթողիկոսը բանադրեց Դաւիթը: Դաւիթ վրաց արքայի միջամտութեան դիմեց: Կաթողիկոսը Հերակլի յիշեցուց, որ Դաւիթ վրաց արքայի խնդրանքով եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ առաջնորդ կարգուած էր` պայմանով, որ պարկեշտօրէն եւ խոհեմութեամբ ղեկավարէ եւ զբաղի վանքի բարեկարգութեամբ. «իսկ նա վանիցն զայլոց շինեալ փայտակերտսն եւս քակեալ եբեր յայդր յորջ հաստատել ինքնեան եւ զվանքն ամայի թողուլ»:
Ի վերջոյ, վրաց արքայի միջնորդութեան անսալով կաթողիկոսը Դաւիթը եպիսկոպոս վերաձեռնադրեց եւ վերահաստատեց Հաղբատի վանքի առաջնորդի աթոռին վրայ:
Կաթողիկոսը, Հերակլի եւ արքայական տան անդամներու խնդրանքով ժողովարարութեան կոնդակներ տրամադրեց, որոնց հիմամբ վրաց արքունիքը Թիֆլիսի, Գորիի, Կախեթիի եւ Փամբակաձորի հայերէն նուէրներ հաւաքեց` Երուսաղէմ ուխտի գացողներուն օգնելու եւ վրացական եկեղեցիներու վերանորոգման համար:
Ղուկաս Ա. ժողովարարութեան թուղթեր տրամադրած էր, հաշուի առնելով որ մերժելը կրնար բացասաբար անդրադառնալ հայ-վրացական յարաբերութիւններու հետագայ ընթացքին վրայ, ինչպէս նաեւ հակասութիւններ առաջ բերել հայ եւ վրացի բնակչութեան միջեւ:
Բայց երբ վրաց արքունիքը կրկին անգամ ժողովարարութեան կոնդակ ուզեց, կաթողիկոսը պատասխանեց ըսելով որ ժամանակները դառն են եւ աղքատութեան մէջ գտնուող ժողովուրդը դժգոհ է ու զայրացած. «Միրայինքն ամենայն ի յաղքատութենէ եւ ի դառնութենաց ժամանակիս նեղեալ գոլով` գրեթէ յերես են ելեալ, որոց աւելորդ հրաման հրամայելն վնաս բերէ, քան թէ օգուտ»:
***
Բոլնիս, Քարթլիի շրջանին մէջ, կ՛ընդգրկէ Բոլնիս գետի ձորահովիտը եւ խիտ անտառներով շրջապատուած է: Այդ ձորերուն մէջ կայք հաստատեցին մելիք Աբով եւ իր գիւլիստանցի հպատակները:
Արցախէն հայերու տեղափոխութիւնը կը շարունակուէր դէպի վրացական թագաւորութեան սահմաններ:
Աթեան տոհմի նահապետներ Աթա, Ադամ եւ Ադի (Յովհաննէս) եղբայրները Արցախէն հեռանալով հասան Տաւուշ գետի ափի ներկայ Այգեպար գիւղի հանդիպակաց սարալանջը, ուր կայք հաստատեցին: Այնուհետեւ անոնք տեղափոխուեցան Լոռիի Մարց գիւղը: Հետագային, երկար դեգերումներէ ետք անցան Քարթլի: Այնուհետեւ կրկին Լոռի եւ Տաւուշ: Ադամ Տաւուշ գետի ձախ ափին գտնուող Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղը բնակութիւն հաստատեց, Ադի Մարց գիւղին մէջ կեդրոնացաւ, իսկ Աթա բարձրացաւ Դսեղ:
Պապոյեան տոհմի նահապետ Սարգիս բէկ իր հետեւորդներով Արցախէն Դսեղ տեղափոխուեցաւ: Անոր որդին է Բեկչի: Իսկ Բեկչիի որդի Աթաբէկ Համզաչիման (ներկայիս` Մարգահովիտ) գիւղը կայք հաստատեց:
Եղիկեան տոհմի նահապետ Շահղուլի եւ որդին` Յովակիմ Արցախէն Ղարաքիլիսա (ներկայիս` Վանաձոր) տեղափոխուեցան: Հետագային Յովակիմ իր Մարգար տղուն հետ Դսեղ փոխադրուեցաւ, իսկ Մարգարի որդիներէն Յովհաննէս Շահալիի մէջ (Վահագնի) բնակութիւն հաստատեց:
Օսիփեան (Յովսէփեան) տոհմէն ճիւղ մը Սեւքար (ներկայ Տաւուշի շրջանին մէջ) փոխադրուեցաւ եւ յետոյ Լոռի տեղափոխուեցաւ:
***
Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին եւ վրացական արքունիքին միջեւ հակադրութիւններ ծագեցան Վրաստանի թագաւորութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ հետեւորդներու եւ յատկապէս ճորտերու նկատմամբ գործադրուող կամայականութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցապատկան գոյքերու նկատմամբ ոտնձգութիւններու պատճառով:
Վրաստան ճորտատիրական երկիր էր: Ճորտերը պարտաւոր էին աշխատելու ճորտատէրերու հողերուն վրայ, կրնային մարմնական ծանր պատիժներու ենթարկուիլ եւ նաեւ վաճառուիլ: Ճորտեր ունէր նաեւ վրաց եկեղեցին, որոնք կաթողիկոս-պատրիարքի հպատակներ կը նկատուէին:
Ղուկաս Ա. կաթողիկոս ստիպուած ճորտութեան թուղթեր յղեց վրաց թագաւորութեան սահմաններուն մէջ բնակող հայերուն, հաստատելով, որ Էջմիածնի ճորտերուն նկատմամբ ոեւէ մէկը իրաւունքներ չունի:
Վրացահպատակ հայեր իբրեւ Էջմիածնի ճորտեր սկսան ներկայանալ` այլոց ճորտութենէն ազատագրուելու եւ նոր պարտադրանքներու ենթարկուելէ խուսափելու նպատակով:
aztagdaily.com/archives/537665