ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Աթոռին Վրայ Երեք Կաթողիկոսներ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Աթոռին Վրայ Երեք Կաթողիկոսներ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Աթոռին Վրայ Երեք Կաթողիկոսներ Եւ Վրացահպատակ Եկեղեցիներու Ու Հաղբատի Թեմական Հարցեր

Բռնի Կրօնափոխութիւն Եւ Արցախցիներու Հերոսական Մաքառումները

Մեծշէն Թարթառ գետի աջ ափին, պտղատու անտառներով շրջապատուած գեղատեսիլ բնութեան մէջ, սառնորակ աղբիւրներով եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիով:

Երից Մանկանց վանքը, Ջրաբերդի մելիքութեան սահմանին մէջ, Աղուանից հակաթոռ կաթողիկոսութեան աթոռանիստն էր: Իսրայէլ հակաթոռ կաթողիկոս Գանձակ փոխադրուած եւ յետոյ Արցախ վերադառնալէն ետք Իպրահիմ Խալիլ խանի որոշումով Ամարասի վանքին մէջ հաստատուած էր:

Խանին կողմէ Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսի սպանութենէն ետք Իսրայէլ Աղուանից կաթողիկոս նկատուած էր:

Ղուկաս Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս վերահաստատած էր Իսրայէլ կաթողիկոսը իբրեւ «միահեծան հայրապետի վերայ տանդ Աղուանից», եւ Շամախիի ու Նուխիի թեմերու առաջնորդներուն յորդորած էր ենթարկուիլ անոր:

Նոյն ժամանակ, Իպրահիմ Խալիլ խանի հովանաւորութեամբ, Սիմէոն Փոքր Երից Մանկանց վանքին մէջ կաթողիկոս օծուած էր:

Այսպիսով, Ղարաբաղի խանի հովանաւորութեան տակ երկու կաթողիկոսներ կային Արցախի մէջ:

***

Գանձասարի նահատակ Յովհաննէս կաթողիկոսի եղբայր Սարգիս եպիսկոպոս Հասան Ջալալեան Իպրահիմ Խալիլ խանի որոշումով Խաչենի առաջնորդ նշանակուած էր: Բայց Գանձասարի մէջ ապահովութիւն չգտնելով, Սարգիս եպիսկոպոս մելիք Մեջլումի ուղարկած արշաւախումբին կողմէ Գանձակ փոխադրուած եւ շրջանի հայոց առաջնորդը եղած էր:

Սարգիս եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ մելիք Մեջլումն ու մելիք Աբովը հիւրընկալած Գանձակի Ջաւադ խան կը ձգտէր վերցնել Գանձակի խանութեան տարածքի հայկական թեմերու նոյնիսկ անուանական ենթակայութիւնը Ղարաբաղի խանի դրածոյ Իսրայէլ կաթողիկոսին:

Մելիք Աբով եւ մելիք Մեջլում Ջաւադ խանի հետ համախորհուրդ որոշեցին Սարգիս եպիսկոպոսը Աղուանից կաթողիկոս ընտրել:

Սարգիս եպիսկոպոսը կաթողիկոս ընտրելու վերաբերեալ մելիքները համախօսական պատրաստեցին: Համախօսականին մէջ կ՛ըսուէր, որ Էջմիածնի կողմէ Աղուանից կաթողիկոսի հաստատումը պայման չէ, եւ կը յիշուէր որ Աղուանից կաթողիկոսական աթոռը թափուր է: Հանգամանքներ, որոնք սակայն չէին համապատասխաներ իրականութեան:

Մելիքները գիտէին որ Իսրայէլ կաթողիկոս կենդանի է, մինչդեռ լուրեր կը տարածէին անոր մահուան մասին:

Ջաւադ խանի աջակցութեամբ Սարգիս եպիսկոպոս 1794-ին Աղուանից կաթողիկոս օծուեցաւ Գանձակի մէջ: Օծման խորհուրդը կատարելու համար եպիսկոպոսներու թիւէն մէկը պակաս էր (հայ եկեղեցւոյ աւանդական կանոնադրութեան համաձայն տասներկու եպիսկոպոսներ կ՛օծեն կաթողիկոսը, կամ առնուազն` երեք եպիսկոպոսներ. երեք եպիսկոպոսէն պակաս կատարուած օծումը անվաւեր է). այդ պակասը լրացնելու համար ինք Ջաւադ խան կանգնեցաւ եպիսկոպոսներու շարքին, ըսելով. «Օծեցէք, թող մէկն ալ ես ըլլամ»:

Մելիքները եւ հիւսիսային Արցախի աշխարհիկ ու հոգեւոր վերնախաւը համախօսական պատրաստեցին եւ դիմեցին Էջմիածին, խնդրելով ճանչնալ Սարգիսը իբրեւ Աղուանից կաթողիկոս:

Համախօսականին տակ ստորագրած էին Գիւլիստանի մելիք Աբով, Ջրաբերդի մելիք Մեջլում, Գետաշէնի մելիք Սարգիս, Գանջաբասանի (Գանձակի շրջակայ նահիէ) նախկին մելիք Ծատուր, Քիւրաքբասան (Գանձակ քաղաքէն արեւելք) մահալի մելիք Բարսեղ եւ Սոնղորաբադի (Ոսկանապատ) մելիք Եուսուֆ:

Համախօսականին մէջ հայկական բնակավայրերը նշուած են օտարահունչ անուններով` ձեւափոխուած. Կախաւանը եղած է Ղաւախան, Պապիկը` Բաբաք, Ուլվարը` Ուլմար, Ղութղաշէնը` Ղութքաչէ: Հայկական տեղանունները երբեմն գրեթէ անճանաչելի են. մասնաւորաբար Խծաբերդը (Խոզաբերդ) նշուած է Խոզավարդ, Ղազախի շրջանի Ոսկեպարը, որ յայտնի է Ակսիփարա անուանաձեւով, եղած է Աղջափարա:

Ղուկաս կաթողիկոս մերժեց ներկայացուած համախօսականը, այն հիմամբ որ Արցախի մէջ կայ օծուած կաթողիկոս, որ Իսրայէլն է, եւ որ արդէն հաշտուած էր Էջմիածնի հետ:

Երկպառակութիւնը արագօրէն խորացաւ Երից Մանկանց վանքին մէջ նստող Սիմէոն Փոքր, Ամարաս նստող Իսրայէլ եւ Գանձակ նստող Սարգիս կաթողիկոսներուն միջեւ:

Երկպառակութիւնը յուզեց եւ երկար զբաղեցուց Արցախի եւ Գանձակի հայերը:

***

Թիֆլիսի հայ երեւելիները տեւաբար օժանդակութիւններ կ՛ուղարկէին Էջմիածին: Թիֆլիսի եւ վրացահպատակ հայկական տարածքներու վանքերը կ՛ապահովէին Մայր աթոռի եկամուտներուն մեծ մասը:

Վրացահպատակ հայկական տարածքներուն մէջ հայոց վանքերու բարեկեցիկ վիճակը կը բխէր նաեւ վրացական իշխանութիւններու շահերէն` շրջանին մէջ հարկատու, ստուար հայ բնակչութիւն ունենալու դիտանկիւնէն:

Վանահայրերու խոհեմութենէն ու բարեխղճութենէն կախուած էին թեմին ղեկավարումը, եկեղեցական կարգ ու կանոնի անխափան գործունէութիւնը, հոգեւոր տուրքերը ժամանակին հաւաքելն ու Էջմիածին ուղարկելը եւ աղանդներու դէմ պայքարելու հարցեր:

Լոռի բերդի եւ մերձակայքի ժողովուրդը` ջաւախեցիներ, բիւրականցիներ եւ ապարանցիներ աղերսագիր եւ բազմակնիք թուղթ ուղարկեցին Էջմիածին, խնդրելով զիրենք Սանահինի եւ Հաղբատի վանքերու ենթակայութենէն հանել եւ Մայր աթոռի տէրունի թեմին մէջ առնել: Կաթողիկոսը կոնդակով մը զանոնք տէրունի վիճակի մէջ առաւ եւ Աբրահամ աւագ քահանան վիճակաւոր գործակալ նշանակեց:

Այնուհետեւ Ղուկաս կաթողիկոս նամակ ուղարկեց վրաց արքունիք, յայտնելով որ Լոռի բերդ եւ շրջակայքը տեղափոխուած հայերը չեն ուզեր ենթարկուիլ վիրահայոց թեմին:

Ղուկաս Ա. կաթողիկոս Մարտիրոս վարդապետը հեռացուց Թիֆլիսի առաջնորդութենէն եւ փոխարէնը նշանակեց Պետրոս վարդապետը: Հերակլ Բ. թագաւոր կաթողիկոսէն խնդրեց Մարտիրոս վարդապետը պահել իբրեւ Թիֆլիսի առաջնորդ: Կաթողիկոսը պատասխան նամակով ըսաւ որ արքային խնդրանքը «արտաքոյ է բնիկ սովորութեան Սրբոյ Աթոռոյս»:

Քարագլուխ Դիզափայտի արեւելեան լանջին, Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիներով:

Ղուկաս կաթողիկոս Հերակլի խնդրանքին ընդառաջելով Աբրահամ վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ ուղարկեց Սանահինի վանք:

Ղուկաս կաթողիկոսի եւ Հերակլի միջեւ քննարկման առարկայ էր Հաղբատի վանքի առաջնորդի նշանակման հարցը: Վրաստանի հայ բնակչութիւնը կ՛ենթարկուէր կամ ուղղակի Էջմիածնի ենթակայ Թիֆլիսի թեմին, կամ ալ ընդգրկուած էր Հաղբատի թեմին մէջ:

Հաղբատի եպիսկոպոսութիւնը կազմաւորուած է 1081¬ին, Բարսեղ Ա. Անեցի կաթողիկոսի գահակալութենէն ետք: Հաղբատ առանձնայատուկ դեր ունէր ամենայն հայոց կաթողիկոսներու ընտրութեան ժամանակ: Հաղբատի թեմին կապուած էր Վրաստանի հպատակ հայութեան զգալի մասը:

Հաղբատի աթոռակալութեան հարցը շաղկապուած էր Աղուանից կաթողիկոսութեան հետ: Վրաց արքունիքը կը ձգտէր օգտագործել իրարու հակադիր կաթողիկոսները եւ անոնց միջեւ պայքարները հրահրելով վերահսկողութիւն սահմանել Աղուանից կաթողիկոսութեան վրայ:

Աղուանից կաթողիկոսութիւնը ժամանակ մը իւրացուցած էր Լոռիի, Գեղարքունիքի, Աղստեւի եւ Կապանի թեմերը:

Հերակլ թագաւոր յատուկ հրամանագիրով Իսրայէլի կաթողիկոսական գործունէութիւնը արգիլեց Վրաստանի սահմաններէն ներս:

Հերակլ Բ.ի միջնորդութեան անսալով Ղուկաս կաթողիկոս Դաւիթ վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ Հաղբատի առաջնորդ նշանակեց:

Վրացական արքունիքը այնուհետեւ փորձեց Հաղբատի առաջնորդութիւնը Սարգիս կաթողիկոսին յանձնել եւ այդ ուղղութեամբ դիմեց Ղուկաս կաթողիկոսին:

Ղուկաս կաթողիկոս մերժեց, յայտնելով որ Սարգիս Գանձակի մէջ ինքնագլուխ կաթողիկոս հռչակուած է:

Նոյն ժամանակ Ղուկաս Ա. «Կոնդակ Շուշի, Շամախի, Նուխի, Բաքու, Դերբենդ եւ շրջակայքը» վերտառութեամբ գիրով այդ շրջաններու հայութեան արգիլեց իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ ճանչնալ Սարգիսը, որովհետեւ ան Գանձակի մէջ ապօրէն կերպով օծուած է եւ կեղծ լուրեր տարածած, որ իբրեւ թէ Իսրայէլ կաթողիկոս վախճանած է:

***

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, մտածելով որ Գիւլիստանի եւ Ջրաբերդի հայերը Գանձակի հայերուն միանալու պարագային մեծ ուժ կը կազմեն եւ կրնան իրեն վտանգ սպառնալ, սկսաւ Գանձակի սահմանամերձ շրջանէն հայեր տեղափոխել այլ վայրեր: Գիւլիստանէն բնակիչներ տարաւ Խաչեն, իսկ Ջրաբերդի բնակիչներ` Դիզակ, եւ ցրուեց տարբեր գիւղեր:

Նոյն ժամանակ մելիք Մեջլումի հպատակ ջրաբերդցիներ իրենց գիւղերէն հեռանալով Գանձակի խանութիւն տեղափոխուեցան եւ Ջաւադ խանի կարգադրութեամբ Շամշադինի մէջ բնակեցուեցան:

***

Օխտը դռնի վանքը Մոխրենիսէն հիւսիս¬արեւմուտք, Եուղուսէն լերան անտառապատ լանջին, Գտչավանքին մօտը: Աւանդութեան համաձայն վանքը կառուցած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած եօթը եղբայրներու քոյրը, որուն գերեզմանը, վանքի բակին մէջ, ուխտատեղի է:

Գանձակի խանութեան սահմաններէն արցախցիներու յարձակումները Ղարաբաղի խանութեան վրայ կը շարունակուէին:

Արշաւանքները կը կատարուէին աւելի ասպատակութեան եւ աւարառութեան նպատակով: Հայեր կը յարձակէին թրքական բնակատեղիներու եւ քոչուորական վրանախումբերու վրայ, կը կոտորէին, կը հրդեհէին, աւերածութիւն կը սփռէին եւ կը գերեվարէին:

Ղարաբաղի թուրքերը սկսան հայկական տարազ հագուիլ որ չճանչցուին:

Ամէն մէկ թուրք որ հայու մը ձեռքը կ՛իյնար անխնայ կերպով կը սպաննուէր: Առածի կարգ անցած էր` «Թուրքի գլուխ` սխտորի գլուխ»:

Արշաւանքները կ՛առաջնորդէին Դալի Մահրասա, Թիւլի Արզուման եւ Զարգար Մելքում: Անոնք նեղ կացութեան մատնեցին Իպրահիմ Խալիլ խանը եւ բոլորովին կտրեցին Թարթառ գետի անցքը. այնքան, որ ոչ մէկ իսլամ կը համարձակէր Գանձակի կողմերը անցնիլ:

***

Իպրահիմ Խալիլ խան բռնութեամբ կը ստիպէր որ հայեր իսլամութիւն ընդունին: Խանի բռնութիւններէն խուսափելու համար շատ գիւղերու հայեր իսլամացան: Դիզակի Մելիք Եգանեաններու տոհմէն ալ ընտանիքներ բռնի իսլամացուեցան:

Ղարաբաղի խանին վարմունքը սաստիկ վրդովեցուց հայոց կրօնական զգացումները: Անոնք ուրիշ հնար չունէին կրօնափոխութեան առաջքը առնելու, այլ կը սպաննէին քրիստոնէութիւնը ուրացողները:

Դալի Մահրասա երդում ըրաւ, որ Իպրահիմ Խալիլ խան որքան հայ որ իսլամացնէ, ինք այնքան թուրք պիտի կոտորէ:

Թիւլի Արզուման ձեռք անցուցած իսլամին կը ստիպէր խոստովանիլ քրիստոնէական կրօնի ճշմարտութիւնը եւ իսլամութեան ստութիւնը: Անգամ մը մոլլա մը բռնեց որ Շուշի կ՛երթար, եւ սուրը պարանոցին դնելով ստիպեց խոստովանիլ որ Քրիստոս Աստուած է. «Եթէ խոստովանիս, չեմ սպաններ քեզ»: Մոլլան խոստովանեցաւ: Արզուման երեք անգամ կրկնել տուաւ խոստովանութիւնը եւ ապա ազատ ձգեց զայն: Խանին մօտ հասնելէն ետք մոլլան պատմեց գլխուն եկածը: Իպրահիմ Խալիլ բարկացաւ. «Մի՞թէ դուն խոստովանեցար, որ Քրիստոս աստուած է»: Մոլլան պատասխանեց. «Այո՛, խոստովանեցայ: Իսկ եթէ դուք, վեհափառ խան, Արզումանի ձեռքը իյնայիք, կ՛ըսէիք ոչ թէ միայն Քրիստոսը աստուած է, այլ եւ դուն ինքդ, Արզուման, աստուածներու աստուածն ես»:

Արցախի հայկական դիմագիծը վտանգուած էր, քաղաքական կեանքը` որոգայթներով լեցուն, եւ արցախցիք աներեր կամքով դիւցազնական պայքար կը մղէին:

www.aztagdaily.com/archives/536879

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail