ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Ռուսական Բանակի Իրերայաջորդ Յաղթանակներ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Գանձակի Հայկական Մելիքութիւնները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, որ ռուս-թրքական պատերազմի բռնկումէն ետք Մոլտաւական ճակատ, իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի բանակատեղին կը գտնուէր, Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիր ներկայացուցած էր, եւ ռուսական կողմին հետ բանակցութիւնները կը շարունակուէին:
Մոլտաւիոյ եւ Պեսարապիոյ մէջ հայկական հոծ բնակչութեան ներկայութիւնը կարեւոր գրաւական կը նկատուէր ռուսական զէնքի յաջողութեան համար: Ռուսական հրամանատարութիւնը լաւ գիտէր, որ հայեր առանձին սէր կը տածեն դէպի քրիստոնեայ Ռուսաստանը եւ անկէ կ՛ակնկալեն իրենց փրկութիւնը:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի միջնորդութեամբ գործող բանակ գտնուող Արարատեան դեսպան Ստեփան Դաւթեանի մայորի զինուորական կոչում շնորհուեցաւ: Արքեպիսկոպոսը կը գրէր. «Ի սոյն ամսոյ (13 հոկտեմբեր 1790) խնդրեցաք իշխանին վասն պարոն Ստեփանին աստիճան, եւ նա իսկոյն շնորհեաց պրիմեր մայեօռութիւն»:
Ռուսիոյ դաշնակից Աւստրիա 1790 սեպտեմբերին դուրս եկած էր պատերազմէն:
Շուէտի հետ հաշտութենէն ետք Ռուսաստան վերսկսաւ ռազմական գործողութիւնները Դանուբեան ճակատին վրայ:
Իզմայիլ ամրոցը, Դանուբի ձախ ափին, Կաթլափուխ եւ Եալփուխ լիճերուն միջեւ, զանգուածային քարէ պատերով եւ ջուրով լեցուած խրամատներով շրջապատուած, կը բարձրանար թեք լերան լանջին եւ կը նկատուէր անմատչելի: Անիկա ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունէր, քանի որ կը գտնուէր Խոթինէն Քիլիա, Կալաց եւ Պենտերի երթուղիներու խաչմերուկին վրայ: Ամրոցին օսմանեան կայազօրը բաղկացած էր 35 հազար զինուորէ. հոն տեղադրուած էր 260 հրացան: Սուլթան Սելիմ Գ.ի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ եթէ Իզմայիլ գրաւուի, կայազօրի բոլոր զինուորները մահապատիժի պիտի ենթարկուին:
Իզմայիլ հայաշատ քաղաք էր. հոն կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Ամրոցին մօտ բանակած ռուսական զօրքերուն դժուարութեամբ սնունդ կը հասնէր: Եղանակը ցուրտ էր եւ զինուորները եղէգ վառելով կը տաքնային: Անհրաժեշտ էր ձմեռը չսաստկացած գրաւել Իզմայիլը:
Իզմայիլի գրաւումը վստահուեցաւ զօրավար Ալեքսանդր Սուվորովի:
Սուվորով առաջին հերթին փակեց անառիկ միջնաբերդը Դանուբի կողմէն եւ ցամաքէն: Ան քանի մը օր զինուորները պատրաստեց յարձակման, թէ ինչպէս պէտք է իրականացնել գրոհը եւ ինչպէս զօրքերը պէտք է օգնեն իրարու:
Ռուսական բանակի 31 հազար զինուորներ 11 (22) դեկտեմբեր 1790-ի արեւածագէն առաջ յարձակման անցան: Կէս ժամ ետք պարիսպները յաղթահարուեցան, թրքական առաջին մարտկոցները գրաւուեցան եւ Խոթինի դարպասը բացուեցաւ, որմէ ետք հեծելազօրքը մտաւ: Լուսաբացին ռուսեր շարժեցան քաղաքի կեդրոնի ուղղութեամբ: Կէսօրուան մօտ թուրքեր ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուին: Այս ու այն կողմ հրդեհներ բռնկեցան: Հազարաւոր ձիեր դուրս ցատկեցին բոցավառող ախոռներէն: Ռուսական թնդանօթային համազարկերը օգնեցին հետեւակին` փողոցները մաքրելու թուրքերէն: Յետմիջօրէին ռուսեր գրաւեցին միջնաբերդը:
Իզմայիլի գրաւման օրը ռուսեր տուին 2136 զոհ եւ 3214 վիրաւոր: Թուրքեր` 26 հազար սպաննուած եւ 9 հազար գերի, որոնցմէ երկու հազարը յաջորդ օր մահացաւ ստացած վէրքերէն: Կ՛ենթադրուի որ Իզմայիլի օսմանեան կայազօրէն միայն մէկ զինուոր յաջողած է փախչիլ:
Իզմայիլի մէջ ռուսերու ձեռքով ազատած հայ գերիներէն մին իր ազատելուն առիթով առաւ Իզմայիլեանց ազգանունը. անոր թոռն է Թիֆլիսի ապագայ քաղաքապետ Պօղոս Իզմայիլեանց:
Ռուսական բանակին համար Իզմայիլի գրաւումը դարձաւ իր պատմութեան ամէնէն փառաւոր դրուագներէն մէկը:
Ռուսական զօրքերը 1791 յունիսին զօրավար Նիկոլայ Ռեպնինի հրամանատարութեամբ անցան Դանուբը եւ Պապատաղի ու Մաչինի մօտ պարտութեան մատնեցին թրքական զօրքերը: Կովկասի մէջ ռուսական զօրքերը գրաւեցին Անապան: Նաւատորմը, ծովակալ Ֆէոտոր Ուշաքովի հրամանատարութեամբ, Քալիակրիայի մօտ յուլիս 31 (օգոստոս 11)-ին ջախջախեց օսմանեան նաւատորմը:
***
Սարգիս եպիսկոպոս Հասան Ջալալեան, անոր եղբայրները եւ Գանձասարի միաբաններ, որոնք մելիք Մեջլումի կողմէ ուղարկուած Թիւլի Արզումանի, Զարգար Մելքումի եւ անոնց զինակիցներուն միջոցով փախուստի դիմած էին, 1791-ին հասան Գանձակ:
Գանձակի Ջաւադ խան սիրով ընդունեց զանոնք, բնակութեան տեղ յատկացուց եւ Սարգիս եպիսկոպոսի համար ռոճիկ նշանակեց:
Գանձակ, պատմական Ուտիք նահանգի Շակաշէն գաւառին մէջ, հայկական բազում գիւղերով ու վանքերով շրջապատուած էր: Նշանաւոր էր Դասնոյ (Հոռոմաշէն կամ Կարմիր) վանքը, ուր Մխիթար Գոշ գրած է իր «Դատաստանագիրք»-ը:
Գանձակի հայկական թաղերը գլխաւորաբար Գանձակ գետի աջ ափին տարածուած էին: Ձախափնեայ թրքական եւ պարսկական մասին մէջ կը գտնուէին Պարսկական շուկան եւ Քարւանսարայը, ինչպէս նաեւ հայկական քանի մը թաղամասեր:
Ջաւադ խան, որ Ղաջար ցեղէն էր, հայասէր մարդու վարկ կը վայելէր. ան յաճախ հայոց եկեղեցի կ՛երթար եւ ներկայ կը գտնուէր կրօնական բոլոր տօներուն ու արարողութիւններուն:
Սուրբ Յովհաննէս մայր եկեղեցին, քաղաքի Եկեղեցական թաղին մէջ, կառուցուած է 1633-ին: Եկեղեցւոյ սիւներէն մէկուն վրայ արձանագրուած է. «Ջաւադ խանի սիւնը». Ջաւադ խան երբ եկեղեցի գար այդ սիւնին մօտ կը կանգնէր:
Գանձակի հայկական միւս եկեղեցիներն են` Սուրբ Քրիստոս Ամենափրկիչ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Թադէոս. հետագային` 1869-ին կառուցուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:
Սարգիս եպիսկոպոս Գանձակ գաւառի հայոց առաջնորդը եղաւ:
***
Գանձակի խանութիւնը ունէր եօթը սանճաք եւ 39 նահիէ: Բնակիչները հայեր, պարսիկներ եւ թուրքեր էին:
Սեֆեան թագաւորութեան կազմաւորումէն ետք Շիրազի կողմերէն թրքական թափառաշրջիկ խաշնարած Բորչալու, Ղազախ, Ղաջար եւ Շամշադին ցեղերը, որոնք բոլորը միասին շուրջ 35 հազար հոգի կը հաշուէին, տարածուած էին այդ շրջաններուն մէջ:
Բորչալուները ժամանակի ընթացքին տարածուեցան դէպի Լոռիի հիւսիսը եւ Վրաստանի կեդրոնական գօտին, տեղաւորուելով Սարւա, Կեաւուրարխ, Ղզըլաջլու, Սադախլու, Ֆախրալու, Սարչալու, Արըխլու, Ղաչաղա եւ Ղոսալու գիւղերուն մէջ:
Ղազախները ամէնէն մեծ ցեղախումբն էին եւ տիրած էին Աղստեւի ստորին հովիտի մեծ մասին: Անոնց ցեղապետ Նազար խան Ղազախլու 256 գիւղեր իր տիրապետութեան տակ առնելով կազմաւորած էր Ղազախի սուլթանութիւնը եւ 1588-ին ընդուած օսմանեան գերիշխանութիւնը: Շահ Աբաս Ղազախի սուլթանութիւնը Ղարաբաղի կազմին մէջ առած եւ ցեղապետ Շամսէտտին Սուլթանի 1505-ին խանի տիտղոս շնորհած էր: Յաջորդաբար Ղազախի սուլթաններ եղած են Միրալպէյ, Սուպհանվերտի խան, Փանախ աղա Սալահլի, Ալի աղա Սալահլի եւ Մուսթաֆա աղա Արիֆ:
Շամշադինները Տաւուշի կողմերը հաստատուած էին: Անոնցմէ որոշ ընտանիքներ, հայկական գիւղերու մէջ բնակելով, դարձած են հայախօս եւ հայացած են:
Ղազախի սուլթանութեան մէջ մօտաւորապէս հազար հայ ընտանիքներ կրօնափոխ եղած էին եւ կոչուած գլըճ մուսուլման (սուրի իսլամ), այսինքն` սուրի ուժով իսլամացուած:
***
Գանձակի շրջանին մէջ կային հայկական մելիքութիւններ:
Ոսկանապատ, համանուն գետի ձախ ափին, Գանձակէն 17 քիլոմեթր հարաւ, Մհակ լերան հարաւ-արեւելեան լեռնալանջին, 870-էն 950 մեթր բարձրութեան վրայ, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիով, Մելիք Շահնազարեաններու տոհմի մէկ ճիւղին մելիքանիստ կեդրոնն էր: Ձորին մէջ, գետի ձախ ափին կը գտնուի Կուսանաց Սուրբ Աստուածածին վանքը, իսկ անոր հանդիպակաց կողմը, աջ ափին` Սուրբ Սարգիս եկեղեցին:
Ոսկանապատի մելիքութիւնը հաստատուած էր 1601-ին, շահ Աբասի կողմէ: Սերունդէ սերունդ հոն իշխած են մելիք Շահնազար, մելիք Յովսէփ Ա., մելիք Եաւրի, մելիք Յովսէփ Բ., մելիք Գաբրիէլ, մելիք Յովսէփ Գ., անոր եղբայրը` Քոչար բէկ, եւ որդիները` Բեգլար բէկ եւ Եաւրի բէկ:
Ոսկանապատի մելիքութիւնը կ՛ընդգրկէր հայաբնակ Ոսկանապատ, Միրզիկ, Բրաջուր, Մուռուտ եւ թրքաբնակ Ղազանչի եւ Ղարափիրիմլի գիւղերը:
Բարսում, Շամքոր քաղաքէն 20 քիլոմեթր հարաւ, Շամքոր գետի ձախակողմեան հարաւային լեռնալանջին, 770-էն 850 մեթր բարձրութեան վրայ, Մելիք Առուստամեաններու մելիքանիստ կեդրոնն էր:
Մելիք Առուստամեանները տոհմական տարեգրութեանց համաձայն Բագրատունիներու տոհմէն են եւ երեսունհինգ ընտանիքներու հետ Անիէն տեղափոխուելով հիմնած են Բարսում գիւղը:
Մելիք Առուստամեաններու մելիքութիւնը հաստատուած էր շահ Աբասի կողմէ եւ Բարսումի կողքին կ՛ընդգրկէր նաեւ Քարատակ, Վերին Ղոթիւլ եւ Ներքին Ղոթիւլ գիւղերը:
Գետաշէն, Մռաւի լեռնաշղթայի հիւսիսային կողմը, Կուրակ գետի ձորին մէջ, 1050-էն 1400 մեթր բարձրութեան վրայ, խիտ անտառներով շրջապատուած, Մելիք Մնացականեաններու մելիքանիստ կեդրոնն էր: Գիւղին կեդրոնը` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ծայրամասին` Աւագ Սուրբ Նշան մատուռը, վերին ծայրամասին` Կուսանաց անապատը եւ մօտը` Եղնասարի վանքը:
Խաչակապ, Քարհատէն (ներկայիս` Դաշքեսան) հիւսիս, Կոշկար գետի (Արթինաջուր) հովիտին մէջ, փոքր մելիքութիւն էր, ուր կ՛իշխէր մելիք Մովսէս: Խաչակապի մօտ կը գտնուի Սուրբ Թարգմանչաց վանքը, ուր աւանդութեան համաձայն Մեսրոպ Մաշտոց Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանած է: Գիւղը հարուստ էր խաչքարերով:
Կրզեն, Տաւուշ (Թովուզ) աւանէն հիւսիս-արեւելք, Կուր եւ Տաւուշ գետերու միախառնման վայրին մօտ, 170-էն 185 մեթր բարձրութեան վրայ, հարուստ ու բարեշէն մելիքութիւն էր: Աւանդութեան համաձայն կրզենցիք ծագումով անեցիներ են եւ ունին իրենց բարբառը: Եկեղեցիներ` Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Յովհաննէս: Կրզենցիք կը զբաղէին գինեգործութեամբ, շերամապահութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ եւ իրենց արտադրութիւնները կ՛արտահանէին տարբեր երկիրներ: Կրզեն առեւտրական աշխուժ կեդրոն էր:
Բադա (Լղարակ), Շամքորէն 21 քիլոմեթր արեւմուտք, 1130-էն 1260 մեթր բարձրութեամբ հիւսիսահայեաց լեռնալանջին, բազմամարդ մելիքութիւն էր: Եղած է գրչութեան կեդրոն. ձեռագիր յիշատակարանի մը մէջ արձանագրուած է. «Ի դուռն Սուրբ Բարձրահամբաւ Սուրբ Խորանաշատու եւ ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնիս, Սուրբ Վանական վարդապետիս եւ Գրիգոր վարդապետիս եւ Ս. Յովհաննէսիս, ի ծորս Զամակայ, ի գիւղս որ կոչի Լըղարակ»: Հին թաղը կը գտնուէր Դիքջա (ցից) սրածայր բլուրին ստորոտը, ուր շերամապահ եւ անասնապահ քանի մը գերդաստաններ կը բնակէին:
Բադայի մօտ Խաչիսար (Զարդախլու) գիւղն է Խաչասար լերան արեւելեան լանջին: Աւանդութեան համաձայն Խաչասարի բարձունքին մեծ զանգ մը եղած է, եւ թշնամիներու յարձակումներու ժամանակ զանգահարութեամբ կը նախազգուշացնէին շրջակայ գիւղերու բնակիչները: Խաչիսարի եւ շրջակայքի մէջ կան վանքերու, մատուռներու եւ բերդերու աւերակներ եւ խաչքարեր:
Բադա եւ Խաչիսար գիւղերուն միջեւ, Յուսկան Նահատակ վանքը ուխտատեղի էր հայերուն եւ թուրքերուն համար:
Հարցհանգիստ, Քարհատէն 11 քիլոմեթր հիւսիս, 1380-էն 1500 մեթր բարձրութեան վրայ, փոքր մելիքութիւն էր: Գիւղը հարուստ է ճարտարապետական յուշարձաններով: Դէպի հարաւ-արեւելք, անդնդախոր ձորերով շրջապատուած լերան վրայ Մածնաբերդն է, մօտը` լերան բարձունքին` Մածնաբերդի վանքը:
Բանանց, Քարհատէն եօթը քիլոմեթր հիւսիս, Կոշկար գետի ձախ` հարաւ-արեւելահայեաց ձորալանջին, 1000-էն 1100 մեթր բարձրութեան վրայ, մարդաշատ մելիքութիւն էր: Գիւղին կեդրոնը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կառուցուած է 1863-1866-ին: Ձորին մէջ, Արթինաջուրի երկայնքին տեղադրուած էին շարք մը ջրաղացներ:
www.aztagdaily.com/archives/534305