ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Աշխուժ Կապերը Ռուսական Իշխանութիւններուն Եւ Մելիքներուն Հետ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Վրաստան կայք հաստատած Ջրաբերդի մելիք Մեջլում եւ Գիւլիստանի մելիք Աբով տեւական կապի մէջ էին ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի հետ եւ իրենց գործունէութեան ընթացքին անոր ցուցմունքներուն կը հետեւէին:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս ընդհանուր ղեկավարը եւ գլուխը կը նկատուէր այն շարժման, որուն նպատակն էր Արցախի եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի մէջ վերականգնել հայկական անկախ իշխանութիւնը:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս համոզուած էր որ հայ ժողովուրդին փրկութիւնը պիտի գայ հիւսիսէն` Ռուսաստանէն: Ան իր ամբողջ եռանդն ու ջանքերը ի սպաս դրած էր, ռուսերու հետ գործակցաբար եւ անոնց օգնութեամբ ազատագրութեան ծրագիրը իրականացնելու համար: Ուրախութեան եւ վհատութեան շատ պահեր ապրեցաւ ան: Յուսալքումը խորթ էր անոր: Անսպառ համբերութիւն եւ դառն վիշտին դիմանալու զօրեղ կամք ունէր եւ հայ ժողովուրդի լուսապայծառ ապագայի նկատմամբ անոր վառ հաւատքը չէր մարեր:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի խորհուրդով Պետերբուրգի մէջ Արարատեան դեսպան Ստեփան Դաւթեան անընդմէջ դիմումներ կը ներկայացնէր արքունիք եւ կը խնդրէր կատարել իր խոստումը` օգնել հայ ժողովուրդի ազատագրութեան:
Պետական ներկայացուցիչներ կը յայտնէին, որ արքունիքը չէ հրաժարած իր խոստումէն, բայց այժմ, քաղաքական աննպաստ իրադրութեան մէջ չի ցանկար անհաշուենկատ արշաւանք ձեռնարկել:
Ստեփանի որդի Դաւիթ Դաւթեան զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինի ներկայացուցած իր զեկուցագիրին մէջ կը յիշէր իր հօր մատուցած ծառայութիւնները ռուսական իշխանութիւններուն եւ կը նշէր որ Եկատերինա Բ. կայսրուհին ընդունած է Արարատեան դեսպանը եւ «բարեհաճած է յանձնարարել անոր` շտապ մեկնիլ հայրենիք` նախատեսուած միջոցառումները կատարելու համար»:
Նոյն ժամանակ իշխան Գրիգորի Փոթեմքին Ստեփան Դաւթեանի յայտնեց, որ ան «բանակի վեցերորդ գունդի պաշտպանութեամբ պիտի ուղարկուի նախատեսուած յայտնի միջոցները իրագործելու համար»:
* * *
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով, Յովսէփ արքեպիսկոպոսի թելադրութեան համաձայն նամակ գրեցին, նկարագրելով իրենց կացութեան ամբողջ դառնութիւնը եւ Դանիէլ անունով մէկու մը հետ ուղարկեցին Մոզտոկ` զօրավար Փեթր Թեքելիի, որ իբրեւ հիւսիսային Կովկասի ռուսական զօրքերու հրամանատար փոխարինած էր զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինը: Դանիէլ հրամանատարին մօտ պիտի մնար իբրեւ մելիքներուն ներկայացուցիչ:
Մելիքները միաժամանակ նամակ գրեցին Յովսէփ արքեպիսկոպոսի եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Մոզտոկ երթալու եւ անձամբ հրամանատարին հետ բանակցութիւններ վարելու:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս 25 մայիս 1788 թուակիր նամակով մելիքներուն պատասխանեց ըսելով որ ինք զօրավար Թեքելիէն խնդրած է որ Դանիէլի հասցուցած նամակը ուղարկէ Պետերբուրգ` իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի: Ան կ՛աւելցնէր ըսելով որ ինք մօտ ատենէն պիտի մեկնի Մոզտոկ` զօրավար Թեքելիի մօտ: Միաժամանակ արքեպիսկոպոսը յարմար չէր գտներ մելիքներուն Մոզտոկ երթալը, որովհետեւ ռուսեր կրնան զանոնք երկար ժամանակ իրենց մօտ պահել, եւ յայտնի չէ թէ գործին վախճանը ինչ պիտի ըլլայ, ինչպէս որ է պարագան պարոն Ստեփանի:
Արքեպիսկոպոսը մելիքներուն կը թելադրէր նամակ գրել հայոց բարեկամ զօրավար Գորիչի, որ այժմ իշխան Փոթեմքինի մօտ կը գտնուի, եւ սպասել մինչեւ որ ան վերադառնայ Պետերբուրգէն:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը վստահեցնէր մելիքները, ըսելով, որ եթէ Գորիչ չվերադարձաւ, ամէն աշխատանք ունայն է, իսկ եթէ անոր յանձնուի գործը, համարեցէք թէ ձեր կամքը կատարուած է: «Ես յԱստուծոյ հայցելով վասն ձեր օգնութիւն, ընդ ձեր վշտացեալ մնամ առ Աստուած կարդալով օգնութիւն ձեզ եւ երկրին ձերոյ…»:
Բայց զօրավար Գորիչ չվերադարձաւ, իսկ զօրավար Թեքելի պատշաճ ուշադրութիւն չդարձուց մելիքներու պատգամաւորութեան վրայ:
Զօրավար Փեթր Թեքելի ծագումով սերպ էր, Թրանսիլվանիոյ Արատ քաղաքէն: Ինք եւ իր նախնիները ծառայած էին Հապսպուրկներու բանակին: 1748-ին ան Ռուսիա փոխադրուած էր եւ համաեւրոպական Եօթնամեայ պատերազմին (1756-1763) ժամանակ ռուսական բանակին մէջ ծառայութեան մտած էր: Թեքելի Նովոռոսիոյ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարը եղած եւ 1775-ին նուաճած էր կիսանկախ Զափորոժեան կոզակները:
Օսմանցիներուն դէմ պատերազմական գործողութիւնները սաստկացած էին: Ռուսեր կասեցուցած էին թրքական զօրքերու յարձակումը դէպի Խրիմ եւ մտած Մոլտաւիա:
Զօրավար Թեքելի Սեւ ծովու արեւելեան ափերուն պաշտպանական ամրութիւններ հաստատեց եւ թուրք ու թաթարական ուժերը ծանր պարտութեան մատնեց: Եկատերինա Բ. կայսրուհի Սուրբ Վլատիմիրի խաչով պարգեւատրեց զայն:
Օսմանցիներու դէմ պատերազմի պայմաններուն տակ, զօրավար Թեքելի չէր կրնար զբաղիլ մելիքներու հարցով:
Այս նոյն ժամանակ զօրավար Թեքելի ձիէն իյնալով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ:
* * *
Յովսէփ արքեպիսկոպոս 30 յուլիս 1788-ին նամակ գրեց մելիքներուն եւ նամակին հետ, ընկալեալ աւանդութեան համաձայն, իբրեւ օրհնութիւն եւ սիրոյ հաւաստիք, Փարսադան Ստեփանեանի հետ երկու մեծ գլուխ շաքար ուղարկեց անոնց:
Նամակին մէջ արքեպիսկոպոսը կ՛ըսէր, որ յամենայն կողմանց կռիւ է, եւ անհաւանական է որ այս պայմաններուն տակ որեւէ օգնութիւն տրամադրուի հայերուն: Մելիքները եթէ կրնան թող այլ դուռ բախեն եւ կամ նորին արքայական մեծութեան աղաչեն օգնութիւն ուղարկելու: Ողորմելի Դանիէլ Մոզտոկ կը մնայ եւ ոչ մէկ օգնութիւն կը ստանայ: Նախընտրելի է, որ ան վերադառնայ եւ այլ ծառայութիւններ կատարէ:
Նամակի վերջաւորութեան արքեպիսկոպոսը կ՛ըսէր, որ ինք զանազան ցաւերով եւ հոգերով հիւանդ է եւ այժմ կը կամենայ Նոր Նախիջեւան երթալ: Ան մելիքներէն կը խնդրէր որ իրեն նամակ գրեն եւ Նոր Նախիջեւան ուղարկեն: Արքեպիսկոպոսը կը յիշէր նաեւ որ ազնիւ աղա Յովհաննէս Եղիազարեան այժմ Պետերբուրգէն պիտի գայ եւ ձմեռը Նոր Նախիջեւան պիտի մնայ:
* * *
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան Նոր Նախիջեւան մեկնելէն ետք իշխան Գրիգորի Փոթեմքինէն հրաւէր ստացաւ իր մօտ, գործող բանակ գալու, որովհետեւ հայոց առաջնորդին ներկայութիւնը շատ հարկաւոր էր:
Ռուս-թրքական պատերազմական գործողութիւնները ծաւալած էին Մոլտաւիոյ խորերը:
Մոլտաւիոյ մէջ ԺԴ. դարէն սկսեալ հայկական շէն գաղթօճախներ կային: Հայ գաղթականութեան առաջին խումբերը Խրիմէն Մոլտաւիա մտած էին: Հայեր կեդրոնացած էին Աքքերման, Սուչաւա, Եաշ, Պոտոշան, Ֆոքշան, Ռոման, Սիրէթ, Կալաց, Թիրկու-Օքնա, Խոթին, Քիլ եւ Պենտէր քաղաքներուն եւ բազմաթիւ գիւղերու մէջ: Մոլտաւական շարք մը գիւղերու անուններ հայկական ծագում ունին` Արմանուլ, Արմեանքա, Արեանուլույ, Կուրա Արմենլուի եւ այլն:
Հայեր կամաւորական խումբերով, զինուորական հրամանատարութեան հասցուցած տեղեկութիւններով եւ այլ ձեւերով կ՛աշխատէին օգտակար ըլլալ ռուսական բանակին:
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին, որ զօրաբանակի հրամանատար նշանակուած էր, իր կեդրոնատեղին Ելիզապէթկրատի (ներկայիս` Քրոփիվնիցքի, կեդրոնական Ուքրանիա) մէջ հաստատած էր:
Իշխան Փոթեմքին յիսուն հազարնոց հարուածային բանակ կազմեց, իսկ Քուպանի կոզակները առաջնագիծին վրայ կեդրոնացուց:
Քուպանի կոզակական վարչական եւ զինուորական միաւորումը կազմակերպուած էր Զափորոժեան կոզակներու լուծարքէն` 1775-էն ետք: Անոնք կեդրոնացած էին Քուպան գետի հովիտին մէջ, ընդգրկելով Սեւ ծովէն արեւելք, մինչեւ Վոլկայի տելթա եւ Հիւսիսային Կովկաս տարածուող գօտին:
Ռուսական ուժեր յաղթական յառաջխաղացքով գրաւեցին Խոթինը եւ Եաշը եւ պաշարեցին Օչաքովը:
Օչաքովի մէջ, Դնեպրի գետաբերանին վրայ կեդրոնացած օսմանեան բանակը, Հասան փաշայի հրամանատարութեամբ, կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուաւ: Ենիչերիներ կարգ մը դիրքերէ քշեցին կոզակները: Ռուսեր, վեց ամսուան պաշարումէ ետք, 6 (17) դեկտեմբեր 1788-ի գիշերը մտան քաղաք. Հասան փաշա եւ քսան հազարէ աւելի թուրք զինուորներ սուրի քաշուեցան:
Իշխան Փոթեմքին գործող բանակ հրաւիրած էր Յովսէփ արքեպիսկոպոսը եւ կ՛աշխատէր խրախուսել Մոլտաւիոյ հայերը: Փոթեմքինի հետ գործող բանակ կը գտնուէր նաեւ Ստեփան Դաւթեան:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս ջերմ յորդորներ կարդաց Մոլտաւիոյ հայութեան, առաջարկելով ամէն կերպ աջակցիլ ազատարար ռուսական բանակին:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի ներկայութիւնը ոգեւորութիւն կը ներշնչէր ռուսական բանակի շարքերուն մէջ կռուող հայ սպաներուն ու կամաւորներէ բաղկացած առանձին զօրամասի մարտիկներուն:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս եւ Ստեփան արիւնոտ ռազմադաշտերէն մէկ-մէկ կը հաւաքէին տուն-տեղ կորսնցուցած եւ կողոպտուած հայերը, կը կերակրէին եւ ապաստան կու տային անոնց: Հայերու հանդէպ հոգատար վերաբերմունք կը ցուցաբերէին իշխան Փոթեմքին, զօրավար Սուվորով եւ ռուս այլ զինուորականներ: Ռուսական զօրամասերուն յատուկ հրահանգուած էր ուշադիր ըլլալ հայ բնակչութեան նկատմամբ:
Ռուսական բանակը 1 օգոստոս 1789-ին գրաւեց Ֆոքշանը, իսկ սեպտեմբեր 22-ին, Ռիմնիք գետի ափին ծանր պարտութեան մատնեց թրքական բանակը:
* * *
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով Թիֆլիսի մէջ իրենց բախտին ձգուած էին: Անոնք որոշեցին այլեւս չմնալ Հերակլ Բ.ի մօտ եւ հեռանալ Վրաստանէն:
Մելիքները սաստիկ վշտացած էին Հերակլէն եւ այլեւս չէին կրնար հանդուրժել անոր ընթացքը:
Մելիքները լաւ հասկցան, որ Հերակլ Իպրահիմ Խալիլ խանի դաշնակիցն է եւ հակառակ է որ ան հեռացուի իշխանութենէն: Մելիքներուն համար Հերակլ այլեւս իրենց ազատութեան ճանապարհին կանգնած խոչընդոտ մըն էր:
Այս նոյն ժամանակ Իպրահիմ Խալիլ խան Հերակլ Բ.ի դիմեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Ղարաբաղ տեղափոխուած Ղազախի եւ Շամշադինի վիրահպատակ թուրքերը վերադարձնել, այն պայմանով որ վրաց թագաւորը իր մօտ ապաստանած հայ երկու մելիքները իրեն յանձնէ:
Հերակլ Բ. թագաւոր յարգալիր վերաբերմունք ունէր մելիքներուն հանդէպ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած էր զանոնք առաջնակարգ ազնուականներու շարքը մտցնել, բայց վրաց ազնուականութիւնը հակառակ էր այդ մտքին եւ կ՛ուզէր որ մելիքները երկրորդական ազնուականներ ճանչցուին:
Հերակլ Բ. համամտութիւն յայտնեց Իպրահիմ Խալիլ խանի եւ որոշեց հայ մելիքները Ղարաբաղ ուղարկել:
Մելիք Մեջլում եւ մելիք Աբով տեսան, որ թագաւորը ոչինչ կրնայ ընել վրաց ազնուականութեան հակառակութեան դէմ: Անոնց ականջին շշուկներ հասան նաեւ որ Հերակլ կը պատրաստուի զիրենք իրենց թշնամիին յանձնելու:
www.aztagdaily.com/archives/532929