Անդրադարձ. «Ուքրանիոյ Տագնապը Ուքրանիոյ Մասին Չէ, Այլ` Գերմանիոյ Համար» Եւ Ի՞նչ Է Կապը Արցախի 44-օրեայ Պատերազմին Հետ – Յարութ Չէքիճեան

Անդրադարձ. «Ուքրանիոյ Տագնապը Ուքրանիոյ Մասին Չէ, Այլ` Գերմանիոյ Համար» Եւ Ի՞նչ Է Կապը Արցախի 44-օրեայ Պատերազմին Հետ – Յարութ Չէքիճեան

02 ՄԱՐՏ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

Յարութ ՉէքիճեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Առաջին տողը խորագիրն է 11 փետրուար 2022-ի «Տը Ունզ Ռիվիու»-ի (The Unz Review) մէջ Մայք Ուիթնիի յօդուածին (1), որ կը ներկայացնէ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ հանդէպ Միացեալ Նահանգներուն աշխարհաքաղաքական հիմնական եւ անփոփոխ ռազմավարութիւնը, որուն հետեւանքն է այս շինծու տագնապը: 20 յուլիս 2020-էն 27 յուլիս 2021, 14 յօդուածներով (ցանկը եւ կապերը տես վերջաւորութեան) այս նիւթին շուրջ անդրադարձ կատարած էի, յատկապէս` «Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգներուն այսպէս կոչուած «ազգային շահերը» չեն փոխուիր նախագահին եւ անոր կուսակցութեան փոփոխութեամբ» յօդուածին մէջ:

1. Յօդուածին նկարը, Ռուսիայէն Գերմանիա բնական կազի երկրորդ խողովակաշարին` Հիւսիսային հոսք 2, որ արդէն աւարտած է եւ շահարկումի պատրաստ: 2. Միացեալ Նահանգները ընդդէմ բոլորին` Չինաստանի, Եւրոմիութեան եւ Ռուսիոյ:

«Միացեալ Նահանգներուն գերադաս շահը, որուն համար մենք դարեր շարունակ պատերազմած ենք` Առաջին, Երկրորդ եւ Պաղ պատերազմներ, եղած են Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, քանի որ եթէ անոնք միանան, միակ ուժը կ՛ըլլան, որ կրնան մեզի սպառնալ: Եւ պէտք է վստահ ըլլանք, որ այդ մէկը տեղի չունենար», կ՛ըսէ Ճորճ Ֆրիտմեն` Սթրաթֆոր ամերիկեան ռազմավարական ուսումնասիրութեան կեդրոնին հիմնադիրը (2) (George Friedman, STRATFOR):

«Ուքրանիոյ տագնապը Ուքրանիոյ հետ առնչուած չէ: Հարցը Գերմանիան է, մասնաւորապէս (երկրորդ*)` խողովակաշար մը, որ Գերմանիան կը միացնէ Ռուսիոյ, որ կը կոչուի Հիւսիսային հոսք 2: Ուաշինկթըն այս կազատարը Եւրոպայի մէջ իր առաջնորդի դիրքին սպառնալիք կը համարէ եւ ամէն քայլափոխի փորձած է խափանել ծրագիրը: Հակառակ անոր` Հիւսիսային հոսքի ծրագիրը շարունակուած է եւ այժմ արդէն գործածելի է, պատրաստ` շահարկումի: Կը մնայ գերմանացի մասնագէտներուն վերջնական վկայագրումը, որպէսզի կազի հոսքը սկսի: Գերմանիոյ տուները եւ ձեռնարկութիւնները ուժանիւթի ապահով եւ աժան աղբիւր մը պիտի ունենան, մինչ Ռուսիան յատկանշական եկամուտ պիտի ապահովէ: Երկուստեք` շահաւէտ:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան կառոյցը այս զարգացումներէն դժգոհ է: Անոնք չեն ուզեր, որ Գերմանիան աւելի մեծ կախուածութիւն ունենայ ռուսական կազէն, քանի որ առեւտուրը վստահութիւն կը ստեղծէ, իսկ վստահութիւնը առեւտուրի ընդլայնման կը յանգեցնէ: Որքա՛ն յարաբերութիւնները աւելի ջերմանան, առեւտրային խոչընդոտները աւելի կը վերանան, կանոնակարգերը կը թեթեւնան, ճամբորդութիւնները եւ զբօսաշրջութիւնը կ՛աւելնայ, եւ անվտանգութեան նոր ճարտարապետութիւն մը կը զարգանայ:

«Աշխարհի մը մէջ, ուր Գերմանիա եւ Ռուսիա բարեկամ են եւ առեւտրական գործընկերներ, պէտքը չկայ ամերիկեան ռազմակայաններու, թանկարժէք ամերիկեան զէնքերու, հրթիռային համակարգերու եւ ՕԹԱՆ-ին: Նաեւ` կարիքը չկայ ուժանիւթային համաձայնութիւններ կնքելու ամերիկեան տոլարով, կամ ամերիկեան պետական բաժնետոմսեր կուտակել, պարտքերը` հաշիւները հաւասարակշռելու համար: Գործընկերներու միջեւ գործառնութիւնները կրնան կատարուիլ իրենց իսկ դրամանիշներով, որ կրնայ տոլարի արժէքին անկում պատճառել, նաեւ` անոր տնտեսական հզօրութեան նուազում: Այս է պատճառը, որ Պայտընի վարչակարգը դէմ է Հիւսիսային հոսքին: Մի՛այն խողովակաշար մը չէ, այլ` դէպի ապագայ պատուհան մը, ապագայ մը, ուր Եւրոպան եւ Ասիան աւելի կը մերձենան ազատ առեւտուրի հսկայական միջավայրի մը մէջ, որ փոխադարձաբար կը զօրացնէ իրենց ուժը եւ բարգաւաճումը, մինչ Ամերիկան մի՛այն դուրսէն կը դիտէ:

«Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ աւելի ջերմ յարաբերութիւնները կ՛ազդարարեն «միաբեւեռ» աշխարհակարգին աւարտը, որուն Միացեալ Նահանգները կը վերահսկէին վերջին 75 տարիներուն: Գերմանեւռուսական դաշինք մը կը սպառնայ արագացնել գերտէրութեան անկումը, որ այժմ աւելի կը մօտենայ անդունդին: Ահա թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթըն վճռական է ամէն ինչ ընելու` Հիւսիսային հոսքը խափանելու եւ Գերմանիան իր արբանեակը պահելու համար: Գոյապայքարի խնդիր է այս:

«Հոս է, որ Ուքրանիան կը յայտնուի: Ուքրանիան Ուաշինկթընին ընտրած զէնքն է խափանելու համար Հիւսիսային հոսքն ու Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ սեպ խրելու: Այս ռազմավարութիւնը առնուած է Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան ձեռագիրքի առաջին էջէն` «Բաժնէ՛, որ տիրես» խորագիրին տակ: Ուաշինկթընը պէտք է հասկացողութիւն մը ստեղծէ, թէ` Ռուսիան Եւրոպայի համար ապահովական սպառնալիք կը ներկայացնէ: Այս է նպատակը: Անոնք պէտք է ցոյց տան, որ Փութինը արիւնարբու յարձակողապաշտ մըն է, որ ունի արագ կրակելու բնաւորութիւն, որուն կարելի չէ վստահիլ: Այս նպատակով լրատուամիջոցներուն յանձնարարուած է անընդհատ կրկնել, որ` «Ռուսիան կը ծրագրէ Ուքրանիա ներխուժել»:

«Ինչ որ չի նշուիր սակայն, այն է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Ռուսիա որեւէ երկրի վրայ չէ յարձակած, մինչ Ամերիկան նոյն ժամանակամիջոցին յարձակած կամ իշխանափոխութիւն կատարած է 50-է աւելի երկիրներու մէջ եւ 800-է աւելի ռազմակայաններ հաստատած` աշխարհի տարածքին: Այս մասին չեն խօսիր լրատուամիջոցները, փոխարէնը, իբրեւ «չարիք», կը ներկայացնեն Փութինը, որ Ուքրանիոյ սահմանին կուտակած է շուրջ 100 հազար զօրք` սպառնալով Եւրոպային արիւնալի պատերազմով մը:

«Ամբողջ այս ջղագրգիռ պատերազմի քարոզչութիւնը կը կատարուի ճգնաժամ ստեղծելու նպատակով, որ կարելի է օգտագործել Ռուսիան մեկուսացնելու, սատանայացնելու եւ, ի վերջոյ, զայն աւելի փոքր միաւորներու վերածելու համար: Իսկական թիրախը, սակայն, Ռուսիան չէ, այլ` Գերմանիան: Տեսէք, թէ ի՛նչ կը գրէ Մայքըլ Հատսըն` «Ունզ Ռիվիու»-ի մէջ. «Միակ միջոցը, որ մնացած է ամերիկացի դիւանագէտներուն եւրոպական գնումները արգելափակելու համար` Ռուսիոյ ստիպել ռազմական հակադարձութեան, այնուհետեւ պնդել, որ ասոր պատասխանելու վրէժը կը գերազանցէ զուտ ազգային տնտեսական շահը,  ինչպէս 27 յունուարին մամլոյ ասուլիսին պարզաբանած է Ամերիկայի արտաքին նախարարութեան քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նոլանտը. «Եթէ Ռուսիան այս կամ այն միջոցով Ուքրանիա ներխուժէ, Հիւսիսային հոսք 2-ը կը կասեցուի»:

«Ահաւասիկ խոստովանութիւնը: Պայտընի վարչակարգը կ՛ուզէ «խթանել Ռուսիան զինուորական յարձակումի», որպէսզի խափանէ Հիւսիսային հոսքը: Այս մէկը կ՛ենթադրէ գրգռութիւն մը, որ Փութինը մղէ զօրք ղրկելու սահմանէն անդին` պաշտպանելու համար երկրին (Ուքրանիոյ*) արեւելքը բնակող ռուսական համայնքը: Եթէ Փութին այս խայծէն խաբուի, պատասխանը արագ եւ խիստ պիտի ըլլայ: Լրատուամիջոցները այս գործողութիւնը պիտի ներկայացնեն իբրեւ  սպառնալիք` ամբողջ Եւրոպայի համար, մինչ ամբողջ աշխարհի առաջնորդները պիտի դատապարտեն Փութինը` իբրեւ «նոր Հիթլեր» մը: Մէկ խօսքով, այս է Ուաշինկթընի ռազմավարութեան եւ ամբողջ բեմադրութեան նպատակը` քաղաքականօրէն անկարելի դարձնել Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին, որ ամբողջացնէ Հիւսիսային հոսքը ստանձնելու վերջնական փուլը:

«Հաշուի առնելով, որ մենք գիտենք Հիւսիսային հոսքի դէմ Ուաշինկթընի ընդդիմութեան մասին, ընթերցողները կրնան հարց տալ, թէ ինչո՞ւ այս տարեսկիզբին Պայտընի վարչակազմը աշխատեցաւ Քոնկրեսին մէջ, որպէսզի յաւելեալ պատժամիջոցներ չկիրարկեն խողովակաշարին նկատմամբ: Պատասխանը պարզ է` առտնին քաղաքականութիւն: Այժմ Գերմանիան հերթով կը փակէ իր միջուկային ելեկտրակայանները եւ փոխարէնը` բնական կազի պէտք ունի, որ ուժանիւթի պակասը գոցէ: Նաեւ` պատժամիջոցներու սպառնալիքը ժխտական հետեւանք պիտի ունենայ գերման ժողովուրդին մօտ` իբրեւ իրենց ներքին գործերուն միջամտութիւն: «Ուաշինկթըն իր գործերով թող զբաղի, հեռու` մեր գործերէն», պիտի ըսէ խելահաս գերմանացին:

«Գերմանացիներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է խողովակաշարին, միայն վերնախաւէն եւ լրատուամիջոցներէն մաս մը դէմ են ծրագիրին», կ՛ըսէ «Ժազիրա» (3): «Որքա՛ն Միացեալ Նահանգները խօսին պատժամիջոցներու մասին, ա՛յնքան աւելի ժողովրդականութիւն կը շահի խողովակաշարը», ըսաւ Գերմանիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդէն` Ռուսիոյ եւ արեւելեան Եւրոպայի հարցերու մասնագէտ Սթեֆան Մէյսթըր:

«Այսպիսով, հասարակական կարծիքը ամուր կանգնած է Հիւսիսային հոսքի կողքին, որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթըն նոր մօտեցումին դիմեց` ծրագիր Բ.-ին: Ստեղծել բաւարար մեծ արտաքին սպառնալիք, որ Գերմանիան ստիպուած ըլլայ արգելափակել կազատարին բացումը: Անկեղծօրէն այս ռազմավարութիւնը թէեւ յուսահատական է, բայց տպաւորիչ է Ուաշինկթընի հաստատակամութիւնը: Այս մրցումին մէջ շատ ետեւ են, սակայն վերջին փորձ մըն ալ պիտի ընեն:

«7 փետրուար 2022-ին Սպիտակ տան մէջ նախագահ Պայտըն Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին հետ իր առաջին միացեալ մամլոյ ասուլիսը ունեցաւ: Այս աղմկայարոյց պատահարը աննախադէպ էր: Ամէն ինչ կազմակերպուած էր «ճգնաժամային մթնոլորտ» ստեղծելու համար, որ Պայտըն գործածեց վարչապետին վրայ Միացեալ Նահանգներուն քաղաքականութիւնը պարտադրելու համար: Նախորդող օրերուն Սպիտակ տան խօսնակ Ճեն Փսաքին քանի մը անգամ ըսաւ, որ` «Ռուսիոյ յարձակումը մօտալուտ է»: Անոր յաջորդեց արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից Նիք Փրայսը, որ յայտնեց, թէ հետախուզական գործակալութիւնները իրեն տրամադրած են Ռուսիոյ կողմէ ենթադրեալ «Կեղծ դրօշ» գործողութեան մանրամասնութիւնները, որ կ՛ակնկալէին շուտով իրականացնել արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ: Անոր հետեւեցաւ 13 փետրուարին Ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճէյք Սալիվըն` յաւակնելով, որ Ռուսիոյ յարձակումը «կրնայ նոյնիսկ վաղը տեղի ունենալ»: Այս մէկը` Պլումպըրկ լուրերու գործակալութեան, «Ռուսիա Ուքրանիոյ վրայ յարձակեցաւ» բոլորովին սուտ լուրէն քանի մը օր ետք:

«Յստակ չէ՞ ծրագրուածը: Կը տեսնէ՞ք, թէ ինչպէ՛ս այս անհիմն պնդումները գործածուեցան ճնշում բանեցնելու համար Գերմանիոյ վարչապետին վրայ, որ տեղեակ չէր, թէ այս բոլորը զինք թիրախ դարձուցած էին:

«Վերջին հարուածը Ամերիկայի նախագահէն էր: Մամլոյ ասուլիսին ան շեշտակի յայտարարեց. «Եթէ Ռուսիան յարձակի … այլեւս Հիւսիսային հոսք 2 չի մնար: Անոր վերջ մը պիտի դնենք»:

«Ուրեմն Ուաշինկթը՞ն պիտի որոշէ Գերմանիոյ քաղաքականութիւնը:

«Ի՜նչ անտանելի ամբարտաւանութիւն:

«Գերմանիոյ վարչապետը զարմացաւ Պայտընի խօսքերէն, որ յայտնի էր, թէ պատրաստուած բնագիրէն դուրս էր: Այսուհանդերձ, Շոլցը երբեք չհամաձայնեցաւ չեղեալ համարել Հիւսիսային հոսք 2-ը եւ նոյնիսկ կազամուղը անունով չնշեց: Եթէ Պայտըն խորհեցաւ, որ հանրային ելոյթի մը ընթացքին պիտի կարենայ ճնշել աշխարհի երրորդ տնտեսութեան ղեկավարին վրայ, սխալեցաւ:

«Գերմանիան կառչած կը մնայ Հիւսիսային հոսքի գործածութեան` անկախ հեռաւոր Ուքրանիոյ մէջ հնարաւոր բռնկումներէն: Սակայն որեւէ ժամանակ այս մէկը կրնայ փոխուիլ: Ի վերջոյ ո՞վ գիտէ, թէ Ուաշինկթըն ինչե՜ր կը ծրագրէ: Ո՞վ գիտէ, թէ քանի՜ կեանքեր պիտի զոհուին, որպէսզի Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ սեպ խրուի: Ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ արկածախնդրութեան պատրաստ է Պայտընը`  դանդաղեցնելու համար Ամերիկայի անկումը եւ կանխելու նոր «բազմակեդրոն» աշխարհակարգի կազմաւորումը: Որեւէ բան կրնայ պատահիլ յառաջիկայ շաբաթներուն: Որեւէ բան:

Առայժմ Գերմանիան նպաստաւոր դիրքի վրայ է: Հարցին կարգաւորումը Շոլցին ձեռքն է: Արդեօք ան կ՛իրականացնէ՞ այն քաղաքականութիւնը, որ լաւագոյնս կը ծառայէ գերմանացի ժողովուրդին շահերուն, թէ՞ կը զիջի Պայտընի անողոք ճնշումին դիմաց: Արդեօք ան կ՛ընտրէ՞ նոր ուղի մը, որ կ՛ամրապնդէ նոր դաշինքներ Եւրասիական աշխուժ միջանցքին մէջ, թէ՞ կ՛աջակցի Ուաշինկթընի խելագար աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններուն: Արդեօք ան կ՛ընդունի՞ Գերմանիոյ առանցքային դերը նոր աշխարհակարգի մը մէջ, ուր ուժի մէկէ աւելի նորաստեղծ կեդրոններ հաւասարապէս կը մասնակցին համաշխարհային կառավարմանը, ուր ղեկավարութիւնը անշեղօրէն հաւատարիմ կը մնայ բազմակողմանիութեան, խաղաղ զարգացումի եւ ապահովութիւն բոլորին համար, թէ՞ ան կը փորձէ աջակցիլ յետպատերազմեան քայքայուած համակարգին, որ բացայայտօրէն ժամանակավրէպ դարձած է:

«Մէկ բան յստակ է. Գերմանիոյ ընտրելիք ուղին բոլորիս վրայ պիտի ազդէ»:

Միւս կողմէ` յօդուածագիրը մոռցած է նշելու, որ շրջանցելով Ուքրանիան` Գերմանիան տարեկան երկու 2 միլիառ տոլար տարանցումի վճարում կը խնայէ, որ այժմ Ռուսիան կը վճարէ Ուքրանիոյ վրայով կազ ուղարկելու համար: Իսկ կ՛արժէ իմանալ նաեւ, որ Փութին գերմաներէնին կը տիրապետէ եւ այս խողովակաշարերու համաձայնութիւնները կնքած էր նախորդող վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ, որ ռուսերէնին կը տիրապետէ:

Այժմ կու գանք մեր հարցին: Երէկ «Ազդակ»-ի մէջ կարդացինք (4). «Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ռուսական կազի դադրեցման. այլընտրանքներ գտած է», կ՛ըսէ ֆոն տէր Լէյեն» խորագիրով յօդուածը, որ կարելի է խոստովանութիւն մը նկատել Ամերիկայի եւ Եւրոպայի կողմէ Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմին իրենց մեղսակցութեան:

«Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ ֆոն տեր Լէյեն աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի, Եգիպտոսի, ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ, Նիկերիոյ եւ Հարաւային Քորէայի հետ քննարկած է թէ՛ հեղուկ բնական կազի եւ թէ՛ բնական կազի մատակարարումներու հաւանական յաւելումը:

2020-ի յուլիսի պատերազմին արդէն յայտնի եղաւ «Արեւմուտքին» կողմէ ազերի կազամուղներուն վրայ իրենց գուրգուրանքը` զանոնք «հայկական-ռուսական յարձակումէ» զերծ պահելու քարոզարշաւով: Ապա` արդէն 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին անոնց ամօթալի քար լրութիւնը, որ սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ խզելով լռութիւնը` ըսաւ. «Մենք յոյսով ենք, որ հայերը պիտի կարենան պաշտպանուիլ Ազրպէյճանի կատարածին դէմ», այսինքն մենք ոչի՛նչ պիտի ընենք, տոկացէ՛ք® Այլ խօսքով, մենք ապահով կազի աղբիւրներու պէտք ունինք, որպէսզի Եւրոպան կախեալ չըլլայ ռուսական կազէն… Կը ցաւիմ, որ հայկական լրատուամիջոցներուն մեծամասնութիւնը կը հետեւի ամերիկեան քարոզչութեան մեքենային:

Այս նիւթով 14 յօդուածներս.

1.- «Ռուսիոյ նախագահ Փութինի` պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը», 27 յուլիս 2021:  https://www.aztagdaily.com/archives/516918

2.- «Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներուն համար գետնի ականներ կը վխտան- Ազրպէյճանը հարուստ է դիւանագիտական կարելիութիւններով, Հայաստանը կը կնճռոտէ խնդիրը», 1 յուլիս 2021:  https://www.aztagdaily.com/archives/514159

3.- «Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգներուն այսպէս կոչուած «ազգային շահերը» չեն փոխուիր նախագահին եւ անոր կուսակցութեան փոփոխութեամբ», 27 մարտ 2021:  https://www.aztagdaily.com/archives/503628

4.- «Անդրադարձ. Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ նախագահին թելադրանքները նորընտիր նախագահին», 22 յունուար 2021:

5.- «Լեռնային Ղարաբաղ. Լոնտոնի Եւ Անգարայի յաղթանակը` Սորոսին  եւ հայերուն պարտութիւնը», 5 դեկտեմբեր 2020:  https://www.aztagdaily.com/archives/491890

6.- «Ամերիկեան ռազմավարութիւնը, հարաւային Կովկասը, Հայաստանը, Արցախը եւ Ռուսիան», 19 նոյեմբեր 2020:  https://www.aztagdaily.com/archives/489920

7.- «Արցախը զոհ` Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան Բ.», 27 հոկտեմբեր 2020:  https://www.aztagdaily.com/archives/487443

8.- «Արցախը զոհ` Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան», 23 հոկտեմբեր 2020:

9.- «Միացեալ Նահանգները եւ Արցախի դէմ տեղի ունեցող պատերազմը», 17 հոկտեմբեր 2020:  https://www.aztagdaily.com/archives/486567

10.- «Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները կը կործանեն երկիրներ, տնտեսական սիկարեանի մը խոստովանութիւնները – Ա. Լիբանանի եւ Հայաստանի համար խիստ կարեւոր», 29 օգոստոս 2020:  https://www.aztagdaily.com/archives/481854

11.- «Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները կը կործանեն երկիրներ. տնտեսական սիկարեանի մը խոստովանութիւնները – Բ.»,15 սեպտեմբեր  2020:

12.- «Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները կը կործանեն երկիրներ. տնտեսական սիկարեանի մը խոստովանութիւնները – Գ.»,  22 սեպտեմբեր 2020

Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները Կը Կործանեն Երկիրներ, Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները – Գ.

13.- «Թուրքիոյ փանթուրանական ձգտումներուն հետեւանքները Չինաստանի համար», 12 օգոստոս 2020: https://www.aztagdaily.com/archives/480408

14.- «Ազրպէյճան կը զգուշացնէ Եւրոպան կասպեան ուժանիւթի արտածումի հաւանական վտանգէն` Հայաստանի հետ տագնապին հետեւանքով», 10 յուլիս 2020:

17 փետրուար 2022

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

(1)  https://www.unz.com/mwhitney/the-crisis-in-ukraine-is-not-about-ukraine-its-about-germany/

(2)  https://en.wikipedia.org/wiki/Stratfor    

(3)  https://www.aljazeera.com/news/2022/1/25/ukraine-russia-what-is-nord-steam-2-and-why-is-it-contentious

(4)  https://www.aztagdaily.com/archives/538356

www.aztagdaily.com/archives/539507

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail