Անդրադարձ. Փետրուարեան Ապստամբութիւն – 1921 Պոլշեւիկները Եւ Հայաստանի Որբերը – Յարութ Չէքիճեան

Անդրադարձ. Փետրուարեան Ապստամբութիւն – 1921 Պոլշեւիկները Եւ Հայաստանի Որբերը – Յարութ Չէքիճեան

19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

Յարութ ՉէքիճեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Պոլշեւիկ հայերը դրժելով Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իշխանութիւնը հեզասահ եւ խաղաղ փոխանցելու գրաւոր համաձայնութիւնը` մոլեգին վայրագութեան դիմեցին սպանդներով, բանտարկութիւններով ու թալանով: Նախարարներ, զօրավարներ, պետական պաշտօնեաներ կալանաւորեցին, արդէն աղքատ երկիրը թալանեցին եւ պարէնային պաշարը Ազրպէյճան փախցուցին: Այս անմարդկային վայրագութեան թիրախը դարձան խաղաղ քաղաքացիները, անոնց խանութները, արհեստանոցները, հաստատութիւնները եւ նոյնիսկ որբանոցները, որոնք թալանուեցան, եւ որբերը ցիրուցան` փողոց նետուեցան (տես` «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ որբերու քաղաք Ալեքսանդրապոլը` Գիւմրին» (1):

1. Փետրուարեան ապստամբութեան ժողովրդային բանակէն մաս մը:

18 փետրուար 1921-ին, պոլշեւիկներու իշխանութեան 78-րդ օրը, ժողովուրդը ապստամբեցաւ այս դաժան ու կեղեքող իշխանութեան դէմ, որ միա՛յն դաւադիր սուտերով ու կեղծիքով աւելի լաւ ապագայ խոստացած էր, թշնամի թուրքին եւ թաթարին հետ գործակցած էր` խաբելով ժողովուրդը, որ իր քիչ ունեցածն ալ կորսնցուց եւ սովամահութեան եզրին հասաւ:

Յաջողած այս ապստամբութիւնը, որ տեւեց 43 օր, յառաջացուց նոր ղեկավարութիւն` «Հայաստանի փրկութեան կոմիտէ»-ն, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին: Նոր իշխանութեան օրկանն էր «Ազատ Հայաստան» օրաթերթը, որմէ ստորեւ արեւմտահայերէնով կը ներկայացնեմ պոլշեւիկներու օրերէն լուրերէ եւ վկայութիւններէ հատուածներ:

22 փետրուար 1921. «Որբերուն տեղը որբանոցն է» խորագիրով կը գրէ (2). «Հայաստանի խնամատարական գործի վարիչ բժիշկ Ս. Եղիազարեանի կարգադրութեամբ, պոլշեւիկներու օրով փողոցներուն մէջ անպատսպար մնացած որբերը արդէն կը հաւաքուին որբանոցներուն մէջ, ուր անոնց լաւ սնունդ կը տրուի»:

2 մարտ 1921. «Ալեքսանդրապոլի մէջ ականատեսի պատմուածքներ» խորագիրով Յ. Ասրունիի 3 մասով վկայութենէն հատուածներ` ամփոփ եւ արեւմտահայերէն (3).

«Փոլիկոնի (այստեղ կ՛ակնարկուի երեք հսկայական նախկին զօրանոցներու, 20 հազարէն աւելի որբերով որբանոցներէն մէկուն, միւսները` Կազաչի փոստ եւ Սեւերսքի*) ամերիկեան որբանոցին մէջ տեղեակ չէին դուրսի անցուդարձերէն, եւ օր մը, մինչ սովորական յայտագիրով զբաղած էին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին այս փոքրիկ քաղաքը կը ներխուժեն մաուզերներով եւ հրացաններով զինուած հայ պոլշեւիկներու խումբ մը` թուրք զինուորներու ուղեկցութեամբ: Անոնք կը ձերբակալեն պաշտօնեաներուն մեծ մասը (հաւանաբար պոլշեւիկ սուտերուն չհաւատացողները*) եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:

«Հասկելի (Ռուսիոյ եւ Կովկասի մէջ Ամերիկայի ներկայացուցիչ, colonel William N Haskell 1878-1952*) տեղակալ քեփթըն (Էռնեսթ*) Եարոն (ամերիկեան նպաստամատոյցի Կովկասի տնօրէնը*) յուզուած եւ վիրաւորուած նախատելով ձերբակալողները, կը փորձէ արգելք հանդիսանալ` ըսելով, որ Ամերիկայի պաշտօնեաներուն ձերբակալութիւնը եւ այս բոլորը պիտի վնասեն որբերուն: Բանտապետը մէկ կողմ կը հրէ ծերունի Եարոն, եւ սուիններով կը տանին ձերբակալուածները:

«… Յաջորդ առաւօտ ամերիկացի տնօրէնութիւնը հետեւեալ շրջաբերականը կը հրապարակէ.

Ա. Փոլիկոնի բնակչութիւնը իր տարածութեամբ ունի անջատ իշխանութիւն եւ չ՛ենթարկուիր քաղաքի վարչութեան:

Բ. Բոլոր ծառայողները հանգիստ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները եւ խստիւ արգիլուած է որեւէ կուսակցութեան պատկանիլ, հակառակ պարագային` այդպիսիները կ՛արտաքսուին Փոլիկոնէն:

«Գիշերները 2-3 պոլշեւիկներ Փոլիկոն կը յաճախէին, ծառայողները կը գրգռէին եւ կը փորձէին համակիրներ որոնել: Իսկ ցերեկները տխրահռչակ Մարտիրոսը քաղաքէն գողցած կառքով կու գար Եարոյի քով` բանակցութիւններ վարելու»:

17 մարտ 1921. «Պոլշեւիկները Ալեքսանդրապոլի որբանոցներու բոլոր պահեստները թալանելէն եւ բազմաթիւ որբեր փողոց նետելէն ետք, որոշած են նաեւ բանտարկել (որբախնամ*) ամերիկացիները: Այս մասին տեղեկանալով` ամերիկացիները իսկոյն փախուստ կու տան Ալեքսանդրապոլէն, որոնցմէ մաս մը հասած է Կարս» (4):

24 մարտ 1921, Յ. Ասրունի կը շարունակէ (5). «Հետզհետէ դրութիւնը կը վատանայ, եւ երբ ամերիկացիները պոլշեւիկներէն պահանջեցին չխառնուիլ իրենց ներքին գործերուն, անոնք բռնութիւններ բանեցուցին եւ տնօրէն Եարոյի համհարզ (թիկնապահ*) սպայ Շելկովնիկեանը (Գրիգո՞ր*) բանտարկեցին մութ ու խոնաւ նկուղի մը մէջ` առանց հացի ու ջուրի: Բոլոր ամերիկացիները Կարս փախուստ տուին:

2. «Ազատ Հայաստան», 2 մարտ 1921: 3. «Ազատ Հայաստան»,  24 մարտ 1921:

«Իսկոյն պոլշեւիկները Փոլիկոն խուժեցին, ալան թալանի ենթարկեցին ամերիկացիներուն բնակարանները, ձիերը եւ հսկայական պահեստները: Յաւելեալ ծառայողներ ալ բանտարկուեցան` իբրեւ ամերիկացիներու գործակալներ: Քաոսային վիճակ ստեղծուեցաւ:

«Այս յաղթանակը պոլշեւիկները տօնեցին պարահանդէսով մը, որուն համար որբերուն յատուկ պարէնը մսխեցին` քաղցրեղէն, կաթ, շաքար եւ այլն: Պատուոյ տոմսերով հրաւիրեցին թուրք կոմիսարները եւ իրենց «ընկերները»: Հիւրերուն համար կը պատրաստուի 80 գաթայ, 4000 կարկանդակ եւ այլ խմորեղէններ:

«Փոլիկոնի ծառայողները կը մերժեն մասնակցիլ պարահանդէսին (պատրաստութեան*): Այս իմանալով` քաղաքի պոլշեւիկ կոմիսարը կը հրահանգէ. «Բացակայող ծառայողները պիտի գնդակահարուին»:

«Քաղաքը դատարկուած, փողոցները ամայի, բնակչութիւնը տուներուն մէջ փակուած է: Քաղաքէն եւ Փոլիկոնէն 72 հոգի ձերբակալուած է, որմէ ետք հրեայ Շվալոն եւ իր ընկերները սանձարձակ կերպով անխղճօրէն կը թալանեն ձերբակալուածներուն տուներն ու խանութները եւ առեւտրական հաստատութիւնները «ազգայնացման» պատրուակով` յափշտակումներ կ՛ընեն: Պոլշեւիկները բնակարաններէն ներս խուժելով կը վերցնեն` ինչ որ կը հաւնին: Տղամարդոց, կանանց եւ աղջիկներուն հետ կը վարուին` ինչպէս որ կ՛ուզեն:

«Ամէն օր քանի մը անգամ բանտարկեալներուն հայհոյելով, հրացաններու սուիններով հարուածելով կը սպառնային` «Չեկա ինկողը չի վերադառնար» ըսելով: Արիւնարբու «սոսեալիստները» կը կատարէին իրենց զազրելի գործը. բանտարկեալները կը մերկացնէին եւ երկաթէ ձողերով կը ծեծէին, իսկ երբ ուշաթափ ըլլային, վրանին պաղ ջուր կը թափէին եւ կրկին կը ծեծէին, մինչեւ որ շունչը կտրուէր… «Ծանր յանցաւորներուն» բանտ չէին վերադարձներ, անօթի-ծարաւ կը ձգէին գետնայարկը, ուր ան կը հիւծէր եւ ի վերջոյ կը գնդակահարուէր:

«Գնդակահարութիւնները նկուղներու մէջ կը կատարուէին, գաղտնի, քանի որ տաճիկ հրամանատարութիւնը արգիլած էր հրացանաձգութիւնը: Բանտարկեալներուն 3-4 օրը մէկ անգամ կեղտոտ ջուր եւ աղանձ կու տային, իսկ տուներէն ղրկուած ճաշերը պահակները կ՛ուտէին: Գնդակահարներուն դիակները տակաւին Աղապալեանի նկուղին մէջ կը գտնուին, որ այժմ կնքուած է»:

27 մարտ 1921 (6). «Որպէսզի ձերբակալուածները բանտէն չհանէին եւ ծանր պատիժներու ենթարկէին, պոլշեւիկները մեղադրական կեղծ թուղթեր անոնց գրպանը կը մտցնէին, ապա խուզարկելով` այդ թուղթերը «կը գտնէին», որուն հիման վրայ ամբաստանութիւններ կը սարքէին:

«Իսկ Փոլիկոնի մէջ շինուած էր ցուրտ եւ կեղտոտ կարցեր (ռուսերէն` դպրոցական պատիժի արգելարան*) «երդմնազանց» ծառայողներու եւ փոքրիկ որբերուն համար… Մնացեալ ծառայողներէն ստորագրութիւն առած էին, որ հնազանդին խորհրդային իշխանութեան, իսկ որբերուն արգիլած էին «Մեր հայրենիք» քայլերգը եւ այլ ազգային-դաշնակցական երգեր երգել, այլ պէտք էր երգէին «Ինթերնացիոնալ»-ը: «Կամակոր» փոքրիկներ, սակայն, չէին հնազանդեր, եւ զանոնք շաբաթներով անօթի կը պահէին արգելարանին մէջ:

«Պոլշեւիկները հիւանդանոցներ եւ Փոլիկոն փոխադրած էին իրենց «ազգայնացուցած» (գողցած*) տակառներով քոնեաքը, օղին եւ գինին: Հիւանդներուն եւ որբերուն առջեւ քէֆեր (խրախճանք*), օրգիաներ (orgy, շուայտանք*) կը սարքէին  եւ հարբած ներս կը խուժէին որբերուն ու հիւանդներուն սենեակները: Այստեղ երկաթէ սիրտ հարկաւոր էր` դիմանալու հարբած «սոցիալիստներուն» գազանութիւններուն:

«Պոլշեւիկներու իշխանութիւնը կը շարունակուի շուրջ 3 ամիս: Քաղաքը ապրեցաւ ծանր, դաժան լուծի տակ: Որբերը փողոցները թափթփած էին, մեռելային կմախքով, մուրացկաններ, ծերեր, երիտասարդներ շարան-շարան դուռերուն առջեւ կ՛իյնային: Ամբողջ քաղաքի չքաւոր դասը սովի մատնուեցաւ: Աշխատանքի եւ ապրուստի ամէն միջոց կորսուած էր, եւ մարդիկ կամովին իրենց տուներուն մէջ սովամահ բանտարկուած էին:

«Վերջապէս պոլշեւիկներուն նիւթական աղբիւրները սպառեցան: Անոնք 27 յունուար 1921-ին կը հրաժարին իշխանութենէն եւ թռուցիկով մը կը դիմեն համաշխարհային պրոլետարիային (բանուորներու դասակարգ*)` յայտարարելով, որ «Ընկեր քեմալականները իմփերիալիստներ դուրս եկան եւ ոչ` յեղափոխականներ, ուրեմն (իրենց իսկ բերած*) տաճկական հրամանատարութեան ծանր իշխանութեան տակ իրենք չեն կրնար աշխատիլ»:

«Յունուար 28-30 քաղաքը կրկին ոտքի ելաւ. բնակչութիւնը փողոցներուն մէջ ուրախ կը թափառէր: Վախնալով ժողովուրդին երեւնալէն` պոլշեւիկները պատերուն երկրորդ յայտարարութիւն մը փակցուցին, որուն մէջ կոչ կ՛ընէին «հայ աշխատաւորութեան զգուշ ըլլալ եւ խմբուիլ իրենց շուրջ, որովհետեւ հակայեղափոխութիւնը սկսած է գլուխ բարձրացնել…»:

«Քաղաքի բնակչութիւնը նախկին ընտրուած մարմինին կողմէ ինքնավարութեան (քաղաքապետարան*) սրահին մէջ ժողովի կը հրաւիրէ: Սակայն պոլշեւիկ «մաուզերիստները» (զինեալներ*) գնդակահարութեան սպառնալիքով կը լքեն ժողովը: Տաճկական (Ալեքսանդրապոլը գրաւած թրքական*) հրամանատարութիւնը տեսնելով այս անիշխանական դրութիւնը` մի ոմն Ս. Մատինեանցը միլիցիապետ (ոստիկանապետ*) կը նշանակէ` խառն, հայ եւ թուրք ոստիկանութեան: Միեւնոյն ատեն կը հրահանգէ ընտրեալ քաղաքապետութեան շարունակել աշխատանքը: Պոլշեւիկները դարձեալ նամակներով կը զգուշացնեն պաշտօնեաները` ձեռնպահ մնալու եւ որեւէ առաջարկ չընդունելու:

«Իշխանութեան կազմակերպական անհրաժեշտութիւնը առաւելաբար կարեւոր էր Փոլիկոնին (որբանոցներուն*) համար, որոնց պարէնը սպառելու վրայ էր: Ծառայողները ժողովի մը ընթացքին կ՛ընտրեն 8 հոգինոց խորհուրդ, որուն առաջին որոշումը կ՛ըլլայ Կազաչի Փոստէն ամերիկացիներ հրաւիրելը (վերադառնալ ամերիկեան հոգատարութեան):

«Պոլշեւիկները տեսնելով իրենց երէկուան ծառայողներուն յանդգնութիւնը` կը բանտարկեն 8 հոգինոց այս խորհուրդը: Սակայն զեղծումներու, թալանի եւ բռնութեան ենթարկուած Կազաչի Փոստին մէջ մնացած ամերիկացիները կը դիմեն առ որ անկ է (վերջ տալու պոլշեւիկներուն ոտնձգութիւններուն): Մինչ այդ, տեսնելով սովը եւ մահերու բարձր թիւը (օրական 15-20 որբ), պոլշեւիկները տեղի կու տան` ի վերջոյ գրաւոր հաւատարմութիւն յայտնելով ամերիկացիներուն, խոստանալով չխառնուիլ անոնց գործերուն, ազատ արձակելով բանտարկուած պաշտօնեաները:  6 փետրուար 1921-ին ամերիկացիները կը նշանակեն իրենց ներկայացուցիչը` վերջ տալով որբանոցներուն մէջ պոլշեւիկ բախտախնդիր բռնակալութեան»:

Ա՞յս է մեր հայ ժողովուրդին նկարագիրը` գեղեցիկ խոստումներով խաբել ժողովուրդը, ստել, թալանել եւ բնակչութիւնը տանջել ու թշուառացնել, թշնամիին մեր հողերը նուիրել…

Անշո՛ւշտ ոչ:

Պոլշեւիկներուն յար եւ նման` ա՛յս է այժմու (ան)իշխանութեան օտարին եւ թշնամիին ծառայելու վարքագիծը:

Մինչեւ ե՞րբ մեր ժողովուրդէն մաս մը յամառօրէն պիտի շարունակէ այս ստախօս շարլաթանէն  խաբուիլ:

12 փետրուար 2022
haroutchekijian.wordpress.com  

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

1.-  https://www.aztagdaily.com/archives/506938

2.- «Ազատ Հայաստան» օրաթերթ, օրկան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, Ա. տարի, թիւ 3, 22 փետրուար 1921, Երեւան, էջ 2:

3.- Նոյնը, թիւ 27 (աղբիւրէն սխալ*), 2 մարտ 1921, էջ 1:

4.- Նոյնը, թիւ 22,  17 մարտ 1921, էջ 2:

5.-  Նոյնը, թիւ 28, 24 մարտ 1921, էջ 2:

6.-  Նոյնը, թիւ 31, 27 մարտ 1921, էջ 2:

www.aztagdaily.com/archives/538427

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail