Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի – 2022 Բ. Ահազանգային Է Հայաստանէն Ամերիկա Գաղթել Դիմողներուն Թիւը – Յարութ Չէքիճեան

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի – 2022 Բ. Ահազանգային Է Հայաստանէն Ամերիկա Գաղթել Դիմողներուն Թիւը – Յարութ Չէքիճեան

15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

Յարութ ՉէքիճեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

19 յունուար 2022-ի 168.am լրատուական եւ վերլուծական կայքէջին մէջ (1) կը կարդանք ահազանգի համազօր հետեւեալ լուրը: Անցնող տարուան 2021-ի համար 160 հազար 965 Հայաստանի քաղաքացիներ դիմած են կանաչ քարտ (green card) ստանալու համար, այսինքն` հայրենիքը լքելու եւ Ամերիկա հաստատուելու համար: Իսկ նոյն օրը «Փանորամա. ամ» կը գրէ. «Երեւանում անցկացւում է բողոքի ակցիա` ԱՄՆ մեկնելու համար» (2)(3):

1.- Երեւանի ամերիկեան դեսպանատան առջեւ ցոյց` ի նպաստ դէպի Ամերիկա արտագաղթելու. գլխաւոր պաստառը կ՛ըսէ` «Մենք մեր զաւակներուն պայծառ ապագայ կ՛ուզենք»: 2.- Ձախին` ցոյցէն այլ պաստառ մը կ՛ըսէ` «Մեր հաւատքը ձեր ձեռքերուն մէջ է», գլխաւորը կ՛ըսէ` «Կը խնդրենք` մեզի մտիկ ըրէք, մեզի առիթ տուէք» (3):

Ցուցարարները մերժած են խօսիլ թղթակիցներուն հետ:

«Սփութնիք Արմենիա»-ի խորագիրն է. «Ինչո՞ւ չեն կանչում: «Կրին քարտի» շահառուները բողոքի ցոյց են կազմակերպել դեսպանատան մօտ» (4): Ցոյցի մասնակիցները մտավախութիւն ունին, որ կը կորսնցնեն Ամերիկա գաղթելու հնարաւորութիւնը:

«Սկիզբը ցուցարարները տասնեակ պաստառներով, ամերիկեան դրօշներով հաւաքուած էին Ծովակալ Իսակովի արձանին մօտ, այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի դեսպանատուն: Ցուցարարները կը նշեն, որ 2021 թուականի մայիսէն «Կրին քարտ» շահած են, սակայն դիւանակալական քաշքշուկներու մէջ են, կ՛ուզեն հասկնալ, որ  դեսպանատունը ինչո՞ւ իրենց հարցազրոյցի չի հրաւիրեր:

«Բողոքի ցոյցի մասնակիցները մտավախութիւն ունին, որ եթէ մինչեւ սեպտեմբերի 30-ը չմասնակցին հարցազրոյցի փուլին, կը կորսնցնեն Ամերիկա գաղթելու հնարաւորութիւնը:

«2066 քաղաքացի «Կրին քարտ» շահած է, սակայն հարցազրոյցի կանչած են միայն 4 անձ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Իրանի քաղաքացիներուն հարցազրոյցի կը կանչեն, իսկ մեզ` ոչ, ի՞նչ է պատճառը»:

Ահաւասիկ հայկական սփիւռքի յարատեւ աճող թիւին փաստը: Մէկ տարուան ընթացքին գրեթէ 161 հազար Հայաստանի քաղաքացիներ որոշած եւ դիմած են Ամերիկա գաղթելու` «իրենց զաւակներուն պայծառ ապագայ» ապահովելու համար…

Փոխանակ հայրենի՛քը սփիւռքի երկիրներէն հայահաւաք կատարելու` իր քաղաքացիներն են, որ կը հեռանան, քանի որ այսպիսիները Հայաստանի մէջ «իրենց զաւակներուն պայծառ ապագայ չեն տեսներ»:

Կ՛արժէ հետեւեալ թուաբանական հաշիւը կատարել` ըստ համացանցի տուեալներուն. չեմ գիտեր, թէ Հայաստանի պարագային, ամերիկեան դեսպանատունը կանաչ քարտի դիմումնագիրի այլ սակ ճշդա՞ծ է, թէ՞ ոչ.

2021-ին իւրաքանչիւր «Կանան՞չ քարտ»-ի դիմումը կ՛արժէր $325 տոլար անվերադարձ, իսկ ընդունուելու պարագային, քարտին գինը յաւելեալ $1140 տոլար էր: Ուրեմն 160965 դիմողներ իւրաքանչիւրը 325 տոլար վճարած է` 160965 x 325 = $52,313,625 յիսուն երկու միլիոն երեք հարիւր հազար տոլարէ աւելի գումար վճարուած է դեսպանատան… Եթէ այս դիմողները հաւաքաբար այս հսկայ գումարով բաժնետոմսով արտադրողական ընկերութիւն մը հիմնէին, իրենց եւ զաւակներուն պայծառ ապագայ չէի՞ն ապահովեր: Ահաւասիկ` վատնուած ու կորսուած դրամագլուխ մը:

Հեգնօրէն, այստեղ կ՛արժէ նշել, որ 1975-1985 տարիներուն, խորհրդային օրերուն, մի՛այն Քալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ 14 (ըստ ոմանց 17) հազար Հայաստանէն արտագաղթած հայ բանտարկեալներ կային: Կ՛ըսուի, որ այժմ Ամերիկայի մէջ Հայաստանէն գաղթած քանի մը միլիոնատէրեր կան:

19 յունուար 2022-ի վերոնշեալ ցոյցէն հետեւեալ եզրակացութիւններուն կարելի է յանգիլ.

1.- Ցոյցը լաւ կազմակերպուածի բնոյթ ունի` դատելով միօրինակ եւ ամերիկեան դրօշի գոյներով զարդարուած նիւթական որոշ մակարդակի ներդրում պահանջող տեսակաւոր պաստառներէն:

2.- Հաւանաբար տարեկան 25-50 մնայուն արտագաղթող զանազան պատճառներով բնական կրնայ թուիլ, սակայն 160.965 դիմող, որ կ՛ուզէ վերջնականապէս իր հայրենիքէն հեռանալ եւ Ամերիկա հաստատուիլ, ախտանշան մըն է, որ առաջին հերթին պէտք է մտահոգէ Հայաստանի կառավարութիւնը:

3.- Ըստ երեւոյթին, այժմու իշխանութեան ստապատիր խոստումներուն, որոնցմէ` «պայծառ ապագայ»-ին, ա՛լ հաւատացող չկայ:

4.- Հայաստանի այժմու իշխանութիւններէն կարելի չէ յուսալ, որ հայրենադարձութիւն կազմակերպեն, երբ բնիկ հայն իսկ արժանապատիւ ապրուստի միջոցներէ զուրկ է: Ըստ միջազգային դրամատան, 2020-ին Հայաստանի բնակչութեան 51 տոկոսը աղքատ կը նկատուէր (5):

5.- Արդէն այժմու իշխանութիւնը առաջին օրէն իսկ ջնջեց սփիւռքի նախարարութիւնը` աւելորդ գտնելով զայն (ինչպէս նաեւ` գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները):

6.- Հայաստան բնակող հայն ալ այլասերումի ուղին բռնած է, եւ սխալ է այն կարծիքը, որ հայաստանցի հայը ազգային դաստիարակութեան պէտք չունի, եւ թէ` հայը Հայաստանի մէջ չայլասերիր:

7.- Մինչ մտահոգ ենք` սփիւռքահայութիւնը հայ պահելու միջոցներ որոնելով, որոնցմէ է սփիւռքահայը դէպի Հայաստան ուղղորդել, ահա կը պատահի հակառակը, սփիւռքի հայութեան թիւը կը բարձրանայ, անսպասելի ու անտրամաբանական` Հայաստանէն դուրս զանգուածային թիւով գաղթել փափաքողներով:

Այս յօդուածը  յանձնելէս ետք, 25 յունուար 2022-ին «Երկիր.ամ»-ը «Փախուստ (դէպի) ԱՄՆ` Մեքսիքայի անտառներով. Նիկոլի Հայաստանում ապագայ չկայ» խորագիրով թղթակցութիւն մը հրապարակեց (6), որ կը պատմէ աւելի ողբերգական` փախստական միջոցներով, մեքսիքացի մաքսանենգներուն 10-25 հազար տոլար վճարելով Հայաստանի քաղաքացիներ` կիներ եւ տղամարդիկ գաղտագողի կերպով Ամերիկա կը մտնեն…

Հայաստանի մէջ ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները ամրապնդելով, բանակը եւ տնտեսութիւնը, ի մասնաւորի երկրագործութիւնը եւ անասնաբուծութիւնը արդիական կերպով հզօրացնելով հայը կապուած կը մնայ իր հողին` պայծառ ապագայ խոստանալով իր եւ սփիւռքի զաւակներուն:

25 յունուար 2022
(Շար. 2) 

haroutchekijian.wordpress.com

(1) https://168.am/2022/01/19/1639195.html

(2) https://www.panorama.am/am/news/2022/01/19/%D4%B5%D6%80%D6%87%D5%A1%D5%B6-%D4%B1%D5%84%D5%86/2628644?fbclid=IwAR3xM8lftbU9LNfp2U–irV2pGHNtWSRnYc65Lo-Cj58RFR-DKC9Ad_ZRvw

(3) https://www.panorama.am/am/photos/Երևանում-անցկացվում-է-բողոքի-ակցիա-ԱՄՆ-մեկնելու-համար/6297

(4) https://armeniasputnik.am/20220119/inchu-chen-kanchum-grin-qarti-shaharunery-bvoghvoqi-akcia-en-kazmakerpel-despanatan-mvot-37720943.html

(5) http://arka.am/en/news/society/world_bank_poverty_rate_in_armenia_jumped_to_over_51_percent_in_2020/

(6) https://yerkir.am/news/view/259804

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail