ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղա Մոհամէտ Խանի Արշաւանքը Դէպի Երեւան Եւ Շուշի – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախցիներու Ու Ղարաբաղի Խանութեան Ուժերու Միացեալ Դիմադրութիւնը
02 ՄԱՐՏ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Պարսկաստանի տիրակալ Աղա Մոհամէտ խան վճռած էր զէնքի ուժով նուաճել Անդրկովկասը:
Սակայն նախքան պատերազմական գործողութիւններու սկսիլը ան փորձեց խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հաւատացնել ռուսական կառավարութեան, որ Պարսկաստան խաղաղ դրացի կը մնայ, եթէ յարգուին անոր իրաւունքները Անդրկովկասի մէջ:
Հիւսիսային Կովկասի ռուսական զօրքերու հրամանատար Իվան Վասիլեւիչ Գուդովիչ, որ անուանի դարձած էր ռուս-թրքական պատերազմներու ժամանակ եւ ղեկավարած էր Հաճիպէյի (այժմ` Օտեսա), Քիլիայի եւ Անապայի գրաւումները, փառասիրական վիթխարի ծրագիրներ ունէր:
Աղա Մոհամէտ խան փորձեց հասկացողութեան գալ կոմս Գուդովիչի հետ եւ պատուիրակութիւն ուղարկեց անոր մօտ: Պատուիրակները այնուհետեւ պիտի մեկնէին Պետերբուրգ եւ պիտի բանակցէին ռուսական կառավարութեան հետ:
Գուդովիչ արհամարհական վերաբերմունք ցոյց տուաւ պարսիկ պատուիրակներուն եւ ըսաւ, որ ինք Աղա Մոհամէտ խանը չի ճանչնար իբրեւ Իրանի տիրակալ: Գուդովիչ պարսիկ պատուիրակներուն թոյլ չտուաւ իրենց ճամբան շարունակելու դէպի Պետերբուրգ եւ հրամայեց անոնց վերադառնալ Պարսկաստան:
Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան, որ հայութեան վիճակի ու ռազմական ուժի մասին պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէր ռուսական իշխանութիւններուն, Գուդովիչի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Անդրկովկասի մէջ ստեղծուած վտանգաւոր կացութեան վրայ:
Իր կարգին Հերակլ Բ. թագաւոր դիմեց կոմս Գուդովիչի եւ զինուորական աջակցութիւն խնդրեց:
***
Մինչ Աղա Մոհամէտ խան զինուորական կուտակումներ կը կատարէր Ղազուինի շրջանին մէջ, Խոյի խանութեան ուժերը Սիւլէյման սարդարի հրամանատարութեան տակ 1794-ին յարձակեցան Երեւանի խանութեան վրայ եւ աւերածութիւններ կատարելով աղէտալի դրութեան մատնեցին հայոց ժողովուրդը:
Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս դիմեց Հերակլ Բ.ի, միջամտութիւն խնդրելով:
Հերակլ Բ., Երեւանի Մոհամէտ խանը իրեն հարկատու դարձնելու նպատակով, միջամտեց, եւ Մոհամէտ խան ու Հերակլ Բ. փոխադարձ օգնութեան դաշինք կնքեցին:
Ղուկաս Ա. կաթողիկոս կը գրէ. «Այլ մինչ Սուլէյման սարդարն ընդ Խօյու խանին կրկին դիմեցին ի վերայ երկրին, որով անհնարին աղէտք հասին բնակչացն, եւ յետոյ օրհնեալ արքայն զյուսադրութեան թուղթ գրեաց առ խանն, յայնժամ խոնարհեցաւ սա ի յամառութենէն, եւ մենք մինչ յԵրեւան էկաք գնացեալ ի տեսութիւն նորա խօսեցաք զբանն օգտաւորս` վերստին հնազանդել մեծի արքային եւ ծառայել ըստ վարեցման հօրն իւրոյ եւ շինութեան պահել զերկիրս. եւ սա հաւանութիւն եցոյց, եւ խոստացաւ ծառայել եւ տալ զհարկն»:
***
Աղա Մոհամէտ խանի եղբայր Ալի Ղուլի խան, հայութեան մէջ յենարան եւ վստահելի խորհրդատու ունենալու համար կապ հաստատեց Ղուկաս կաթողիկոսին հետ:
Ալի Ղուլի խան կաթողիկոսին ըսաւ, որ կառավարական զօրքերը արդէն Նախիջեւանի մօտ կը գտնուին եւ շուտով պիտի մտնեն Երեւանի խանութեան սահմաններ:
Աղա Մոհամէտ խան իր Ղաջար եւ անոր միացած ցեղային ուժերուն վրայ յենած կ՛աշխատէր Պարսկաստանի մէջ կեդրոնական իշխանութիւնը զօրացնել եւ պետութենէն անջատուած խանութիւնները խաղաղ միջոցներով իրեն ենթարկել: Երեւանի եւ Գանձակի խանական ընտանիքները Ղաջար ցեղէն էին, բայց հպատակութիւն չէին յայտնած Աղա Մոհամէտ խանի: Փորձը ցոյց տուաւ, որ կիսանկախ կամ անկախ դարձած խաները մտադրութիւն չունէին հրաժարելու իրենց տիրակալական իրաւունքներէն եւ դառնալու Պարսկաստանի տիրակալի հլու ծառան:
Երեւանի, Նախիջեւանի, Ղարաբաղի, Գանձակի, Շաքիի եւ Շիրվանի խանութիւններու բնակչութեան մեծամասնութիւնը կամ ստուար համեմատութիւնը հայեր էին: Ստուար թիւով հայութիւն կը բնակէր Վրաստանի, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի մէջ: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր սիրաշահիլ հայութիւնը:
***
Ատրպատական ցեղախումբերու խճանկար մըն էր, եւ տեղացի խաները կիսանկախ իշխանութիւններ հաստատած էին:
Թաւրիզի եւ Խոյի խանութիւնները Տոնպոլի ցեղին կը պատկանէին: Ուրմիոյ եւ Զանճանի խանութիւնները` Աֆշար ցեղին. Մոհամէտ Ղուլի խան Աֆշար` Ուրմիոյ մէջ, եւ Ապտուլլահ խան Աֆշար` Զանճանի մէջ, հզօր ցեղապետներ էին: Արտապիլի խանութեան վրայ կ՛իշխէր Շահսաւան թափառաշրջիկ ցեղը` Նասէր խան Շահսաւանի գլխաւորութեամբ. Նասէր խանի հօրաքոյրը` Շահնիսա խանում, Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի կիներէն մէկն էր. Շահնիսա խանումի դուստր Պախշի խանում Նասէր խանի եղբօր` Ֆարաջուլլահ խանի կինն էր: Մակուի խանութեան վրայ կ՛իշխէր Պայաթ ցեղը` Հիւսէյն խան Պայաթի գլխաւորութեամբ: Սարապի խանութեան վրայ կ՛իշխէր քրտական Շիկակ ցեղը` Սատէգ խանի գլխաւորութեամբ: Մարանդի խանութիւնը Մարանդի տոհմին կը պատկանէր: Մարաղայի խանութիւնը` Մուգատտամ տոհմին: Խալխալի խանութիւնը` Խալխալի տոհմին: Ղարադաղի խանութիւնը` Ղարադաղի տոհմին, որ ղզըլպաշ նուիրապետութեան մէջ ութերորդ դիրքը կը գրաւէր:
Աղա Մոհամէտ խան հպատակութիւն պահանջեց Ատրպատականի խաներէն եւ միաժամանակ պատուիրակներ ուղարկեց հարաւային Կովկասի իշխանաւորներուն մօտ:
Նախիջեւանի խանութիւնը, ուր կ՛իշխէր Քանկարլու ցեղը, հնազանդութիւն ցոյց տուաւ:
Աղա Մոհամէտ խան վրաց Հերակլ Բ. թագաւորէն պահանջեց չեղեալ նկատել Ռուսիոյ հետ կնքուած Գէորգիեւսկի դաշինքը եւ կրկին ընդունիլ Իրանի գերիշխանութիւնը` խաղաղ ու ապահով մնալու համար: Խանին պատուիրակները թագաւորին կը փաստարկէին ըսելով, որ Իրանի մրցակից Օսմանեան կայսրութիւնը դարեր առաջ ճանչցած էր Քարթլիի եւ Կախեթիի վրայ պարսկական տիրապետութիւնը եւ իրաւականօրէն վրաց թագաւորը պարսկական արքունիքէն հաստատուած վալի մըն էր:
Պարսիկ բանագնացներ կը շեշտէին ըսելով որ հարաւային Կովկաս եւ Ատրպատական պարսկական նահանգներ են` ինչպէս Կիլան, Ֆարս կամ Խորասան:
Հերակլ Բ. փութով պատուիրակութիւն ուղարկեց Պետերբուրգ եւ Եկատերինա Բ. կայսրուհիէն զօրք խնդրեց:
Երեւանի Մոհամէտ խան վճռեց ամէն գնով չհրաժարիլ իր ներքին ինքնուրոյնութենէն եւ սկսաւ պատրաստուիլ պատերազմի:
***
Աղա Մոհամէտ խանի յիսուն հազարնոց բանակը 1795-ի գարնան սկիզբը կուտակուած էր Ղազուինի շրջանին մէջ: Առաջին զօրագունդը յարձակման սկսելու համար մեկնեցան Արտապիլի շրջանի ելակէտային դիրքեր, որպէսզի Մուղանի դաշտէն եւ Թալիշէն մտնէ Շիրվան, այնուհետեւ գրաւէ Պաքուի խանութիւնը, Ղուբան եւ Տաղստանը: Իսկ երկրորդ զօրագունդը հրաման ստացաւ Նախիջեւանի շրջանէն շարժիլ դէպի Երեւանի բերդ եւ այնուհետեւ ուղղուիլ հիւսիս ու մտնել Վրաստան:
Աղա Մոհամէտ խան Թաւրիզ մտնելէն ետք բանակը նոր ուժերով համալրեց եւ Արաքսը անցնելէն ետք զօրքը երեք մասի բաժնեց: Ձախ թեւը իր եղբայր Ալի Ղուլի խանի հրամանատարութեամբ ուղարկեց Երեւանի վրայ: Աջ թեւը Կասպից ծովու ափերէն, Մուղանի դաշտէն ուղարկեց դէպի Թալիշ, Շիրվան եւ Տաղստան: Իսկ կեդրոնական թեւը ինք անձամբ շարժեց դէպի Շուշի:
Աղա Մոհամէտ խան աջ թեւի զօրքին հրամայեց Թալիշի, Շիրվանի եւ Շաքիի խաները նուաճելէն ետք, Գանձակի մէջ միանալ իրեն` Վրաստան արշաւելու համար:
***
Պարսկական բանակի ներխուժումի պայմաններուն տակ, Երեւանի Մոհամէտ խան Ղուկաս Ա. կաթողիկոսի միջնորդութեամբ դիմեց Հերակլ Բ. թագաւորին եւ օգնութիւն խնդրեց:
Իր կարգին Աղա Մոհամէտ խան իբրեւ բանագնաց Հերակլի մօտ ուղարկեց Մուսթաֆա բէկը:
Մինչ այդ Ալի Ղուլի խանի քսան հազարնոց զօրքը յուլիսի կէսերուն մօտեցաւ Երեւանի խանութեան սահմանը եւ բանակ դրաւ Չարբախի մէջ:
***
Խաղողը սկսած էր կարմրիլ եւ երեւանցիք այգեկութի կը պատրաստուէին, երբ լուր հասաւ որ պարսկական զօրքերը արագօրէն կը յառաջանան եւ մօտեցած են քաղաքին:
Մոհամէտ խան հրամայեց խանութեան բոլոր մահալներէն ցորենի պաշարներ կուտակել Երեւանի բերդին մէջ` երկարատեւ պաշարման պարագային զինուորները եւ բերդը ապաստանած քաղաքացիները սննդամթերքով ապահովելու համար: Մթերուող ցորենի զգալի մասը պէտք է ստացուէր Շարուրի արգաւանդ դաշտէն: Խանին հրամանով Աշտարակէն քառասուն ջորեպաններ Շարուր ուղարկուեցան եւ ցորենը Երեւան փոխադրեցին:
Մոհամէտ խանի կարգադրութեամբ, Երեւանի բերդի մնայուն զօրքէն եւ բնակիչներէն բացի, հոն տեղաւորուեցաւ եօթը հազար հոգի, որուն չորս հազարը պարսիկ եւ երեք հազարը հայ: Բերդ ապաստանող իւրաքանչիւր կռուող տղամարդ իր հետ կրնար բերել միայն կինը, իսկ երեխաները պիտի մնային ազգականներու ու բարեկամներու մօտ:
***
Աղա Մոհամէտ խան բանագնացներ ուղարկեց Արցախի հայոց մելիքներուն մօտ եւ անոնցմէ պահանջեց խոնարհիլ իր առջեւ: Ան մելիքներուն առաջարկեց միանալ իրեն Ղարաբաղի խանին դէմ արշաւանքին եւ յաղթել անոր: Ան կը խոստանար, որ ինք կը վերահաստատէ մելիքները իրենց վաղեմի իշխանութիւններուն եւ արտօնութիւններուն մէջ ու կ՛ոչնչացնէ Իպրահիմ Խալիլ խանը:
Աղա Մոհամէտ խան լաւ գիտէր որ հայերու առաջնորդութեամբ ռուսերը աւելի դիւրութեամբ կրնան մուտք գործել իր պետութեան սահմանները: Հետեւաբար հայոց մելիքները գոհացնելով, ինք կրնար փակել ռուսական յառաջխաղացքի ճանապարհը դէպի Պարսկաստան:
Բայց հայոց մելիքները նախընտրեցին հաւատարիմ մնալ ռուսերուն, եւ Աղա Մոհամէտ խանին ընդդիմանալու համար որոշեցին միանալ իրենց վաղեմի թշնամի Իպրահիմ Խալիլ խանի:
Մելիքները կը մտածէին, որ եթէ անգամ մը հպատակին Աղա Մոհամէտ խանի, այլեւս իրենց հայրենիքը պարսկական լուծէն ազատելը անհնար պիտի ըլլայ: Մինչդեռ Իպրահիմ Խալիլ խանը ոչնչացնելը յետոյ աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ:
Այս նոյն ժամանակ մելիք Աբով գիւլիստանցի իր հպատակները հաւաքելով Բոլնիսէն Արցախ վերադարձաւ:
***
Աղա Մոհամէտ խան իր բանակով քալեց Արցախի վրայ եւ 1795 օգոստոսին պաշարեց Շուշիի բերդը:
Իպրահիմ Խալիլ խան ամրացաւ Շուշիի բերդին մէջ: Վարանդայի մելիք Ջումշուդ, Գիւլիստանի մելիք Աբով եւ Դիզակի մելիք Աբաս (որ հօր` մելիք Բախտամի գերեվարութենէն ետք ստանձնած էր մելիքութիւնը) իրենց զօրքերով հասան Շուշի եւ բերդին մէջ ամրանալով Իպրահիմ Խալիլ խանին հետ անցան դիմադրութեան:
Ջրաբերդի մելիք Մեջլում յարմար նկատեց չմիանալ Իպրահիմ խալիլ խանի եւ Գանձակի Ջաւադ խանին հետ միացաւ Աղա Մոհամէտ խանին:
Շուշիի պաշտպանութեան մասնակցեցան շուրջ տասնհինգ հազար արցախցի հայեր, երեք հազար վարձկան լեզգիներ եւ Հերակլ Բ.ի ուղարկած վրացական ջոկատը, որոնք միացան Ղարաբաղի խանի զօրքերուն:
Դիզակի, Վարանդայի եւ Խաչենի հայ գիւղացիները եւ անոնց օգնութեան հասած թուրք ցեղախումբերը փոքրաթիւ ջոկատներու բաժնուեցան: Անտառներուն մէջ եւ ճանապարհներու վրայ անոնք տեւաբար կը գրոհէին պարսկական բանակին վրայ, կը փախցնէին անոր ուղտերն ու նժոյգները եւ կը կողոպտէին բանակային կարաւանները:
Շուշիի շրջակայ գիւղերու շուրջ տասներկու հազար տուն հայութիւնը քաղաքը շրջապատող խոր ու անմատչելի կիրճերուն մէջ ամրացաւ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/539510