ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Այնթապի Հերոսամարտը – Այնթապ Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքներէն է, Անիկա պատմութեան մէջ յիշուած է Ժ. դարէն – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
01 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Այնթապ Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքներէն է: Անիկա պատմութեան մէջ յիշուած է Ժ. դարէն: Խաչակիրներու օրով մաս կազմած է Եդեսիոյ կոմսութեան: 1516¬ին գրաւուած է օսմանցիներուն կողմէ:
Այնթապ, Ի. դարու սկիզբի տուեալներով, ունէր 50 հազար բնակիչ, որուն 20 հազարը հայեր էին: Այնթապցի հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին: Ամէնէն տարածուած արհեստներն էին` ոստայնանկութիւնը, մետաղամշակումը, ոսկերչութիւնը, ներկարարութիւնը եւ ասեղնագործութիւնը: Կ՛ասեղնագործէին սեղանի ծաղկազարդ սփռոցներ, ծածկոցներ, բարձի երեսներ եւ թաշկինակներ:
Այնթապի մէջ կը գործէին հայկական վեց եկեղեցիներ. Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին կառուցուած էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան: Վարժարաններ` Վարդանեան, Ներսէսեան, Հայկանուշեան եւ աւետարանականներու Այնթապ քոլէճը, իսկ 1912¬ին բացուած է Կիլիկեան ճեմարանը:
Ազգային ճնշումներու եւ բռնութիւններու պատճառով հայերուն մեծ մասը թրքախօս էր, բայց հայ մշակութային ընկերութիւններու եւ դպրոցներու շնորհիւ հայերէնը դարձեալ խօսակցական լեզու սկսաւ դառնալ:
Այնթապցիք 1915-ին տեղահանուեցան եւ քշուեցան Տէր Զօրի անապատները: Առաջին աշխարհամարտի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք, Այնթապ անգլիական գրաւումի ենթարկուեցաւ, որմէ ետք, 1919-ին, քանի մը հանգրուանով, այնթապցիք վերադարձան իրենց պապենական օճախները, որոնք թալանուած էին: Այդ ժամանակ Այնթապ ունէր 40 հազար բնակիչ, որուն 18 հազարը` հայեր: Այնթապցիք կազմեցին Ազգային միութիւն, որ դարձաւ տեղական իշխանութիւն:
* * *
1919 նոյեմբերին Այնթապ մուտք գործեց երկու հարիւր հոգինոց ֆրանսական գումարտակ մը, որմէ ետք անգլիացիք քաղաքը ֆրանսացի գնդապետ Ֆլի Սէն Մարիի յանձնեց:
Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ Այնթապի շրջանի թրքական ուժերու հրամանատար նշանակուած Գլըճ Ալին շրջակայ գիւղերէն սկսաւ չեթէներ հաւաքել եւ միաժամանակ զինել Այնթապի թուրք բնակչութիւնը:
Այնթապցիք զգացին վտանգը եւ1920 յունուարի վերջաւորութեան, Ատուր Լեւոնեանի գլխաւորութեամբ, Ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական մարմին մը ստեղծեցին: Ինքնապաշտպանութեան մարմինը հայկական թաղամասերը տասնմէկ մասի բաժնեց: Հրամանատարներ ու խմբապետներ նշանակուեցան, եւ բաժնուեցան դիրքերը, որոնց վրայ պահակներ ճշդուեցան: Ստեղծուեցան նաեւ Կարմիր խաչ, մատակարարման եւ այլ մարմիններ, հրշէջներու խումբ, զէնքերը բաժնուեցան եւ ձեռնարկուեցաւ ռումբերու պատրաստութեան:
Քաղաքին ֆրանսական կայազօրը զօրացնելու նպատակով մարտ 26-ին Քիլիսէն Այնթապ ճամբայ ելաւ հրամանատար Անտրէա, հետեւակային երեք գունդերով, երկու հարիւր հեծեալներով եւ չորս հրասայլերով: Ճամբան թուրք չեթէներու հետ կռիւներ մղելով` ան մարտ 28-ին Այնթապ մտաւ, բայց քանի մը օր ետք ձգեց քաղաքը եւ, իրեն հետ առնելով նախապէս ալ Այնթապ գտնուող ֆրանսական զօրքին մէկ մասն ու ծանր թնդանօթները, Քիլիս վերադարձաւ:
Թուրքերը, այլեւս ժամանակը հասած նկատելով, 1 ապրիլ 1920-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին քաղաքին հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան բլուրներուն վրայէն տրուած ազդանշանով յարձակեցան հայկական թաղերուն վրայ: Միաժամանակ արդիական զէնքերով զինուած թուրքերը շուկային մէջ անակնկալօրէն յարձակեցան հայերուն վրայ եւ սկսան ջարդել զանոնք:
Հայերը խուճապի չմատնուեցան: Կռիւներն ու սպանութիւնները հազիւ սկսած` արագօրէն հայկական թաղերուն ու փողոցներուն անցքերուն վրայ սկսան պատնէշներ բարձրացնել. կին, տղամարդ, ծեր ու երիտասարդ, բոլորն ալ աշխատանքի մէջ էին. քար ու ջուր կը կրէին եւ պատնէշներ կը շինէին:
Կռուի առաջին օրերուն թուրքերը մեծ ուժերով յարձակեցան բազմաթիւ անգամներ, բայց միշտ ալ հայ մարտիկներու բուռն դիմադրութեան բախելով եւ մեծ կորուստներ տալէ ետք փախուստի դիմեցին: Հայ կռուողներ գրաւեցին կարգ մը կարեւոր դիրքեր եւ նահանջի մատնեցին թշնամին:
Ապրիլ 12-ին հայկական ուժերը գրաւեցին Շէյխի մզկիթը, ապրիլ 17-ին` Պիւպիւլ Զատէի տունը, ապրիլ 23-ին` քիւրտ Մահալլէսին: Գրաւուեցան հինգ մզկիթներ, որոնք զօրանոցներու վերածուեցան:
Ապրիլ 25-ին ֆրանսական նոր ուժեր հասան Քիլիսէն. նոյն օրն իսկ ֆրանսական ու թրքական ուժերուն միջեւ ընդհարումները սկսան: Երեք-չորս օրուան կռիւներէ ետք` ապրիլ 28-ին, գնդապետ Նորմանի ֆրանսական ուժերը Այնթապէն քաշուեցան եւ Ճարապլուս փոխադրուեցան` իրենց գրաւած բլուրներն ու ռազմագիտական դիրքերը ձգելով թուրքերուն:
Ֆրանսացիներուն հեռացումէն ետք Այնթապի թրքական ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ Արսլան բէկ` փոխարինելով Գլըճ Ալին: Այնուհետեւ թուրքերը, սաստիկ ռմբակոծումներու կողքին, հայկական թաղերը հրդեհելու աշխատանքին ձեռնարկեցին: Հրդեհներն ու ռմբակոծումները աւեր կը գործէին, բայց կռուողներն ու ժողովուրդը կ՛աշխատէին կանգուն պահել դիրքերը եւ ջուրի հեղեղներով մարել հրդեհները:
Հայերուն կացութիւնը հետզհետէ օրհասական կը դառնար. հայկական թաղերուն շուրջ, ռազմաճակատի գիծը կ՛երկարէր մօտաւորապէս հինգ քիլոմեթրի վրայ, ուր հայ կռուողները միայն երեք հարիւր հրացանով օժտուած էին` իրենց դիմաց ունենալով թրքական տեղական ուժերը, զօրք եւ շրջակայ գաւառներէն կռուի բերուած տասնչորս հազար չեթէներ, զինուած` արդիական զէնքերով ու առատ զինամթերքով:
Թուրքեր առանց պայմանի անձնաւորութիւն պահանջեցին հայերէն:
Կենաց մահու կացութեան ելք մը որոնելու համար հայեր իրերայաջորդ ժողովներ գումարեցին, բայց չկրցան վճռական եզրակացութեան մը յանգիլ: Ի վերջոյ յունիս 1-ին համազգային միթինկ մը տեղի ունեցաւ Գայաճըգ թաղի բողոքականներու աղօթատեղիին մէջ: Այդ միթինկի ընթացքին որոշուեցաւ չձգել քաղաքը, պատնէշի վրայ մնալ ու դիմագրաւել ճակատագիրը, քան թէ նահանջելով ստոյգ բնաջնջումի ենթարկուիլ:
Երկու ամսուան խաղաղութենէ ետք, հինգշաբթի, յուլիս 29-ի առաւօտուն թրքական զօրքերը կրակ բացին ֆրանսական դիրքերուն վրայ. կռիւները վերսկսան թնդանօթի կատաղի մարտերով: Թուրքերը Այնթապի շուրջ ստուար ուժեր կեդրոնացուցած էին. հազարաւոր չեթէներ, 1500 հոգինոց զինուորական զօրամաս մը եւ հինգերորդ ու իններորդ զօրագունդերէն զինուորներ:
Նոյեմբեր 20-ին (1920) Ատանայէն Այնթապ հասաւ գնդապետ Կուպոյի ֆրանսական զօրամասը:
Գնդապետ Կուպոյի զօրամասին ժամանումէն ետք Այնթապի թրքական թաղամասերուն պաշարումը աւելի սեղմուեցաւ:
Ստեղծուած այս կացութեան առջեւ 8 փետրուար 1921-ին Այնթապի թուրք բնակչութեան անունով պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Անտրէայի` անձնատուութեան առաջարկով, եւ յաջորդ օրն իսկ, 9 փետրուարին, թուրք պատուիրակները ստորագրեցին քաղաքին անձնատուութեան պայմանները, որոնց հիմամբ անոնք կը ճանչնային ֆրանսական հոգատարութիւնը եւ կը յանձնէին իրենց զէնքերն ու զինամթերքը:
Բայց մէկ ամիս ետք, 9 մարտ 1921-ին, Լոնտոնի մէջ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ քեմալական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Պէքիր Սամի բէկի եւ Ֆրանսայի վարչապետ Պրիանի միջեւ. բան մը, որ ցոյց կու տար, թէ կարելի չէ վստահիլ ֆրանսական քաղաքականութեան, ինչ որ խուճապի մատնեց Այնթապի հայութիւնը եւ յաջորդող ամիսներուն անոնք զանգուածաբար ձգեցին իրենց հայրենի օրրանը եւ փոխադրուեցան Հալէպ: 25 դեկտեմբեր 1921-ին, երբ ֆրանսացի վերջին զինուորները հեռացան Այնթապէն, տակաւին քաղաքին մէջ կը մնային 3500 հայեր:
Թրքական իշխանութեան վերահաստատումէն ետք հայերուն դէմ հալածանքներ սկսան: Մասնակի սպանութիւնները, առօրեայ յաճախակիութեամբ պատահող ոճիրները եւ հայ երիտասարդներու աքսորը անտանելի դարձուցին մնացող հայերուն կեանքը, եւ 1922-ի տարեվերջին ու մինչեւ 1923 յունուար Այնթապէն հեռացան հայութեան վերջին բեկորները:
aztagdaily.com/archives/542476