Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Ռուսաստանի Անդրկովկասեան Քաղաքականութիւնը Եւ Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Զեկուցագիրը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Armenia-Yerevan-Ararad

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Ռուսաստանի Անդրկովկասեան Քաղաքականութիւնը Եւ Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Զեկուցագիրը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

01 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան հաւատացած էր որ ռուսական բանակի Անդրկովկասեան արշաւանքը` 1796-ին, հայ ժողովուրդին ազատութիւն պիտի բերէ: Ան այն համոզումը ունէր որ Ռուսաստան Պարսկաստանի դէմ պատերազմի սկսած է հայ ժողովուրդի եւ ընդհանուր առմամբ քրիստոնեաներու փրկութեան համար:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս ռուսական բանակին կողմէ Դերբենդի գրաւումէն ետք հոն կեդրոնացած ու ոգեւորութեամբ գործի լծուած էր: Ան, առանց թափանցելու պետական մտածողութեան եւ քաղաքական խարդաւանքներու էութեան, այն հիմամբ որ իւրաքանչիւր պետութիւն կը շարժի բացառաբար իր շահերէն մեկնելով, սկսաւ միջամուխ ըլլալ ռուսական տեղական իշխանութիւններու վարչական գործերուն եւ կարգադրութիւններ ընել յօգուտ հայութեան:

Աստղաշէն (պատմական Քարաղբիւր) գիւղը Ասկերանի շրջանին մէջ, Պատարա գետի ափին, աստղաքարերով, Սուրբ Գէորգ եկեղեցիով եւ Ֆռանգիւլաց Սուրբ, Կապենխաչ, Չմանենխաչ ու Երէ Նահատակ սրբատեղիներով. բարձունքին` Սանգար քարանձաւը:

Դերբենդի բերդապահ զօրավար Սաւելիեւ գանգատ ուղարկեց զօրավար կոմս Վալերիան Զուբովի, յայտնելով որ «Հայոց արքեպիսկոպոսը կ՛աշխատի ստորնացնել իսլամները հայերուն առջեւ, իսլամ ընտանիքներու մօտ ապրող քրիստոնեաները ետ կը կանչէ եւ նեղութիւններ կը պատճառէ իսլամներուն»:

Զուբով փութով հրաման ուղարկեց Դերբենդ, յայտնելով որ Սաւելիեւ, իբրեւ կառավարութեան ներկայացուցիչ, պատասխանատու է բոլոր անկարգութիւններուն համար, կրնայ շարժիլ միայն ընդհանուր հրամանատարի հրամանով եւ պէտք չէ որ թոյլ տայ որեւէ կողմնակի ազդեցութիւն, որեւէ առիթ, որ ժողովուրդին անհանգստութիւն կը պատճառէ:

Ռուսական իշխանութիւնները Յովսէփ արքեպիսկոպոսին հասկցուցին, որ նախընտրելի է շատ չոգեւորուիլ եւ զգաստ շարժիլ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս վշտացած հեռացաւ Դերբենդէն եւ ճամբայ ելաւ դէպի զօրավար Զուբովի բանակատեղին:

* * *

Ռուսական կառավարութիւնը Պարսկաստանի դէմ պատերազմական գործողութիւններու սկսած էր նուաճողական եւ իր կենսական շահերու պաշտպանութեան նկատառումներով, եւ ոչ թէ քրիստոնեաները ազատելու նպատակով:

Ռուսական կառավարութեան տիրապետական կենսական շահերը կը պահանջէին հաւասարակշռութիւն պահպանել եւ սիրաշահիլ թէ՛ իսլամները եւ թէ քրիստոնեաները:

Ռուսական կառավարութիւնը սկիզբը հանդէս եկած էր քրիստոնէութեան պաշտպանութեան անունով, բայց այժմ, Դերբենդի գրաւումէն ետք, պահը եկած էր իսլամ զանգուածները եւս իր կողմը շահելու:

Եկատերինա Բ. կայսրուհի Պարսկաստանի ժողովուրդներուն ուղղուած հրովարտակ հրապարակեց, յայտարարելով որ Ռուսաստան պատերազմ կը մղէ միմիայն Աղա Մոհամէտ շահին դէմ, որովհետեւ ան դաւաճանած է նախապէս կնքուած դաշինքներուն եւ կը վնասէ Ռուսական կայսրութեան շահերուն:

Հրովարտակը կայսերական հաստատ խօսքի ուժով կը հաւաստիացնէր, որ Ռուսաստանի դիտաւորութիւնները միանգամայն խաղաղասիրական եւ բարեկամական են եւ ոչ ոք պիտի տուժէ ռուսական բանակի արշաւանքէն, եթէ դիմադրութիւն ու թշնամութիւն ցոյց չտրուի: Իսլամ իշխանաւորները ոչ մէկ պատճառ ունէին վախնալու ռուսերէն:

Բայց իսլամ զանգուածներուն վրայ կարելի չէր յոյս դնել: Անոնք Ռուսիոյ հաշուոյն Պարսկաստանի դէմ զէնք բարձրացնելու տրամադրութիւն չունէին:

Արշաւանքին յաջողութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ էր Ռուսիոյ հանդէպ տեղացի քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան համակրանքը վառ պահել եւ օգտուիլ անոր աջակցութենէն: Պէտք էր տեւաբար յուսադրել զանոնք, որ կը ստանան իրենց ցանկացած ազատութիւնը:

Ռուսական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ «պատերազմի գլխաւոր նպատակն է վերականգնել Հերակլի իշխանութիւնը իր կալուածներուն վրայ, հայ մելիքները եւ անոնց հպատակ Ղարաբաղի բնակիչները դնել միմիայն Ռուսաստանէն կախեալ դրութեան մէջ: Դէպի ռուսաց օգուտը գրաւել Արարատի կաթողիկոսը, որ շատ ուժեղ ազդեցութիւն ունի ամբողջ ցրուած հայ ազգին վրայ: Այս բանը շատ միջոցներ կու տայ քրիստոնեաներու դրութիւնը ամրացնելու եւ մեր բարձր տիրապետութիւնն ու ազդեցութիւնը ապահովելու համար»:

* * *

Աշան գիւղը Մարտունիի շրջանին մէջ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով. մօտը` Մեծ Նահատակ եկեղեցին եւ Պիծի (Նալբադանց Սուրբ) ու Աւետարան ուխտատեղիները եւ խաչքարեր:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան զօրավար Վալերիան Զուբովի բանակատեղին հասնելէն ետք սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ:

Ռուս հրամանատարը Յովսէփ արքեպիսկոպոսին ըսաւ, որ ինք կարիքը ունի հայոց առաջնորդին ցուցմունքներուն եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը խնդրէ այն երկիրներու մասին, ուր պիտի գործեն ռուսական զօրքերը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս գրաւոր մանրամասն զեկուցագիր ներկայացուց զօրավար Զուբովի:

Արքեպիսկոպոսը նախ հարց կու տար թէ ի՛նչ վերաբերմունք պիտի ունենայ ռուսական կառավարութիւնը տեղացի, գլխաւորաբար իսլամ իշխողներուն եւ ժողովուրդին նկատմամբ:

Ան կը գտնէր, որ կակուղ, բարեացակամ վերաբերմունքը, երկայնամիտ, հեզ կառավարութիւնը անհասկնալի բաներ են Արեւելքի մէջ եւ թուլութեան նշան կը համարուին: Առաքինութիւնն ու բարեհաճութիւնը բաւարար չեն. ամէնէն աւելի անհրաժեշտ է ուժի հեղինակութիւն եւ խստութիւն: Վատ դաստիարակութիւնը փճացուցած է բարքերը եւ խորամանկութիւնն ու ուխտադրժութիւնը մեծ իմաստութիւն կը նկատուին այս կողմերը:

Պատերազմական ծրագիրին գալով արքեպիսկոպոսը խորհուրդ կու տար արշաւող բանակը ուղղել դէպի Կէօքչայ գետ, որ կը գտնուի Շամախիի եւ Նուխիի նահանգներուն միջեւ: Ատիկա վայր մըն է, որ յարմարութիւններ կու տայ պատերազմական գործողութիւնները տարածելու դէպի Գանձակ, որ շատ կարեւոր ռազմական դիրք ունի, որովհետեւ հոնկէ կ՛անցնի ճանապարհը դէպի Թիֆլիս, Երեւան եւ Պարսկաստան:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս այնուհետեւ ցոյց կու տար, թէ ինչ գործողութիւններ պէտք է կատարէ Հերակլ թագաւոր եւ կը հասնէր ծրագիրի այն մասին, որ կը վերաբերէր Շուշիի խանին եւ հայոց մելիքներուն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գրէր. «Յետոյ կարելի է անցնիլ Կուր գետը, եւ կանգ առնելով Մուղանի դաշտին մէջ, հրաման տալ Շուշիի Իպրահիմ խանին, որ ուղարկէ իր աւագ որդին հայ մելիքներուն հետ: Ձեր պայծառափայլութեան այդ հրամանի կատարումը կը դառնայ Իպրահիմի դէպի Ռուսաստան անցած հաւատարմութեան եւ ջերմեռանդութեան ապացոյց: Հոն բոլոր կարեւոր գործերը վերջացնելէ ետք կարելի է անարգել երթալ Թաւրիզի կամ Արտապիլի վրայ, ուր որ աւելի յարմար կը դատուի, իսկ յիշեալ Իպրահիմ խանէն անհրաժեշտ է պահանջել անոր որդին հազար զինուորներու հետ եւ հայ հինգ մելիքները անոնց հինգ հազար զօրքի հետ` զանազան գործողութիւններու համար, մասնաւորաբար իբրեւ յառաջապահ գունդեր, որովհետեւ անոնց խորթ չէ պատերազմական ոգին:

«Իսկ եթէ Շուշիի խանը ձեր հրամանը չկամենայ կատարել, այդ կ՛ըլլայ անոր անհաւատարմութեան եւ խորամանկ խաբեբայութեան բացարձակ ապացոյց: Այդ պարագային կարելի է գործի մղել հայ մելիքները, որոնք յարմար զէնք կը դառնան զայն պաշտօնանկ ընելու եւ բարձր աստիճանէն ու բերդէն զրկելու համար, իսկ այնուհետեւ ամբողջ Ատրպատականը կարելի է հնազանդութեան մէջ պահել առանց զէնքի:

«Հայ զօրքին թիւը, ի մեծ օգուտ Ռուսաստանի, կը բազմապատկուի եւ կը հասնի մեծ քանակութեան, եւ բոլոր ձեռնարկութիւնները վերջ ի վերջոյ բարեյաջող վախճանի կը յանգին:

«Շուշիի խանը, իր կարծիքով, իր բերդը անառիկ կը նկատէ, բայց այդ կարծիքին վերաբերեալ կրնայ հեշտութեամբ խաբուած ըլլալ, որովհետեւ անոր բերդը եւ ուժը առաւելաբար հայերը կը կազմեն, որոնք թէեւ կտրիճ ու քաջ են, բայց ճշմարտապէս անձնատուր եղած ըլլալով ռուսաց գահին, ոչ միայն զէնք չեն վերցներ ռուսերուն դէմ, այլեւ ամէն կերպ կ՛աջակցին Իպրահիմի կորստեան, եթէ ան ուխտադրուժ հանդիսանայ: Պէտք է միայն հայ մելիքները գաղտնաբար յուսադրել նորին մեծութեան ողորմութեամբ եւ հովանաւորութեամբ»,  կ՛եզրափակէր Յովսէփ արքեպիսկոպոս:

Ռուսահայոց առաջնորդը ռուս հրամանատարին հաւաստիք կու տար ըսելով որ միայն հայոց վստահելով կարելի էր տիրապետութիւն հաստատել Անդրկովկասի մէջ:

* * *

Քաշաթաղի Մելիք Հայկազեաններու ապարանքը Բերդձորի մէջ

Յովսէփ արքեպիսկոպոս, Ղարաբաղի հայոց հարցի մասին իր պատկերացումները պարզաբանելէ ետք, զօրավար Զուբովի ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէր Արարատեան երկրին վրայ:

Անդրկովկասի մէջ իրենց տիրապետական դիրքերը ամրապնդելու դիտանկիւնէն, ռուսերուն համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Արարատեան երկիրը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս ռուսական հրամանատարութեան մանրամասն զեկուցում կը ներկայացնէր Արարատեան երկրի մասին եւ կը նկարագրէր այն ճանապարհները, որոնք կը տանին Թեհրան:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գրէր. «Երեւան Արարատն է, ուր հայոց հին թագաւորներու մայրաքաղաք Վաղարշապատ հիմա նման է անփառունակ գիւղի մը: Այստեղ է ամենայն հայոց կաթողիկոսը, որ կ՛ապրի Էջմիածին անունով վանքին մէջ»:

Շրջանի իրավիճակը ներկայացնելով Յովսէփ արքեպիսկոպոս կ՛ըսէր, որ Երեւանի Մոհամէտ խանը Ռուսաստանի կողմնակից է, եւ ատիկա կը հաստատէ նաեւ Հերակլ թագաւորին ուղարկած նամակը. «Երեւանի խանը, հայոց կաթողիկոսը եւ մելիք Աբրահամ բոլոր իրենց հպատակներով միաբան եւ միակամ անհամբեր կը սպասեն ձեր պայծառափայլութեան ժամանման», կը նշէր ռուսահայոց առաջնորդը:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը շեշտէր ըսելով որ ռուս զօրահրամանատար Զուբովի ներկայութիւնը Արարատեան երկրին մէջ աւելի վստահութիւն կը ներշնչէ անոնց, աւելի կ՛ուժեղացնէ անոնց զօրքերը, եւ այդպիսով ռուսաց բանակը կ՛ունենայ նոր աջակից:

Օսմանեան կայսրութիւնը կրնայ սպառնական դիրք բռնել, կը նշէր Յովսէփ արքեպիսկոպոս եւ կը յիշէր Պետրոս Մեծի ժամանակները, երբ թուրքեր, ռուսական արշաւանքներու ահէն, գրաւեցին Անդրկովկասի մեծ մասը: Բայց այժմ հազիւ թէ այդպիսի վտանգ կրնայ յառաջանալ, քանի որ թուրքեր մեծ ուժ չունին Կարսի մէջ, կը հաստատէր Յովսէփ արքեպիսկոպոս:

«Հայեր քիչ չկան այդ կողմերը, եւ անոնց խորթ չէ պատերազմական ոգին. սակայն անոնք, ինչպէս Ղարաբաղի եւ Պարսկաստանի նահանգներուն մէջ, զէնք չեն կրնար պահել», կը բացատրէր Յովսէփ արքեպիսկոպոս:

Ան կը նշէր նաեւ որ եզիտիները եւս ռուսերուն կողմը կը բռնեն. անոնք աւելի համակիր են դէպի քրիստոնեաները եւ քաջ են:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կ՛եզրափակէր ըսելով. «Ի վերջոյ, համարձակութիւն կը ստանամ ներկայացնելու հայոց անկեալ ազգս ձեր պայծափայլութեան ողորմած ուշադրութեան եւ հովանաւորութեան»:

* * *

Աղա Մոհամէտ խանի արշաւանքին պատճառով շատ վայրերու մէջ 1795¬ին աշնանացան չէր կատարուած: Արշաւող զօրքերն ալ արմտիքները այրած եւ աւերածութիւն տարածած էին ամէն կողմ:

Յառաջացող ձմրան հետ սովը սկսած եւ մինչեւ 1796¬ի գարունը ահաւոր համեմատութիւններ ստացած էր: Յատկապէս Արցախի, Սիւնիքի եւ Գանձակի մէջ ուտելիք չէր մնացած: Սերմնացու չկար եւ գարնանացան ալ չկատարուեցաւ: Պատառ մը հաց ճարելու համար մարդիկ մինչեւ իսկ իրենց կիներն ու որդիները սկսան ստրկութեան վաճառել:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս ցաւով կը գրէր. «Մինչ զի որդիս վաճառել եւ զկինս` առօրեայ կտորիկ հացի միոյ, եւ որ անտանելի է, սաստկութիւն սովուն եւ զհաւատն սուրբ տայ ուրանալու»:

Իր կարգին Վարդան Օձնեցի կը վկայէ. «Եղեւ սաստիկ սովոյ աշխարհին Աղուանից, Արցախայ, Սիւնեաց եւ Գանձակայ, քանզի ասպատակ զօրաց Մահմադ շահի այրեալ էին զարմտիս երկրին»:

Սովին պատճառով մեծաթիւ արցախցիներ իրենց տունն ու տեղը ձգելով տեղափոխուեցան Շաքի եւ Շիրվան:

aztagdaily.com/archives/542273

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail