ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Շուշիի Եւ Երեւանի Բնակիչներուն Դիմադրութիւնը Եւ Պարսկական Բանակին Յառաջխաղացքը Դէպի Գանձակ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Կարկառ գետի ձախ ափին գտնուող Հունոտ գիւղին աւերակները

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Շուշիի Եւ Երեւանի Բնակիչներուն Դիմադրութիւնը Եւ Պարսկական Բանակին Յառաջխաղացքը Դէպի Գանձակ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախցիներու Ու Ղարաբաղի Խանութեան Ուժերու Միացեալ Դիմադրութիւնը

1Օ ՄԱՐՏ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Շուշի

Պարսկաստանի տիրակալ Աղա Մոհամէտ խան Ղաջար 1795-ի օգոստոսին պաշարած էր Շուշին, եւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան ու անոր միացած հայեր, Վարանդայի մելիք Ջումշուդի, Գիւլիստանի մելիք Աբովի եւ Դիզակի մելիք Աբասի գլխաւորութեամբ, կը պաշտպանէին բերդաքաղաքը:

Աղա Մոհամէտ խան կատարեալ անյաջողութեան մատնուեցաւ: Շուշիի բերդին մէջ ամրացած Իպրահիմ Խալիլ խան, մելիք Ջումշուդ, մելիք Աբով եւ մելիք Աբաս կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին: Պարսկական զօրքերը, մեծամասնութեամբ հեծեալներէ բաղկացած ըլլալով, անզօր էին պաշարումով գրաւելու անառիկ բերդը:

Աղա Մոհամէտ խանի համար ամէնէն ահաւոր թշնամին արցախցիներն էին, որոնք յանկարծակի յարձակումներով արիւնաքամ կ՛ընէին իրենց երկիրը ներխուժած աւազակաբարոյ զօրքերը:

Աղա Մոհամէտ խանի հրամանով պարսկական զօրքերը թնդանօթներէ արձակուած ահագին քարերով սկսան ռմբակոծել Շուշին:

Պարսիկ տիրակալը միաժամանակ պարսկերէն լեզուով երկտող ոտանաւոր մը ուղարկեց Իպրահիմ Խալիլ խանի, ըսելով. «Երկինքէն քարեր կը տեղան կարկուտի պէս, ո՛վ անմիտ, քու ապակին (շուշա. բառախաղ Շուշիի թրքերէն Շուշա անուան) չազատիր անոնցմէ»:

Իպրահիմ Խալիլ խան պատասխանեց. «Ճիշդ է, ստեղծողը զիս ապակիով շրջապատած է, բայց այդ ապակին ան քարի մէջ դրած է»:

Բերդին մէջ հայերէ բաղկացած վաթսուն հոգինոց նախայարձակ խումբ մը կազմուած էր, որ անակնկալ յարձակումներով մեծ կորուստներ կը պատճառէր պարսկական բանակին:

Աղա Մոհամէտ խան իր զօրքերուն հրամայեց ամէն գնով այդ խումբը ձեռք ձգել:

Պարսկական զօրքերը դարանակալ գրոհով մը վաթսուն հոգինոց խումբէն երեսուն հոգին գերի վերցուցին, իսկ միւսները յաջողեցան խոյս տալ եւ բերդ վերադառնալ:

Աղա Մոհամէտ խան սոսկալի դաժանութիւն ցոյց տուաւ գերի ինկած բերդապահ հայերուն նկատմամբ: Ան հրամայեց ձիերը պայտել այնպէս, որ պայտերը ըլլան սմբակներուն երեսը, իսկ գամերը դուրս ցցուած ըլլան սմբակներու տակէն: Ապա գերիները գետին փռել տուաւ եւ այդպէս պայտած ձիերով կոխկռտել տուաւ զանոնք: Սմբակներէն դուրս ցցուած գամերը կատարելապէս յօշոտեցին, միսի եւ արեան զանգուած դարձուցին այդ թշուառները:

***

Երեւան

Աղա Մոհամէտ խանի եղբայրներ Ալի Ղուլի եւ Ջաֆար Ղուլի խաներու հրամանատարութեան տակ գործող պարսկական քսան հազարնոց բանակ մը 1795-ի օգոստոսին պաշարած էր Երեւանը:

Երեւանի բերդին մէջ հազարաւոր կռուողներ եւ ժողովուրդ ամրացած էին եւ կը դիմադրէին:

Երեւանի Մոհամէտ խանին զօրքերը պաշարողներուն համեմատութեամբ փոքրաթիւ էին եւ դուրսէն օգնութեան յոյս չունէին:

Ալի Ղուլի եւ Ջաֆար Ղուլի խաները իրենց եղբօր կարգադրութեամբ բանակցութեան մէջ մտան շրջակայ քրտական ցեղախումբերու պետերուն հետ եւ անոնց շռայլ խոստումներ տուին` իրենց կողմը գրաւելու համար:

Պարսիկներ նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկեցին, նկատի ունենալով որ քիւրտերը չեն ուզեր հնազանդիլ իրենց եւ կրնան յարձակումներ շղթայազերծել Երեւանի խանութեան դէմ գործող պարսկական զօրքերուն վրայ:

Պարսկական զօրքերուն մէկ մասը պաշարուած  պահեց Երեւանի բերդը, իսկ միւս մասը, ջոկատներու բաժնուած` սկսաւ աւերել ու թալանել Արարատեան երկիրը: Ժողովուրդէն շատեր լեռները փախան եւ ապահով վայրերու մէջ թաքնուեցան:

Էջմիածնի մայրավանքը մնացած էր անպաշտպան: Ղուկաս Ա. կաթողիկոս, Մայր աթոռը աւարէ ու աւերածութենէ ազատելու համար գնաց պարսկական բանակատեղին, ընծաներ մատուցեց Ալի Ղուլի խանին եւ հնազանդութիւն յայտնեց, խնդրելով խնայել վանքին:

Կաթողիկոսը միաժամանակ Էջմիածնի գանձերը, Թիֆլիսի առաջնորդ Մարտիրոս եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, քսանմէկ սայլերով ճամբայ հանեց դէպի Թիֆլիս:

Կաթողիկոսը մեծագին ընծաներ եւ դրամական փրկանք վճարեց պարսիկներուն, որպէսզի կարելի ըլլար գանձերը ապահով Թիֆլիս հասցնել:

Գանձերը տեղափոխող քսանմէկ սայլերէն վեցը եւ Մարտիրոս եպիսկոպոս պարսիկներուն ձեռքը ինկան:

Պարսիկներ կաթողիկոսէն տասը հազար թուման հատուցում պահանջեցին: Ղուկաս Ա. աղաչեց, որ նուազեցնեն գումարը եւ կրցաւ մինչեւ չորս հազար թումանի իջեցնել: Այդ գումարով կաթողիկոսը ազատեց նաեւ շրջակայ գիւղերու հայութիւնը, որոնք Վաղարշապատ հաւաքուած էին:

Երեւանի խանութեան զօրքերը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ հսկայական վնասներ պատճառեցին պարսկական բանակին:

Պարսկական բանակը անկարող եղաւ գրաւելու Երեւանի բերդը:

Ալի Ղուլի եւ Ջաֆար Ղուլի խաները իրենց եղբայր Աղա Մոհամէտ խանի լուր ղրկեցին ստեղծուած ծանր կացութեան մասին: Անոնք կը տեղեկացնէին նաեւ, որ Երեւանի մէջ լուրեր սկսած են տարածուիլ վրացական զօրքերու գալու մասին:

Աղա Մոհամէտ խան հրամայեց շարունակել Երեւանի պաշարումը, եւ եթէ Հերակլ թագաւոր իր զօրքով գայ Մոհամէտ խանին օգնութեան, ապա խուսափիլ վրացական բանակին դէմ կռուի բռնուելէ, մինչեւ որ ինք անձամբ գայ Երեւան:

Այնուհետեւ Աղա Մոհամէտ խան նամակ ղրկեց եղբայրներուն, յայտնելով որ իր կարգադրութեամբ անոնց տարբեր տեղերէ 1300 զինուորներ օգնութեան պիտի հասնին:

Աղա Մոհամէտ խան նաեւ իբրեւ օգնութիւն Երեւանը պաշարած զօրքերուն ուղարկեց փորձառու հրետանաւոր, հրասանդներ եւ որոշ քանակութեամբ կապար` բերդը ռմբակոծելու համար:

***

Կարկառ գետի ձախ ափին գտնուող Հունոտ գիւղին աւերակները

Շուշի կը մնար պաշարուած եւ Աղա Մոհամէտ խանի բոլոր փորձերը` գրաւելու անառիկ բերդաքաղաքը, աւարտած էին անյաջողութեամբ:

Շուշիի շրջակայ կիրճերուն մէջ ամրացած հայեր շարունակ թիկունքէն կը հարուածէին պաշարող պարսկական զօրքերը, իսկ պարսիկներ ասպատակութիւններ կը կազմակերպէին դէպի Շուշիի շրջակայ բնակավայրերը:

Աղա Մոհամէտ խան խաբէութեամբ բռնել տուաւ յիսուներկու հայ գիւղապետեր եւ զանոնք իր բանակին մէջ պահեց: Միաժամանակ պարսիկներ մտան այն կիրճերը, ուր ապաստանած էին հայ գիւղացիները, եւ յաջողեցան անոնցմէ շատեր գերի վերցնել:

***

Ջրաբերդի մելիք Մեջլում պարսկական արշաւանքի նախօրեակին Գանձակ, Ջաւադ խանի մօտ կը գտնուէր: Անմիջապէս որ Աղա Մոհամէտ խան անցած էր Արաքսը, մելիք Մեջլում եւ Ջաւադ խան միացած էին պարսկական բանակին:

Մելիք Մեջլում դառնացած էր բարեկամ նկատուողներու տուած խոստումներէն: Տարիներ շարունակ ան պայքարած էր Իպրահիմ Խալիլ խանին դէմ: Բարեկամներ անոր խոստումներ կու տային, բայց կը խաբէին: Դարձեալ մեծ խոստումներով ան հրաւիրուած էր Թիֆլիս, բայց Հերակլ Բ. փորձած էր զինք եւ մելիք Աբովը խաբէութեամբ ծուղակը ձգել եւ կալանաւորելով Իպրահիմ Խալիլ խանին ձեռքը յանձնել:

Մելիք Մեջլում երբ մելիք Աբովի հետ Օրթա Ճալայի ճաշկերոյթին օրը Թիֆլիսէն կը հեռանար, ճանապարհին վրացի սայլապաններու բերնով լուր ուղարկած էր Հերակլի, ըսելով որ մելիք Մեջլում չի մոռնար անոր հիւրասիրութիւնը:

Վրաստանի թագաւորին նենգութիւնը սոսկալի վիրաւորած էր մելիք Մեջլումի զգայուն սիրտը: Ջրաբերդի մելիքը չմոռցաւ վրէժխնդիր ըլլալ վրաց արքայի խաբեբայութեան համար:

Ամէն կողմէ խաբուած, ամէն տեղէ յուսահատած, մելիք Մեջլում ապաստան գտած էր իր հօր վաղեմի բարեկամ Ջաւադ խանի մօտ: Իր ջրաբերդցի հպատակներէն ալ շատեր տեղահան եղած եւ Գանձակի խանութեան սահմաններ փոխադրուած էին: Իսկ հայրենի Ջրաբերդի վրայ կ՛իշխէր Իպրահիմ Խալիլ խան, որ կամայականօրէն Մելիք Իսրայէլեաններու հողերը թուրք քոչուորներով կը վերաբնակեցնէր ու անոնց կը բաշխէր:

Մելիք Մեջլում լաւ գիտէր, որ իր նախնիները Արցախի լեռներուն վրայ իշխանութիւն հաստատած եւ պահպանած են ոչ թէ քրիստոնեայ թագաւորներու օգնութեամբ, այլ պարսից արքաներու շնորհիւ:

Այս հիմնաւորումով ալ, երբ Աղա Մոհամէտ խան Արաքսը անցնելէն ետք հրաւիրեց Արցախի մելիքները որ միանան իրեն, խոստանալով անոնց ոչնչացնել Իպրահիմ Խալիլ խանը եւ վերահաստատել զիրենք իրենց հայրենական իշխանութիւններուն մէջ, միայն մելիք Մեջլում միացաւ անոր:

Մելիք Մեջլում կը մտածէր Աղա Մոհամէտ խանի ձեռքով պատժել թէ Հերակլ թագաւորը եւ թէ Իպրահիմ Խալիլ խանը:

Շուշիի բերդը Արցախի մելիքութիւններու քայքայման պատճառ դարձած էր, բայց այժմ նոյն մելիքները, նոյն բերդին մէջէն կը պատերազմէին Պարսկաստանի տիրակալին դէմ, որ կը խոստանար վերանորոգել անոնց վաղեմի իշխանութիւնը, եթէ ձգէին Իպրահիմ Խալիլ խանը եւ անցնէին իր կողմը:

***

Մելիք Մեջլում Աղա Մոհամէտ խանին թելադրեց քակել Շուշիի պաշարումը, ըսելով որ աւելի նպատակայարմար է նախ երթալ Թիֆլիսը գրաւել, իսկ Շուշի այնուհետեւ անձնատուր կ՛ըլլայ:

Մելիք Մեջլումի առաջարկը տրամաբանական թուեցաւ Աղա Մոհամէտ խանին: Ան որոշեց իր զօրքերուն մէկ մասը ձգել Շուշիի բերդին մօտ, իսկ մնացած բանակը առնելով արշաւել դէպի Թիֆլիս:

Աղա Մոհամէտ խան նամակ գրեց իր եղբայր Ջաֆար Ղուլի խանին, ուր կ՛ըսէր. «Յայտնի ըլլայ քեզի, որ թէեւ Շուշիի երկրի բնակիչները, ղարաբաղցիները, այժմ թուլցած են, բայց ես դեռ չհրամայեցի գրաւել Շուշին, որովհետեւ մտադիր եմ այստեղ ձմեռել, իսկ մինչ այդ` հոս ձգելով Սիւլէյման խանը, կ՛ուզեմ քսան հազար զօրքով երթալ Վրաստան եւ կը հրամայեմ քեզի, ձգելով Երեւանի մօտ չորս հազար զօրք, պատրաստ ըլլալ մնացեալ զօրքի հետ մօտս գալու եւ սպասել այդ մասին իմ  հրամանին: Սակայն եթէ Երեւանի խանը պատանդ տայ իր կինն ու որդին, կրնաք Երեւանը հանգիստ ձգել»:

Աղա Մոհամէտ խան աւելի քան մէկ ամիս Շուշին պաշարուած պահելէ ետք իր զօրքով ճամբայ ելաւ դէպի Գանձակ:

Աղա Մոհամէտ խանին ուղարկած նամակը ճամբան Հերակլի մարդոց ձեռքը անցաւ: Թագաւորը անմիջապէս նամակը ուղարկեց Գուդովիչի, որպէսզի ռուս հրամանատարը անհերքելի ապացոյց ունենայ պարսկական արշաւանքի մասին:

Գուդովիչ Հերակլի ըսաւ, որ Աղա Մոհամէտ խան մինչեւ Վրաստան հասնիլը շատ խոչընդոտներ պէտք է յաղթահարէ, իսկ վրացական ուժերը բաւական ուժեղ են եւ անհանգստանալու հիմքեր չկան:

***

Գանձակի Ջաւադ խան իբրեւ բանագնաց Երեւան ուղարկեց Եաղուբ բէկը, որպէսզի յորդորէ երկու կողմերը համաձայնութեան գալու:

Եաղուպ բէկ կրցաւ համոզել Երեւանի Մոհամէտ խանը, որ այլ ելք չունի, քան պաշարողներուն հետ համաձայնութեան գալու:

Երեւանի խանը դուրսէն որեւէ օգնութեան յոյս չունէր, եւ կը վախնար, որ Աղա Մոհամէտ խան ի վերջոյ կրնայ իր բոլոր ուժերը կեդրոնացնել Երեւանի վրայ եւ այն ժամանակ ոչ ոք կրնար երաշխաւորել ոչ միայն քաղաքի բնակչութեան, այլեւ բերդին մէջ փակուած մեծամեծներուն համար, որոնք կրնային ողբերգական վախճան ունենալ:

Երեւանի Մոհամէտ խանին եւ Ալի Ղուլի ու Ջաֆար Ղուլի խաներուն միջեւ հաշտութիւնը կնքուեցաւ 28 օգոստոս 1795-ին:

Երեւանի խանը ընդունեց դառնալ Աղա Մոհամէտ խանի հպատակը եւ պարտաւորուեցաւ անոր տուրք տալու եւ անհրաժեշտութեան պարագային զօրքով օգնելու: Պայմանին համաձայն, իբրեւ երաշխիք Երեւանի խանը իր կինն ու որդին Աղա Մոհամէտ խանին պատանդ ուղարկեց:

Ալի Ղուլի եւ Ջաֆար Ղուլի խաները Երեւանի պաշարումը քակեցին եւ իրենց զօրքերով ճամբայ ելան դէպի Գանձակ, իրենց եղբօր միանալու համար:

aztagdaily.com/archives/540172

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail