Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուբայի, Պաքուի Եւ Շամախիի Նուաճումը Ռուսական Բանակին Կողմէ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գեղարքունիքի Մելիք Շահնազարեաններու կեդրոն Մեծ Մասրիկ գիւղը Մասրիկ գետի ափին

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղուբայի, Պաքուի Եւ Շամախիի Նուաճումը Ռուսական Բանակին Կողմէ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

06 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Գանձակի Դէմ Իպրահիմ Խալիլ Խանի Արշաւանքը Եւ
Դալի Մահրասայի Ու Թիւլի Արզումանի Նահատակութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մուշկապատ Մարտունիի շրջանին մէջ, բարձրադիր լերան լանջին եւ ժայռերով ու անտառներով շրջապատուած: Վարդան Զօրավարի մատուռը, կողքին` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, եւ Քմխաչին Տակ, Ծրտխաչին Եալ եւ Տոնունց Օջախ սրբատեղիները: Մօտակայքէն կը հոսի Խոնաշէն գետը:

Զօրավար կոմս Վալերիան Զուբովի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գործող ռուսական բանակը 1796 յունիսին Դերբենդէն շարժեցաւ դէպի Ղուբայի խանութիւն:

Ղուբա, Շահտակ լերան հիւսիս¬արեւելեան կողմը, Կուտիալ գետի աջ ափին, 600 մեթր բարձրութեան վրայ, հին բնակավայր է: Ամրոցը` Պատէ-Ֆիրուզ Ղուբաթ, կառուցուած է քաղաքի կառավարիչ Անուշիրվանի կողմէ, ԺԱ. դարուն: Զարգացած է գորգագործութիւնը: Քաղաքին բնակիչները թաթարներ, լեզգիներ եւ թաթեր են:

Քաղաքին մօտակայ Գրմըզը Գասապա (կարմիր աւան) գիւղի բնակիչները լեռնային հրեաներ են:

Ղուբա խնձորի բարեբեր պարտէզներով եւ կանաչազարդ բարձունքներով շրջապատուած է: Դէպի հարաւ¬արեւմուտք լեռնային Խինալուկ գիւղն է. խինալուկները ուրոյն ցեղ են եւ անոնց լեզուն մօտ է լեզգիերէնին:

Ղուբայի խանութիւնը տարածուած էր Կասպից ծովու ափին, Դերբենդէն հարաւ եւ Շաքիէն արեւելք. դէպի հարաւ Շիրվանի եւ Պաքուի խանութիւններն էին:

Հիւսէյն Ալի 1680-ին Ղուբայի մէջ իշխանութիւն հաստատեց: Անոր սերունդէն Հիւսէյն Ալի խանի 1747¬ին կազմաւորեց Ղուբայի խանութիւնը: Որդին` Ֆաթհ Ալի խան մեծ նուաճումներ կատարեց: Ֆաթհ Ալիի թոռը եւ Ահմէտ խան որդին` Շէյխ Ալի Աղա 1791¬ին ստանձնած էր խանական իշխանութիւնը:

Շէյխ Ալի Աղա առանց դիմադրութեան հնազանդութիւն յայտնեց Զուբովի:

Ղուբա մտնելէն ետք ռուսական բանակը ձիարշաւի հանդէս կազմակերպեց: Հանդէսին ներկայ էր զօրավար Զուբով, որ իր հետ գերի բերած էր Դերբենդի Շէյխ Ալի խանը: Մրցումի ընթացքին Շէյխ Ալի խան մտրակեց իր ձին եւ յաջողեցաւ փախուստ տալ դէպի Պաքու:

* * *

Ռուսական մարտանաւեր 13 յունիս 1796-ին ցամաքահանում կատարեցին Պաքուի ծոց, եւ բանակային ջոկատ մը մտաւ քաղաք:

Պաքուի Հիւսէյն Ղուլի խան երկու շաբաթ առաջ արդէն պատուիրակութիւն ուղարկած էր Դերբենդ` զօրավար Զուբովի մօտ եւ հաւատարմութիւն յայտնած Ռուսաստանի:

Ռուս զինուորները հազիւ Պաքու մտած, Հիւսէյն Ղուլի խան մեկնեցաւ Կիլկիրչայ գիւղը` ռուսական բանակատեղին եւ քաղաքին բանալիները ռուս սպաներուն յանձնեց:

Յաջորդող օրերուն ռուսական բանակի հետեւակային երեք գումարտակներ եւ հեծելազօրքի ջոկատ մը երեք թնդանօթներով զօրավար Վասիլի Ռախմանովի հրամանատարութեան տակ մտան Պաքու:

Ռուսական ուժերը առաջին հերթին բռնեցին եւ կալանաւորեցին իրենց ձեռքէն փախուստ տուած Դերբենդի Շէյխ Ալի խանը:

* * *

Ռուսական բանակը զինուորական զբօսանքի նման կը յառաջանար, եւ իսլամ ցեղախումբեր մէկը միւսին ետեւէն հաւատարմութիւն կը յայտնէին, հաւաստիացնելով որ Ռուսաստանի նկատմամբ ջերմ զգացումներով լեցուած են:

Ռուսական իշխանութիւնները բնականաբար չէին կրնար հաւատք ընծայել ցեղապետ խաներու անկեղծութեան եւ լաւ գիտէին որ հաւատարմութիւնը երեսանց է, հանգամանքներու բերումով, որովհետեւ ոչ մէկ խան կրնար դէմ դնել ռուսական բանակին:

Ռուսական կառավարութիւնը նաեւ լաւ կը հասկնար որ չէր կրնար պատերազմ մղել տեղացի իսլամ ամբողջ ազգաբնակչութեան դէմ: Բանակը հաշուի առած էր որ թշնամական տարրերով շրջապատուած է եւ իսլամ ցեղերը կրնան ամէն յարմար առիթէ օգտուելով ռուս զօրքերը նեղ  կացութեան մատնել:

Զօրավար Զուբովի քաղաքականութիւնն էր բռնութիւններու չդիմել, այլ շահագործել իր բանակին ազդած երկիւղը եւ խաղաղ միջոցներով հնազանդեցնել տեղացի խաները, միաժամանակ զգոյշ ըլլալով որ բարդութիւններ չծագին:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան իր հեղինակութեամբ մեծապէս կրնար նպաստել ռուսական տիրապետական քաղաքականութեան: Ան մեծ համարում ունէր տեղացիներու աչքին եւ ամէն կողմ ցրուած հայերու միջոցով թէ՛ կ՛ազդէր տեղական գործերուն վրայ եւ թէ ստոյգ տեղեկութիւններ կը հաւաքէր, որոնք այնքան հարկաւոր էին ռուսերուն:

* * *

Զօրավար Զուբովի բանակը յուլիսին մօտեցաւ Շամախիի:

Շամախիի այդ ժամանակ շուրջ վաթսուն հազար բնակիչ ունէր, որուն ստուար համեմատութիւնը հայեր էին:

Շամախիի Մուսթաֆա խան երկընտրանքի մէջ էր. մէկ կողմէ կը մտածէր դիմադրութեան մասին, բայց միաժամանակ խոհեմութիւն կը համարէր հասկացողութեան գալ ռուսերուն հետ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Շամախի երթալով համոզեց Մուսթաֆա խանը, որ դիմադրութիւնը ապարդիւն է եւ աւելի լաւ է առանց արիւնահեղութեան ընդունիլ ռուսական հպատակութիւն:

Մուսթաֆա խան ընդառաջեց եւ պատուիրակութիւն ուղարկեց զօրավար Զուբովի մօտ, պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդունելու ռուսական հպատակութիւն:

Զուբով պահանջեց որ խանը անձնապէս գայ ռուսական բանակատեղին:

Մուսթաֆա խան, կասկածելով դաւադրութեան մը մասին, չգնաց, եւ փութով դիմեց Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանի, առաջարկելով միանալ եւ դիմադրել ռուսերուն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս օգոստոսին կրկին գնաց Շամախի եւ Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մուսթաֆա խանին հետ:

Արքեպիսկոպոսը խանին հաւաստիք տուաւ, ըսելով որ ռուսերը ոչ մէկ վատ տրամադրութիւն ունին:

Մուսթաֆա խան ընդառաջեց եւ մինչեւ իր վերադարձը Յովսէփ արքեպիսկոպոսը Շամախիի մէջ պատանդ պահելով զգաց ռուսական բանակատեղի եւ հաւատարմութիւն յայտնեց Զուբովի:

* * *

Ռուսական բանակները յաղթականօրէն կը յառաջանային Անդրկովկասի խորերը, իրար ետեւէ նուաճելով Անդրկուրեան երկրամասերը` Բուն Աղուանքը: Հայոց արեւելից կողմանց երկրամասերը` Արցախ եւ Ուտիք, տակաւին խաղաղ էին:

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան որոշեց օգտուիլ հանգամանքներէն եւ նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը առնել: Ան բանակցութեան մէջ մտաւ աւարներու Ումմա խանին հետ եւ անոր առաջարկեց միացեալ ուժերով նուաճել Գանձակը:

Իպրահիմ Խալիլ խան միաժամանակ դիմեց Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին եւ առաջարկեց որ ան ալ, իբրեւ դաշնակից, միանայ Գանձակի դէմ արշաւանքին:

Հերակլ Բ. նուաճողական գործողութիւններ կատարելու համար միջոցներ չունէր, բայց մտածեց բաժին ստանալ հարուստ աւարէն: Վրաց արքան նաեւ վրէժ ունէր լուծելիք. ան չէր մոռցած, որ իր մայրաքաղաքը աւերուեցաւ Գանձակի Ջաւադ խանի եւ Ջրաբերդի մելիք Մեջլումի ձեռքով: Հետեւաբար ան իր որդի Ալեքսանդրի հրամանատարութեան տակ վրացական զօրաբաժին մը Իպրահիմ Խալիլ խանի տրամադրութեան տակ դրաւ:

Իպրահիմ Խալիլ խան ինք եւս վրէժ ունէր լուծելիք Ջաւադ խանէն եւ մելիք Մեջլումէն, որովհետեւ անոնց առաջնորդութեամբ Աղա Մոհամէտ խան պաշարած էր Շուշիի բերդը եւ ահագին վնասներ պատճառած:

Իպրահիմ խալիլ խան հայերէ եւ թուրքերէ բաղկացած բանակի մը գլուխը անցած քալեց Գանձակի վրայ: Հայկական զօրաբաժինին մէջ կը գտնուէր գիւլեաթաղցի մելիք Ռուստամ, որ խանին կողմէ Ջրաբերդի մելիք նշանակուած էր:

Գանձակի դէմ պատերազմական գործողութիւնները հազիւ սկսած, աւարներու Ումմա խան իր բանակով միացաւ Ղարաբաղի խանի զօրքերուն:

Նոյն ժամանակ հասաւ նաեւ Ալեքսանդր իշխանի գլխաւորած վրացական զօրաբաժինը: Բայց վրաց զօրքին մէկ մասը վարձկան լեզգիներ էին, որոնք հազիւ հասած պատերազմի դաշտ, ցիրուցան սկսան փախուստ տալ:

Հերակլ բ. ստիպուած վրացիներէ եւ լեզգիներէ բաղկացած նոր զօրք հաւաքեց եւ ուղարկեց պատերազմի դաշտ:

Գանձակի բերդին պաշտպանութիւնը ստանձնեցին Ջաւադ խան եւ մելիք Մեջլում:

Շրջակայ հայ մելիքները եւս իրենց ուժերը ուղարկեցին բերդի պաշտպանութեան համար: Բերդի ութ աշտարակներէն չորսը կը պաշտպանէին հայերը, չորսը` Ջաւադ խանի զօրքերը:

Պաշարումը երկար տեւեց: Թուրք, վրացի, աւար եւ լեզգի զօրքերը շրջապատած էին բերդը եւ անդադար յարձակումներ կը գործէին, բայց պաշարուածները քաջութեամբ կը դիմադրէին:

Տեսնելով որ պատերազմը երկար պիտի տեւէ եւ ելքն ալ անորոշ է, Հերակլ Բ. թագաւոր գաղտնի պատգամաւորութիւն մը ուղարկեց Ջաւադ խանի մօտ, յայտնելով անոր որ եթէ մելիք Մեջլումը իր ձեռքը յանձնէ, ամէն ինչ կը վերջանայ:

Ջաւադ խան արհամարհական պատասխան տուաւ, ըսելով որ այդպիսի վարմունք միայն Հերակլին կը վայելէ, իսկ ինք չի կրնար իր բարեկամն ու դաշնակիցը թշնամիին յանձնել: Այդ խօսքերով Ջաւադ խան կ՛ուզէր վրաց արքային յիշեցնել որ անոր դաւադիր վարմունքը` մելիք Մեջլումի եւ մելիք Աբովի հանդէպ, երբ Թիֆլիսի մէջ կ՛ուզէր կալանաւորել իր հիւրերը եւ Իպրահիմ խալիլ խանին ձեռքը յանձնել, պատճառ դարձաւ մայրաքաղաքի աւերման:

Գանձակի բերդին դէմ յարձակումները սաստկացան: Երկու կողմերն ալ կորուստներ տուած էին, բայց պատերազմին ելքը չէր երեւեր: Բերդին գրաւումը օրըստօրէ աւելի անհնար կը դառնար:

Բերդը պաշարող զօրքերը սկսան Գանձակի շրջակայ գիւղերը կողոպտել եւ աւերել:

* * *

Այգեստան (պատմական Մեղրագետ, Բալլուջա) գիւղը Ասկերանի շրջանի մէջ, Կարկառի Մեղրագետ վտակի ափին, Սուրբ Աստուածածին եւ Թամցի եկեղեցիներով, Փռշնի Նահատակ սրբատեղիով եւ Շրշռան ու այլ աղբիւրներով:

Գանձակի պաշտպանութեան մէջ իրենց հերոսական խոյանքներով փայլեցան Դալի Մահրասա եւ Թիւլի Արզուման: Անոնք իրենց խումբերով յաճախ դուրս կու գային պաշարուած բերդէն եւ կայծակի նման նետուելով թշնամի բանակին վրայ, սարսափելի կոտորածներ կը գործէին եւ ետ կը դառնային:

Գանձակի այգեստանին մէջ տեղի ունեցած կռուի ընթացքին Թիւլի Արզուման գնդակի հարուած ստացաւ եւ նահատակ ինկաւ:

Դալի Մահրասա, քաջաբար կռուելէ ետք, երբ գիշերը վրայ հասաւ, յոգնած նստաւ գերեզմանաքարի մը վրայ, քիչ մը հանգչելու համար: Անոր շուրջը դիակներ փռուած էին, որոնք ինկած էին իր ձեռքով: Այդ միջոցին վիրաւոր լեզգի մը, որուն շունչը տակաւին վրան էր, ատրճանակը բարձրացուց եւ գնդակահարեց զայն:

* * *

«Կէս գիշերին գեղ լուսինը լող էր տալիս երկնքում,
Տխուր նայում դէպի աշխարհ, ինքն իրան մորմոքւում:
Մերթ պահւում էր ամպերի տակ նա սարսափով ու դողով,
Մերթ ամպերից դուրս էր լողում, կրկին փայլում իր շողով:
Գանձակի մօտ լեզգիների դիակներ են թափթփուած.
Դիակների մէջ անվեհեր Մահրասան է լուռ նստած:
Նա յոգնած էր պատերազմից, նա տխուր էր ու մոլոր.
Քաջի սիրտը կեղեքում էր մի զգացմունք ահաւոր:

* * *

Գերեզմանի սառը քարին նստած է նա միայնակ,
Նստած է նա, հանգստանում, շուրջը արիւն ու դիակ:
Դաժան մահը, իբրեւ սառած դիակների պահապան,
Լուռ կանգնած էր կէս գիշերին ահեղ դաշտում ռազմական:
Զարհուրանքը, իբրեւ անխօս մի ուրուական դժնդակ,
Մեռելների միջին հանդարտ թափառում էր լուսնի տակ:
Տերեւախիտ սօսիները սառը քամուց շշնջում,
Մի սոսկալի, սրտաճմլիկ դէպք էր կարծես գուշակում:

* * *

Ահա յանկարծ արիւնաշաղախ ու յօշոտուած մի դիակ
Բացաւ աչքը, անթարթ նայեց Մահրասային դժնդակ:
Քաջը նստած` խոժոռադէմ նայում էր ցած գլխակոր,
Կարծես` վերից դիտում էր իր գերեզմանը ահաւոր:
Եւ ուժասպառ լեզգին` տանջուած` իր մրմնջող վէրքերից
Վերջին ոյժը հաւաքելով հանդարտ շարժուեց իր տեղից,
Գաղտնագողի ու նենգօրէն հեռուից նայեց դալկացած.
Եւ նորա թոյլ ձեռքին յանկարծ ատրճանակն որոտաց…
Եւ անողոք, օրհասական սեւ կապարը մահաբեր
Խրուեց Դալի-Մահրասայի ժեռոտ կուրծքին անվեհեր…
Գնդկահար առիւծի պէս` նա դառնագին մռնչաց
Եւ` խորտակուած սարի նման` գլորեցաւ դէպի ցած:
Մեռա՛ւ քաջը… խլե՜ց, տարա՜ւ, տարա՜ւ անգութ,
սեւ մահը.
Խաւարեցաւ հայ աշխարհի պայծառ լոյսն ու ջահը:
Քանդուե՜ց, ընկա՜ւ վշտի ծովը մեր փրկութեան փարոսը.
Ննջե՜ց առ միշտ, լռե՜ց յաւէտ հայրենիքի հերոսը…»:

* * *

Դալի Մահրասայի` Աւագ վարդապետի մարմինը մեծ սուգով Գանձակի Սուրբ Յովհաննէս Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ ամփոփուեցաւ:

Թիւլի Արզուման եւ Դալի Մարհասա մելիք Մեջլումի գլխաւոր աջակիցներն էին եւ անոնց նահատակութիւնը մեծ կորուստ էր:

aztagdaily.com/archives/542924

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail