Օրակարգ Դարձնել Ազգային-Քաղաքական Հիմնահարց Բնակեցում-Հայրենադարձութիւնը – Յակոբ Պալեան
21 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Այսօր եսերը գերանցող Ս. Յարութեան տօնն է:
Եօթը օր ետք Ապրիլ 24 է:
Պէտք չէ բանտարկուած մնալ յոյսի եւ ցաւի մէջ:
Կը հետեւիմ Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլին, կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններուն, հանդիսութիւններուն, կը լսեմ պատերազմի, տնտեսութեան, թատրոնի, կուսակցութիւններու եւ անոնց մրցակցութիւններուն մասին: Գրուածերուն եւ ըսուածներուն մէջ չեմ հանդիպիր ազգի եւ հայրենիքի տոկալու եւ տեւելու հիմնահարցին, որ բնակեցում-հայրենադարձութիւնն է:
Հայրենիքը որպէս ամուր պետութիւն պահելու եւ կազմակերպելու համար նախ պէտք էր լուծել Հայաստանի տարածքի բնակեցման հարցը, նախապայման` երկրի զարգացման: Գիտական ուսումնասիրութիւններու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ Հայաստանը Երեւան է, եւ միւս տարածքները ունին բնակեցման ու զարգացման խնդիր: Օրինակ, ի՞նչ է բնակչութեան խտութիւնը Երեւանի եւ Լոռիի կամ Սիւնիքի, մէկ քառակուսի քիլոմեթրի վրայ քանի՞ բնակիչ կայ Երեւան կամ Սիսիան: Հայաստանի տարածքը խիստ անբաւարար չափով բնակուած է: Իսկ Հայաստան ըլլալու համար ան բնակուած պէտք է ըլլայ տիրութիւն ընող հայերով:
Մի՞թէ գիտական-տեսաբանական մեծ վերլուծումներու պէտք կայ ըսելու, որ աշխարհագրական տարածք մը պետութիւն կ’ըլլայ իր բնակչութեամբ եւ հայրենիք` այդ բնակչութեան համատեղ կեանքով ստեղծած լայն առումով մշակոյթով: Հայաստանի ներկան եւ ապագան պէտք է դիտել բնակեցում-հայրենադարձութիւն իրա՛ւ ազգային-պետական ըմբռնումի լոյսին տակ:
Համահայկական ժողովներ գումարուեցան, իշխանութիւններ փոխուեցան, եղան յաղթանակ եւ պարտութիւն, բայց անցնող երեսուն տարիներուն, անոնցմէ առաջ ալ` խորհրդային, Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները քաղաքական իսկական օրակարգ չդարձուցին բնակեցում-հայրենադարձութիւնը: Այսօրուան եւ դեռ գալիք դժուարութիւնները եթէ դիտէինք եւ դիտենք բնակեցում-հայրենադարձութիւն ըմբռնումով, չէինք գտնուեր ներկայի պարտութեան վիճակին մէջ:
Հայաստանի բնակեցումը քաղաքական էական հարց է տնտեսական եւ ռազմավարական պատճառներով: Այս հարցին լուծում եթէ չգտնուի, բնակչութեան դէպի Երեւան հոսքը պիտի շարունակուի, եւ երկրի միւս շրջանները պիտի չզարգանան տնտեսական, գիտական ու մշակութային մարզերու մէջ: Այս է պատկերը այսօր: Հետաքրքրական կ’ըլլար վիճակագրութիւն կազմել, գիտնալու, որ շրջաններէն Երեւան ուսանելու եկածներու ո՞ր տոկոսը կը վերադառնայ իր քաղաքը եւ գիւղը:
Ի հարկէ ղեկավարութիւնները պատասխանատու են ստեղծուած վիճակին համար: Երբեք իրաւ գնահատականը չեղաւ արտագաղթ-հայրենալքում աղէտին, որ կար խորհրդային օրերուն եւ շարունակուեցաւ անկախութեան շրջանին: Ընդհակառակն, արտագաղթ-հայրենալքումը բնական համարուեցաւ, հաշտուեցանք անոր հետ, ազգի եւ հայրենիքի հետ առնչութիւն չունեցող լաւ ապրելու իրաւունքի վարդապետութեամբ:
Միթէ պարզ չէ՞, որ հայրենիքը կը պահուի իր հայրենատէր ներկայ ժողովուրդով եւ ո՛չ հեռուն նստած հայրենիք երգող, հայրենիքի օդը եւ ջուրը սիրող զբօսաշրջիկներով, Արարատ երազողներով:
Բնակեցումը հայրենատիրութեան խնդիր է եւ պէտք չէ շփոթել նուաճողներու-գաղութարարներու պարտադրած բնակեցման հետ: Ան ուրիշներու հողին վրայ հաստատուելու հարց չէ, այլ` սեփական հայրենիքին այլացման-օտարման առաջքը առնելու: Ազգային տեսանկիւնէ բնակեցման քաղաքականութիւնը պէտք է ունենայ քաղաքաշինական հեռանկար` ընելու համար այնպէս, որ քաղաքացին ինչ որ կը գտնէ Երեւան, գտնէ նաեւ Գիւմրի, Մեղրի, Գորիս կամ Հրազդան. ի հարկէ` աշխատանք, բայց նաեւ կեանքի որակ` սպառողական եւ մշակութային: Աւելի պարզ խօսելով` Սիսիան կամ Կապան բնակողը ինքզինք գաւառի բնակիչ պէտք չէ զգայ:
Երկրի բնակեցման եւ զարգացան յաջողութիւնը եւ որակը հայրենադարձութեան կը նպաստեն: Այսօր հայրենադարձներ կան, բայց անոնք գրեթէ հարիւր տոկոսով Երեւան են, հայրենի տարածքներու բնակեցման նպաստ չեն: Երեւանը արդէն Հայաստանի համար շատ մեծ քաղաք է, իսկ եթէ հայրենադարձները պիտի գան միայն Երեւան` հոն շարունակելու համար ապրիլ, ինչպէս որ կ’ապրէին Փարիզ կամ Մարսէյ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, քաղաքը պիտի մեծնայ, բայց երկիրը բնակուած պիտի չըլլայ: Քանի՞ հայրենադարձ կայ Վանաձոր, Հրազդան, Սպիտակ:
Բնակեցում-հայրենադարձութիւնը ցուցադրական-զգացական իրարանցում չէ` զբօսաշրջիկները խանդավառող եւ յուզող: Ան կ’ենթադրէ կազմակերպուած, հետեւողական, կառուցողական աշխատանք, ազգային իրաւ քաղաքականութիւն:
Օժանդակութիւն եւ ներդրում պէտք է միտին երկրի զարգացման: Գործարանները պէտք է երթան, օրինակ, Վանաձոր կամ Սիսիան, Մեղրիի հիւրանոցները պէտք չէ զիջին Երեւանին, այս` զբօսաշրջութեան ճարտարարուեստի զարգացման համար, Վանաձորի մէջ վերստին զարգացնել անցեալի առողջարանները, թերեւս հիմնել որակաւոր հանգստեան տուներ, որպէսզի սփիւռքի թոշակառուները գան: Այս նշումները չնչին պատկերացումներ են ընդհանուր կազմակերպութեան մը ծիրին մէջ, որպէսզի հայրենադարձութիւն ընդունելու պայմանները ստեղծուին, եւ միաժամանակ իրականանայ երկրի իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակեցումը: Միշտ ընելով այնպէս, որ Արմաւիրի բնակիչը չմտածէ Երեւան հաստատուելու մասին, գիւմրեցին իր ընտանիքը չբերէ Երեւան` ինք շարունակելով աշխատիլ Գիւմրի:
Այս զարգացման ընթացքը եւ կեանքի որակի հաւասարեցումը «գաւառ»-ի եւ «մայրաքաղաք»-ի հետ, Հայաստանը կը դարձնէ հայրենադարձութիւն ընդունելու երկիր: Բնակեցում եւ հայրենադարձութիւն կ’ենթադրեն անհաւասարութիւններու վերացում, կամ` խուսափում անհաւասարութիւններու ստեղծումէն: Հայրենադարձը, որ իր տունը կը կառուցէ, զայն կ’օժտէ ջուրի, լոյսի եւ ջեռուցման յատուկ պայմաններու ապահովումով, երբ երկու քայլ անդին անոնցմէ զրկուած մարդիկ կ’ապրին, կ’ըլլայ անհաւասարութիւն` անցանկալի հետեւանքներով: Հետեւաբար միշտ պէտք է կրկնել, որ երկրի զարգացումը նախապայման է բնակեցման եւ հայրենադարձութեան համար:
Այս ըմբռնումով, պէտք է կազմակերպել երկրի բոլոր մարզերու հաւասար զարգացումը, որուն համար պետական, կրթական, ճարտարարուեստական եւ գիտական կառոյցներու ապակեդրոնացում պէտք է ըլլայ, որպէսզի գաւառը դուրս գայ անտեսուածի-ստորադասի վիճակէն:
Բնակեցում-հայրենադարձութեան համար անհրաժեշտ է ենթակառոյցներու ստեղծումը, առաջին հերթին` հաղորդակցական միջոցներու, որպէսզի Երեւանէն քսան քիլոմեթր հեռու Աշտարակի կամ Եղվարդի բնակիչ բժիշկը կամ նախարարութեան պաշտօնեան չմտածեն բնակավայր փոխել, ստիպուին Երեւան բնակիլ: Փարիզէն 200 քիլոմեթր հեռու կան Թուր քաղաքի բնակիչներ, որոնք Փարիզ կ’աշխատին, ամէն օր կ’երթան-կու գան, ճամբորդութիւնը կը տեւէ մէկ ժամ, բայց Թուրի մէջ ունին կեանքի որակ, զոր չեն կրնար գտնել Փարիզ: Ուրեմն կազմակերպութեան եւ ենթակառոյցներու հարց է: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, զանոնք կարելի չէ ունենալ անմիջապէս, բայց պէտք է սկսիլ, ըլլալ հետեւողական, այդ ձեւով կը վերականգնի վստահութիւնը, արտագաղթ չ’ըլլար, կ’ըլլայ հայրենադարձութիւն:
Այս ընելու համար ներսը եւ դուրսը զիրար պէտք է լսել, գործել ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի նեղմտութեամբ, այլ` իրաւ հայրենատիրական յաւելեալ պարտքի բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ: Այսինքն` մտածել եւ գործել ազգի, հայրենիքի եւ ապագայի մասին:
Բնակեցում-հայրենադարձութիւն պատասխանատուութիւնն ու յանձնառութիւնն է նաեւ սփիւռքի եւ անոր ղեկավարութիւններուն, որոնք պէտք է համոզուած ըլլան եւ համոզեն, որ սփիւռքը հայրենիք չէ, գիտակից հայու համար ան վարձու սենեակ է, որպէս ինքնուրոյն ազգ ինքնարժէք տեւելու երաշխիք չէ, այսինքն աստիճանական համարկումներու գումարումով ինքնութենէ հրաժարման եւ փոփոխութեան պիտի առաջնորդէ արմատներէ խզման: Այն բոլոր ճիգերը, որոնք կը կատարուին բոլոր մարզերու մէջ, վերջնական լուծարքը հեռացնելու կը ծառայեն:
Օտարման դէմ թումբ կանգնեցնելն ու տոկալը ծափահարելի է, բայց պէտք է գիտնալ տարբերութիւն դնել ժամանակաւորի եւ մնայունի միջեւ եւ ըստ այնմ առաջնորդել: Հայաստանի պարագային, խօսեցայ բնակեցման պայմաններու ստեղծման եւ կազմակերպութեան մասին, սփիւռքի ղեկավարութիւնները պէտք է գործեն այնպէս, որ հայրենադարձութիւնը բնական համարուի, ըլլայ ընդունելի, հայուն համար վարքագիծ, արժանաւոր մարդու գիտակից յանձնառութիւն:
Այս հարցերը պետական-ղեկավարական են որպէս կազմակերպութիւն, շարքային քաղաքացին, իր կարգին, հաւատարմութիւն պէտք է զգայ իր ինքնուրոյնութեան եւ նախահայրերէն ստացած հոգեբարոյական ժառանգութեան, դուրս գայ համայնքային նահանջական կեցուածքներէ եւ մտածէ ու գործէ եզակիութիւնները գերանցող ըմբռնումներով, որ շարունակութիւն ըլլալ է: Ան պէտք է ըմբռնէ, անոր պէտք է ներշնչել այն գիտակցութիւնը, որ ինք սոսկ արտադրող-սպառող թուանշաններով ճանչցուող արարած մը չէ, այլ շարունակութիւն է, բնութեան մէջ պատահականէն յայտնուած գոյութիւն մը չէ:
Ինչո՞ւ սփիւռքը շաբաթ մը վերջ ցուցական կերպով ապրիլ 24 պիտի նշէ, եթէ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը փակագծի մէջ դրած է` սպասելով, որ ժամանակը լուծէ իր անհետացման հարցը:
Սփիւռքի հայկական գոյութեան դրական լուծումը հայրենադարձութիւնն է: Այս պէտք է ըլլայ ոչ թէ բացառութիւններու, այլ սփիւռքի գոյութենական քաղաքական-գաղափարական ուղին: Ղեկավարութիւնները այս ըմբռնումով պէտք է առաջնորդեն:
Բնակեցում-հայրենադարձութիւն էական հարցի թղթածրարը բաց պէտք է պահել, ղեկավարութիւն եւ իշխանութիւն պէտք է գնահատել, առանց ճկոյթի ետին թաքնուելու, ըստ այս էական հարցի իրենց գործունէութեան եւ ձեռքբերումներուն:
Եւ իրաւութեամբ խօսիլ` ներսը եւ դուրսը:
Առանց օտար խրատատուներու հաճոյակատարութիւնները ազգային-քաղաքական համարելու:
Համակրական խօսքերը լաւ են, բաժակաճառի չափ, բայց մենք պիտի գիտնանք, որ ոչ ոք մեր հարցերը մեր փոխարէն պիտի լուծէ:
yerakouyn.com/2022/04/20/օրակարգ-դարձնել-ազգային-քաղաքական-հի/