Մտածե՛նք Հայ Մամուլի, Գրողի Եւ Ընթերցողի Իրաւութեան Եւ Պաշտպանութեան Մասին – Յակոբ Պալեան

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Մտածե՛նք Հայ Մամուլի, Գրողի Եւ Ընթերցողի Իրաւութեան Եւ Պաշտպանութեան Մասին – Յակոբ Պալեան

15 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ըսուեցաւ՝ «Սփիւռքի Տարի»: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ Սփիւռք(ներ)ի մօտաւոր ապագան, եթէ բացակայի հայ մամուլը, եթէ չունենանք եւ չպահենք իր դերին եւ կոչման ծառայող արժանաւոր հայ մամուլ:

Հայ մամուլի դերը ոչ ոք կրնայ կասկածի ենթարկել, բայց յարաբերաբար ընթերցողին, ի՞նչ է հայ մամուլը, ան ըլլայ հայալեզու, թէ օտարաբարբառ: Ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն հայ մամուլի ընթերցողները՝ բաղդատած իրենց քաղաքի կամ շրջանի հայերուն:

Պէտք է խօսիլ եւ մտածել թիւերով, ենթակայական դատումներու, կողմնորոշումներու եւ ինքնագոհութիւններու զոհ չըլլալ:

Որպէսզի իրաւ քննական գնահատումներու հնարաւորութիւն ունենանք, պէտք է գիտնանք իւրաքանչիւր թերթի ծախուած համարներուն թիւը, ընթերցողներուն թիւը, քանի որ կան ծախուած եւ չընթերցուող համարներ, երբեմն ալ կան նոյն համարին համար մէկ կամ աւելի ընթերցողներ, ապա գիտնալ այդ համարներէն կարդացուած սիւնակները: Ի՞նչ է թիւը տպագիր թերթի ընթերցողներուն եւ ի՞նչ է թիւը ելեկտրոնային համարի ընթերցողներուն: Թերթը քանի՞ լիավճար խմբագրական աշխատակազմ ունի, ի՞նչ է թիւը սիրայօժար աշխատակիցներուն: Թերթի լրատուութիւնը կը կատարուի գրասեղանին ետին նստած խմբագրի թարգմանական աշխատանքո՞վ, թէ՞ թերթը ունի իրադարձութիւններուն հետեւող ներկայ եւ ականատես լրագրող: Որքանով հայ լրատուամիջոցը արհեստավարժական է, որքանով՝ սիրողական: Յաճախ, երբ մէկ թերթէն կ՛անցնինք միւսը, կ՛ունենանք այն տպաւորութիւնը, որ նոյն թերթն է, որ լոյս կը տեսնէ տարբեր տպարանէ մը կամ տարբեր անունով:

Հայ մամուլը տեղեկատու է, այդ է իր պաշտօնը: Լուրերու ընտրութիւնը ո՞ր չափով առարկայական է, ո՞ր չափով նախասիրական-կողմնապաշտական: Իրապէս քննական առարկայականութիւն ունի՞ հայ մամուլը, ի հարկին՝ հոսանքին դէմ երթալով, այսինքն հայ մամուլը դատապարտուա՞ծ է որմազդի քարոզչական դերին:

Հայ լրագրողը, ընդհանրապէս գրողը, մտաւորականը, լուսաբանող պէտք է ըլլան, լաւին, իրաւունքին եւ ճշմարտութեան կրողները, վասն իրաւ հանրային ծառայութեան: Այս է որ մամուլին կու տայ որակ: Հայ մամուլը ունի՞, կրնա՞յ ունենալ այդ որակը, իսկ երբ բացակայի, ի՞նչ են պատճառները:

Մտաւորականը, ան գրող ըլլայ թէ լրագրող, արտայայտութեան բեմի պէտք ունի: Այդ բեմը, իր ամբողջական առումով մամուլն է: Երբ այդ բեմը կը սեփականացուի անհատի մը կամ հաւաքականութեան շահերուն ծառայելու համար, կը հրաժարի մամուլի ինքնութեան եւ կոչման համար անհրաժեշտ ազատութենէն, ազատ խօսքը կը փոխարինուի թութակաբանութեամբ, թութակներով՝ որոնք «տիրոջ ձայնը» կը կրկնեն, տգիտութեամբ եւ շահախնդրութեամբ տուրք տալով մենատիրական փորձութիւններու, կամ կը ծառայեն ծանուցումի, գովերգութեան:

Հանրութիւնը եւ մամուլին հետեւողները, ընթերցող, լսող թէ դիտող, իրենք եւս հսկողը պէտք է ըլլան կարծիքի եւ խօսքի ազատութեան: Ի վերջոյ ինչո՞ւ չենք հասկնար, որ մամուլին տէրերը գրողներն ու ընթերցողներն են, ո՛չ վարչականները եւ ո՛չ տպագրողները: Երբ հայ մամուլին համար կ՛ըլլան անբաղձալիներ, persona non grata, խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը կը դառնայ մեռեալ տառ, կը հաստատուի գրաքննութիւն, եւ փոխան կարծիքներու բազմազանութեան ընդմէջէն հասնելու համագործակցութեան եւ փոխ-ըմբռնումի, կը յառաջանան տարակարծութիւն եւ պառակտում: Նման վերաբերումներ եւ կացութիւններ պերճանք են մեր ժողովուրդին համար, կը ծառայեն անորակ եսերու: Քննադատութիւն եւ բանավէճ օգտակար են երբ կոյր կողմնապաշտութեան տուրք չեն տար, կը ծառայեն հարցերու բիւրեղացման, կը լուսաբանեն հանրութիւնը, կը կատարեն դաստիարակչական աշխատանք, որպէսզի հասարակութիւնը գիտակցաբար ընտրել եւ կողմնորոշուիլ գիտնայ:

Այս հարցերը կրնային քննուիլ եւ յանգիլ դրական լուծումներու, եթէ հայ մամուլի աշխատաւորներու համագործակցականներ (սէնտիքաներ) ըլլային, առնուազն՝ միութիւններ, ուր քննուէին մամուլի վարքի (էդիկա) հարցեր, խօսքի ազատութենէն մինչեւ հիմնական ազգային-քաղաքական կողմնորոշումներ, գնահատումներ, վարձատրութիւն, տնտեսական ապահովութեան միջոցներ:

Կրկին կը մտածեմ Ի դարու մեծ գրող Ալպէր Քամիւի հետեւութեամբ. «Ազատ մամուլ մը կրնայ, վստահօրէն լաւ կամ վատ ըլլալ, բայց առանց ազատութեան, ան միշտ վատ պիտի ըլլայ»: Յաճախ հիացումով խօսած եմ ֆրանսական մամուլի մասին, որուն էջերուն վրայ կը գտնենք քաղաքական հակադիր կողմերու ներկայացուցիչներու տեսակէտները: Այսպէս կը լուսաբանուի հանրութիւնը, կ՛իրականանայ բազմակարծութիւնը, կը հաստատուի երկխօսութիւնը, կը հասուննան միտքերը:

Պահպանողական եւ կողմնապաշտ մարդիկ, անոնք ըլլան ղեկավարներ, մտաւորականներ թէ ընթերցողներ, աջ թէ ձախ, կրնան խորհիլ, որ մամուլի եւ խօսքի ազատութիւնը անհատնում վէճերու եւ պառակտումներու պատճառ կրնայ ըլլալ, անհասկացողութիւնները սրել: Ի՞նչ երաշխիք կայ, որ անհասկացողութիւնները եւ ճշմարտութիւնները թաքցնելով համերաշխութիւն կը ստեղծուի: Ընդհակառակն, ճշմարտութիւնները պէտք է հրապարակել, եթէ անհրաժեշտ է քննադատութիւններ, սրբագրութիւններ եւ բարեփոխումներ ընել, չվարանիլ, այդ աշխատանքը ընել, որպէսզի հասարակական կեանքը ըլլայ աւելի արդար, լուսաբանուած, իրատես եւ հանդուրժողական:

Նոյնքան կարեւոր է ընթերցողին կարծիքին եւ դատումին դիմել, օրինակ, հարցախոյզներով, կամ հաստատելով ընթերցողներու նամակներու յատուկ սիւնակ, ուր անոնք արտայայտեն իրենց ակնկալութիւնները, գնահատանքները եւ քննադատութիւնները: Պէտք է ստեղծել այդ վարժութիւնը:

Ի հարկէ հայ մամուլը պէտք չէ ինքզինք դատապարտէ թաղային «կազէթ»ի դերին: Ազգային եւ համայնքային հարցերու մասին պէտք է խօսի, ունենալով առաջնորդող յօդուածներ:

Հայկական Սփիւռքի պարագային, հայ մամուլը մեր անվերահսկելի տարտղնումը միացնողի դեր ունի: Ան պէտք է հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, անհատին, մամուլի պատասխանատուներուն եւ կազմակերպութիւններուն ճիգերով: Հալիֆաքսի (Գանատա) կամ Մոնփելիէյի (Ֆրանսա) հայերը, որոնք ո՛չ եկեղեցի եւ ո՛չ ակումբ ունին, ուր հայերը փոքրաթիւ են, ինչպէ՞ս «ազգային համայնք»ին մէջ պիտի մնան: Հայ մամուլը այդպէս ալ, պէտք է հասնի, հարկ է շեշտել, հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ: Այս կազմակերպական կարեւոր աշխատանք է, եւ թերթ հրատարակողները, թերթի բովանդակութեան կողքին, պէտք է մտածեն տարածման մասին: Հիմա կայ ելեկտրոնային մամուլի հնարաւորութիւնը: Պէտք է ընել այնպէս, որ հեռուի եւ մօտի ընթերցողները բաժանորդագրուին, որ տեղեկութիւնը հասնի իւրաքանչիւրին, չըլլայ ձրի թերթ: Բաժանորդագրուիլ ե՛ւ յանձնառութիւն է ե՛ւ պատասխանատուութիւն, բաժանորդագրուողը կը մղուի ընթերցելու, պահանջելու:

Հայ մամուլի տարածման եւ զարգացման համար ո՛չ միայն սեղմ շրջանակներու մէջ սեմինարներ պէտք է կազմակերպել, որոնք, ի դէպ, կը ծառայեն համոզուածները համոզելու, այլ նաեւ՝ ժողովրդային հանդիպումներ, երթալով դէպի ժողովուրդը, թաղերը, արուարձանները հեռու եւ մօտ քաղաքները: Ինչպէս կ՛ըսէի այդ առիթ կ՛ըլլայ լսելու ակնկալութիւնները եւ քննադատութիւնները:

Հայ մամուլը սոսկ լրատուամիջոց չէ: Ան ազգային առաքելութիւն ունի, առանց այս բառը իմանալու իր ամբոխավարական եւ պերճախօսական իմաստով: Թէ ի՞նչ կ՛ակնկալէ հայ մտաւորականը, ի՞նչ պէտք է ակնկալէ գիտակից հայ ընթերցողը հայ մամուլէն, յաղթահարելով անցելապաշտութիւնը, դիպուկ կերպով սահմանած է մեզի ժամանակակից մտաւորական Վարդան Մատթէոսեան. «Մեռելները արթուն են մեր հոգիներուն մէջ, իսկ հայ մամուլը պարտի առաջին հերթին ողջերը սնուցանել ապրող երկրի մը, ապրող հաւաքականութեան մը, ապրող մշակոյթի մը լուրերով, տեղեկատւութեամբ, վերլուծումներով, որպէսզի ո՛չ թէ հետզհետէ դառնայ լուսանցքի վրայ ապրող, միայն անցեալի «հին պատմութիւնները» արծարծող, այլ՝ ընդհակառակը՝ փնտռուած լրատուամիջոցը եւ մեր հանրութիւնը առաջնորդող դրօշակիրը, չորրորդ իշխանութիւնը 21րդ դարուն»։

Այս մասին միասին պէտք է մտածել հայ մամուլի կառուցողական դերի մտահոգութեամբ: Կարեւոր պէտք է ըլլայ հայերէն թերթին մուտքը հայու տուն, անկախաբար անոր այս կամ այն պատկանելիութենէն:

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ միտքերու փոխանակման եւ նախաձեռնութիւններու շարքին, պէտք է մտածել հայ մամուլի տարածման մասին, որպէսզի հայ թերթը, կրկնենք, հասնի իւրաքանչիւրին, ան ըլլայ մեր թաղեցին թէ գտնուի երկրի մը հեռաւոր եւ մեկուսացած անկիւնը: Այս կազմակերպական աշխատանք է: Զայն արձանագրել Սփիւռքի Տարուան հարցերու օրակարգին:

Կ՛ուզեմ եզրակացնել ֆրանսական հեռատեսիլի յայտնի լրագրող Անն Սէնքլէրի հարցացրոյցի մը ընթացքին արտայայտած հետեւեալ միտքով. «Մամուլը կը կատարէ իր պարտականութիւնը, ան հայելի մըն է, ծաւալ կու տայ: Մենք անցած ենք ներկայացուցչական ժողովրդավարութենէ կարծիքի ժողովրդավարութեան, ապա՝ յուզման: Ամէն յուզում, ան ըլլայ լաւ թէ վատ, հակազդեցութիւններ շարժման մէջ կը դնէ»:

Նուազի-լը-Կրան

asbarez.am/416817/մտածե՛նք-հայ-մամուլի-գրողի-եւ-ընթերցո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail