Սպասելով Արթնութեան Հրաշքը, Որ Գիտնանք Ջոկել Ճիշդը, Իրաւը եւ Իրաւունքը՝ Անոնց Հակառակէն – Յակոբ Պալեան
12 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ոչինչ ըրէ խիղճին դէմ, նոյնիսկ եթէ այդ կը պահանջէ պետութիւնը:
Ալպէր Այնշթայն, գիտնական, Ի դար
Այսօր յիշեցի ազնուական հայ մարդ մը: Իրանահայ: Իրաւաբան էր: Փարիզ բնակող: Հայաստանի վերանկախացման առաջին տարիներուն, իր եղբօրորդին դարձած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար: Վերջինի Փարիզ այցելութեան օրերուն, հօրեղբայրը իրեն նուիրած էր թանկարժէք գրիչ մը եւ ըսած. «Կը յուսամ որ այս գրիչը չես օգտագործեր ազգիդ եւ հայրենիքիդ շահերուն դէմ գացող ոեւէ թուղթ ստորագրելու»: Խօսք՝ մեծն Ալպէր Այնշթայնի քաղաքական իմաստութեան հունով. «Ոչինչ ըրէ խիղճին դէմ, նոյնիսկ եթէ այդ կը պահանջէ պետութիւնը»:
44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք, Հայաստան մատնուած է անզօրութեան: Բացորոշ կամ գաղտնասացութիւններով, որոշումներու եւ զիջումներու նախատեսութիւններ կան, անոնք կը վերաբերին տարածքային թէ պատմական ճշմարտութիւններու, անոնցմէ բխող իրաւունքներէ հրաժարումներու. միջանցքներ, անկլավներ, սահմանազատում-սահմանագծում, ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդում, Արցախ Ատրպէյճանի կազմի մէջ եւ ի հարկէ, անկէ բխող-բխելիք բռնագրաւուած հայրենիքի վերականգնումի պահանջ:
Այս նախատեսութիւնները պատճառ են ներազգային պառակտումներու, որոնք յառաջացած են անյստակութիւններու պատճառով:
Քաղաքական մեծ մեկնաբան ըլլալու կարիք չկայ, տեսնելու համար պարզ իրականութիւնը: Հայաստան ո՛չ Թուրքիայէն եւ ո՛չ Ատրպէյճանէն պահանջներ ունի, իրեն մնացած միակ կարելիութիւնը իրմէ պահանջուածներու տարողութիւնը նուազեցնելու խնդրարկուի վիճակին մէջ է, որ կը նշանակէ՝ բաւարարել պահանջները, զանոնք ընդունելու արդարացումներ փնտռելով: Ստորագրել թուղթերը, զորս կը ներկայացնեն յաղթականները եւ անոնց հետ մեծ չափերու տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ եղող ուժերը:
Ո՛չ Թուրքիան եւ ո՛չ Ատրպէյճանը հայկական իրաւունքներու մասին չեն խօսած եւ չեն խօսիր: Միջազգային ուժերն ալ, վասն ճշմարտութեան եւ իրաւունքի, երէկ անհանգիստ չէին ուզած ըլլալ եւ չեն ուզեր ըլլալ, քանի որ փոքրացած Հայաստանը ոչ մէկ խաղաքարտ ունի,- ընդերքի հարստութիւն, տնտեսական ուժ եւ բնակչութիւն-քանակ:
Այս իրադարձութիւններուն դիմաց, յիշեցի Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարին հայրենասէր եւ իմաստուն հօրեղբօր խօսքը. «Կը յուսամ որ այս գրիչը չես օգտագործեր ազգիդ եւ հայրենիքիդ շահերուն դէմ գացող ոեւէ թուղթ ստորագրելու»: Քանի որ այդ ընել աւելի է պարտութենէն. դաւաճանել սեփական ժողովուրդի եւ հայրենիքի շահերուն: Նախկին նախարարը դեռ ողջ է, կ’ապրի Հայաստանի մէջ: Իրեն տրուած այդ թանկարժէք գրիչը, անոր ընկերացած իմաստութեամբ, ինչո՞ւ չի տար անոնց, որոնք թուղթ կրնան ստորագրել:
Առանց իշխանամէտի եւ ընդդիմութեան խաղին մէջ կողմ ըլլալու, ներսի եւ դուրսի գիտակից հայերը առարկայական իմաստութեամբ պէտք է հարց տան իրենք իրենց, իրենց առաջնորդներուն, իրենց պետութեան, թէ ինչո՞ւ այսքա՜ն ծանր պարտութիւն կրեցինք,- հազարաւոր երիտասարդներու կորուստ եւ նոյնքան հաշմանդամներ,- հայրենիք-Արցախի 75 տոկոսի կորուստ,- այսօր անկարող ենք նոյնիսկ զինադադարի պայմանները յարգել տալ, թոյլ տալով որ թշնամին բլուրներ եւ ճանապարհներ գրաւէ, եւ դեռ պահանջներ ունենայ, մինչեւ իսկ՝ Սեւանը եւ Էրիվանը…, որ կը նշանակէ Հայաստանը վերացնել քարտէսի վրայէն: Այս մասին խօսիլ սրտցաւ իրատեսութիւն է, եւ պարտուած իշխանութեան բանիմաց կամ անգէտ պաշտպանները, մեղք պէտք չէ համարեն, վկայակոչելով հին-նոր քննադատութիւններ, տարակարծութիւններ, քէներ: Մանաւանդ հինէն մնացած սեւացրէ՛ք վճիռով չդատեն քննադատական վերաբերում ունեցողները, որոնց համար կ’ըսեն թէ այդ կ’ընեն քանի մը հարիւր տոլարի համար… Անհիմն վերագրում, որ կը վարկաբեկէ այդ ըսողը, եթէ մարդիկ դեռ ամչնալ գիտնան:
Հայաստան եւ անոր պետութիւնը, իրենց կարգին, պահանջներ չունի՞ն: Իրաւարարներուն եւ միջնորդներուն, անոնք ըլլան Մոսկուան, Եւրոմիութիւնը, թէ Ամերիկան, կը խօսի՞ն հայ ժողովուրդի պատմական եւ ազգային իրաւունքին մասին, կը խօսի՞ն Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղասպանական արարքներու եւ իւրացումներու մասին: Կ’ըսե՞ն, որ ատրպէյճանցին եկուոր եւ ներխուժող տարր է, քոչուոր, որ տէր դարձաւ հողին՝ բիրտ ուժով, ջարդերով տէր ուզած է ըլլալ հայոց աշխարհին: Ռուսիան, Եւրոմիութիւնը եւ Ամերիկան պիտի ունենա՞ն բաւարար պարկեշտութին, Պաքուի եւ Սումկայիթի երեք հարիւր հազար հայերու իրաւունքներու թղթածրարը բանալու եւ քննելու նոր ժամանակներու մէջ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:
Մոսկուան, Եւրոմիութիւնը եւ Ամերիկան կարծէք գոհունակութիւն կը զգան Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա խաղաղութեան մասին խօսելով: Եթէ քիչ մըն ալ խօսէին արդարութեան եւ իրաւունքի մասին, ջատագովուած խաղաղութիւնը մարդկային բովանդակութիւն կ’ունենար: Բայց եթէ կ’ուզենք, որ անոնք այդ մասին խօսին եւ չբաւարարուին սոսկ իրենց ռազմավարական, քաղաքական եւ տնտեսական շահերով, մեր ժողովուրդը եւ հայրենի պետութիւնը իրենք պիտի խօսին եւ պահանջեն: Իրաւունք ձեռք բերելու համար պահանջել պէտք է, պահանջել պէտք է գիտնալ: Այդ պահանջները «բարեսիրաբար» իրաւարարները կամ միջնորդները իրենք պիտի չճշդեն:
Բանակցելու համար յստակ պէտք է ըլլայ առարկան: Ատրպէյճանի համար այդ յստակ է. Արցախ կամ Լեռնային Ղարաբաղ չկայ: Հայաստան ընդունա՞ծ է այս եզրակացութիւնը: Պետութիւնը լուռ է այս մասին, իսկ ընդդիմութեան համար ան անշրջանցելի հիմնահարց է: Պարտութիւնը պէ՞տք է համարել վերջնական, անվերականգնելի, թէ՞ առաջնորդուիլ ազգային գոյութենական շահով: Ինչպէ՞ս բանակցիլ հաղորդակցական ճանապարհներու հարցով, երբ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը տեւաբար նախայարձակումներու ենթակայ է, երբ ծայրամասի տարածքներու վրայ թշնամիի զօրքեր կան, ճամբաներ կը գրաւուին:
Անկախ մեր դասական համակրանքներէն եւ հակակրանքներէն, յայտնատեսութեամբ պէտք է դիրքորոշուիլ: Հայաստանի մէջ ընթացող իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակամարտութիւնը եթէ դիտենք այս ըմբռնումով, կրնայ ծնիլ վերականգնումի յոյսը, խաղալիք չենք ըլլար հակահայ մեծ եւ պզտիկ ուժերու ձեռքը:
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները, սահմանագծում-սահմանազատում օրակարգով, անձնատուական պահանջ են: Տրամաբանութիւնը պարզ է. կ’ըսուի, որ ինչ որ կը համարենք թէ մեզի կը պատկանի կու տաք, եւ խաղաղութիւն կը հաստատուի: Այսինքն՝ իրաւունքի հիման վրայ հաւասարներու միջեւ բանակցութիւն չկայ: Այս ըմբռնումով ինչ որ պիտի հաստատուի խաղաղութիւն չէ, արտաքին եւ յաղթական ուժի պահանջած-պարտադրած խաղաղեցում է: Հայաստան կը վարէ զիջումներով խաղաղեցման հասնելու մարտավարութիւն, որուն համար համախոհութիւն չկայ երկրին մէջ:
Այս տխուր եւ տխրեցնող մթնոլորտին մէջ, պարտութեան եւ ձախաւերութիւններու քննադատութիւնը պէտք է դիմաւորել իրատեսութեամբ, չտարուիլ հին ոխերով, մանաւանդ քննադատութիւնը չհամարել չարութիւն, քննադատողը չհամարել վարձկան, ափեղ-ցփեղ վերագրումներ չընել, որ Յակոբ Պարոնեանի բանձեւումով կը նշանակէ «փաստի սով», կիրքի պարտադրած հաւկուրութիւն:
Պատմական պահը ճակատագրական է:
Ձախողանքը եւ պարտութիւնը վերջնական չհամարող յոյսի առաջնորդներ կը փնտռուին: Մարդիկ՝ որոնք մերժեն ամբոխահաճական ճառով զանգուածներու դէպի անկում վերջնական երթը:
Արթնացման հրաշքը տեղի կ’ունենա՞յ: Հաւաքաբար կը հասնի՞նք այն էական իմաստութեան, որ գիտնանք ՋՈԿԵԼ ՃԻՇԴԸ, ԻՐԱՒԸ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱԿԱՌԱԿԷՆ:
Յիշե՛լ թանկարժէք գրիչին սահմանուած դերը եւ Այնշթայնի իմաստուն խօսքը:
yerakouyn.com/2022/06/08/սպասելով-արթնութեան-հրաշքը-որ-գիտնան/